hyw-armtdp-train-wiki-002N

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain
AnnotationYavrumyan, Marat M.

Javascript seems to be turned off, or there was a communication error. Turn on Javascript for more display options.

Ուիքիփետիան ազատ բովանդակութեամբ, բազմալեզու հանրագիտարանային նախագիծ է, որուն կը հովանաւորէ ոչ հասութաբեր ամերիկեան հիմնադրամը՝ Ուիքիմետիա Հիմնադրամը: Անունը կազմուած է Ուիքի (համագործակցական կայքեր ստեղծելու արուեստագիտութիւն, հաուայեան ուիքի բառէն, որ կը նշանակէ «արագ») եւ յունարէն Encyclopedia բառերէն։ Ուիքիփետիայի աւելի քան 30 միլիոն յօդուածները (ինչպէս՝ շուրջ 251.716 հայերէն Ուիքիփետիային մէջ) ստեղծուած են կամաւորներու կողմէն, եւ համարեա բոլոր յօդուածները կրնան խմբագրուիլ համացանցէն օգտուող ցանկացած անձի կողմէն։ Ուիքիփետիա նախագիծը սկսած են Ճիմմի Ուէյլզը եւ Լէրի Սէնկըրը 2001-ի Յունուարին, եւ ներկայիս այն Համացանցի ամենաօգտագործուող հանրագիտարանային կայքն է:

Download XMLDownload textSentence viewDependency trees