Dependency Tree

Universal Dependencies - Western_Armenian - ArmTDP

LanguageWestern_Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttest

Select a sentence

Showing 302 - 401 of 680 • previousnext

s-302 Իսկ ԱՄՆ-ն լքեց Քիւրտերը, պահպանելու համար Թուրքիոյ մէջ իր ռազմական խարիսխներն ու ՕԹԱՆ-ի ռազմավարական շահերը։
s-303 Վերաբնակեցման քաղաքականութիւնը նոր չէ Թուրքիոյ համար։
s-304 Նոյնը կատարած է Կիպրոսի պարագային Յոյներու հետ եւ Թուրքիոյ քրտաբնակ շրջաններուն մէջ, անցեալին՝ Հայերուն ալ։
s-305 Թէեւ վերջին պարագային՝ նպատակը վերաբնակեցումը չէր, այլ՝ բնաջնջումը։
s-306 Սակայն, այս բոլորով հանդերձ, Թուրքիոյ հաշիւներն ալ ծուռ դուրս եկան։
s-307 Այսօր ինք ալ կը գտնուի փակուղիի մը առջեւ։
s-308 Այն ծուղակը որ լարեց Եւրոպայի եւ ԱՄՆ-ու գլխուն, այսօր ինքզինք բռնուած կը գտնէ մէջը։
s-309 Ռուսաստանի հաւանութեամբ՝ ընդունեց, որ Սուրիոյ զանազան շրջաններէն իսլամապաշտ զինեալներն ու անոնց ընտանիքները տեղահանուին ու համախմբուին Իտլիպի մէջ, զանոնք որպէս խաղաքարտ գործածելու նպատակաւ Արեւմուտքի դէմ, սակայն այսօր անոնք ալ իրենց կարգին Թուրքիա ներխուժելու կը պատրաստուին, սուրիական բանակին՝ Իտլիպ նահանգը վերագրաւելու նպատակով նախաձեռնած ռազմական գործողութիւններուն պատճառով։
s-310 Սուրիա որոշած է վերագրաւել Իտլիպի շրջանը, զոր Թուրքիա իր վերահսկողութեան տակ առած էր, Ռուսաստանի հետ համաձայնելով։
s-311 Սակայն, անդադար յարձակումի ենթարկուելով իսլամ զինուորեալներու կողմէ, սուրիական բանակը հակայարձակումի անցած է, Ռուսաստանի օրհնութեամբ։
s-312 Իտլիպի մէջ երեք տասնեակէ աւելի թուրք բանակայիններու մահը Թուրքիան դրած է դժուար երկընտրանքի առջեւ, կամ՝ պարտութիւնը ընդունիլ ու նահանջել եւ կամ՝ հակայարձակումի անցնիլ ու բախիլ ռուսա-իրանա-սուրիական ռազմական դաշինքին։
s-313 ՕԹԱՆ մերժած է Թուրքիոյ օգնութեան հասնիլ Իտլիպի պաշտպանութեան գործին մէջ։
s-314 Եթէ սուրիական բանակը վերագրաւէ Իտլիպը, բնականաբար կարգը պիտի գայ քրտական գրաւեալ գօտիին, որուն համար Քիւրտերը եւս պատրաստ են իրենց զինեալները գործի լծելու։
s-315 Իրադարձութիւններու այս ընթացքը բնաւ սպասելի չէր Էրտողանի համար, որ ինքզինք մինչեւ այս հանգրուանը յաղթական ու անյաղթ կը համարէր։
s-316 Իր ցանկութիւնը կը պարտադրէր բոլորին։
s-317 Արեւմուտքի իր դաշնակիցներէն լքուած, կը դիմէ իր միակ զէնքին՝ գաղթականութեան դէպի Եւրոպա արձակման։
s-318 Որքանո՞վ Եւրոպա կրնայ ազդեցութիւն բանեցնել Սուրիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի վրայ, երկիրներ որոնք արդէն տասնեակ տարիներէ ի վեր արեւմտեան շրջափակումի եւ թշնամական վերաբերումի ենթակայ եղած են։
s-319 Փաստօրէն միայն Իսրայէլն է, որ սուրիական բանակի եւ իրանական ուժերուն ուղղուած իր ռմբակոծումներով անուղղակիօրէն կ՚օգնէ Էրտողանին, հակառակ Իսրայէլի հանդէպ Թուրքիոյ առերեւոյթ թշնամական վերաբերումին։
s-320 Ուրեմն, Էրտողանի իշխանութեան օրերը հաշւուա՞ծ են։
s-321 Այդպէս կը յուշեն բոլոր քաղաքական ազդանշանները, մանաւանդ երբ նկատի առնենք նաեւ Թուրքիոյ ներքին քաղաքական զարգացումները, ինչպէս՝ Պոլսոյ քաղաքապետութեան կորուստը, Կիւլէնական ընդդիմութիւնը, մինչեւ իր նախկին կուսակիցները՝ Տաւուտօղլու, Պապաճան, որոնք ընդդիմադիր կուսակցութիւն հիմնելու դիմած են։
s-322 Նոյնիսկ եթէ Էրտողան տապալի, Թուրքիոյ նոր իշխանութիւնները Քրտական հարցին նկատմամբ պիտի մնան անզիջող, ինչպէս նաեւ՝ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման։
s-323 Իսկ ի՞նչ պիտի ըլլայ ճակատագիրը Իտլիպ հաւաքուած տասնեակ հազարաւոր ծայրայեղ իսլամապաշտ զինեալներուն եւ անոնց ընտանիքներուն։
s-324 Սուրիոյ եւ Միջին Արեւելքի տագնապը կը թուի, թէ դեռ երկար տարիներ ունի իր առջեւ...
s-325 Միացեալ Նահանգներու վարչակարգին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը ճիշդ է, որ նախագահ Պայտընի օրով եղաւ, այդուհանդերձ ենթահողի ձեւաւորման առումով որոշ հոլովոյթ ապրած էր:
s-326 Ուշագրաւ ձեւակերպում բերաւ նախագահ Օպաման «Մեծ եղեռն» ըսելաձեւը օգտագործելով:
s-327 Օպամայի բնութագրումը ըստ էութեան 1915-ի իրադարձութիւնները ցեղասպանութիւն նկատել էր` խուսափելով միջազգային պատասխանատուութիւն ենթադրող եզրոյթը օգտագործելէ:
s-328 Նախագահ Թրամփ շարունակեց ըստ էութեան իր նախորդին բնութագրումը տալու-խուսափելու քաղաքականութիւնը:
s-329 Կարեւոր իրադարձութիւններ արձանագրուեցան նախագահ Թրամփի օրով, երբ անմիջականօրէն իրար ետեւէ Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւեր քուէարկեցին Ներկայացուցիչներու տունն ու Ծերակոյտը:
s-330 Ընդ որում՝ երկկուսակցական զօրակցութեամբ:
s-331 Այս հոլովոյթին ամփոփ նշումը կը համոզէ, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումի ենթահողի աստիճանական ձեւաւորման գործընթաց կ՚արձանագրուէր Միացեալ Նահանգներու մէջ, ինչ որ իր լրումին հասաւ նախագահ Պայտընի օրով:
s-332 Ամէն գնահատականէ վեր է Ամերիկայի տարածքին գործող Հայ դատի յանձնախումբերու եւ Ուաշինկթընի գրասենեակի հետեւողական, արհեստավարժ, տասնամեակներու վրայ երկարող աշխատանքը, որ ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւններու նկատառումով կրցաւ ճիշդ քաղաքական պահերուն սաստկացնել լոպիիստական աշխատանքներու թափը՝ ստորագրահաւաք, նամակարշաւ, դրամահաւաք, բանաձեւերու նախագիծերու ներկայացում:
s-333 Մէկ խօսքով՝ կարճաժամկէտ թէ երկարաժամկէտ թիրախային նպատակաուղղուած աշխատանքի արդիւնաւորում:
s-334 Կայ անշուշտ Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան շառաւիղի խնդիրը եւ այդ պարունակին մէջ յատկապէս Ուաշինկթըն-Անգարա յարաբերութիւններու ելեւէջները կամ Ուաշինկթընի դաշնակից Թուրքիոյ մերձեցումները, այս պարագային յատկապէս Ռուսիոյ դաշնութեան հետ:
s-335 Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի Ցեղասպանութեան ճանաչման որոշումները անմիջապէս յաջորդեցին միջինարեւելեան տարածքներու վրայ ամերիկեան կարմիր գիծերը հատելու թրքական փորձերուն եւ Մոսկուայէն հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնման գործարքներուն:
s-336 Մինչ այս բոլորին վրայ կ՚աւելնային Պայտընի ապրիլքսանչորսեան ուղերձին նախորդած Պայտըն-Փութին աննախադէպօրէն սուր վէճին Էրտողանի հրապարակային զօրակցութիւնը Փութինին եւ այս առումով Միացեալ Նահանգներու նախագահին հասցէին հնչեցուցած մեղադրանքը:
s-337 Միջինարեւելեան տարածքներու վրայ Անգարայի յաւակնոտ քայլերուն կ՚աւելնային այս անգամ ռուսական համաձայնութեամբ Թուրքիոյ հարաւային Կովկաս մուտքը:
s-338 Պահը կը հասուննար Ուաշինկթընի կողմէ իր դաշնակիցը զսպելու եւ զսպիչ խաղաթուղթեր օգտագործելու կամ զգուշացնող քայլեր առնելու:
s-339 Ամերիկեան վարչակարգի ճանաչումը միայն անհատական կամ համայնքային հատուցման նպաստող ուղիի հարթում չէ անշուշտ:
s-340 Պարզ է, որ աշխարհի գերհզօր պետութեան առած քայլը կ՚ընկալուի ուղենիշ շարք մը այլ պետութիւններու համար, հետեւելու՝ ամերիկեան վարչակարգի օրինակին:
s-341 Այստեղ չ՚աւարտիր Միացեալ Նահանգներու նախագահին բերած բեկումը:
s-342 Պատահական չէ, որ Ներկայացուցիչներու տան պիտի ներկայացուի հայ ռազմագերիներու տունդարձի հրամայականը շեշտող եւ Պաքուէն համապատասխան քայլերու դիմելու պահանջի բանաձեւի նախագիծը:
s-343 Կը թուի, որ Ուաշինկթըն պահը հասունցած կը նկատէ արցախեան հակամարտութեան միջնորդի իր դերակատարութիւնը վերստանձնելու:
s-344 Մենք արդէն իբրեւ հայկական կողմ Արցախի կարգավիճակի յստակացման օրակարգին վրայ կեդրոնանալու իրականութեան դիմաց ենք:
s-345 Միացեալ Նահանգներու մէջ, Ցեղասպանութեան ճանաչումէն ետք Հայ դատի ռազմավարութիւնը եթէ երկարաժամկէտ կտրուածքով հատուցման խնդիրներու բարձրացումն է, ապա աւելի անմիջական հրատապութեամբ Արցախի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումն ու անկախութեան ճանաչումի առաջադրանքն է յայտնապէս:
s-346 Կովկասի ուղղութեամբ եւ յարաբերակցաբար հայկական գործօնին Ուաշինկթընի հայեացքները միայն արցախեան հակամարտութեան չեն վերաբերիր:
s-347 Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ կատարած յայտարարութիւնը յստակ ուղերձ է երկու ուղղութեամբ:
s-348 Ըստ անոր, Միացեալ Նահանգներ նախանձախնդիր են Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան պահպանումով:
s-349 Պարզ է, որ Թուրքիոյ մղումով Ազրպէյճանը ախորժակներ կը հրապարակէ Հայաստանի տարածքներուն ուղղութեամբ:
s-350 Իսկ յատկապէս 44-օրեայ պատերազմէն ետք խնդրոյ առարկայ դարձաւ մեր երկրին գերիշխանութիւնը. մեր փոխարէն կը բանակցի եւ տնօրինումներ կը կատարէ Մոսկուան:
s-351 Այս բոլոր հանգամանքները նկատի ունենալով պէտք է դիտարկել Ցեղասպանութեան ճանաչումի ամերիկեան հոլովոյթը, քաղաքական ներկայ պահը, կովկասեան իրավիճակը եւ ամերիկեան զգուշացումները. ո՛չ միայն Անգարային:
s-352 Պետական Խորհուրդի Ընդհ[անուր] Ժողովը կը քննէ եղեր Մամուլի կանոնադրութիւնը, որը անշուշտ գործադրութեան յանձնուելէ առաջ պիտի ենթարկուի Երեսփ. Ժողովի վիճաբանութեան։
s-353 Մամուլը՝ խօսքն է, ազատ խօսքը, որ տպագրութեան միջոցով կ՚արտայայտուի՝ ուղղուած հասարակութեան եւ ամբողջ մարդկութեան։
s-354 Սահմանադրական երկիրներու մէջ կայ երկու զօրեղ եւ նուիրական հաստատութիւն՝ ժողովուրդին մտածման ու զարգացումներուն իբրեւ բեմ, մէկը՝ Խորհրդարանը, Ազգային ներկայացուցիչներու ժողովը, միւսը՝ Մամուլը։
s-355 Ինչպէս որ Երեսփոխանական Ժողովը պէտք է բացարձակապէս անկախ եւ անձեռնմխելի ըլլայ, նոյնպէս Մամուլը պէտք է ըլլար անկաշկանդ եւ ազատ՝ ո՛ եւ է սահմանափակումէ, ո՛ եւ է ճնշիչ կանոններէ ու այնպիսի կանոնական տրամադրութիւններէ՝ որոնք այս կամ այն կերպով, այս կամ այն առիթի տակ բաց դուռ կազմեն իշխանութեան քաղաքական ոտնձգութիւններուն ու վարչական միջամտութիւններուն։
s-356 Եթէ կարելի է Երեսփոխանական Ժողովին խօսելու ազատութիւնը կանոնադրութեան եւ սահմանափակումներու ենթարկել, եթէ կարելի է Երեսփ. Ժողովին, այսինքն ժողովուրդի կարծիքներուն եւ մտածումներուն թարգման ըլլալու կոչուած անձնաւորութիւններուն խօսքի չափը կշիռքի ենթարկել եւ արգելափակ միջոցներու տակ առնել՝ առանց ճշմարիտ ազատութեան դէմ մեղանչելու, կարելի է նոյնպէս մամուլի ազատութիւնն ալ սահմանաւորել ու չափուած կանոններու շրջանակի մը մէջ սեղմել։
s-357 Հանրային կարծիքի եւ ազատ մտածման արտայայտութիւններուն, Խորհրդարանին եւ Մամուլին՝ մէջ արժէքի ո՛չ մէկ տարբերութիւն, ո՛չ մէկ զանազանութիւն կայ։
s-358 Ինչպէս որ կատարեալ Սահմանադրութիւնը պարտաւոր է ամէն կերպով դիւրացնել ժողովուրդի ցանկութիւններուն, պահանջներուն ձգտումներուն եւ հայեացքներուն միջոցները, ապահովելով Խորհրդարանին՝ իր բարոյական ու մեքենական գործունէութեան անթերի ազատութիւնը, նոյնը պարտաւոր է ընել՝ միեւնոյն համեմատութեամբ եւ միեւնոյն պատճառներով՝ Մամուլի համար։
s-359 Եթէ Խորհրդարանը բերանն է ժողովուրդին եւ վերահսկիչը՝ դատական ու գործադիր իշխանութեանց, Մամուլը եւ՛ ամենօրեայ շրթունքն է ժողովուրդին եւ՛ վերահսկիչը թէ՝ գործադիր ու դատական իշխանութեանց, թէ նոյնինքն օրէնսդիր իշխանութեան՝ Խորհրդարանին միանգամայն։
s-360 Այն օրը ուր Մամուլին իրաւասութենէն խլուի ազատութիւնը՝ առաձգական եւ միշտ նենգաւոր կանոններու միջոցով, այն օրը ուր մամուլը կորսնցնէ իր խօսքի ազատութիւնը՝ ա՛յն օրը արդէն երկրին բովանդակ ազատութիւնը կարելի է բռնաբարուած եւ քանդուած համարիլ։
s-361 Մամուլը ուրիշ բան չէ՝ եթէ ոչ հանրային կարծիքը, ժողովուրդին ձայնը եւ հասարակութեան խօսքը։
s-362 Այդ կարծիքը, այդ ձայնը եւ այդ խօսքը պէտք է լսուին ամէն օր եւ լիակատար ազատութեամբ, դառն ըլլան թէ քաղցր իրաւացի կամ անիրաւ, արդար կամ դատապարտելի։
s-363 Սահմանադրութիւնը, որ իբրեւ հիմնական սկզբունք, կ՚ապահովէ անհատին խօսքի ու գաղափարի ազատութիւնը, չի կրնար երբեք ո՛չ մէկ արգելիչ միջոցներով ու եղանակով կաշկանդել անհատներուն հաւաքական ձայնը, խօսքի հաւաքական ազատութիւնը։
s-364 Ճիշդ է, կրնայ պատահիլ որ յանուն Մամուլի ազատութեան՝ խօսքը գործածուի չարաչար կերպով, կատարուին զեղումներ ու շանթաժներ։
s-365 Ճիշդ է, կրնայ պատահիլ որ Մամուլի անարժան գործիչներ եւ անազնիւ մարդիկ զեղծանին այս ազատութեամբ եւ շահագործեն այս ազատութիւնը՝ ի նպաստ դատապարտելի շահերու եւ դիտումներու։
s-366 Ճիշդ է, այս բոլորը կրնան պատահիլ եւ կը պատահին միշտ ամէն տեղ ու ամէն երկրի մէջ։
s-367 Բայց բոլոր այդ պատճառները, բոլոր այդ նկատումներն ու նախատեսութիւնները բնաւ չեն կրնար այնքան արժէք ունենալ որ աւելի կշռեն քան ինքն իսկ խօսքի ազատութիւնը եւ այդ ազատութեան ընդհանուր օգուտները։
s-368 Այդ բոլոր զեղծումներուն եւ անպատեհութեանց դէմ իբրեւ հակակշիռ՝ Սահմանադրութիւնը մէկ բարոյական ուժ միայն կրնայ հարկադրել, ԴԱՏԱՐԱՆԸ։
s-369 Դատարանէն դուրս՝ Մամուլին համար սահմանուած ամէն կաշկանդիչ օրէնք՝ բռնութիւն է եւ բռնութիւն կը մնայ։
s-370 Եւ Դատարանը՝ Մամուլի միջոցով կատարուած ամէն անիրաւ քննադատութիւն, ամէն զեղծում ու վնաս կը դատէ այնպէս՝ ինչպէս կը դատէ ո՛ եւ է անհատէ մը ուրիշ անհատի մը դէմ բացուած իրաւունքի դատ։
s-371 Ընդունելով որ անհատ մը՝ առանց Մամուլի դիմելու, կարող է խօսքով ու իր լեզուով վնասել ուրիշի մը պատուին, անիրաւութիւն հասցնել անոր, պատճառել բարոյական եւ նիւթական վնասներ՝ փողոցի մէջ, հանրութեան առջեւ, գաղտագողի փսփսուքներով եւ դեռ բազմաթիւ եղանակներով՝ միթէ Օրէնքը բերնակա՞պ դնել հարկադրուած է մարդոց շրթունքներուն վրայ, քաղաքացիներէ 100 կամ 500 ոսկիի երաշխաւորութի՞ւն կը պահանջէ։
s-372 Ո՛չ , այս տեսակ ծիծաղելի եւ անհեթեթ միջոցներ ձեռք չ՚առներ եւ չէ առած, այլ պարզապէս անիրաւուածին բողոքին համաձայն՝ անիրաւողին ու յանցաւորին օձիքէն կը բռնէ եւ զայն դատաստանի կ՚ենթարկէ։
s-373 Սակայն, ինչ որ անհեթեթ է ու ծիծաղելի՝ սովորական կեանքի եւ անհատներու առօրեայ յարաբերութեանց համար, անհեթեթ չի նկատուի Մամուլի ազատութեան տեսակէտով։
s-374 Պետական Խորհուրդի քննութեան ներկայացող Մամուլի Կանոնագիրը կը պահանջէ եղեր որ «լրագրի արտօնատէր մը 500 ոսկիի երաշխաւորութիւն մը տայ կանխաւ». ինչո՞ւ . հապա եթէ այդ 500 ոսկիի երաշխաւորութիւնը չի կրնայ տա՜լ ։
s-375 Ո՞ր քաղաքացիէն նիւթական սակ պահանջուած է՝ իր ապագայ զեղծումներուն, յանցանքներուն, անիրաւութիւններուն կամ ոճիրներուն ի հաշիւ. ո՞ր խանութպանէն, ո՞ր վաճառականէն եւ ո՞ր առեւտրականէն օրէնքը կանխաւ այդ տեսակ երաշխաւորութիւններ կ՚առնէ՝ անոնցմէ մէկուն գործի ձեռնարկելէն առաջ, չէ՞ որ անոնց իւրաքանչիւրն ալ կարող է խարդախել, անիրաւել, գողանալ եւ վնասի ենթարկել անհատի մը կամ հանրութեան բարոյական ու նիւթական շահերը։
s-376 Մամուլի այդ բարի պտուղ կանոնագիրը ունի սակայն ամէնէն վտանգաւոր եւ ամէնէն կասկածելի ուրիշ տրամադրութիւն մը.
s-377 « Լրագիրները երկրին օգտակար յօդուածներ միայն պիտի հրատարակեն եւ երկրին անդորրութիւնը վրդովող հրատարակութիւններու մէջ պիտի գտնուին. »
s-378 Երկրին համար օգտակար յօդուածներ բացատրութիւնը այնքան յարաբերական, այնքան պարագայական եւ առաձգական իմաստ մը ունի որ կարող է Լրագրութեան եւ Մամուլի ազատութեան գլխուն դառնալ մշտական սպառնալիք ու մշտական ճնշում։
s-379 Ինչ որ ես բացարձակապէս օգտական կը դատեմ երկրին շահերուն համար, ուրիշ մը կարող է նոյնքան վնասակար դատել. ո՞ր աստիճանաչափով պիտի վճարուի այդ այնքան անորոշ, այնքան տարտամ օգտակարութիւնը, ինչպէս կ՚ըլլան սովորաբար իշխանութեանց կողմէ սահմանուած կանոնները։
s-380 Երկրին օգտակարութեան խնդիրը կը շօշափուի բազմաթիւ եւ բազմաձեւ մտքով, գիտութեան փիլիսոփայութեան, բարոյականի, քաղաքականութեան, ընկերական վարդապետութեանց եւ դեռ այնքան այլազան գաղափարներու ու թէօրիներու միջոցով։
s-381 Ինչ որ այս ինչ գաղափարը, այս ինչ հայեացքն ու համոզումը մէկ քանիներու համար բացարձակ արդարութիւններ կրնան ընդունուած ըլլալ ի նպաստ երկրին ու անոր զարգացմանը, նոյն գաղափարներն ու համոզումները կրնան վճռական կամ ենթադրական չարիքներ համարուիլ կառավարութեան տեսակէտով. ո՞վ պիտի ըլլայ ճշմարտութիւնը վճռողը։
s-382 Անցեալին եւ դեռ շատ մօտիկ անցեալին մէջ աշխարհքի ամենասուրբ ճշմարտութիւններէն մէկ քանին, օրինակի համար՝ Ազատութիւնն ու Իրաւունքը՝ կառավարութեան կողմէ կը նկատուէին քրէական ոճիրներ եւ անոնց քարոզիչները՝ եղեռնագործներ։
s-383 Ինչո՞ւ կարելի չըլլայ ընդունիլ թէ այսօրուան կեանքին մէջ ալ կրնան պատահիլ նոյնքան ուրիշ համոզումներ եւ գաղափարներ՝ որոնք ճշմարտութիւններ են եւ հետեւաբար օգտակար երկրին, բայց ո՛չ կառավարութեանը։
s-384 Եւ ահա օրէնքը՝ որ կը կանգնի մըտածողին առջեւ խիստ, անողոք եւ երկսայրի, ու կը հարկադրէ զայն լռութեան, կը դատապարտէ զայն պատժի։
s-385 Այսպէս, այս երկրին մէջ այսօր իսկ բազմաթիւ անձնաւորութիւններ ու մէկէ աւելի կուսակցութիւններ կան, որոնք համոզուած են թէ կեդրոնացման վարչական ձեւը աղէտ մը, չարիք մըն է պետութեան ու երկրին համար. մինչդեռ անձնաւորութեանց ուրիշ խմբակցութիւն մը կամ կազմակերպութիւն մը՝ իբրեւ չարիք ու աղէտ կը նկատէ երկրին համար ապակեդրոնացման դրութիւնը։
s-386 Ո՞ր օրէնքը արդարութեամբ պիտի կարող ըլլայ վճռել այս հարցին նկատմամբ, եթէ անիկա վաղը յանկարծ դատարանի մը առջեւ ելլէ։
s-387 Այսպէս, վարչութեան գլուխ անցած կեդրոնացման գաղափարի պաշտպան անձնաւորութիւնները կարող պիտի ըլլան այս ու այն րոպէին հալածել եւ ճնշել ապակեդրոնացման կուսակիցներն ու պրօպականտիստները, զանոնք նկատելով իբրեւ երկրին անդորրութիւնը վրդովող մարդիկ։
s-388 Ու Մամուլի օրէնքը իրենց զէնքը պիտի ըլլայ. այդ զէնքով իրաւունք պիտի ունենան դադրեցնել թերթեր, արգիլել գրքերու հրատարակութիւնները եւ նոյն իսկ պատժել անոնց հեղինակները։
s-389 Որպէս զի այս բռնութիւնները եւ անիրաւութիւնները տեղի չունենան՝ հարկ է հարցը դնել ուրիշ եղանակով։
s-390 Երկրին օգտակարութիւնը եւ Երկրին անդորրութիւնը չափազանց անորոշ եւ անիմաստ բացատրութիւններ են, պէտք է ճշդորոշել զանոնք ու սահմանել, թուումն մասանցը ընելով նոյն Օգտակարութեան եւ Անդորրութեան դէմ մեղանչող պարագաներուն, որպէսզի կարելի ըլլար կշռել զանոնք, վիճել անոնց վրայ եւ Խորհրդարանի որոշումէն ետքը դնել գործադրութեան։
s-391 Անկէ ետք ամէն բան պայծառ կ՚ըլլայ եւ երկդիմութիւնը չի դառնար ձեռնտու բռնապետութիւն՝ կառավարութեան հաշւոյն։
s-392 Իսկ 500 կամ աւելի ու պակաս ոսկիներու երաշխաւորութիւն պահանջելը լրագրապետներէ կամ հրատարակիչներէ՝ բացէ ի բաց հարուած է՝ ուղղուած ժողովուրդի մտաւոր զարգացման ու յառաջդիմութեան։
s-393 Յունվ. 16/29
s-394 Ա.
s-395 Մարդ մը, որուն երեսը երբեք չէինք տեսած, խաւարի մէջ ապրող դիւային էակ մը. գոյութիւն ունէ՞ր իրօք, թէ առասպել մըն էր որ բերնէ բերան կրկնուելով, տարածուելով` վերջնական ձեւ ու վաւերացում կը ստանայ, իրողութեան կարգ կ՚անցնի:
s-396 Գող մըն էր Զաբուղոն մեր գեղին մէջ. ո՛չ այն ռամիկ գողը, որ կը բռնուի շարունակ, կը ծաղրուի ու բանտերու մէջ կը փճանայ. ոչ ալ այն ահարկու աւազակը որուն գողօնին արիւն կը խառնուի ատեն ատեն:
s-397 Իր մեծ արժանիքը ճարպիկութեանը մէջ էր. օդի պէս անօսր, ոգիի մը պէս աներեւոյթ, տեղ մը չէ ու ամեն տեղ է միանգամայն:
s-398 Ամենէն աւելի ամուր փակուած դուռը, ամենէն բարձր պատը` մտնելէ չեն արգիլեր զինքը. բանալիին ծակէն, տախտակներուն ճեղքերէն ներս կը սպրդի կարծես, անշշուկ ստուերի մը պէս:
s-399 Ամեն բան գիտէ, ամեն խօսք կը լսէ ու դռնփակ նիստերը իրեն համար չեն. իրեն համար պատրաստուած ծուղակներուն մէջէն յաջողութեամբ դուրս կ՚ելլէ միշտ, վարպետ ձեռնածուի մը պէս զարմանքի մէջ թողլով զինքը բռնելու պատրաստուող միամիտները:
s-400 Երեսը շիտակ տեսնող չկար. բայց կը պատմուէր ո՞վ , կամ ի՞նչպես , չեմ գիտեր թէ երիտասարդ մըն էր այս տղան, նկնահասակ, թխադէմ ու վատոյժ տղայ մը. երկաթագործի քով աշկերտութենէ եկած էր ու կղպանքներու արուեստը պէտք եղածէն աւելի սորված էր:
s-401 Հիմա արուեստասէրի մը պէս կ՚ապրէր, գողնալով թալլելով շարունակ, աւելի սնապարծութենէ քան թէ իրական չարութենէ մղուած:

Text viewDownload CoNNL-U