Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain
AnnotationYavrumyan, Marat M.

Select a sentence

s-1 2 դեկտեմբերին Արցախի մէջ ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովի ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան խօսած է խորհրդաժողովի աշխատանքներուն հիմնական ուղղութիւններուն մասին:
s-2 Ան իր ելոյթին մէջ ըսած է.
s-3 «Յետպատերազմեան այս շրջանին կայ ընդհանուր ընկճուածութիւն. այդ ընկճուածութիւնը ե՛ւ հայրենի զանգուածներուն մօտ է, ե՛ւ զգալի է յատկապէս սփիւռքի պարագային:
s-4 Մեզի համար ընդունելի չէ այս երեւոյթը, եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, Հայ դատի կառոյցները, մեր բոլոր շարքերով ու համակիրներով պիտի աշխատինք, որպէսզի դուրս գանք այդ հոգեբանական ընկճուածութենէն:
s-5 Մեզի համար այդ էջը փակուած է:
s-6 Հիմա ժամանակն է յաւելեալ թափով աշխատանքներու լծուելու եւ յառաջ երթալու մեր չորս հիմնական նպատակներուն ուղղութեամբ:
s-7 Այդ չորս նպատակները Հայ դատի ոլորտին մէջ հետեւեալ ձեւով կը սահմանուին. առաջինը մեր հայրենիքի իրազեկման խնդիրն է, լոպիինկի հարցը, Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութեան ամրապնդման եւ միջազգային հեղինակութեան բարձրացման խնդիրը:
s-8 Երկրորդը մեր շատ սիրելի Արցախի անկախութեան ճանաչման, եւ ուր ատիկա հնարաւոր չէ, ինքնորոշման իրաւունքի շեշտաւորման խնդիրն է, նաեւ՝ Արցախի օժանդակութեան ծրարը:
s-9 Երրորդը՝ Հայ դատի դասական օրակարգն է՝ Ցեղասպանութեան ճանաչման, հետեւանքներու վերացման եւ պահանջատիրութեան իմաստով:
s-10 Չորրորդը՝ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան խնդիրն է, ուր ալ գտնուինք՝ հայապատկան հողերու վրայ, թէ տարբեր երկիրներու մէջ:
s-11 Կարեւոր է նաեւ մեր երիտասարդութեան քաղաքականացման խնդիրը, անհրաժեշտ է, որ տարբեր երկիրներու մեր երիտասարդները մասնակցին քաղաքական կեանքին, ու նաեւ փորձենք տեղ-տեղ «բերդը գրաւել ներսէն»:
s-12 Մեր խորհրդաժողովի օրակարգի առիւծի բաժինը Արցախն էր:
s-13 Պատերազմէն ետք մենք մշակած ենք յատուկ ուղեգիծ, երկու առցանց խորհրդաժողով ունեցած ենք:
s-14 Նախորդ՝ 2020-ի խորհրդաժողովն ալ Արցախի մէջ կայացաւ:
s-15 Այն ատեն տակաւին կանխատեսելի չէր այն պատերազմը, որ Ազրպէյճանը եւ Թուրքիան իրենց ահաբեկիչ շրջանակներով սանձազերծեցին Արցախի եւ Հայաստանի նկատմամբ:
s-16 Բայց այդ ժողովին ժամանակ մենք դրինք Արցախի համար տարուելիք աշխատանքներուն հիմքերը:
s-17 Ուղեցոյց ունէինք, բայց պատերազմէն ետք անիկա թարմացնելու, աւելի նպատակայարմար դարձնելու, թիրախաւորելու կարիք կայ:
s-18 Այդ աշխատանքը սկսած ենք պատերազմէն անմիջապէս ետք, որովհետեւ ո՛չ պատերազմի ընթացքին, ո՛չ ալ անկէ ետք մենք մեր աշխատանքները դադրեցուցած ենք, այլ պարզապէս փոխած ենք թիրախներն ու շեշտադրումները:
s-19 Իջած ենք հրապարակ՝ պաշտպանելու Արցախի շահերը՝ մեր շահերը:
s-20 Մենք լաւ գիտենք, թէ մեր թշնամին ի՛նչ հսկայական միջոցներ կ՚օգտագործէ, որուն դէմ ունինք մեր բանակը:
s-21 Հայ դատի ընկերներն ու ընկերուհիները կը ներկայացնեն հայ ժողովուրդի երկրորդ բանակը:
s-22 Եթէ առաջինը մեր ժողովուրդի ֆիզիքական պաշտպանութիւնն կ՚ապահովէ, Հայ դատի բանակը անոր թիկունքն է, որ քաղաքական, դիւանագիտական եւ արտաքին յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ նոյնքան մեծ պատերազմի մէջ է աշխարհով մէկ:
s-23 Մենք ունինք նաեւ Արցախի բարեկամներու ցանց, որ օրըստօրէ կ՚ընդարձակուի:
s-24 Միջին Արեւելքի, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկայի, Աւստրալիոյ, Եւրոպայի մէջ ունինք այնպիսի ոչ հայ բարեկամներ, որոնք պատրաստ են Արցախի դատի կողքին կանգնելու, յայտարարութիւններ կատարելու, բանաձեւեր ներկայացնելու խորհրդարանին մէջ, իշխանութեան հետ գործակցելու:
s-25 Եւ մենք բաւական մեծ յաջողութիւններու հասած ենք այս առումով:
s-26 Վերջերս Նոպելեան 4 մրցանակակիրներ յստակօրէն Ազրպէյճանը իբրեւ յարձակողապաշտ որակեցին:
s-27 Համաշխարհային ընկալման մէջ Ազրպէյճան ինքն իրեն կը ներկայացնէ իբրեւ իր հողերուն վրայ պատերազմ տարած պետութիւն եւ երբեք չէ ընդունած Արցախի ինքնուրոյն նկարագիրը:
s-28 Ատիկա փոխելու համար մենք դիմեցինք Նոպելեան մրցանակակիրներուն, որոնք վերջերս այդ յայտարարութիւնը կատարեցին:
s-29 Շուտով այդպիսի յայտարարութիւն պիտի ըլլայ նաեւ Կիպրոսի մէջ, եւ նմանատիպ աշխատանքներ կը կատարենք աշխարհով մէկ:
s-30 Կարելի եղաւ կասեցնել քանի մը ռազմական աշխատանքներ՝ կապուած մեր թշնամիին զինամթերք մատակարարելու հետ:
s-31 Այդ ուղղութեամբ լուրջ աշխատանք տարուեցաւ:
s-32 Քանատայի մէջ «Պայրաքտար»-ի մասեր տրամադրող ընկերութիւնը սնանկացաւ, քանի որ մեր աշխատանքին իբրեւ արդիւնք Քանատայի կառավարութիւնը արգիլեց այդ կտորներու առաքումը Թուրքիա:
s-33 Մեծ պայքար կը մղենք այդ ուղղութեամբ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի մէջ:
s-34 Նաեւ աշխարհով մէկ կը ներկայացնենք Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարձակողական քաղաքականութեան իսկական դիմագիծը:
s-35 Մենք Հայ դատի յանձնախումբերու կողքին գործող ունինք հայերու իրաւունքներով զբաղող միութիւն, որ մասնագիտացած է Արցախի հարցին իրաւական մասով:
s-36 Այսօր դատեր բացած ենք գերիներու հարցով եւ այդ ուղղութեամբ կ՚աշխատինք Հայաստանի փաստաբանական ընկերութիւններէն մէկուն հետ:
s-37 Նաեւ պատերազմական ոճիրներու, Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան խնդիրները կ՚արծարծենք:
s-38 Արցախի առումով օրակարգի վերջին հարցը մեր այլազան յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու յարաբերութիւններն են Արցախի Հանրապետութեան իշխանութեան տարբեր օղակներուն հետ, հիմնականին մէջ արտաքին յարաբերութիւններու, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ Արցախի օժանդակութեան ծրագիրներու առումով:
s-39 Խորհրդաժողովի ընթացքին քննարկումներ ունեցանք Հայաստանի քաղաքականութեան, մեր տարուելիք աշխատանքին, Ջաւախքի, Նախիջեւանի, Միջին Արեւելքի ճգնաժամի, մանաւանդ լիբանանահայութեան եւ սուրիահայութեան խնդիրներու եւ Թուրքիոյ ու Արեւմտեան Հայաստանի մեր դատի հետապնդման հարցերուն մասին:
s-40 Կարեւոր տեղ յատկացուած է Հայ դատի գրասենեակներու աշխատանքը, քարոզչական, հաղորդակցական միջոցները աւելի արդիւնաւէտ դարձնելուն:
s-41 Քննարկուած հարցերուն մէկ մասը միշտ կայ մեր օրակարգին վրայ, մէկ մասն ալ թելադրուած էր վերջին երկու տարուան ընթացքին տեղի ունեցած դէպքերուն պատճառով:
s-42 Մենք պիտի շարունակենք մեր քննարկումները, եւ համոզուած եմ, որ շուտով կրկին պիտի տեսնուինք Արցախի մէջ»:

Text viewDownload CoNNL-U