hyw-armtdp-train-news-001I

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain
AnnotationYavrumyan, Marat M.

Javascript seems to be turned off, or there was a communication error. Turn on Javascript for more display options.

Թաւշեայ յեղափոխական կառավարութիւնը, խանդավառութեան օրերէն ետք, երկրի վերակառուցումի, բարենորոգումներու ճամբուն վրայ բախեցաւ բազմաթիւ արգելքներու, պատնէշներու, ինչպէս՝ Արցախի կառավարութեան հետ համագործակցութեան, կաշառակերութեան դէմ պայքարի, դատաիրաւական համակարգի նորոգման բնագաւառներուն մէջ...։ Կրթական մարզը եւս հիմնական փոփոխութեան կը կարօտէր։ Դպրոցները նախկին վարչակազմի փտածութեան կարեւորագոյն յենարաններէն էին։ Կաշառակերութիւնը ուսուցչական կազմին մէջ սովորական երեւոյթ էր։ Դպրոցներու տնօրէններէն շատեր ընտրակաշառք բաշխելու գործակալներ էին, իսկ դպրոցները իբրեւ ընտրատեղամաս՝ խախտումները իրագործելու վայր։ Մէկ խօսքով կրթական համակարգը նախկինին ամէնէն խոցելի բնագաւառներէն էր։

Download XMLDownload textSentence viewDependency trees