hyw-armtdp-train-news-002E

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain
AnnotationYavrumyan, Marat M.

Javascript seems to be turned off, or there was a communication error. Turn on Javascript for more display options.

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէին եւ յարակից միութիւններուն Խանասորի արշաւանքի 124-ամեակի պատշաճ ոգեկոչում-հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 24 յուլիսի 2021, երեկոյեան ժամը 8.00-ին, Նիկոսիոյ ՀԵՄ-ՀՄԸՄ Մարզադաշտի մէջ։ Հանդիսութեան ներկայ էին Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք Տողրամաճեան, Նիկոսիոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Մոմիկ Քհյն. Հապէշեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ ընկ. Սեւակ Կիւրիւնլեան, Երեսփոխանական ժողովի անդամներ, Համազգայինի վարչութեան ատենապետ ընկ. Արթօ Դաւիթեան, Հ.Օ.Մ-ի անդամուհիներ եւ Կիպրահայ գաղութի անդամներ։ Հանդիսութիւնը սկսաւ Կիպրոսի ՀՅԴ Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Սիմոն Այնէճեանի բացման խօսքով։

Download XMLDownload textSentence viewDependency trees