hyw-armtdp-train-news-002D

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain
AnnotationYavrumyan, Marat M.

Javascript seems to be turned off, or there was a communication error. Turn on Javascript for more display options.

Թեմակալ առաջնորդ՝ Վահան եպիսկ. Յովհաննէսեանի առաջնորդութեան եօթնամեայ առաջին շրջանը իր աւարտին կը հասնի։ Ֆրանսայի Առաքելական թեմը, ըստ կանոնադրութեան, եօթը տարին մէկ պէտք է առաջնորդական ընտրութիւն կատարէ։ Տարօրինակ ձեւով, ցայժմ Թեմական խորհուրդէն (ԹԽ) եւ կամ Պատգամաւորական ժողովէն (ՊԺ) ոչ մէկ պաշտօնական յայտարարութիւն հրապարակուեցաւ, հակառակ անոր որ Ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ Յունիս 28-ին։ Անհաւանական չէ, որ թաքուն կերպով ձեւակերպումներ ըլլան, հակառակ ընդունուած ընթացակարգին։ Այսուհանդերձ, պաշտօնական լռութեան յետին շշուկները եւ ենթադրութիւնները դադար չունին։

Download XMLDownload textSentence viewDependency trees