hyw-armtdp-train-news-0019

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain
AnnotationYavrumyan, Marat M.

Javascript seems to be turned off, or there was a communication error. Turn on Javascript for more display options.

Լիբանանի դէմ շարունակուող ֆինանսական շրջափակումի հետեւանքները թեւակոխած են նոր փուլ: Ճանապարհներ փակելու անհնազանդութեան շարժումները կը տարածուին լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ: Կը նկատուի սակայն ոճային փոփոխութիւն: Սակաւաթիւ խումբեր յանկարծակի կը գրաւեն հիմնական պողոտաներու խաչմերուկներ, կ՚անդամալուծեն երթեւեկը: Շարժումը չի ստանար զանգուածային տեսք, այլ ճամբայ փակել-բանալու գործողութիւններով կը ստեղծէ պարագայական իրավիճակներ՝ քաղաքացիին միտքին մէջ տեղաւորելով յառաջիկայ ժամերուն ճամբայ փակելու գործողութեան հնարաւորութիւնը:

Download XMLDownload textSentence viewDependency trees