hyw-armtdp-train-nonfiction-000M

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain
AnnotationYavrumyan, Marat M.

Javascript seems to be turned off, or there was a communication error. Turn on Javascript for more display options.

index sentence 1 - 6 > sentence 7 - 11

Քաղքի շուկային մէջ, ճանբաները ու մինչեւ խաներու շէն բակերը երբեմնի, մրջիւններու տիրապետութեան ձգուած են ու դաշտի մը ամայի բացատները ըլլան կարծես։ Չիկայ առջի բանուկ եռուզեռը, փութկոտ արագ՝ գործի մարդուն ու յաճախորդին քով քովի ու իրար արմկող երթ ու դարձը զգալի կերպով պակսած՝ շատ մը խանութներ ալ արդէն կղպուած բերաններու ձեւը առեր են։ Գործ չկայ, վաճառականին կարաւանները հինին պէս չեն աղմկեր, չեն ոգեւորեր առեւտրողին գործունէութիւնը։ Խարբերդ բուն իսկ սիրտէն սկսեր է մեռնիլ։ Կը գաղթեն, հիմա աւելի շատ, այսօր երէկինէն աւելի բարդ ու կնճռոտ պատճառներու հետեւանքով մը։ Ու նորէն Ամերիկան կ՚ըլլայ ու կը մնայ այսպէս չորս ոտքով վազողներու ապաստանարանը կամ մէկ քանիներուն ալ ցանկալին Էլտօրատօն։

Download XMLDownload textSentence viewDependency trees