Dependency Tree

Universal Dependencies - Western_Armenian - ArmTDP

LanguageWestern_Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttest

Select a sentence

Showing 402 - 501 of 680 • previousnext

s-402 Կը բաւէր որ իր ճարտարութեան փորձը տար ամենէն անմատչելի կարծուած տուները կողոպտելով, ու յօժարութեամբ ետ պիտի տար գողօնը թէ որ բռնուելու վախը չըլլար:
s-403 Կամաց կամաց մտերմութիւն մը հաստատուած էր գիւղացւոց ու այս գողին մէջ. ի հարկէ ստիպեալ` վարժուեր էինք իր ներկայութեան. այս խորհրդաւոր ու անմեկնելի գոյութիւնը, հալածական մարդու այս աստանդական կեանքը` սրտերնիս կը շարժէր, ու քիչ մըն ալ թէ որ երթայինք առաջ, պիտի սիրէինք զինքը:
s-404 Բ.
s-405 Զաբուղոն նշանուած էր. կը զարմանա՞ք :
s-406 Նշանտուքը Պատրիարքարանի մեծ դահլիճը կատարուած չէր հարկաւ:
s-407 Փոխանորդ Հայրը օրհնած չէր զայն, ոչ ալ լրագիրները ծանուցեր էին:
s-408 Պարզապէս, յաւիտեան իրար սիրելու խօսք տուած էին, գիշեր մը, ծառի մը տակ, աստղերը ունենալով իրենց վկայ. եւ աշխարհիս ամենէն մեծահանդէս նշանտուքը եղած էր իրենցը:
s-409 Ամենքնիս կը ճանչնայինք Վասիլիկը, այն վտիտ դէմքով ու թնջուկ մազերով աղջիկը, որ գոյնզգոյն պատմուճաններով, արտակարգ արդուզարդերով` վերը, լեռը կու գար պտըտելու մինակը, շաբաթ իրիկունները:
s-410 Ոչ ոք կը համարձակէր աչք նետել կամ դարպաս ընել անոր. Կեսարի խօսեցեալն էր անիկա. իր բացակայ նշանածին տարածած սարսափին մէջ պլլուած` աներկիւղ կը պտըտէր ամեն տեղ. ու զինքը պահպանող այս վախը կը վայլէր իրեն. անմատչելի ըլլալը` հրապուրիչ կ՚ընէր զինքը:
s-411 Մասամբ մըն ալ նշանածին փառքը իր վրայ կ՚անդրադառնար. անոր արկածալից կեանքին կապուող այս աղջիկը սովորական մէկը չէր կրնար ըլլալ. աշխարհքէն դուրս ապրող մարդուն նշանածն ալ աշխարհքէն դուրս արարած մըն էր. ու տեսակ մը պատկառանքի խառնուած ըղձանքով մը կը նայէին իրեն, ամեն անգամ որ այս լուացարարի աղջիկը, վէս ու արհամարհոտ դիցուհիի ձեւերով, իր շաբաթական պտոյտը ընելու կու գար մեր կողմերը:
s-412 Վասիլիկ` ինքը գոհ կը թուէր այս կեանքէն. մարդ մը կար մութին մէջ որ զինքը կը պաշտէր, Ռիւյ Պլասի ըսածին պէս, առանց երեւան ելլելու, առանց իր քովը գալու հրապարակաւ:
s-413 Ու մութը` իրական մութն էր հոս. կեանքը` գիշերը կ՚սկսէր իրեն համար ու գիշերը կը վերջանար. վասն զի նշանածը մութին կրնար գալ, ամենէն անակնկալ մէկ պահուն, մտքէ չանցած ծպտումի մը տակ, որուն գրկաբաց կ՚սպասէր:
s-414 Ուրիշներ կրնային ըսել որ «այսքան օր» ապրեցան. ինքը պիտի ըսէր «այսքան գիշեր»:
s-415 Լուսինին պէս խաւար պէտք էր որպէս զի փայլէր. էապէս աղջամուղջի դշխոն էր այս աղջիկը:
s-416 Ու գողը, իր յարափոփոխ այլակերպութիւններովը, ամեն գիշեր նոր սիրահար մը կը թուէր իր աչքին, եւ այսպէս ամեն հասակները ու ամեն գոյները կարգով կը ծնրադրէին իր առջեւ, դիւթական անուրջ մը շինելով ամեն ատեն:
s-417 Գ.
s-418 Սկիզբները Վասիլիկ երջանիկ եղաւ այսպէս. բաղդին չէ՞ր նմաներ քիչ մը այս անտեսանելի սիրահարը որ աշխարհքը կը կողոպտէր զինքը յափրացնելու համար ամեն ճոխութիւններով:
s-419 Օր մը սակայն այս ամենը ծաղրելի թուեցան իր աչքին:
s-420 Իր գաղտագողի ու թաքուն երջանկութիւնը բան մը կը կորսնցնէր այսպէս ծածուկ մնալով ու չկրնալով ուրիշներուն ցուցուիլ:
s-421 Երեւակայեցէք մեծագին ադամանդ մը որ յաւիտեան տուփի մը մէջ փակուած մնալու դատապարտուած ըլլայ ու չկրնաք օր մը կուրծքերնուդ վրայ դնելով դիմացիննիդ շլացնել:
s-422 Իր բոլոր վայելքները, իր բոլոր ունեցածը այս գոցուած ադամանդին տպաւորութիւնը կը թողէին:
s-423 Ինքը մանաւանդ, ցուցամոլ էակ, չէր կրնար գոհանալ կեանքի այն ներքին ու լռին ներդաշնակութեամբը որ ահա իր ձեռքին տակն էր եւ որ դուրսը արձագանգ չէր ձգեր. մարդիկ կան որ դերասաններ են աշխարհիս վրայ. իրենց սեփական կեանք ու գոյութիւն չունին եւ ուրիշներուն համար կ՚ապրին միայն. հանդիսատեսներ պէտք է ասոնցպէսներուն, ու կեանքը հրապոյր չունի եթէ զիրենք դիտողներ պակսին. դերասաններ` որ յանձն չեն կրնար առնել թափուր սրահի մը առջեւ ներկայացում տալ։
s-424 Այսպէս էր Վասիլիկ. իր մեկուսացումը` լքում կը նշանակէր. ոչ ոք իր երեսը կը նայէր փողոց ելած ատեն. գեղին բոլոր երիտասարդները իր հրապոյրներէն կը դողային:
s-425 Հիմա պչրանքի արուեստը կը փորձէր անոնց դէմ, թոյլ ու երերուն քալուածք մը առած էր որ նուրբ մարմինին ամեն խաղերը կը մատնէր, եւ այսպէս ցանկութեան տաք հով մը կը տարածէր շուրջը ու օձի նայուածք մը` որուն հանդիպողը կը կախարդուէր:
s-426 Օր մը տղուն մէկը կապուեցաւ անոր ու հետը ամուսնանալ առաջարկեց. այն վայրկեանէն գողին սէրը անտանելի լուծ մը դարձաւ իրեն:
s-427 Ալ չկրցաւ սպասել անոր, գիշերները լուսցնել, ժամադրութիւններուն գտնուիլ, սա պարտէզին մէջ, կամ ան լերան վրայ. ամեն առթիւ գանգատեցաւ, բողոքեց, ու լացաւ. միւսը կը զարմանար. ինչո՞ւ այս արցունքը, չէ՞ մի որ առաջուան պէս կը սիրէին իրար. ի՞նչ փոյթ մնացածը. Զաբուղոն իր առանձնացած կեանքովը, միամիտ մարդու յատուկ անծալք գաղափարները կը պարզէր:
s-428 Ի՞նչ պիտի ըլլայ ասոր վերջը, կը հարցնէր աղջիկը:
s-429 Ասոր վե՞րջը . Զաբուղոն երբեք չէր խորհած ատոր. ընդհակառակը կը փափագէր որ վերջը չգայ:
s-430 Այն ատեն յուսահատած` յօժարութեամբ բաժանում ձեռք բերելէ այս նշանտուքէն, որ օրհնուած պսակէ աւելի ամուր ու հաստատ կ՚երեւար, դիւային խորհուրդ մը անցաւ մտքէն. գիշեր մը ոստիկանները կանչեց ու ձերբակալել տուաւ Զաբուղոնը:
s-431 Պրն. Քառլիէի քարտուղարը քաղաքավար մարդ մըն է։
s-432 Հասակը երկար ու սլացիկ։
s-433 Մասնաւոր խնամք մը կը տեսնուի հագուստը կրելուն մէջ, փողկապին հանգոյցին եւ տեսակին ընտրութեան մէջ։
s-434 Կանգնած էր գրասեղանին առջեւ եւ իր կիրթ ձեւերով, որոնք իրական հաճոյք մը կը պատճառեն խօսակցին, կը ջանար զիս համոզել թէ երկար չի տեւեր, անպայման ժամէ մը վերադարձած կ՚ըլլայ։
s-435 Խնդրեմ, ըսաւ, նստեցէք, կաշիէ բազկաթոռ մը ցոյց տալով։
s-436 Ընդունեցի իր հրաւէրը եւ բազմեցայ հանգստաւէտ թիկնաթոռին մէջ։
s-437 Կ՚երեւի բնաւ բախտը պիտի չունենամ Պ. Քառլիէին հանդիպելու, ըսի, թեւերս կուրծքիս վրայ խաչաձեւելէ ետք, անցեալ անգամ ալ հինգ վայրկեանով մը զինքը փախցուցի։
s-438 Պրն. Քառլիէ շատ զբաղած է դուրսի գործերով, մանաւանդ երբ պարտադրութիւններ կան, պատասխանեց քարտուղարը, առանց գլուխը սեղանէն վեր առնելու։
s-439 Կարելի՞ է ասանկ մեծ գործի մը ժամերուն պարտադրութիւններ ընդունիլ։
s-440 Կան որ կարելի չէ մերժել, անոնք ուղղակի գործին հետ կապ ունին, ըսաւ քարտուղարը կողմնակի ժպիտով մը եւ աւելցուց՝ գլուխը առջեւի տետրակէն վեր առնելով՝ Պրն. Քառլիէ գրեթէ բոլոր յուղարկաւորութիւններուն ներկայ կ՚ըլլայ։
s-441 Այս առաւօտ ալ յուղարկաւորութեան գնաց։
s-442 Բայց, ժամը տասնըմէկին վերադարձած կ՚ըլլայ։
s-443 Գրամեքենային աղմուկը դադրեցաւ մէկէն։
s-444 Ձախ անկիւնը, պատուհանէն հոսող առատ լոյսին տակ, արմունկները սեղանին եզերքին կրթընցուցած, մեքենագրուհին ծիծաղկոտ դէմք մը կը ցուցնէր։
s-445 Ահա այդ ծիծաղն էր, որ քաջալերեց հետաքրքրութիւնս եւ ըսի, աւելի բան սորվելու նպատակով, քան թէ ըսածիս ճշմարտութեանը հաւատալով.
s-446 Կ՚երեւի Պրն. Քառլիէ շատ ազգականներ եւ բարեկամներ ունի, այդքան յաճախ յուղարկաւորութեան երթալու համար։
s-447 Ո՛չ ազգականներ են ոչ ալ բարեկամներ, եւ կամ երկուքն ալ, ճշդեց Պրն. քարտուղարը, առանց կարենալ պարտկելու իր խնդուքը, բայց մանաւանդ յաճախորդներ են։
s-448 Եթէ կարելի է այդպէս ըսել, Պրն. Քառլիէ աւելի իր շինած դագաղին է, որ կը հետեւի քան թէ անոր մէջ պառկող ննջեցեալին։
s-449 Ասիկա հին աւանդութիւն մըն է՝ երբ դեռ Պրն. Քառլիէ գիւղին վերի փոքրիկ արհեստանոցը ունէր միայն։
s-450 Հիմակուան այս գեղեցիկ գործարանը ամբողջութեամբ ողջերուն չի պարտիր։
s-451 Ավինեոնէն մինչեւ Թարասքոն տարածուող գիւղերուն ու քաղաքներուն դագաղները գրեթէ բոլորն ալ հոս կը շինուին։
s-452 Ամէն մէկ դագաղը, որուն կը հետեւի Պրն. Քառլիէ, նոր դագաղ մը կը բերէ իր ետեւէն։
s-453 Առեւտուրին գաղտնիքը ներկայութեան մէջ է։
s-454 Ամէն տեղ ներկայ պէտք է ըլլալ, այս պարագային՝ յուղարկաւորութիւններուն։
s-455 Այնպէս որ հետզհետէ յուղարկաւորութիւնը տեսակ մը աւանդութիւն եղած է Պրն. Քառլիէի մօտ։
s-456 Այսինքն, հասութաբեր աւանդութիւն մը, առարկեցի զուարթութիւնս զսպելով։
s-457 Խնդրեմ, ըսաւ քարտուղարը կտրուկ, որ յանկարծ, ինծի պէս, չափէն աւելի առաջ գացած ըլլալու զգացումը ունեցած էր։
s-458 Խնդրեմ, կրկնեց, մի՛ մոռնաք, որ հիմա ասիկա ճշմարիտ աւանդութիւն մըն է եղած, կորսնցնելով քիչ առ քիչ իր առեւտրական նշանակութիւնը։
s-459 Մեքենագրուհին ուսերը շարժելով ժպտեցաւ ու անցաւ աշխատանքին։
s-460 Նորէն լուռ ու բարձր գրասենեակին մէջ սկսաւ երգել գրամեքենան, իսկ քարտուղարը լուրջ դէմքը կախեց առջեւի հաստ տոմարին վրայ։
s-461 Կարճ լռութենէ մը ետք, Պրն. քարտուղարը գլուխը թեթեւ մը վերցուց եւ ըսաւ, ժպտերես, կարծես շահելու համար սիրտս զոր հաւանաբար վիրաւորած ըլլալ կը կարծէր։
s-462 Պէտք է խորհիլ, որ ողջերը այնքան ալ նպաստաւոր չեն առեւտուրին, տնտեսական այս գէշ ժամանակներուն։
s-463 Կեանքը կաղն ի կաղ կը քալէ, բայց կարելի չէ մահը կասեցնել իր անարգել քայլին մէջ, իսկ մեռելները կարելի չէ թաղել առանց դագաղի։
s-464 Պրն. Քառլիէի անձին մէջ իրար կը միանան բարձրորակ առեւտրականն ու արտադրողը։
s-465 Ու Պրն. քարտուղարը վերադարձաւ իր հաշիւներուն։
s-466 Անոր վերջին խօսքերուն արձագանգը դեռ երկար տեւեց միտքիս մէջ։
s-467 Լռութիւնը կրկին հաստատուեցաւ գրասենեակին մէջ, համապարփակ։
s-468 Կարծես անձերն ու իրերը կը ծծէին զայն յամրօրէն։
s-469 Մաքուր եւ սպիտակ պատերը միայն կը խնդային քառակուսի մեծ պատուհաններէն ներս հոսող գարնանային արեւին։
s-470 Կաղնիէ պայծառ կարասիները կը փայլէին։
s-471 Մեքենագրուհին աւարատած էր աշխատանքը եւ հիմա գիրք կը թըղթատէր։
s-472 Մերթ ընդ մերթ դարձող էջի մը շշնջիւնը կենդանութիւն կը բերէր լճացող մթնոլորտին մէջ։
s-473 Դուրսը, արեւահար եւ քարուտ բլուրներուն պարը կապոյտ երազ մը կ՚ապրէր։
s-474 Մինչ այդ, ժամանակը, անտարբեր մարդոց հաշիւներուն, միօրինակ բայց անյեղլիօրէն կը շարունակէր իր անդրադարձ քայլը։
s-475 Պրն. Քառլիէ չէր երեւեր, ժամը տասընմէկը անցած էր արդէն։
s-476 Ոտքի ելայ եւ ծեքծեքուն կակազեցի.
s-477 Կարծեմ թէ կրնամ մեկնիլ։
s-478 Պէտք է որ կէսօրին Քարբանդրա հասնիմ։
s-479 Արդէն դուք ձեր ապսպրանքները ուղղակի մեր տունին կը ղրկէք, թէեւ կ՚ուզէի Պրն. Քառլիէին ցուցնել մեր նոր նմոյշները։
s-480 Ունինք նաեւ դագաղի վերաբերեալ բաներ:
s-481 Եւ սկսայ ծրարէն հանել ու շարել զանոնք սեղանին վրայ։
s-482 Լաւ կ՚ըլլար, որ սպասէիք, ըսաւ Պրն. քարտուղարը, ի տես փայլփլող խաչերուն եւ խաչուած քրիստոսներուն, ինչ որ ինծի յոյս տըւաւ թէ Պ. Քառլիէ ինքն ալ պիտի հաւնէր անոնց։
s-483 Չուշանայ, աւելցուց, պարզապէս փոքր ուշացում մըն է։
s-484 Այսօրուան թաղուողը հարուստ մարդ է, իսկ տէրտէրները, գիտէք, իրենց աղօթքները կ՚ընծայեն ստացուած դրամին համեմատ։
s-485 Հազիւ թէ Պրն. քարտուղարը լրացուցած էր իր խօսքը, Պրն. Քառլիէ ներս մտաւ։
s-486 Տակաւին սեւ զգեստները կը կրէր։
s-487 Սեւը զինք աւելի կը կարճըցնէր։
s-488 Անոր լեցուն մարմինը կը յորդէր յուղարկաւորի հագուստէն, որ մաշիլ չէր գիտեր։
s-489 Եթէ չըլլար անոր կարմիր այտերուն վառվռունութիւնը, որ աղուոր ուտող խմող մը կը յայտնէր իր մէջ, աչքերուն արտայայտութեան մէջ տեղ բռնած յուղարկաւորի երեւոյթը տխուր շեշտ մը պիտի դնէր այս արեւոտ սենեակին ներսը։
s-490 Բայց անոր ակնարկները իսկոյն հետեւեցան սեղանին վրայ դրուած նմոյշներուն, մասնաւորապէս դագաղի վերաբերեալ նմոյշներուն, բուռն հետաքրքրութիւն մը անոր բիբերուն մէջ կարծես մէյմէկ մոմ վառեց։
s-491 Չէի գիտեր որ այս տեսակ բաներ ալ ունէիք։
s-492 Այսինքն, ըսի, նոր են ասոնք։
s-493 Գիտէք, որ մեր տունը ամէն ճիգ կը թափէ գոհացում տալու համար մեր յաճախորդներուն բոլոր պէտքերուն։
s-494 Գիները հարցուց։
s-495 Ըսի։
s-496 Մէկիկ մէկիկ քննեց, բթամատովը շոշափեց խաչուած քրիստոսին մետաղէ մկանունքը եւ ըսաւ, հանդարտ ու անտարբեր ձայնով ձայնով մը, ըստ մեռելագնաց թափօրներու մէջ ունեցած իր վարժութեան.
s-497 Գրեցէ՛ք , 100 կոթ, գռոմէ, 100 ոսկեզօծ, 25 խաչ գռոմէ, 25 խաչ ոսկեզօծ։
s-498 Այս միւսներէ՞ն , հարցուցի։
s-499 Ո՛չ , պատասխանեց, ատոնցմէ պէտք չունիմ, գործերը շատ գէշ են։
s-500 Ի հարկէ այս անսպասելի արդիւնքէն ետք կորսնցուցած ժամանակս ափսոսալու ոչինչ ունէի։
s-501 Նոյնիսկ բերկրանքով մըն է որ կը քշէի կառքս ամենայն արագութեամբ Քարբանդրա տանող ասֆալդապատ լայն խճուղիէն։

Text viewDownload CoNNL-U