Dependency Tree

Universal Dependencies - Western_Armenian - ArmTDP

LanguageWestern_Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Partdev

Select a sentence

Showing 101 - 200 of 694 • previousnext

s-101 Օրինակ՝ Քոֆի Անան Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակին արժանացած է 2001-ին՝ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար դառնալէն չորս տարի ետք։
s-102 Եասէր Արաֆաթ, Իսհաք Ռապին եւ Շիմոն Փերես Նոպէլեան մրցանակ ստացած են 1994-ին՝ Օսլոյի պայմանագիրին ստորագրումէն շուրջ մէկ տարի ետք։
s-103 - Բնագիտութեան, քիմիագիտութեան եւ բժշկութեան մրցանակները սովորաբար կը յանձնուին, երբ տուեալ ձեռքբերումը լայն ճանաչում կը ստանայ։
s-104 Երբեմն կրնայ անիկա տասնամեակներ տեւել։
s-105 Ոչ բոլոր գիտնականները կ՚ապրին մինչեւ իրենց աշխատանքներուն ճանաչում ստանալը։
s-106 Այդ պատճառով ալ մեծ թիւով յայտնագործութիւններ չեն ներկայացուիր Նոպէլեան մրցանակին։
s-107 Մրցանակներ
s-108 Մրցանակի դափնեկիրները կը ստանան շքանշան մը եւ 1 միլիոն եւրօ:
s-109 Այս դրամը ընդհանրապէս կը գործածուի հետազօտութիւններու կամ բարեսիրական աշխատանքներու համար:
s-110 Այս մրցանակներուն ամէնէն նշանաւորը խաղաղութեան մրցանակն է, որ 2014-ին կը տրուի յատկապէս փոքրիկ աղջիկներու դաստիարակչութեամբ զբաղող երիտասարդ Մալալային:
s-111 Նոպէլեան մրցանակը յետմահու չի շնորհուիր, բայց եթէ անձը դափնեկիր յայտարարուի ու մահանայ նախքան ստանալը, ապա մրցանակը կը շնորհուի։
s-112 Թէեւ իւրաքանչիւր մրցանակի դափնեկիրներու միջին թիւը մեծցած է Ի. դարու ընթացքին, բայց զայն կարելի չէ բաժնել երեքէն աւելի մարդոց միջեւ։
s-113 Բացառութիւն կը կազմէ Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակը, որուն դափնեկիրներ կրնան դառնալ կազմակերպութիւններ կամ երեքէ աւելի անձինք։
s-114 Նոպէլեան դասախօսութիւն
s-115 Ըստ Նոպէլեան հիմնադրամին կանոնադրութեան՝ իւրաքանչիւր դափնեկիր պարտաւոր է հրապարակային դասախօսութիւն մը կարդալ՝ նուիրուած այն նիւթին, որուն համար ինք արժանացած է մրցանակին։
s-116 Նոպէլեան դասախօսութիւնը՝ իբրեւ հռետորական ժանր, իր ներկայի ձեւաչափին հասած է տասնամեակներու ընթացքին։
s-117 Այդ դասախօսութիւնները սովորաբար կը ներկայացուին Նոպէլեան շաբթուան ընթացքին (մրցանակներու յանձնման ու ճաշկերոյթին նախորդող շաբաթը, որ սովորաբար կը սկսի մրցանակակիրներու ժամանումով Սթոքհոլմ եւ կ՚աւարտի ճաշկերոյթով), բայց ասիկա պարտադիր չէ։
s-118 Մրցանակակիրները պարտաւոր են դասախօսութիւնը ներկայացնել մրցանակը ստանալուն յաջորդող վեց ամիսներուն ընթացքին։
s-119 Սակայն ոմանք աւելի ուշ կը ներկայացնեն։
s-120 Դասախօսութիւնները կը կազմակերպուին այն նոյն հիմնարկներուն կողմէ, որոնք կ՚ընտրեն դափնեկիրները։
s-121 Նոպէլեան ճաշկերոյթ
s-122 Շուէտի մէջ Նոպէլեան մրցանակներու յանձնման արարողութենէն ետք հանդիսաւոր ճաշկերոյթ մը տեղի կ՚ունենայ Սթոքհոլմի քաղաքապետարանին Կապոյտ դահլիճին մէջ, որուն կը մասնակցին Շուէտի թագաւորական ընտանիքն ու շուրջ 1300 հիւրեր։
s-123 Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակին յանձնումէն ետք ճաշկերոյթ մը կը կազմակերպուի Օսլոյի Կրանտ հիւրանոցին մէջ։
s-124 Բացի մրցանակակիրէն, ներկայ կը գտնուին Սթորթինկի (Storting) նախագահը, վարչապետը, իսկ 2006-էն ի վեր՝ նաեւ Նորվեկիոյ թագաւորն ու թագուհին։
s-125 Ընդհանուր առմամբ ճաշկերոյթին կը մասնակցի շուրջ 250 հիւր։
s-126 Ան պատմեց քեզի պատմութիւնը քու մասիդ:
s-127 Անապատէն կու գաս դուն ալ, իրեն պէս:
s-128 Կապ չունի որ ծնունդէդ եօթ ու կէս տասնամեակ առաջ էր Դէպքը:
s-129 Մինչ կը կարծէիր, թէ կը մեծնայիր ապահով, ասիկա-անիկա ըսելով աշխարհը կը ճանչնայիր, Դէպքը հետդ էր, մէջդ. կը մեծնար, քեզի հետ կամ քեզի համար:
s-130 Մինչ այդ կային պատմութիւնները Դէպքին. կարաւաններ՝ արեւուն տակ կռնծած, անդէմ անանուն:
s-131 Եւ ողբացիր ամէնուն հետ, ճիշդ որչափ որ պէտք էր՝ ոչ աւելի, ոչ պակաս:
s-132 Սպասեցիր:
s-133 Սպասեցիր մինչեւ աչքդ արեւի կուրցնող լոյսին վարժուէր, եւ տեսնէիր վերջապէս, որ դուն ալ հոն էիր, կարաւանին մէջ, մեծ պապայիդ քովը. կը քալէիր:
s-134 Եւ որոշեցիր փախչիլ հոնկէ:
s-135 Կարծեցիր՝ դիւրին էր ատիկա:
s-136 Բայց այդ արեւները քու լեզուդ ալ խանձեցին, եւ օր մըն ալ հաւատացիր, թէ լեզու չունէիր:
s-137 Ի վերջոյ հասկցար, որ չկայիր. փնտռեցիր ինքզինքդ ամէն տեղ՝ չկայիր:
s-138 Գիրքեր բացիր, ֆիլմեր նայեցար՝ չկայիր:
s-139 Հասկցար, որ օր մըն ալ պիտի մոռնայիր թէ եղած ես:
s-140 Այն ատեն որոշեցիր խօսիլ, վիրաւոր, տկար լեզուովդ:
s-141 Եւ խօսքդ փաստումի ու փրկումի պարզ ժեստ մը պիտի ըլլար միայն, սկիզբէն ձախողումի դատապարտուած, եթէ չհանդիպէիր անոր:
s-142 Եւ ան պատմեց քեզի պատմութիւնը քու մասիդ:
s-143 Թէեւ չընդունեց պատմելու արարքը:
s-144 Եւ ան վկայեց քու գոյութիւնդ:
s-145 Թէեւ չընդունեց վկայելու կարելիութիւնը:
s-146 Անկարելի պատմասանն ու վկան՝ որ աշխարհդ բացաւ քեզի, ան որ քուկդ ըրաւ քեզի:
s-147 Այն ատեն միայն համարձակեցար առերեսուիլ ինքզինքիդ, «կրել ինչ որ կը պայթի երբեմն գլխուդ մէջ»:
s-148 Սաստիկ տաք օրէն ետք զով օդի հոսանք մը վերջապէս ամառնային երեկոյին հանդարտութիւնը կը բերէ:
s-149 Կը քալես, ջանալով քայլերդ իր քայլերուն յարմարցնել:
s-150 «Ի՞նչ դիպուածներ միջամտեր են որպէսզի հայրդ եօթը տարեկանին որբանայ, բայց փրկուի, մայրդ երեք տարեկանին որբանայ եւ փրկուի, յետոյ անոնք հանդիպին իրարու եւ քեզ ծնին։
s-151 Պատմութիւնդ կը սկսի նման դիպուածներով»։
s-152 Նո՞յն դիպուածները միջամտեր էին, որպէսզի քու ալ մեծ ծնողքդ որբանային բայց փրկուէին, հանդիպէին իրարու եւ հիմը դնէին ընտանիքին, որ ի վերջոյ քեզմով պիտի լրանար:
s-153 Կ՚արժէ գտնել պատասխանը. պիտի հանդիպէ՞իք եթէ Դէպքը չըլլար:
s-154 Թերեւս անապատներէ անցնելու էիք երկուքդ ալ, այդքան տարիներ ետք արեւելեան հայրենիքի մայրաքաղաքին մէջ հանդիպելու համար:
s-155 Պիտի ըլլայի՞նք , եթէ դէպքը չըլլար:
s-156 Այսպէ՞ս պիտի ըլլայինք:
s-157 Կը ժպտի, չի պատասխաներ:
s-158 Միշտ բան մը քեզի կը ձգէ պրպտելիք:
s-159 Ամէն բան չ՚ըսուիր արդէն, չէ՞ :
s-160 Կ՚ուզես խօսիլ, պատմել պատմութիւնը կորսնցուցած ժամանակիդ եւ փնտռտուքներուդ մասին, պատմել ճամբան, որ քեզ դէպի իրեն բերաւ:
s-161 Բայց գիտես որ պէտքը չկայ՝ ան գիտէ ամէն բան, դո՛ւն չէիր գիտեր. հիմա գիտցար:
s-162 Կը յիշես պզտիկ սրահը, ուր առաջին անգամ հանդիպեցաք
s-163 Մտահոգ էիր. ի՞նչպէս մօտենալ, ի՞նչ ըսել. այդքան տարիներու «հեռակայ մտերմութիւն»էն ետք իսկապէս հանդիպի՜լ :
s-164 «Դժուարահա՛ճ է», զգուշացուցին:
s-165 «Անհաղո՜րդ է», աւելցուցին:
s-166 Կծկտեցար, վախը փորդ մտաւ:
s-167 Ի՞նչ պիտի ըսէիր՝ բարե՞ւ , ի՞նչպէս էք, ծանօթանա՞նք եւ չհամարձակեցար մօտենալ:
s-168 Կեցած էր քանի մը քայլ անդին, երկրպագուներով եւ հիացողներով շրջապատուած, քաղաքավար, բայց քիչ մը անտարբեր ժպիտը դէմքին:
s-169 Յոգնած էր թերեւս:
s-170 Արդէն չես յիշեր՝ ի՞նչ դիպուած միջամտեց, որ յետ-դասախօսային ճաշկերոյթին քե՛զ ալ հրաւիրէին եւ քովը նստեցնէին:
s-171 Եւ նստած էիր քարացած, վախնալով աւելորդ շարժում մը ընելու, երբ յանկարծ դարձաւ եւ սուր նայուածքը քեզի յառեց:
s-172 Ուրկէ՞ ես
s-173 Ծանրացած լեզուդ դժուարաւ դարձաւ բերնիդ մէջ, ջանացիր կապակցուած խօսքեր ըսել:
s-174 Յանկարծ ժպտեցաւ. այն ատեն առաջին անգամ հասկցար՝ ան ամէն բան գիտէր քու մասիդ:
s-175 Բնաւ չզարմացար. գիտէիր, շատոնց գիտէիր:
s-176 «ըլլալը անհետացած ըլլալ մըն է» եւ կարծեցիր՝ թէ գտար պատասխանը:
s-177 «կը փարիս ջնջումիդ»
s-178 Ինչպէ՞ս հայաշէնցի տղան ինքզինք ֆրանսացի տեսաւ, միեւնոյն ատեն հայ մնալով:
s-179 Նորէն կը ժպտի. ինքդ պիտի գտնես պատասխանը:
s-180 Կը նայիս աչքերուն. կարծես ոչինչ փոխուած է՝ առջեւդ նոյն այն հայաշէնցի տղան կեցած է, որ 18 տարեկանին Փարիզ մեկնեցաւ:
s-181 Ինչպէ՞ս ուրիշ այդ միջավայրին մէջ ուրիշ մը չեղաւ:
s-182 Ինչպէ՞ս նոյնացաւ, ձուլեցաւ այդ միջավայրին, միեւնոյն ատեն պահպանելով այդ ուրիշ միջավայրին համար ուրիշ մը ըլլալու իրաւունքը, այսինքն` ինչպէ՞ս ըրաւ, որ իր ուրիշութիւնը պարտադրուած չըլլար:
s-183 Ծագումիդ չես դաւաճաներ, ան շուքի պէս կը հետեւի քեզի
s-184 Բայց ինչպէ՞ս կառուցել ինքնութիւն մը, որ ըլլաս ամբողջապէս օտար եւ ամբողջապէս ընտանի, միեւնոյն ատեն չըլլալով երկուքէն ո՛չ մէկը:
s-185 Մէկ բան յստակ էր. հայաշէնցի տղան երբեք չդաւաճանեց իր ինքնութեան, կարելի է՝ քիչ մը հեռացաւ անկէ, յետոյ աւելի մօտենալու համար:
s-186 Բայց արդեօ՞ք տունին մէջ կամ համար ալ ուրիշ մը չէր:
s-187 Արդեօք ո՞ւր էր տունը. Հայաշէ՞ն , Փարի՞զ թէ հիմա հոս՝ Երեւան:
s-188 Արդեօք քո՞ւ տունդ ուր էր:
s-189 Եղան օրեր, երբ հաւատացիր թէ չունէիր տուն, փնտռեցիր ամէն տեղ՝ ո՛չ մէկը քուկդ էր:
s-190 Այն ատեն հաւատացիր, կամ ուզեցիր հաւատալ, թէ անապատներուն մէջ մնացեր էր տունդ
s-191 Բայց հիմա գիտէիր, հիմա գտար:
s-192 Որով գիտցար ի՛ր տունին տեղը:
s-193 Չէ, ան բան մը չըսաւ, պարզապէս կար վայրը ուր ան եղաւ:
s-194 Շիտակ դէմքին նայեցար, ուզեցիր խօսիլ, ըսել խօսքերը, որ չէիր կրցած ըսել ո՛չ անձնական հանդիպումներուն, ո՛չ ալ նամակներուդ մէջ. չկրցար, նորէն:
s-195 «Խօսքերը կը պակսին», եւ բերնիդ մէջ «բռնկեր էր լեզուն»:
s-196 Եւ հիմա հոս ես, համակարգիչիդ պաստառին առջեւ, դուն որ պիտի չըլլայիր, լեզուով մը որ պիտի չըլլար՝ կը ջանաս գրել այն որ չկրցար ըսել:
s-197 Կը ջանաս գրել տողեր՝ անոր համար, ինչպէս ինք գրեց ատենօք Մեծարենցի համար:
s-198 Գիտես որ չափազանց յաւակնոտ է խորագիրդ. ի՞նչ կրնաս գրել անոր համար, ի վերջոյ:
s-199 Արդեօ՞ք պիտի կարենաս թուղթին վրայ տեղաւորել ըսել ուզածդ, պահպանելով տրամաբանութեան գիծը:
s-200 Բայց կ՚ուզէիր գոնէ կերպով մը երախտագիտութիւնդ յայտնել անոր, որ ստեղծեց վայրը, ուր կարելիութիւնը ունիս ըլլալու:

Text viewDownload CoNNL-U