hyw-armtdp-train-news-0025

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain
AnnotationYavrumyan, Marat M.

Javascript seems to be turned off, or there was a communication error. Turn on Javascript for more display options.

28 Յուլիս թուականէն այս կողմ Թուրքիոյ օրակարգի գլխաւոր նիւթը դարձած է անտառային տարածքներու հրդեհները, որոնք կը շարունակուին ամբողջ շաբաթուայ մը ընթացքին ընդմիշտ նոր բռնկումներով։ Հրդեհի առաջին դէպքը պատահած էր Անթալիոյ Մանաւկաթ գաւառը եւ այդ աղէտը փճացուցած էր անտառային տարածքները, որոնք վերածուեցան մոխիրի կոյտերու։ Թերթիս հրատարակութեան պատրաստուած ժամերու տուեալներով անցնող մէկ շաբաթուայ ընթացքին 34 տարբեր քաղաքներու մերձակայ 174 անջատ հրդեհներ տեղի ունեցան, որոնցմէ 161-ը կարելի եղաւ հսկել։ Իսկ 9 անձեր իրենց կեանքը կորսնցուցին բոցերու մէջ, որոնց մէկ մասը հրշէջներ էին, իսկ մէկ մասն ալ խաղաղ բնակիչներ։ Այրուած անտառներուն մէջ զոհուած բազմաթիւ անասուններու կողքին, կարելի չեղաւ նաեւ գոմերու մէջ մնացած անասունները փրկել։ Այս պահուն բոցերու դէմ պայքարը կը շարունակուի Մուղլա, Անթալիա, Սփարթա, Այտըն եւ Տենիզլի քաղաքներու շրջակայքը։

Download XMLDownload textSentence viewDependency trees