s-602
| Անիկա անշշուկ կ՚ենթարկուէր կնոջը խնամքներուն, կը կազդուրուէր, կը սկսէր գլուխ բարձրացնել եւ ահա օր մըն ալ կը նետուէր ձիուն նիւսին եւ ճամբայ կ՚ելլէր։ |
s-603
| Իր կինը այդ անհետացումներու միջոցին կը մնար անտէր եւ երբեմն կը մատնուէր ծայրայեղ չքաւորութեան։ |
s-604
| Միշտ յղի՝ ան կ՚անիծէր իր ամուսինը, կ՚անիծէր իր բախտը եւ կ՚ապաստանէր եկեղեցի։ |
s-605
| Այս պայմաններուն մէջ ան ունեցած էր տասներեք զաւակ, որոնցմէ ինը կ՚ապրէին։ |
s-606
| Մայրս վերջընթերն էր այդ զաւակներուն։ |
s-607
| Ես ունէի ուրեմն հինգ մօրեղբայր եւ երեք մօրաքոյր։ |
s-608
| Իմ ծնած ատենս միայն Նահապետ մօրեղբայրս ամուսնացած էր եւ իր ընտանիքով կ՚ապրէր Ենի Մահալլէ։ |
s-609
| Անիկա եւ Խաչիկ մօրեղբայրս, որ կը բնակէր Բերա, երկաթագործ էին։ |
s-610
| Միւս մօրեղբայրներս եազմաճի բանուոր էին, ինչպէս մօրաքոյրերս՝ բանուորուհի, եւ կ՚ապրէին մեր տան մէջ։ |
s-611
| Իմ մանկութեան առաջին օրերէն իմ աչքերս հանգչած են հօրս անդորր եւ պայծառ դէմքին վրայ։ |
s-612
| Անոր ժպտուն եւ կապոյտ աչքերը, թանձր շրթները, կանոնաւոր դիմագծերը քիչ մը ցցուած այտոսկրներով, բարձր հասակը, պատրիկեան ձեռքերը կը ներշնչէին բարութեան ու վայելչութեան զգացում։ |
s-613
| Անիկա ունէր առողջ դատողութիւն եւ օժտուած էր հաւասարակշիռ իմացականութեամբ։ |
s-614
| Իր կեանքին մէջ յառաջ եկած յանկարծական փոփոխութիւնները կարող էին ընկճել զինքը եւ դառնացնել, բայց ան իր բարոյական ուժերով յաղթեր էր այդ բոլորին եւ լաւատեսութիւնով կը դիմաւորէր ամէն կացութիւն։ |
s-615
| Իր ծերութեան օրերուն ոեւէ մէկը, որ տեսնէր անոր անխորշոմ դէմքը, ճերմակ, բայց առատ մազերը լայն ճակատին վրայ, եւ լսէր անոր հանդարտ եւ կշռաւոր խօսքը, կ՚ունենար այն տպաւորութիւնը՝ թէ ան մարդ մըն էր որ հասած էր իր բոլոր նպատակներուն եւ որուն կեանքը անցեր էր անարգել, հեզասահ գետի մը նման։ |
s-616
| Իր հայրը, Յովհաննէս, եղեր էր դատաւոր Ռումելիի մէջ։ |
s-617
| Յիսունըհինգ տարեկանէն կուրցեր էր եւ քսան տարի ապրեր էր կոյր վիճակի մէջ շարունակելով իր աշխատանքը։ |
s-618
| Հօրենական մեծ հօրս ծագումը շրջապատուած է խորհրդաւորութեամբ։ |
s-619
| Օտար արիւն մտեր էր ընտանիքին մէջ, հաւանաբար, սլաւական։ |
s-620
| Այդ մասին կ՚ըլլային ակնարկութիւններ հօրս ընտանիքի ծերերուն կողմէ, բայց հայրս չէր սիրեր խօսիլ այդ նիւթին վրայ։ |
s-621
| Միայն կը հաստատէր, երբ առիթ ներկայանար, որ իրաւամբ «օտար արիւն մտած է մեր ընտանիքին մէջ»։ |
s-622
| Հայրս, Սկիւտարի ճերմարանը աւարտելէ ետք, գացած է Թիֆլիս, ճամբորդած է Տաղստան ի խնդիր ազգականներու, որոնց հետ ժառանգական հարցեր ունէր լուծելիք։ |
s-623
| Ան գիտէր ռուսերէն եւ քիչ մըն ալ վրացերէն եւ այդ լեզուներով նամակագրութիւն ունէր։ |
s-624
| Հօրս ստացած նամակներէն ոմանք դեռ կը մնան իր թողած թուղթերու ծրարին մէջ։ |
s-625
| Իր ծնողքը ջերմօրէն ցանկացեր են որ իրենց տղան բարձրագոյն կրթութիւն ստանար Ռուսաստանի մէջ, «ուր պաշտպաններ կ՚ունենար»։ |
s-626
| Հայրս կը ձգտէր հետեւիլ բժշկութեան եւ նախապատրաստուած էր այդ ուղղութեամբ։ |
s-627
| Բայց ընտանեկան պատճառներով մայրս զինքը բերել տուած է Կովկասէն եւ այլեւս հայրս չէ կրցած հեռանալ Կ. Պոլսէն։ |
s-628
| Հօրենական մեծ մայրս՝ Երանուհի՝ սերած է ակնցի ընտանիքէ մը, որ կապեր ունեցած է արքունիքի հետ։ |
s-629
| Հայրը պետական հայթայթիչ էր։ |
s-630
| Հօրս մօրեղբօր աղջիկները, Մելիքեան քոյրերը, Սուլթան Ազիզի օրով եղած են վալիտէ սուլթանին պատուոյ տիկիններէն։ |
s-631
| Երկու քոյրերը երբեմն կու գային Խասգիւղ, իրենց ծնողքին այցելութեան, արքունական կառքով եւ սեւամորթ ներքինիի մը ընկերակցութեամբ։ |
s-632
| Այն ատեն հայ կիները արդէն կը կրէին եւրոպական տարազ, բայց Մելիքեան քոյրերը պալատի էտիկետ ի համեմատ կը հագնէին եաշմագ-ֆերաճէ, բայց անոնք պահած էին իրենց ազգութիւնը եւ կրօնը։ |
s-633
| Երբեմն Ծնունդի եւ Զատկի տօներուն, արտօնութիւն կը ստանային մինչեւ մէկ շաբաթ մնալու իրենց ծնողքին հետ։ |
s-634
| Այդ միջոցին ազատ էին եւրոպական հագուստ կրելու եւ երեսնին բաց դուրս գալու։ |
s-635
| Որոշուած օրը ներքինին կու գար կառքով եւ զիրենք կը տանէր պալատ։ |
s-636
| Մեծ մայրս, Երանուհի, մեռած է ութսունըչորս տարեկան, թողելով վիճելի ժառանգութիւն մը։ |
s-637
| Հայրս չորս քոյր եւ մէկ եղբայր ունէր եւ, հակառակ որ կրտսերն էր, իր վրայ առած էր ամբողջ ընտանիքին գործերու կարգադրութիւնը։ |
s-638
| Իմ հօրաքոյրերէս ես ճանչցած եմ միայն Աննիկ հօրաքոյրս, որ բռնաւոր կին էր, որ իր չափահաս զաւակները կը պահէր իր խիստ հրամաններուն տակ, որ անոնցմէ ոչ մէկուն թոյլ չէր տուած ամուսնանալ, որպէսզի օտար մարդ չմտնէ տունէն ներս, որ տունին մէջ հաստատած էր կարգ ու կանոնի կատարեալ պրոտոկոլ եւ ունէր մաքրութեան հիւանդութիւն։ |
s-639
| Կ՚ըսէին որ նոյնիսկ վառարանի մէջ վառելիք փայտերը օճառ ջուրով լուալ կու տար։ |
s-640
| Հօրս ազգականները լուրջ եւ ծանրախոհ մարդիկ էին։ |
s-641
| Տղամարդիկ ստացած էին երկրորդական կրթութիւն, մեծ մասամբ Կալաթա Սերայի լիսէին մէջ։ |
s-642
| Լաւ գիտէին թրքերէն եւ ֆրանսերէն եւ ոմանք դարձեր էին պետական պաշտօնեայ։ |
s-643
| Այր թէ կին ուժեղ խառնուածքի տէր էին։ |
s-644
| Իրենց բնաւորութեան լաւ եւ վատ գիծերը շեշտուած էին։ |
s-645
| Հօրեղբայրս բացառութիւն կը կազմէր իր մեղմ եւ բարեհամբոյր բնաւորութեամբ, որուն համար հազիւ զսպուած արհամարհանքով կ՚ըսէին թէ «անվնաս» մարդ է եւ կարծիք չունի։ |
s-646
| Այդ ընտանիքի անդամները ընտանեկան կամ հասարակական դէպքի մը առթիւ, պատուոյ խնդիր կը համարէին իրենց դիրքը որոշել եւ մեծաբարբառ արտայայտել իրենց կարծիքը։ |
s-647
| Յաճախ յառաջ կու գային բախումներ, նոյնիսկ անհաշտ ատելութիւններ մէկ մէկու հանդէպ։ |
s-648
| Այրերը ընդհանրապէս լիբերալ էին եւ կանգնած էին ֆրանսական յեղափոխութեան սկզբունքներուն վրայ։ |
s-649
| Այդ էր իրենց բարոյական հէնքը։ |
s-650
| Կիները ընդհակառակն պահպանողական եւ աւանդապահ էին ու զինուած էին յարձակողական առաքինութիւններով, «որոնցմով, կ՚ըսէր հայրս, ոչ միայն ուրիշները անհանգիստ կ՚ընեն, այլ իրենք ալ անհանգիստ են»։ |
s-651
| Այր թէ կին հոգածու էին վայելչութեան, ամէն ինչ կարգով կանոնով ընելու, բացի հօրմէս, որ կը սիրէր գծուած ճամբաներէն դուրս գալ, անձնատուր ըլլալ իր ֆանթազիային։ |
s-652
| Անոնք բարձրահասակ էին, նիհար, շատ ճերմակ մորթով, խարտեաշ մազերով, խաժակն, բայց դէպի իրենց ծերութիւնը կը ստանային ընտանեկան յատուկ դիմագիծը, թաթարական դիմակը։ |
s-653
| Հայրս՝ դեռ ամուրի՝ կը բնակէր Վլանկա, Աննիկ հօրաքրոջս տունը, որ վաղուց այրի էր։ |
s-654
| Անոր մէկ աղջկան հիւանդութիւնը պատճառ եղեր էր որ բժիշկի խորհրդով փոխադրուին Սկիւտար։ |
s-655
| Քիչ յետոյ Աննիկ հօրաքոյրս գժտուեր էր հօրս հետ, որովհետեւ հայրս խորհուրդ տուեր էր քրոջս թոյլ տալ աղջկանը ամուսնանալ իր սիրած տղուն հետ։ |
s-656
| Աննիկ հօրաքոյրս համարեր էր որ սա հրաւէր է ընտանիքը անպատուելու։ |
s-657
| Այդպէս էին բարքերը մայրաքաղաք Կ. Պոլսոյ մէջ։ |
s-658
| Երիտասարդներ, որ թերեւս իրարու հետ խօսելու առիթ իսկ չէին ունեցեր, կը բաւէր որ ակնարկներ փոխանակեր էին եւ սիրոյ փոխադարձ զգացումէ մղուած ձգտեր էին ամուսնանալ, կը համարուէին արատաւորուած։ |
s-659
| Դեռ մինչեւ իմ պատանեկան տարիներուս լսեր եմ որ որոշ մեղադրանքով խօսին ընտանիքի մը մասին ըսելով՝ թէ «անոնք սիրահարուելով ամուսնացած են»։ |
s-660
| Հայրս թողեր էր Աննիկ հօրաքրոջս տունը եւ փոխադրուեր էր իր մօրենական ժառանգութիւնը եղող տունը, որ նոյնպէս Սկիւտար կը գտնուէր եւ ուր կը բնակէին իր երկու քոյրերը։ |
s-661
| Եւ իրիկուն մը հայրս, այն ատեն քառասուն տարեկան, բարեկամի տան մը մէջ հանդիպեր էր մօրս, տասնութամեայ դեռատի աղջիկ, եւ ուզեր էր ամուսնանալ հետը։ |
s-662
| Հօրաքոյրերս դիմադրեր էին մերժելով խնամութիւն հաստատել «առապաճի Յակոբ»ի ընտանիքին հետ։ |
s-663
| Բայց հայրս հաստատ մնացեր էր իր դիտաւորութեան մէջ։ |
s-664
| Ամուսնութենէն ութ ամիս յետոյ, ստիպուեր էր կնոջ հետ գալ զոքանչին տունը «մինչեւ երեխայի ծնունդը» եւ այլեւս մնացեր էր հոն։ |
s-665
| Իմ ծնած ժամանակս հայրս իր ունեցածը կորսնցուցեր էր յանկարծակի, քոնսոլիտ ի մէջ։ |
s-666
| Այդ կարգի կործանումներ յաճախ կը պատահէին Կ. Պոլսոյ մէջ։ |
s-667
| Բայց հայրս մեծ պաղարիւնութիւնով դիմաւորեր էր այդ անակնկալ կացութիւնը։ |
s-668
| Իր քենիները թեզկեահի վրայ եազմա կը բանէին։ |
s-669
| Ան հետաքրքրուեր էր այդ գործով եւ անմիջապէս ձեռնարկեր էր արհեստանոց մը բանալ, ուր եազմայի սեւ գծագրութիւնը կը կոխէին։ |
s-670
| Ինքն ալ սորվեր էր արհեստը եւ անայլայլ հոգիով անցեր էր մէկ վիճակէն միւսը։ |
s-671
| Ամբողջ օրը կ՚աշխատէր եւ երեկոները անձնատուր կ՚ըլլար ընթերցանութեան։ |
s-672
| Հետամուտ էր նաեւ գտնելու նոր գոյներ եազմա յի գործի վերաբերեալ, եւ այդ ուղղութեամբ փորձեր կը կատարէր աշխատանոցի մը մէջ, որ կառուցեր էր մեր պարտէզին մէկ անկիւնը։ |
s-673
| Հայրս շռայլ էր եւ կը սիրէր առատութեամբ ծախսել։ |
s-674
| Բայց իր բնաւորութեան այդ մղումին գոհացում տալու համար չէին բաւեր ոչ իր իբր արհեստաւոր վաստկածը, ոչ ալ ժառանգութեան վերջին բեկորները։ |
s-675
| Հետզհետէ հայրս սորվեցաւ պարտքեր ընել վաշխառուական տոկոսներով։ |
s-676
| Մեր ընտանեկան կեանքը այսպիսով ունէր յանկարծական վերելքներ եւ անկումներ։ |
s-677
| Երբեմն անհաշիւ ճոխ, երբեմն չքաւորութեան հասնող նեղութիւն։ |
s-678
| Պարտքերու պայմանաժամերը ոչ թէ կը հասնէին այլ կը պայթէին ռումբերու պէս, որովհետեւ մինչեւ ժամկէտը հայրս կը մնար անայլայլ եւ կը վարուէր, ինչպէս եթե անյատակ գանձ մը ունենար իր տրամադրութեան տակ։ |
s-679
| Եւ եթէ պատահէր որ սիրտը նեղուէր եւ ընթերցանութիւնը բաւական չըլլար իր հոգերը ցրուելու, կը մտնէր պարտէզ եւ կը զբաղէր ծաղկամշակութեամբ։ |
s-680
| Ահա այդպիսի այլազան տարրերէ կազմուած եւ տնտեսական անհաւասար վիճակներու ենթարկուած ընտանիքի մը մէջ ծնած եւ ապրած եմ իմ մանկութեան եւ պատանեկութեան տարիներս։ |