Dependency Tree

Universal Dependencies - Western_Armenian - ArmTDP

LanguageWestern_Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain

Select a sentence

Showing 101 - 200 of 5282 • previousnext

s-101 Մաղթենք, որ ջահը միշտ վառ ու բարձր մնայ՝ ի ծառայութիւն նորանոր սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան։
s-102 Վարձքը կատար Կեդրոնականի մեծ ընտանիքին։
s-103 «Ես դպրոցներէն կը սպասեմ ազգին փրկութիւնը»։
s-104 Արեւմուտքէն բարեկամներ այցելեր էին Երեւան՝ հայր ու որդի։
s-105 Ու նստած՝ կը խօսէինք, թէ ի՛նչն է պատճառը, որ օտար ափերուն վրայ ահա քանի սերունդ դեգերող մարդիկ, ոմանք հայախօս, ոմանք օտարախօս, ուրիշներ՝ միս-մինակ, հեռացած եւ ուրացած, բայց յանկարծ արթնութեան ալիքով մը իրենց կորսնցուցած ազգային արժէքներուն ետեւէն կը վազեն...
s-106 Իրենց զաւակներուն համար հայկական դպրոց կը փնտռեն, հայերէն ուսուցող կայքեր կը փնտռեն, կը փորձեն աւելի մօտ ըլլալ հայրենակիցներու, ոմանք ջերմեռանդութեամբ հայրենիք կ՚այցելեն...
s-107 Ու բոլորովին երիտասարդներ... հայրենիք գալով այնտեղ մշտապէս մնալու ճամբաներ կ՚որոնեն...
s-108 Այո, հայրենիք մնալու ջանք կը թափեն...
s-109 Թերեւս համաամերիկեան երեւոյթ է համաշխարհայնացումի այս դարուն՝ արմատները փնտռելը, թերեւս... թերեւս...
s-110 Բայց ճշմարտութիւն մը կայ, որ ճնշող մեծամասնութեան մէջ ազգային գիտակցութիւն մը արթուն է, արժէքներու կորուստին ափսոսանք կայ, ու ցանկութիւնը կայ վերատիրանալու ամբողջական ինքնութեան...
s-111 Եւ ասիկա փաստ է շատերու համար։
s-112 Որդին իր կարգին արդէն զաւակներու տէր մարդ էր. անգլերէն կը խօսէր, թէեւ կրնայի ենթադրել, որ մեր խօսածն ալ կը հասկնար...
s-113 - Կ՚ափսոսամ, որ զաւակներս հետս չբերի,- ըսաւ որդին։
s-114 - Դեռ փոքր են, քանի մը տարի ետք արդէն չափահաս ըլլալով հայրենիքին ծանօթանան՝ աւելի լաւ կ՚ըլլայ,- վրայ բերաւ հայրը։
s-115 - Տա՛տ ,- պատասխանեց տղան,- մեծ հայրիկը կ՚ըսէր «տղան կրթէ իր մանուկ եղած ատենը, յետոյ ուշ կ՚ըլլայ», ինչպէս որ եղաւ մեր պարագային...
s-116 Բայց ձգել չուզեցի շարունակութիւնը։
s-117 - Ինչպէ՞ս , ի՞նչ եղաւ որ,- հարցուցի։
s-118 - Հայրս ու մայրս երբեք մեզի հետ հայերէն չխօսեցան տան մէջ, խօսեցան միայն անգլերէն, ինչո՞ւ ...
s-119 Որ իբր թէ շուտ ընտելանանք այդ լեզուին ու միջավայրին, կարծես ամերիկեան դպրոցը պիտի չբաւէր ատիկա ընելու համար...
s-120 Ապա դառնալով հօրը՝ ըսաւ.
s-121 - Այդպէս ըրիք մեր ապագային համար, տա՛տ , շատ լաւ կը հասկնամ Ձեզ, բայց մէջտեղ կայ ինչ որ կայ, մենք եղանք կորսնցնողը։
s-122 - Ինչ կորսնցուցիք,- պիտի ըլլար հարցումս, բայց արդէն ի՛նք կը խօսէր.
s-123 - Դուք զրկեցիք մեզ հայերէնէն ու հիմա ես անզօր եմ Ձեր զրոյցին հայերէնով մասնակցելու, սահմանէն, փողոցէն, զիս հետաքրքրող գործերէն շատ բան հասկնալու ու մանաւանդ ատիկա փոխանցելու իմ զաւակներուս...
s-124 Չէ, չեմ ամչնար, բայց ասիկա կորուստ կը նկատեմ, իմ էութենէս օտարուած թանկագին բան մը...
s-125 Ծանր էր, ու խեղճ հայրը հին օրերու պարագաներուն վրայ ամեն ինչ բարդելէ բացի, 60-ականներէն յամեցող մտայնութիւնը վկայակոչելէ բացի՝ ուրիշ ըսելիք չունէր...
s-126 - Գոնէ, տա՛տ , թոռներուդ հետ հայերէն խօսէ. ես այդ մէկը ընելու անկարող եմ...
s-127 Բայց դուք անգլերէն կը խօսիք նաեւ անոնց հետ, անգլերէն կը սիրէք զանոնք, ի՞նչ է, անգլերէնով աւելի՞ սիրած պիտի ըլլաք ձեր թոռները...
s-128 Ահա թէ ինչ կ՚ըսեն այսօր Ամերիկաները ծնած ու այնտեղ հայրացած մեր զաւակները իրենց հայրերուն աչքերուն նայելով։
s-129 - Հայերէնո՛վ սիրեցէք ձեր թոռները...
s-130 Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու չեմ գիտեր ո՛ր նահանգին ո՛ր քաղաքէն էր հեռաձայնը. չկրցայ սորվիլ, կարեւոր ալ չէ գիտնալ, որովհետեւ Վահրամ Մաւեանի ըսածին պէս «Ամէն տեղ հայ կայ», աւելցնեմ՝ ամեն տեղ քրոջորդի, նախկին դրկից-բարեկամ, աշակերտ-պաշտօնակից...
s-131 Ինչ ըսեմ՝ ամեն տեղ կտոր մը սիրտ...
s-132 «Վա՜յ , Սեւակ» կը բացականչեմ. քրոջս տղան է, հայկական կրթութիւնը՝ նախակրթարան, բժիշկ է։
s-133 Տարիք մըն ենք, երբ ամեն օր տեղ մը խնդիր մը ունինք՝ շաքար, ճնշում, ցաւեր։
s-134 Սեւակը մօտս ըլլար՝ հոգս կը պակսէր...
s-135 Ինչ կ՚ըսեմ, տղան հօրն իսկ չկրցաւ հասնիլ, հայրը՝ Այնճար, ինք՝ աշխարհքի միւս ճոթը։
s-136 Կարեւորը, իր հիւանդները թող աղօթեն իրեն համար...
s-137 Հարսը կը խօսի, հայկական միջնակարգ կրթութեան մը տէր է, իսկ հիմա՝ տարին տասներկու ամիս, օրը 24 ժամ հայերէնի ուսուցչուհի է...։
s-138 Չեմ չափազանցեր, քուն թէ արթուն՝ դաս կը ծրագրէ, դաս կու տայ, դաս կ՚առնէ՝ հայերէն բառամթերք, գրական կտորի ընթերցում, ասմունք, հայոց պատմութիւն...
s-139 Այնքան պզտիկ ենք, բայց այնքան շատ բան ունինք փոխանցելու...
s-140 Որո՞ւն ...
s-141 Ի հարկէ մեր զաւակներուն...
s-142 Ու մեր հարսը ամերիկածին իր երկու զաւակներուն հայերէնի միակ ուսուցչուհին է։
s-143 Ես տեղեակ էի հայերէնը իր զաւակներուն փոխանցելու իր յամառ հետեւողականութեան մասին։
s-144 Պահ մը մեղքցեր էի իրեն, մեղքցեր էի այդ ձագուկներուն, որոնք ինչպիսի կանոնաւորութեամբ հայերէն կը սորվէին հայերէնազուրկ ու օտար քաղաքի մը մէջ, ուր հայկական դպրոց չկայ։
s-145 Ու բնական է, որ պիտի ուզէի խօսիլ անոնց հետ։
s-146 «Յակոբ պապուկն է,- ըսաւ մայրը,- ձեր հայերէնի դասագիրքին հեղինակը»։
s-147 Եւ յիշեցի օր մը Հալէպի մէջ, ընտանեկան յարկի մը տակ, ներկաները հարցուցին չարաճճի մանչուկի մը, թէ ո՛վ է իր հայերէնի դասագիրքը գրողը...
s-148 - Քրիստափոր-Ռոստոմ-Զաւարեան,- ինքնավստահ բացականչեց չարաճճի տղան՝ առանց դէմքիս իսկ նայելու։
s-149 Իսկ հիմա ալ՝ «Յակոբ Պապուկ»։
s-150 Ու խօսեցանք։
s-151 Հայկ-Վարդգէս կիրթ կերպով բարեւեց, հարցուց իմ՝ պապուկիս որպիսութիւնը, պատասխանեց հարցումներուս։
s-152 Ես տեղեակ եղայ, որ Հայկ-Վարդգէս հիմա կը կարդայ «Անին ծախուեցաւ» վիպակը, որ դասարանին մէջ, ուր հայեր չկան, ինք խօսք առնելով կը խօսի Արցախի մասին, Հայաստանի մասին, Երեւանի ու Մատենադարանի մասին, Մուսա լեռան ու Այնճարի մասին, ուր իր մեծ մայրիկը կ՚ապրի...
s-153 Վարդգէս Արցախ գալ կ՚ուզէ...
s-154 Ու կը կանչեմ Վիքին՝ փոքրիկ քոյրը։
s-155 Կ՚ուշանայ, «հայերէն կը սորվի» ըսաւ Հայկ-Վարդգէս՝ տեսակ մը մատնելով քրոջ դժուարահաճութիւնը...
s-156 Ու պաստառին վրայ երեւցաւ Վիքիին գանգրահեր գլուխը, հայերէնի գիրքը դէմքին առջեւ բռնած...
s-157 Ամօթխածութիւնը կապեր էր լեզուն, բայց ըսաւ, թէ հայերէն դասերը կը սորվի, մաման կ՚օգնէ...
s-158 Վայ, ձագուկ...
s-159 Կը պատկերացնեմ անոր տառապանքը՝ նախակրթարանի դասերէն ետք՝ տունի այս դասը...
s-160 Չէ, ո՛չ մայրն է մեղքնալիք, ո՛չ այս ձագուկները, որ կեանքի սովորական ընթացքին մէջ արմատներէն եկող բեռ մըն ալ կը տանին՝ հեւ ի հեւ, բառեր, տողեր, էջեր վերծանելով, լեզու ելլելով, ինքնութիւն կառուցելով, հպարտանալով...
s-161 Երեւի պիտի յիշէք անապատի աւազին վրայ հայերէն գրել-կարդալ սորվեցնող մօր ու իր զաւկին պատկերը։
s-162 Հաւատացէ՛ք , ասիկա շատ աւելի ծանր աշխատանք է հիմա, երբ աշխարհը մեր շուրջ կը յորդի բիւրաւոր հրապոյրներով...
s-163 Ու ես գիտեմ, որ այս պահուն, աշխարհի չեմ գիտեր ո՛ր անկիւններուն մէջ հարիւրաւոր մայրեր նոյն բանը կ՚ընեն, որ հազարաւոր զաւակներ կը վերադառնան մեզի ամէն օր քանի մը բառով, քանի մը տողով, աւիւնով, սիրտով...
s-164 Ո՛ղջ մնացէք։
s-165 Ցաւո՛վ , ի՛նչ ըսեմ, վերջերս շատ կը հանդիպիմ հայկական եկեղեցիներու, թեմական իշխանութիւններու, բարեսիրական եւ մշակութային միութիւններու անունով դիմատետրի վրայ երեւցող յայտարարութիւններու, տօնական շնորհաւորանքներու, բացիկներու, որոնք գրուած են անգլերէն. կը գրուին անգլերէն։
s-166 Ու կը հանդիպիմ հայ եկեղեցւոյ բոլոր յարանուանութեանց եկեղեցական ծառաներու՝ հովիւներու, որոնք նոյնը կ՚ընեն, շնորհաւորանք, ցաւակցութիւն, որեւէ հաղորդագրութիւն կը գրեն անգլերէնով։
s-167 Միա՛յն անգլերէն։
s-168 Ու կը հանդիպիմ նաեւ ոմանց, որոնք նոյն էջերուն վրայ իրենց բողոքը կ՚արտայայտեն, երբեմն՝ զուսպ, երբեմն՝ զայրալից, հայերէնի բացակայութեան համար։
s-169 Ի՞նչ , կ՚ուզէիք անտարբեր անցնիլ սա երեւոյթին առջեւէն, որ հետզհետէ կը ծաւալի հասնելով մինչեւ մեր կողմերը՝ Մերձաւոր Արեւելք կամ կը վարակէ դեռ երէկ մեր կողմերէն այդ կողմերը հասածները...
s-170 Եւ զարմանքով կը հանդիպիմ ոմանց, որոնք բուն նիւթը ձգած՝ «դուն ո՞վ ես որ...», «ի՞նչ հանգամանքով ու իշխանութեամբ...», «Քու ինչ ըլլալդ լաւ գիտենք...» ու նման արտայայտութիւններով կը հակադարձեն՝ կամայ-ակամայ արդարացնելով իրենց եւ իրենց «պաշտպանեալ»ին միայն անգլերէնով գրելու փորձութիւնը։
s-171 Այո, անգլերէն գրելը կամ անգլերէնով պատասխանելը ոմանց համար անհրաժեշտութիւն է, քանի որ ինք իր խօսքը հասցէագրած է, հաւանաբար, հայերէն չգիտցող հասարակութեան մը։
s-172 Շա՛տ լաւ։
s-173 Միթէ վերոյիշեալ մարմիններուն եւ անհատներուն ամբողջ լսարանը օտարախօ՞ս է. համայնքին ու իր հօտին մէջ հայերէն գիտցող չկա՞յ ։
s-174 Կը կասկածիմ։
s-175 Վերջիններու ազգային արժանապատուութիւնը չվիրաւորելու համար միթէ կարելի չէ՞ երկլեզուեան դրութիւնը պահպանել։
s-176 Այո, մայրենի եւ ազգային լեզուի հանդէպ անտարբերութիւնը արժանապատուութեան հարցի կրնայ վերածուիլ շատերուս համար։
s-177 Անկասկած։
s-178 Երկլեզուեան գրութիւնը նուազագոյնը պիտի օգնէ, որ մարդիկ յարգեն Ձեր շրջահայեացութիւնը ու հասկնան Սփիւռքեան արդի իրադրութիւնը։
s-179 Մարդիկ կը բողոքեն, երբեմն՝ զուսպ, երբեմն՝ զայրալից, հայերէնի բացակայութեան համար։
s-180 Ի՞նչ , մենք հասանք հոն, ուրկէ սկսած էինք 19րդ դարու կէսերուն՝ հայատառ թրքերէնի շրջանին, որ տեւեց տասնամեակներ եւ որ յաղթահարուեցաւ մեր եկեղեցիներու, միութիւններու եւ ակումբներու հաւատաւոր պայքարով։
s-181 Իսկ հիմա ո՞ւր է պայքարը հայախօսութեան համար։
s-182 Փոխանակ արդարանալու կամ զիրենք արդարացնողներ ճարելու՝ իրենք չե՞ն կրնար հետեւողական կերպով հայերէնը տարածել իրենց շրջանակին մէջ։
s-183 Փառք Աստուծոյ, այսօր երեկոյեան, գիշերային ու կիրակնօրեայ դասընթացքներ կազմակերպելու պէտքը չունինք։
s-184 Նոյն այդ կայքերով՝ մեր եկեղեցիներն ու միութիւնները չե՞ն կրնար հայերէնախօսութեան դասընթացքներ կազմակերպել, հայախօսութեան եւ հայագրութեան դարձած իրենց անդամներու օրինակով վարակել իրենց շրջապատը։
s-185 Շատ բան կայ ընելիք, ու բնաւ նեղուելու իրաւունք չունինք, երբ մենք, իրօ՛ք , թերացած ենք մեր դերին մէջ։
s-186 ԽԵՒ ՈՒՍԷՓ
s-187 (Բարբառով ու թրքերէնով ըսուած երգային խօսքերը բերուած են թարգմանաբար)
s-188 Մեզ՝ փոքրիկներս, զսպելու համար կ՚ըսէին.
s-189 «Հանդարտեցէք, հիմա Խեւ Ուսէփը կու գայ հա՜ »։
s-190 Իր անունը կար գիւղին մէջ, բայց ինք չկար։
s-191 Գիտէինք, բայց նորէն ալ վախ մը կար մեր մէջ, ինչպէս որ կը վախնայինք Արուանդէն, որ մանուկներ կլլող վիշապ էր, ինչպէս որ կ՚երկիւղէինք Կիղիցիկ Պապուկէն, որ աւերակ սրբավայրերու մէջ կը բնակէր։
s-192 Իբր թէ։
s-193 Նոյնիսկ կերպարանք կու տայինք անոր՝ փշոտ կաղնիի ծանր մահակը ձեռքին, այծի մազէ հիւսուած սրճագոյն գիծերով սեւ ապան ուսին, մազոտ կուրծքը՝ բաց, սրճագոյն շալվարը, որուն ետեւի ծալքերուն մէջ չորս տղայ կը բաւէր, մեզմէ ամենէն գիրուկները, տաշտի մեծութեամբ եմենին՝ ոտնամանը, գլխուն փակած տեղական գլխարկը՝ բուրգը։
s-194 Այդպիսի հագ ու կապ ունեցող մարդիկ տակաւին կային գիւղին մէջ, բայց ոչ մէկը Խեւ Ուսէփ էր։
s-195 Առասպելները մեր օրերուն կը հիւսուէին։
s-196 Տարեց կիներ ու մարդիկ կը պատմէին Խեւ Ուսէփի մասին, կը մէջբերէին խօսք մը ու կը ծիծաղէին տեսակ մը ցաւով։
s-197 Խեւ Ուսէփին վերագրուող բոլոր խօսքերը ողբեր էին, իսկ ողբալ՝ Քեսապի բարբառին մէջ կ՚արտայայտուի «պարել» բայով։
s-198 Խեւ Ուսէփ միշտ կը պարէր ինքնիրեն, քեսապցիներու մէկ տրտում եղանակով, որով բոլոր ողբերը կը հիւսուէին։
s-199 Կ՚ըսէր ու կ՚երգէր Խեւ Ուսէփ, թեւերը կը թափահարէր, գլխարկը քաշելով կը զարնէր ծունկերուն, կուրծքին, մահակը կը զարնէր գետին, կ՚օրօրուէր աջ ու ձախ, ծափ կու տար բղաւելով։
s-200 Մարդիկ ժպիտով կը յիշէին Խեւ Ուսէփին պարելը, ոմանք վարպետօրէն կը կրկնէին նոյնը ու կը ծիծաղէին։

Text viewDownload CoNNL-U