hyw-armtdp-test-news-001J

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttest
AnnotationYavrumyan, Marat M.

Javascript seems to be turned off, or there was a communication error. Turn on Javascript for more display options.

index sentence 1 - 6 > sentence 7

Վերջապէս պահը հասա՞ւ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի ընդհարումին։ Բոլշեւիկեան յեղափոխութենէն ի վեր ճակատագրական պահերուն միշտ իրարու զօրակցած հզօր այս երկու պետութիւնները, ձեռք-ձեռքի տուած, Սուրիոյ մէջ խորամանկ արտաքին քաղաքականութիւն վարելով՝ դարձան գլխաւոր դերակատարները։ Թուրքիան պարտադրեց իր կամքը Արեւմուտքին՝ քրտական ինքնավար շրջաններուն մէջ գրաւելով սահմանային գօտին, ուր պիտի տեղաւորէ սուրիացի մահմետականներ, այդպէսով բաժնելով սուրիացի Քիւրտերը թրքահպատակներէն։ Վերաբնակեցման ծրագիր մը, որ մարդկայնօրէն ու միջազգային օրէնքով դատապարտելի է։ Սակայն, Եւրոպա աչք կը փակէ, պարզապէս որովհետեւ քաղաքականապէս իրեն համար այդ լուծումը ձեռնտու է։ Ան բնաւ պիտի չուզէր տեսնել դէպի եւրոպական հողեր գաղթականական նոր հոսք մը։

Download XMLDownload textSentence viewDependency trees