s-502
| Հիմա գիտէի այլեւս, որ եթէ մարդիկ ժլատ էին ապրողներուն նկատմամբ, գոնէ ունէին անհաշիւ առատաձեռնութիւն մը հանգուցեալներուն համար։ |
s-503
| Քանի կառքը կը լափէր իր առջեւ երկարող հարթ եւ ուղիղ ճանապարհը, մտածումս իրմէ առաջ հասեր էր, բայց ոչ Պրն. Քառլիէի աւանդութենէն առաջ, քանի որ, արդէն իսկ, ինչպէս պիտի հաստատէի քիչ վերջը ես ինքս ալ, բոլորն ալ նոյն բարձրաղաղակ պատասխանը կու տային, թեւերնին բարձրացուցած գլուխներէն վեր. |
s-504
| — Պրն. Քառլիէին գացէք, Պրն. Քառլիէին։ |
s-505
| Մեռելները անոր կը պատկանին։ |
s-506
| Մեր բազմանդամ ընտանիքը բաղկացած էր զանազան խաւերէ սերած մարդոցմէ, որոնք եկեր միացեր էին յարկի տակ։ |
s-507
| Այդ ժամանակները նման կացութիւնը տարօրինակ երեւոյթ չէր Կ. Պոլսոյ մէջ։ |
s-508
| Մօրենական մեծ մայրս սերած էր պալաթցի հին ընտանիքէ. հայրը շնորհազուրկ պաշտօնատար էր։ |
s-509
| Տանը մէջ ամէնքը, ինչպէս եւ ազգականները եւ ծանօթները տուտու կ՚ըսէին մեծ մօրս։ |
s-510
| Ան հպարտ եւ տխուր կին էր։ |
s-511
| Գրել կարդալ չէր գիտեր, բայց կը խօսէր մաքուր հայերէն եւ ընտրովի բառերով թրքերէն։ |
s-512
| Բարձրահասակ էր եւ սէգ կեցուածք ունէր։ |
s-513
| Կ՚ըսէին թէ շատ գեղեցիկ եղած էր։ |
s-514
| Ես զինքը ճանչցած եմ միշտ սեւազգեստ, տխուր սեւ աչքերով, որոնք իր մասունքի պէս ճերմկած եւ խորշոմած դէմքին վրայ կը կայծկլտային շատ բան տեսած եւ խորիմաց կնոջ յատուկ իմացականութեամբ։ |
s-515
| Մեծ մայրս կարծես անյաղթելի արհամարհանք ունէր ամէն բանի համար եւ ամենուն նկատմամբ, նոյնիսկ իրմէ ծնած զաւակներուն նկատմամբ. այդ արհամարհանքը զինքը կը դարձընէր անժպիտ եւ սակաւախօս։ |
s-516
| Մեծ մայրիկս ինքզինքին հարկադրած խիստ վարքագծին մէջ զինադադար կ՚ունենար միայն հայրիկիս վերաբերմամբ, որուն հանդէպ ունէր յարգանք եւ սէր։ |
s-517
| Ան կը սիրէր նաեւ իր զաւակները, մանաւանդ մանչերը, ցաւագին, տանջալի սիրով մը, որ իրեն թոյլ չէր տար ներողամիտ ըլլալ։ |
s-518
| Իրողութիւնը այն է որ երբեք չթուլացող հետեւողականութեամբ, մեծ մայրս, իր բազմաչարչար կեանքի ընթացքին, պահպաներ էր սովորութիւններ, աւանդութիւններ, համապատասխաներ իր զաւակներու կենցաղին, իր նիւթական կացութեան, եւ այդ բոլորը կը դառնային տառապանքի աղբիւրներ։ |
s-519
| Տասնըչորս տարեկանին զինքը ամուսնացուցեր էին, աճապարանքով, «առանց ետեւ առաջ նայելու», Շիրին օղլու Յակոբի հետ, գեղեցկադէմ երիտասարդ մը, արհեստով կառապան, որ միջնորդ կին մը ճարեր էր Սկիւտարէն։ |
s-520
| Ահա թէ ի՞նչ պատահեր էր։ |
s-521
| Այն ժամանակ, ենիչէրիները ահ ու սարսափի մէջ կը պահէին մայրաքաղաքի ազգաբնակչութիւնը։ |
s-522
| Ենիչէրիները մասնաւորաբար սանձարձակ էին Սթամպուլի եւ Ոսկեղջիւրի յունական թաղերուն մէջ։ |
s-523
| Մեծ մօրս ընտանիքը արդէն իսկ իրենց ազդեցութիւնը կորսնցուցած դէօւլէդ դիւշկինի, եւ հետեւաբար անպաշտպան ընտանիք, իրենց աղջիկը, Լուսիկը, մինչեւ տասնըչորս տարեկան հասակը պահեր են տանը չորս պատերուն մէջ, որովհետեւ վախցեր են որ ոեւէ ենիչէրի ուշադրութիւն կը դարձնէ անոր։ |
s-524
| Բայց ժամանակի սովորութեան համեմատ պէտք էր որ արբունքի հասած աղջիկը առաջին անգամ դուրս գար եկեղեցի երթալու եւ հաղորդութիւն առնելու համար։ |
s-525
| Մեծ մայրս կը պատմէր որ այն ժամանակ կիները դուրս չէին ելլեր տունէն, իսկ տղամարդիկ, ամէն առաւօտ գործի երթալու համար, դրանը սեմին վրայ կանգ կ՚առնէին, կը խաչակնքէին եւ տնեցիներուն հետ «հելալլամիշ» կ՚ըլլային, որովհետեւ վստահ չէին որ պիտի վերադառնային իրիկունը։ |
s-526
| Քանի-քանի անգամներ, Սթամպուլի փողոցներուն մէջ, ենիչէրի մը իր եաթաղանի սրութիւնը փորձելու համար թռցուցած էր քրիստոնեայի մը գլուխը։ |
s-527
| Յոյն թէ հայ, տղամարդիկ իրենց պեխերը կը կնտէին, իբրեւ նշան խոնարհութեան, լայնաբերան ֆէսը կը քաշէին իրենց ականջներուն վրայ։ |
s-528
| Փողոցներէն կը քալէին հեզիկ եւ կորաքամակ, որպէսզի իրենց նայուածքը չհանդիպի ենիչէրիի մը լինքսի ակնարկին։ |
s-529
| Գլուխը բարձր բռնել, շեշտակի նայիլ մարդոց, կը համարուէր լրբութիւն եւ կը դառնար առիթ ամէն տեսակ կամայականութիւններու։ |
s-530
| Մեծ մայրս կը յիշէր ընտանիքներ, որոնց տղամարդը անհետ կորած է։ |
s-531
| Կը խօսէր փարթամ ընտանիքներու մասին, որոնց զաւակները օրուան հացի կարօտ մնացած են։ |
s-532
| Նոյնիսկ վիւգելան, նոյնիսկ սուլթանները կը դողային ենիչէրիներէն, որոնց պետերը միահեծան կ՚իշխէին ոչ միայն իրենց օճախներուն, այլեւ իրենց թաղերուն, ամբողջ մայրաքաղաքին։ |
s-533
| Ամէն անգամ որ մեծ մայրս վերյիշէր իր մանկութեան դաժան օրերը, Երանիկ մօրաքոյրս կը միջամտէր։ |
s-534
| – Աման տուտո՛ւ , կ՚ըսէր ան, քու հարդ, մարդ ալ խելք չունէի՞ն … ատանկ զալիմ ժամանակ ինչո՞ւ քեզ ժամ ղրկեր են։ |
s-535
| Մեծ մայրս կը բացատրէր որ ան ժամանակները Պատրիարքարանը զօրաւոր էր, «ձեռքը երկար էր», պատրիարքը ենիչէրիներու աղային հետ լաւ կապեր ունէր եւ ոչ միայն մօտէն կը հսկէր որ իր հօտը կրօնական պարտաւորութիւնները կատարէ, այլեւ անսաստողները եւ թերացողները խստիւ կը պատժէր։ |
s-536
| – Չըսե՞ս , տուտո՛ւ կ՚ընդհատէր Երանիկ մօրաքոյրս, երկու կրակի մէջ մնացած էիք։ |
s-537
| Մեծ մայրս ուշադրութիւն չէր դարձներ Երանիկ մօրաքրոջս դիտումնաւոր ակնարկին եւ կը շարունակէր պատմել թէ ի՞նչ միջոցներով Պատրիարքարանը իր իշխանութիւնը կը գործադրէր։ |
s-538
| Այդ ժամանակ, եկեղեցիները պղինձէ զանգակներ չունէին։ |
s-539
| Լուսարարը, այգաբացին, թոպով կը զարնէր տախտակի մը վրայ, իսկ ժամկոչը կ՚անցնէր թաղերէն եւ երգելով հաւատացեալները կը հրաւիրէր եկեղեցի, առաւօտեան աղօթքի։ |
s-540
| Տղամարդիկ ստիպուած էին երթալ, կիները տան մէջ կ՚աղօթէին։ |
s-541
| Պահքի օրերուն Պատրիարքարանի եասախճիները կը պտըտէին թաղերը, որոնք շուներու պէս հոտ կը քաշէին եւ եթե տունէ մը միսի հոտ գար, տանտէրը կը ձերբակալէին, երբեմն տեղն ու տեղը կը ծեծէին, ֆալախան կու տային, մսեղէնը կը գրաւէին եւ տուգանք կ՚առնէին։ |
s-542
| Երբեմն ալ կը տանէին եկեղեցիի բանտը եւ հոն կը ծեծէին ու կը բանտարկէին։ |
s-543
| Եթե պատահէր որ մէկը ապստամբէր, դիմադրէր, կը տանէին Պատրիարքարանի զնտանը եւ ամիսներով կը պահէին, մինչեւ որ «յանցաւոր»ը մեղայի գար։ |
s-544
| Երբեմն ալ յիմարանոցը կ՚արգելափակէին իբրեւ խենթ, եւ այլեւս իրենց մասին լսող չէր ըլլար։ |
s-545
| Այն ժամանակ իբրեւ յիմարանոց կը ծառայէր Նառլը Գափուի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցիին նկուղը։ |
s-546
| Խենթերը կը կապէին շղթայով եւ անոնց դաստակներուն եւ ոտքերուն լալէ կ՚անցընէին։ |
s-547
| Այդպէս՝ անոնք կը մնային կեղտի եւ կղկղանքի մէջ։ |
s-548
| Յիմարապահ-բանտապահները, լռեցնելու համար այդ «եկեղեցւոյ սուրբ խորհուրդներուն եւ կարգերուն» հայհոյողները, անխնայ, երբեմն ցմահ կը ծեծէին։ |
s-549
| Բայց մեծ մայրս կ՚ըսէր որ անոնք ա՛լ աւելի կը հայհոյէին։ |
s-550
| Եւ օր մըն ալ մեծ մայրս պատմեց թէ ի՞նչ հանգամանքներու մէջ Գազազ Արթին Ամիրան որոշեր էր Ետի Գուլէի Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցը կառուցանել իր ծախքովը։ |
s-551
| Արդ ուրեմն, մեծ տօնի մը առիթով, պատրիարքը հանդիսաւոր պատարագ կը մատուցանէր Նառլը Գափուի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցիին մէջ, շրջապատուած արքեպիսկոպոսներով եւ այն ժամանակի դպիրներով, որոնց ամէն մէկը որոշ թաղի մը սոխակը եւ փառքը կը հանդիսանար։ |
s-552
| Մեծ մայրս կը յիշէր ան նշանաւոր դպիրներուն անունները եւ մանաւանդ դպրապետին անունը, «որուն նմանը նորէն աշխարհ չէ եկեր»։ |
s-553
| Այդ հանդիսաւոր պատարագին ներկա էին նաեւ մեծահամբաւ ամիրաները եւ անոնց շքախումբերը, որոնք կազմուած էին այն ժամանակի հարուստ վաճառականներով եւ թաղերու երեւելիներով։ |
s-554
| Բայց պատարագի սկիզբէն նկուղը բանտարկուած «խենթ»երը կը սկսին գոռալ իրենց հայհոյութիւնները այնքան միահամուռ թափով որ անոնց խուլ արձագանգները կը հասնին եւ կը խանգարեն պատարագուորը եւ ջերմեռանդ ժողովուրդը։ |
s-555
| Ի զուր հուժկու բարապանները, «որոնց ամէն մէկի պեխէն մէկ-մէկ մարդ կը կախուէր», զայրացած պատարագուորի նշանին վրայ, կ՚երթային նկուղ եւ յիմարապահներուն կը պատուիրէին «սատկեցնել այդ շուները»։ |
s-556
| Արգելափակուածները անխնայ ծեծի տակ կը շարունակէին իրենց անէծքները եւ հայհոյութիւնները, գոռում-գոչումով, օրհասական ահեղ ցասումով։ |
s-557
| Այդ օրը վերջապէս, վերնատունէն, սամաթիացի արհեստաւոր կին մը, որ էտէպսիզ Պայծառ կը կոչէին, որուն համար յետոյ կ՚ըսէին թէ «այսահար» էր, զգածուելով նկուղի խենթերուն վիճակէն, նախ սկսեր էր բարձրաձայն լալ եւ յետոյ հայհոյել պատարագին եւ պատարագուորին եւ, ի նշան բողոքի, մինտէրները նետել «ջերմեռանդ ժողովուրդին» վրայ։ |
s-558
| Պատարագէն յետոյ երբ պատրիարքը, արքեպիսկոպոսը, ամիրաները եւ անոնց հաւատարիմ երեւելիները հաւաքուած էին ժողովի մեծ սրահը եւ խոժոռ դէմքերով կ՚որոճային օրուան պատահածներուն վրայ, մէկը կը դիմէ Գազազ Ամիրային եւ կը մատնանշէ այն անպատեհութիւնը, որ կայ խենդերը պահելու պատրիարքանիստ եկեղեցւոյ մէջ։ |
s-559
| – Ժամանակները գէշ են, ամիրա՛ս , կ՚ըսէ ան, երես անկեալ խոնարհելով եւ ձեր ոտքերը համբուրելով կ՚ըսեմ թէ թաղերու մէջ անհնազանդներու եւ խենթերու թիւը օրէ օր կը շատնայ, մեր զնտանը նեղ կու գայ, դո՛ւն միայն ճար մը կրնաս ընել։ |
s-560
| – Ո՜վ Սուրբ Փրկիչ, կը գոչեն եկեղեցականները եւ ներկայ աշխարհականները միաբերան, ժամանակները գէշ են, մեզ փրկէ մեր բորոտ ոչխարներէն։ |
s-561
| Այն ատեն Գազազ Ամիրա կ՚որոշէ յիմարանոց մը շինել իր ծախքով, քաղաքի պարիսպներէն դուրս, Ետի Գուլէ կոչուած ամայի վայրը եւ մատուռ մը՝ Սուրբ Փրկիչ անունով։ |
s-562
| Երանիկ մօրաքոյրս այդ պատմութիւնները լսելով կը յուզուէր եւ՝ մտնելով այդ ժամանակի մարդոց հոգերուն մէջ՝ կ՚ըսէր զայրոյթով. |
s-563
| – Քա տուտո՛ւ , ի՞նչ շաշխըն մարդիկ են եղեր, կառավարութեան դուռը դիմէին, տաճկնային, բան մը ընէին, ազատէին։ |
s-564
| Մեծ մայրս գլուխը կը շարժէր սրտմտութիւնով եւ մօրաքրոջս ամբարիշտ մտածումին հակազդելու համար կը խաչակնքէր եւ կ՚ըսէր. |
s-565
| – Ո՛ր կողմը որ դառնայիր, ազատում չկար։ |
s-566
| Սակայն կը պատահէր որ կաշառքով կամ ուրիշ միջոցով մը խնդրոյ առարկայ «յանցաւոր»ը իսլամ պաշտպան մը գտնէր եւ Պատրիարքարանը անզօր ըլլար իր պատժական միջոցները կիրառելու. այն ատեն, մօրս ըսելով, Պատրիարքարանը սոսկալի միջոցի մը կը դիմէր, բանադրանք կ՚արձակէր։ |
s-567
| Բոլոր թաղերու եկեղեցիներու բեմերէն քարոզիչները կը նզովէին եւ կը բանադրէին այդ մարդը եւ այլեւս ան, իր ամբողջ ընտանիքով, կը դառնար բորոտ, համայնքին համար։ |
s-568
| Ի՜նչքան գոռոզ գլուխներ, քանի մը ամիս խրոխտանալէ յետոյ, չդիմանալով այդ վիճակին, խոնարհեր էին, գացեր ծնրադիր ներում խնդրեր էին, իրենց բոլոր ունեցածը պատրիարքի գահին ստորոտը դրած էին, որպէսզի բանադրանքը վերանայ եւ կրկին «կենդանի մարդ դառնան»։ |
s-569
| Ոմանք ալ, կ՚ըսէր մեծ մայրս, «կ՚ուրանային իրենց լոյս հաւատքը եւ իսլամ կը դառնային»։ |
s-570
| Այսպիսի ժամանակներու մէջ է որ տուտուն, տասնըչորս տարեկանին, առաջին անգամ պառաւ ազգականներու հետ տունէն դուրս կ՚ելլէ եկեղեցի երթալու համար։ |
s-571
| Այն ատեն Կ. Պոլիս քրիստոնեայ կիներ չէին կրեր եւրոպական տարազ, թուրք կիներու նման անոնք կը հագնէին ֆերաճէ կամ էնթարի եւ քողարկուած էին եաշմագով կամ պարզ քողով, ըստ իրենց պատկանած դասակարգին։ |
s-572
| Եկեղեցիէն վերադարձին Լուսիկ եւ իր ազգականները կը հանդիպին ենիչէրիներու։ |
s-573
| Անոնք անմիջապէս կը յարձակին մատղաշ աղջկան վրայ, ֆերաճէն կը պատռեն այն առարկութեամբ որ կանանչ գոյնով վարդեր ունի. կանանչ գոյնը իսլամներու համար սուրբ գոյն էր եւ կեաւուրները իրաւունք չունէին կրելու։ |
s-574
| Բայց, ինչ որ աւելի ծանրակշիռ էր, այն էր որ Լուսիկի եաշմագը կը վերցնեն երեսէն... պառաւները կը պոռան, ժամկոչ, լուսարար վրայ կը հասնին եւ օգտուելով ենիչէրիներու միջեւ յառաջ եկած վէճէ մը Լուսիկը կը փախցնեն տուն։ |
s-575
| Բայց հեգ աղջիկը այլեւս անպատուուած էր։ |
s-576
| Ո՞վ կ՚ամուսնանար աղջկան մը հետ, որուն երեսը տեսեր էին «հեթանոս»ներ։ |
s-577
| Ատկէ զատ՝ այլեւս վտանգաւոր էր այդ «նշմարուած» աղջիկը պահել տան մէջ։ |
s-578
| Մէկ օրէն միւսը ենիչէրիները կրնային զայն փախցնել։ |
s-579
| Լուսիկի ծնողքը, իրենց տունը եւ ընտանիքը փրկելու համար այդ հաւանական անպատւութենէն, կը դիմեն վարձկան միջնորդ կնոջ մը եւ կը պատուիրեն որ փեսացու մը գտնէ Լուսիկին համար։ |
s-580
| Միջնորդ կինը եկեր էր Սկիւտար, ուր ենիչէրիները նուազ ազդեցիկ էին, ուր թաղերու խապատայիները [1] որոշ չափով կը զսպէին ենիչէրիներու սանձարձակութիւնները, երբեմն դաշինք կնքելով, երբեմն, կուրծք կուրծքի, դանակ դանակի կռուելով – իրենց ետեւն էին Անատոլուն եւ շրջակայ մօտիկ եւ հեռաւոր անտառները, ուր կրնային ապաստանիլ հարկ եղած ատեն – եւ փնտռեր էին երիտասարդ մը, որուն ձեռքէն կինը խլել դիւրին չէր։ |
s-581
| Մեծ հայրս, Յակոբ, սերած էր իրենց անվեհութեամբ եւ ճարպիկութեամբ ծանօթ կարաւանի առաջնորդներէ։ |
s-582
| Այդ հին օրերուն Սկիւտար տրանզիտ ի քաղաք մըն էր եւ նշանաւոր էր իր կարաւանսարայներով եւ արագոտն ձիերու կայաններով։ |
s-583
| Յակոբի հայրը՝ Շիրին եւ հօրեղբայրը՝ Ֆարհատ, կարաւաններ կ՚առաջնորդէին մինչեւ Պաղտատ, Պասրա, Պարսկաստան, «մինչեւ Հինդիստան, Չինումաչին», կ՚ըսէր Երանիկ մօրաքոյրս։ |
s-584
| Միեւնոյն ատեն Շիրին աշուղ էր եւ Ֆարհատ՝ մետտահ [2] ։ |
s-585
| Տուտուն շատ դժբախտ եղած է այդ ամուսնութեամբ։ |
s-586
| Ոչ միայն ան յանկարծակի ինկած է իր սովորած կեանքէն բոլորովին տարբեր միջավայրի մէջ, այլեւ Շիրին օղլու Յակոբ եղած է տարօրինակ եւ անկարգ մարդ։ |
s-587
| Ան իր կարգին աշուղ էր եւ կառապան – այլեւս չկային կարաւաններ։ |
s-588
| Գինետունի հերոս, կռուազան, արկածախնդիր, անիկա երբեմն անսալով անդիմադրելի մղումի մը, կը թողուր կառք, տուն, կին, երեխայ, եւ ձի հեծնելով կը մեկնէր սրարշաւ Փոստայի ճամբէն։ |
s-589
| Իր հետքը կը կորսուէր Չամլըճայի ետեւը տարածուող հովիտին մէջ։ |
s-590
| Ո՞ւր կ՚երթար, ի՞նչ կ՚ընէր, ոչ ոք կարողացած է որոշ բան մը ըսել իմ հետաքրքրութեանս։ |
s-591
| Հաւանաբար կ՚երթար Անատոլուի մերձաւոր եւ հեռաւոր քաղաքները եւ տօներու կը մասնակցէր իր աշուղի հանգամանքով։ |
s-592
| Թերեւս պարզապէս որոշ վայր հասնելէ ետքը ձին պահ կու տար տեղ մը եւ իբր տերվիշ կը թափառէր անծանօթ ճամբաներու վրայ, անորոշ նպատակով... |
s-593
| Ամէն պարագայի իմ պատանեկան տարիներուս Սկիւտարի ծերերը կ՚ըսէին թէ Շիրին օղլու Յակոբ աննման աշուղ էր, մանաւանդ երբ անպատրաստ կ՚երգէր կամ կ՚արտասանէր։ |
s-594
| Թուրքերը այնքան կը գնահատէին իր աշուղական արուեստը որ կ՚աշակերտէին իրեն։ |
s-595
| Ան, ըստ վկայութեան, երբեմն գրի կ՚առնէր իր երգածը՝ հայատառ թրքերէն։ |
s-596
| Բայց այդ գրութիւններէն ոչ մէկ բան չեմ կրցած գտնել։ |
s-597
| Միայն լսած եմ մեծ հօրս երեք աշուղական բանաստեղծութիւնները ուրիշ աշուղի մը՝ Հագգըի (ազգով հայ) այրի կնոջ բերնէն, որոնք ինձ թուած էին զմայլելի։ |
s-598
| Բայց այն ատեն հազիւ տասներկու տարեկան էի։ |
s-599
| Նոյնպէս չեմ կարողացած գիտնալ թէ Շիրին օղլու Յակոբ ի՞նչ նուագարանի վրայ կը նուագէր։ |
s-600
| Մեծ մայրս իր ամուսնոյն մահէն յետոյ ոտքերուն տակ ջախջախեր էր այդ գործիքը, այրեր էր բոլոր թուղթերը եւ կը մերժէր ոեւէ տեղեկութիւն տալ իր ամուսինին աշուղի հանգամանքին մասին, որ իր տառապանքներուն բուն պատճառը կը համարէր։ |
s-601
| Շիրին օղլու Յակոբ կը վերադառնար իր խորհրդաւոր ճամբորդութենէն յոգնած, սպառած։ |