hyw-armtdp-train-news-001O

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain
AnnotationYavrumyan, Marat M.

Javascript seems to be turned off, or there was a communication error. Turn on Javascript for more display options.

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը երկար ժամանակէ ի վեր գերեվարուած է քաոսի մը կողմէ, որ կ՚ահագնանայ ու կ՚ահագնանայ անվերջ։ Համայնքէն ներս հերթական փոթորիկը ծագած է. զարմանալի՞ ։ Սա անյաղթահարելի փակուղիի մը երկար պատմութիւնն է, որ կը զուգորդուի պառակտումներով։ Սահմանափակ ներուժով հաւաքականութեան կենսունակութիւնը կախեալ է իսկական սիներժիէ մը, այլապէս հաւաքական ձախողումը կը դառնայ անխուսափելի։ Քաոսը յաղթահարելու ցանկութիւնը կրնայ ըլլալ համատարած, սակայն, բեւեռացումները գործնականօրէն կ՚իմաստազրկեն զայն։ Առ երեւոյթ բարի բոլոր ցանկութիւններու անկեղծութեան փորձաքարն է՝ միասնականութիւն եւ ներդաշնակութիւն ապահովելու ուղղեալ կամքը, որ ի սպառ կը պակսի միանշանակ։

Download XMLDownload textSentence viewDependency trees