hyw-armtdp-train-fiction-001L

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain
AnnotationYavrumyan, Marat M.

Javascript seems to be turned off, or there was a communication error. Turn on Javascript for more display options.

Չեմ գիտեր ի՞նչ պատահեցաւ, տարիներ ետք, օր մը, բայց ե՞րբ էր իսկապէս, ելեր էի դուրս, լուսանկարները մնացեր էին բաց, լոյսին ու փոշիին, այդպէս եղած էր միշտ, երբ միասին էինք, դրած էինք տան պատերուն, գնդասեղով մը ամրացուցեր էինք, դիտեր, մոռցեր էինք անոնց գոյութիւնը. ջերմութիւնը, քաղաքին խոնաւութիւնը, միջատներու կեղտն ու բիժերը, ծխախոտը, տնային բոլոր ապականութիւնները խաւ առ խաւ մտեր էին թուղթէն, սուզուեր, ներծծուեր խաւաքարտին մէջ, ցեցի պէս կերեր հենքը. անոնց մակերեսներուն դեղնաւուն արատներ յայտնուեր էին, գիծերը դարձեր էին անորոշ, տարտամ, ծաւալները մթնցեր, իրերը կրծուեր էին, դէմքերը հեռացեր, մոռցուեր էին գրեթէ, խօսք մը, բառ մը, անուն մը, տեղանունի հետք մը միայն կրնայի դնել անոնցմէ մէկուն կամ միւսին վրայ: Քայքայումը սկսած էր:

Download XMLDownload textSentence viewDependency trees