Dependency Tree

Universal Dependencies - Western_Armenian - ArmTDP

LanguageWestern_Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttest

Select a sentence

Showing 204 - 303 of 680 • previousnext

s-204 Ճիշդ այդ է հայեացքս ստեղծագործութեան հանդէպ. կ՚ուզեմ անմահացնել մարդոց ամէնէն անձնական վայրկեանները, երբ կ՚արտայայտուին առանց մտածելու:
s-205 Կը կարծեմ՝ միշտ չէ, որ մարդիկ կ՚ուզեն երեւիլ ինչպէս որ են, մանաւանդ այս օրերուն, երբ անոնք կաշկանդուած ու ճզմուած են հասարակութեան կողմէ եւ ընկերային ցանցերուն մէջ:
s-206 Բաւական ետք նշմարեցի, որ բոլոր նկարներուս մէջ մարդիկ կա՛մ կը ժպտային, կա՛մ կու լային, կա՛մ 32 ակռաներով կը խնդային, կա՛մ ալ դարձուցած էին իրենց կռնակը:
s-207 Այն ատեն հասկցայ, որ շատ սովորական տեղ մը, մարդիկ դիտելը եւ անոնց բնական ու պարզ վիճակը անմահացնելը գեղեցիկ է:
s-208 Հասկցայ, որ զանոնք տարբեր իրավիճակներու եւ հոգեվիճակներու մէջ տեսնելը ինքնին արուեստ է:
s-209 Լուսանկարչութեան միջոցով ես կը յաջողիմ ներաշխարհէս հեռու միջավայրին, առարկային կամ անձին հանդէպ ունենալ պատկանելիութեան զգացում մը:
s-210 Բաւական նկարելէ ետք կը ծնի «Նշմար»ը։
s-211 ՆշմAR-ը լսատեսողական նախագիծ մըն է` ներշնչուած լուսանկարիչ Պրանտըն Սթանթընի նշանաւոր Humans of New York շարքէն, ուր պատումի հիմնական միջոցը լուսանկարչութիւնն է:
s-212 Լուսանկարներուն կ՚ընկերակցին անոնց մէջ պատկերուած անձերուն մասին պատմող արեւմտահայերէնով փոքրիկ գրութիւններ եւ պատկերները կենդանացնող ձայնագրութիւններ:
s-213 Նախագիծը ՆշմAR կը կոչուի որովհետեւ նշմար կը նշանակէ հետք, նշոյլ, մնացորդ, այսինքն՝ յուշ, իսկ լատինատառ AR-ը կը յուշէ ծրագիրին հայկական բնոյթը:
s-214 Ծրագրին մէջ յաճախ խօսելու իրաւունքէն անտեղեակ կամ զրկուած անձեր կան, որոնց անկեղծ արտայայտութիւններուն «նշմարները» ուզեցի վաւերագրել:
s-215 Նախագիծը վաւերագրական ըլլալէ վեր է եւ կը ներկայացնէ արուեստի ստեղծագործութիւններ՝ պատկերի, ձեւի, գոյնի, ձայնի եւ խօսքի համատեղութեամբ:
s-216 Գերմանացի նշանաւոր պարադրող Փինա Պաուշ ըսած է «I’m not interested in how you move but what makes you move», մեզմէ իւրաքանչիւրը պատմութիւն մը ունի պատմելիք եւ չկան կարեւոր եւ անկարեւոր, արժէքաւոր եւ անարժան պատմութիւններ, սակայն սովորական մարդոց պատմութիւնները ընդհանրապէս չեն հասնիր հանրութեան:
s-217 Այս պատճառով ալ, կ՚ուզեմ «սովորական» հայուն «սովորական» պատմութիւնները լսելի դարձնել եւ մէկտեղել անոնց ազատ եւ անկաշկանդ արտայայտութիւնները, յուսալով արեւմտահայերէնը վաւերագրել իր բնական վիճակին մէջ:
s-218 Վերջապէս, կ՚ուզեմ աւելցնել, որ լուսանկարչութիւնը իմ «կարմիր փուչիկ»ս է՝ ինչպէս տեսած ենք Ալպէր Լամորիսի տեսերեզին մէջ:
s-219 Այդ կարմիր փուչիկը իմ երջանկութիւնս է, ուրախութիւնս, եւ շատ կը փափաքիմ զայն փոխանցել բոլոր անոնց, որոնք կորսնցուցած են իրենց կարմիր փուչիկը:
s-220 Կ՚ուզեմ ըլլալ մարդոց կարմիր փուչիկը եւ ժպիտ գծագրել անոնց դէմքերուն վրայ:
s-221 Աստուածաշունչ
s-222 Աստուածաշունչ (Աստուածաշունչ Մատեան, Սուրբ Գիրք, Գիրք Գրոց, Աստուծոյ Խօսք) Քրիստոնեաներու համար պաշտամունքի Սուրբ գիրք:
s-223 Անունի Ծագումը
s-224 Մեր Թարգմանիչ Հայրերը երբ թարգմանած են Սուրբ Գրութիւնները (Ե. Դարուն) Աստուածաշունչ կոչած են անոր ամբողջութիւնը:
s-225 Պատահական կոչում մը չէ այս մէկը, այլ՝ այն բոլոր հեղինակները որոնք հեղինակած են Աստուածաշունչի գիրքերը իրենց հոգիին աշխարհին մէջ ունեցած են Աստուծոյ պատկերը, շունչը, Հոգին, ոգին:
s-226 Անոնք ունեցած են խոր հաւատք եւ երկիւղածութիւն գերզօր Աստուծոյ հանդէպ եւ այն ջերմերանդ հաւատքով եւ երկիւղածութեամբ եւ Աստուածային ներշնչումով գրած են Աստուածաշունչը:
s-227 Պօղոս Առաքեալ իր աշակերտին՝ Տիմոթէոսի ուղղած իր նամակին մէջ կ՚ըսէ.
s-228 «Աստուծոյ ներշնչումով գրուած բոլոր Սուրբ գիրքերը օգտակար են՝ թէ՛ ճշմարտութիւնը ուսուցանելու եւ թէ՛ սխալը հերքելու, մարդը ճիշդ ճամբուն մէջ դնելու եւ արդար կեանքի մը դաստիարակութիւնը տալու համար. որպէսզի Աստուծոյ նուիրուած մարդը կատարեալ ըլլայ, ամէն տեսակի բարի գործերու պատրաստ» (Բ. Տիմոթէոս 3, 16-17):
s-229 Աստուածաշունչը գրող անձերուն շնորհուած են յայտնութիւններ:
s-230 Մարդիկ, որոնք ունեցած են անարատ Աստուածային շնորհները առանց սխալներու գրելու այդ Սուրբ Գիրքերը:
s-231 Յովհան Ոսկեբերան ըսած է.
s-232 «Բոլոր գիրքերը գրուած են ոչ թէ ծառաներուն այլ բոլորին Տիրոջ՝ Աստուծոյ կողմէ»:
s-233 Ուրիշ օտար քրիստոնեայ ազգեր Աստուածաշունչը, Սուրբ Գիրք (Holy Bible) կոչած են, որ կու գայ յունարէն (պիպլիա) բառէն:
s-234 Աստուածաշունչ կոչումը միայն Հայոց կը պատկանի:
s-235 Բովանդակութիւն
s-236 Աստուածաշունչի բոլոր ձեռագիր գրութիւնները, բոլոր քրիստոնեայ եկեղեցիներուն կողմէ ճանչցուած է որպէս.-
s-237 * Հին Կտակարան կամ Հին Ուխտ
s-238 * Նոր Կտակարան կամ Նոր Ուխտ
s-239 Ուխտ՝ ընդհանուր իմաստը կը նշանակէ դաշինք, համաձայնագիր, պարտաւորութիւն:
s-240 Իւրաքանչիւր ուխտ խոստումի մը վրայ կը հիմնուի եւ զոհի մը արիւնով կը կնքուի:
s-241 Ուխտ բառը յունարէն լեզուին մէջ կը նշանակէ նաեւ կտակ կամ կտակարան, ուրկէ կու գան Հին Կտակարան եւ Նոր Կտակարան բացատրութիւնները:
s-242 Հին Կտակարանը կամ Հին Ուխտը, կը պատմէ այն ուխտին մասին որ կնքուած էր.-
s-243 Ա).-Աստուծոյ եւ Իսրայէլի ժողովուրդին միջեւ (Ելից 19, 5-6)
s-244 Բ).-Նոյի անձին ընդմէջէն համայն մարդկութեան հետ (Ծննդոց 9, 9-17)
s-245 Գ).-Աբրահամի անձին հետ (Ծննդոց 15, 18)
s-246 Դ).-Դաւիթի հետ (Սաղմոսաց 89, 4-5)
s-247 Նոր Կտակարանը կամ Նոր Ուխտը կը խօսի այն նոր ուխտին մասին, որ կնքուեցաւ Քրիստոսի զոհագործական մահով:
s-248 Աստուածաշունչի Հայերէն Թարգմանութիւնը
s-249 Ե. Դարուն մեր Թարգմանիչները Աստուածաշունչի թարգմանութեան համար ո՞ր բնագիրները օգտագործեցին:
s-250 Ասորական բնագիրները թէ յունական բնագիրները:
s-251 Առաջին փութանակի (աճապարանօք) թարգմանութենէն ետք անոնք մասնագիտական թարգմանութիւնը կատարեցին եօթանասնից յունարէն բնագրէն մանաւանդ Հին Կտակարանի պարագային:
s-252 Եօթանասնից թարգմանութիւնը կատարուած է 285-240 Թուականներուն (Ք. Ա.):
s-253 Եգիպտոսի Պտղոմէոս թագաւորը իր գրադարանապետ Տիմիթրիոս Փալերիոսի թելադրութեամբ, Երուսաղեմէն 70 ուսեալ հրեայ դպիրներ կանչել կու տայ Աղեքսանդրիա Եգիպտոս եւ Հին Կտակարանը թարգմանել կու տայ եբրայերէնէ յունարէնի:
s-254 Այս թարգմանութիւնն է ահաւասիկ որ է Եօթանասնիցը:
s-255 Թարգմանչաց սերունդը այս թարգմանութեան մէջ ներառած է երկրորդական կամ պարականոն գիրքերը:
s-256 Աստուածաշունչի Առաջին Հայերէն Տպագրութիւնը
s-257 Տպագրութեան գիւտէն ետք, բազմաթիւ դժուարութիւններ յաղթահարելէ ետք Ոսկան Վրդ. Երեւանցի, Հոլանտայի Ամսթերտամ քաղաքին մէջ, 1666-ին կը յաջողի տպագրել տալ հայերէն Աստուածաշունչը:
s-258 Ազգային Կեդրոնական Վարժարան, Պոլսոյ մէջ հայկական երկրորդական վարժարան։
s-259 Իր առաքելութեան ձեռնարկած է՝ 14 Սեպտեմբեր 1886-ին:
s-260 1860-ական թուականներուն արեւմտահայութեան համար նշանակելի երեւոյթ մըն էր Ազգային Սահմանադրութեան որդեգրումը։
s-261 Թէեւ այդ թուականին Պոլսոյ մէջ կային աւելի քան 40 նախակրթականներ, սակայն երկրորդական եւ բարձրագոյն դասարաններու պակասը մեծապէս զգալի էր։
s-262 Այս զարթօնքին Ուսումնական խորհուրդը միշտ օրակարգի վրայ կ՚ունենար Կ. Պոլսոյ եւ գաւառներու ազգային նախակրթարաններն աւարտող պատանիներու երկրորդական ուսում տալու եւ մասնաւորաբար գաւառային նորաբաց դպրոցներուն համար ուսուցիչ պատրաստելու հարցերը։
s-263 Անհրաժեշտ էր հիմնել երկրորդական ուսման ազգային վարժարան մը, որ կարողանար ընդունիլ նաեւ ձրիավարժ աշակերտներ, Պոլիսէն եւ գաւառէն։
s-264 Պոլսոյ ամենահին եւ կարեւոր թաղամասերէն մին էր Ղալաթիան, ուր գոյութիւն ունէր Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցին։
s-265 Անոր կողքին կը գտնուէր Ամենափրկիչեան նախակրթարանը, որ հրոյ ճարակ դարձած է 1874-ին, Ղալաթիոյ մեծ հրդեհի ատեն։
s-266 Ուսուցիչ՝ Ստեփան Փափազեանի ջանքերով կը վերաշինուի Ամենափրկիչեան դպրոցին շէնքը, յարկաբաժիններ աւելցնելով «Կեդրոնական»ին, Ազգային Մատենադարանին եւ Ազգային Ժողովին համար։
s-267 Վարժարանը իր ուսումնական առաքելութեան կը ձեռնարկէ 14 Սեպտեմբեր 1886-ին, Յարութիւն Պատրիարք Վեհապետեանի շրջանին։
s-268 Թաղը, ուր կը գտնուի վարժարանը, քիչ թիւով հայ բնակիչներ ունեցած էր եւ հեռաւոր թաղերու ուսանողներ եկած ու կեդրոնացած էին այս դարաւոր կրթական յարկին երդիքին տակ։
s-269 Արդէն իսկ ի սկզբանէ վարժարանը սահմանուած էր «Կեդրոնական» Վարժարան մը ըլլալու, ուր պիտի կարենային զանազան թաղերու նախակրթարաններէն շրջանաւարտ յաջող աշակերտներ իրենց ուսումը կատարելագործել, հետագային ծառայելու համար որպէս ուսուցիչ Պոլսոյ եւ գաւառներու վարժարաններուն մէջ։
s-270 Վարժարանը միշտ յաջողագոյն լիսէներու շարքին տեղ գրաւելով հասցուցած է բազմաթիւ արժէքաւոր անհատներ, որոնք թէ՛ Պոլսոյ եւ թէ՛ արտասահմանի մէջ պատուաբեր պաշտօններու տիրանալով բարձր պահած են Կեդրոնականի անունը։
s-271 Այժմ, իբրեւ երկսեռ երկրորդական վարժարան, կը գործէ քառամեայ լիսէի բաժինով։
s-272 Եկեղեցւոյ բակին մէջ, Կեդրոնական Վարժարանի նախկին շքամուտքին թաղուած են Կեդրոնական Վարժարանի բարերարներ՝ Յարութիւն Էֆէնտի Գափամաճեան (1814-1878) եւ Մաքրուհի Գափամաճեան (1827-1887)։
s-273 Կեդրոնականի մէջ դասաւանդած եւ ուսած յայտնի դէմքեր
s-274 Տարբեր տարիներ Կեդրոնական վարժարանին մէջ դասաւանդած են՝ Մատաթիա Գարագաշեան, Յովսէփ Շիշմանեան (Ծերենց), Բ. Կիւլէսէրեան, Յովհաննէս Հինդլեան, Ռեթէոս Պէրպէրեան, Մելքոն Կիւրճեան, Եղիա Տէմիրճիպաշեան, Յակոբ Պարոնեան, Գ. Նորատունկեան, Ստեփան Կուրտիկեան, Գարեգին Գավաֆեան, Երուանդ Տէր-Անդրէասեան, Հրանտ Ասատուր, Տիրան Չրաքեան, Լեւոն Շանթ, Վահան Թէքէեան, Կոստան Զարեանը, Զապէլ Ասատուր (Սիպիլ), Մատթէոս Իզմիրլեան, Մաղաքիա Օրմանեան, Եղիշէ Դուրեան, Գարեգին Սրուանձտեանց, Գարեգին Խաչատուրեան, Արտավազդ Սիւրմէեան, Աստուածատուր Խաչատրեանը եւ ուրիշներ։
s-275 Դասաւանդած է նաեւ Կոմիտաս. «Գուսան» երգչախումբը կազմուած է գլխաւորաբար վարժարանի սաներէն։
s-276 Կեդրոնական վարժարանին մէջ ուսում ստացած են՝ Արշակ Չօպանեան, Հրաչեայ Աճառեան, Արշակ Ալպոյաճեան, Յակոբ Սիրունի, Արմէն Արմէնեան, Միսաք Մեծարենց, Վահան Թէքէեան, Յակոբ Մնձուրի, Ռաֆայէլ Շիշմանեան, Երուխան, Օննիկ Չիֆթէ-Սարաֆ, Հայկ Պէրպէրեան, Պ. Գէորգեան, Ս. Մանուկեան, Է. Մանուէլեան, Գ. Ալեքսանեան եւ ուրիշներ:
s-277 Հայ մամլոյ նահապետ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադիր Միսաք Գօչունեանի թողած աւանդը ունի զանազան երեսակներ։
s-278 Այդ ամբողջին մէջ կարեւորագոյնը կը համարուի նոյնինքն այս օրաթերթը, որ 112 տարիէ ի վեր լոյս կը տեսնէ անխափան։
s-279 Քասիմի ժառանգութեան մէջ մեծ նշանակութիւն ունի նաեւ առաջին անգամ իր կողմէ աշխարհաբարի փոխադրուած «Նարեկ»ը։
s-280 Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջերս կազմակերպուած շնորհանդէսը եկաւ բիւրեղացնել Քասիմի ժառանգութեան այս երեսակի ամբողջ խորութիւնը։
s-281 Հոգելոյս փրոֆ. Հրաչիկ Միրզոյեան այդ փոխադրումը որակած էր «թարգմանութիւն-մեկնութիւն»։
s-282 «20-րդ դարուն աշխարհաբար հայերէն կրող հայ ընթերցողը տակաւին անհաղորդ էր հայ գրականութեան այս մեծագոյն արժէքին։
s-283 Գօչունեանի թարգմանութիւնը պատմական արժէք ունի, որովհետեւ այդ պայմաններուն ներքեւ ան նախաձեռնեց աշխարհաբար առաջին ամբողջական փոխադրութեան։
s-284 Գօչունեանի ժամանակ չկար Մատեանի քննական բնագիրը եւ այդ ժամանակ առաջին քայլերը կը կատարուէին Նարեկացիի գրական ժառանգութեան գիտական ուսումնասիրութեան առումով», ըսած էր ան՝ շնորհանդէսի ընթացքին ներկայացուած վերահրատարակութենէն անմիջապէս վերջ։
s-285 Աշխարհաբար առաջին հրատարակութենէն 117 տարի անց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը վերահրատարակեց Քասիմի կողմէ առաջին անգամ աշխարհաբարի փոխադրուած «Նարեկ»ը։
s-286 Ցայսօր միայն Քասիմի փոխադրածն էր, որ չէր վերատպուած որեւէ անգամ։
s-287 Ուստի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը մտայղացաւ եւ իրականացուց այդ վերահրատարակութիւնը։
s-288 Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» աղօթագիրքին արժէքը անդրանցած է ժամանակները։
s-289 Այս վերջին տարիներուն Հռոմի Կաթոլիկ Եկեղեցին «Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ» հռչակած է Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին։
s-290 Այսպիսի իրադարձութիւններու ժամանակաշրջանին համընկնած է Քասիմի կողմէ կատարուած առաջին գրաբար բնագիրէ աշխարհաբարի փոխադրութեան վերահրատարակութիւնը։
s-291 Համընկնած իրադարձութիւնները խորհուրդներու միահիւսման գետին պատրաստած ըլլային կարծես։
s-292 Հոգելոյս Հրաչիկ Միրզոյեան Քասիմի տարած աշխատանքի պատմական արժէքը շատ բարձր գնահատած էր։
s-293 Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կազմակերպուած շնորհանդէսին ժամանակ ալ այդ հանգամանքը շատ լաւ բանաձեւումով մը ընդգծեց նաեւ Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան։
s-294 Այսպէս, Քասիմի կողմէ կատարուած առաջին աշխարհաբար փոխադրումով կը սկզբնաւորուի «Նարեկ»ի թարգմանական պատմութիւնը։
s-295 Մեր մաղթանքն է, որ Նարեկացի մեծ սուրբի բարեխօսութեամբ միշտ խնկարկուի Քասիմի անթառամ յիշատակը։
s-296 Վերջապէս պահը հասա՞ւ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի ընդհարումին։
s-297 Բոլշեւիկեան յեղափոխութենէն ի վեր ճակատագրական պահերուն միշտ իրարու զօրակցած հզօր այս երկու պետութիւնները, ձեռք-ձեռքի տուած, Սուրիոյ մէջ խորամանկ արտաքին քաղաքականութիւն վարելով՝ դարձան գլխաւոր դերակատարները։
s-298 Թուրքիան պարտադրեց իր կամքը Արեւմուտքին՝ քրտական ինքնավար շրջաններուն մէջ գրաւելով սահմանային գօտին, ուր պիտի տեղաւորէ սուրիացի մահմետականներ, այդպէսով բաժնելով սուրիացի Քիւրտերը թրքահպատակներէն։
s-299 Վերաբնակեցման ծրագիր մը, որ մարդկայնօրէն ու միջազգային օրէնքով դատապարտելի է։
s-300 Սակայն, Եւրոպա աչք կը փակէ, պարզապէս որովհետեւ քաղաքականապէս իրեն համար այդ լուծումը ձեռնտու է։
s-301 Ան բնաւ պիտի չուզէր տեսնել դէպի եւրոպական հողեր գաղթականական նոր հոսք մը։
s-302 Իսկ ԱՄՆ-ն լքեց Քիւրտերը, պահպանելու համար Թուրքիոյ մէջ իր ռազմական խարիսխներն ու ՕԹԱՆ-ի ռազմավարական շահերը։
s-303 Վերաբնակեցման քաղաքականութիւնը նոր չէ Թուրքիոյ համար։

Text viewDownload CoNNL-U