Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain
AnnotationYavrumyan, Marat M.

Select a sentence

Showing 1 - 100 of 251 • previousnext

s-1 1914 յունիսի մէջ առտու մը, լրագիրը բանալով կարդացի Աւստրիոյ-Հունգարիոյ գահաժառանգ արհիդուքս Ֆրանց Ֆէրտինանտի եւ իր ամուսնին դքսուհի Հօհէնպէրկի դէմ եղած մահափորձը Սէրայէվօյի մէջ, որուն զոհ գացած էին երկուքն ալ։
s-2 Մահափորձին հեղինակն էր սերպիացի պատանի մը՝ Բրինցիբ։
s-3 Լուրը, որքան զգայացունց, գուշակել չէր տար այն մօտալուտ եւ ահեղ հետեւանքները որոնք ծնունդ պիտի առնէին այս ոճիրէն։
s-4 Իրա՛ւ էր սակայն որ մահափորձը անհատապէս գործուած անիշխանական արարք մը չէր, այլ զուտ քաղաքական ոճիր մը, երկարօրէն պատրաստուած եւ խոշոր դաւադրութեան մը արդիւնք։
s-5 Հետզհետէ հասնող մանրամասնութիւններ ցոյց տուին թէ որքա՜ն կարեւորութիւն կը ստանար այդ մահափորձը Եւրոպայի՝ եւ մասնաւորաբար Աւստրիոյ մէջ։
s-6 Յուլիսի սկիզբները թերթերը արդէն իսկ կը ծանուցանէին թէ Աւստրիոյ զինուորական գործունէութիւնը զգալապէս կ՚աւելնար եւ թէ բովանդակ երկրին մէջ բուռն հակառակութիւն եւ գրգռութիւն կը տիրէր Սերպիոյ հանդէպ։
s-7 Նոյն ամսուն վերջը արդէն իսկ եւրոպական մեծ եւ ընդհանուր պատերազմի մը սարսափը կը սաւառնէր աշխարհի վրայ եւ Աւստրիա իր վերջնագիրը կու տար Սերպիոյ 18 ժամ պայմանաժամով։
s-8 Այդ վերջնագիրը, որուն պայմանները անընդունելի էին Սերպիոյ համար, անխուսափելի կը դարձնէին պատերազմը Աւստրիոյ ու Սերպիոյ միջեւ ու արդարեւ յուլիսին վերջերը առաջին թնդանօթները կ՚արձակուին երկու պետութիւններու սահմանագլխին վրայ։
s-9 Իսկ պատերազմը պաշտօնապէս կը յայտարարուի 15/28 յուլիսին։
s-10 Միեւնոյն ատեն ռուսական զօրաշարժին լուրերը կը հասնին։
s-11 Կացութիւնը ծանրացած է։
s-12 Ընդհանուր պատերազմը անխուսափելի կը թուի, բայց դեռ ամէն յոյս չէ կորած։
s-13 Մեծ պետութիւններու դահլիճները կը բանակցին, համաձայնութեան գետին մը կը փնտռեն, կամ գոնէ այնպէս հաւատացնել կ՚ուզեն։
s-14 Ինչ որ քիչ շատ որոշապէս կը տեսնուի՝ սա է թէ Գերմանիա եւ Ռուսիա պատերազմ կ՚ուզեն։
s-15 Անգլիա, վերջին վայրկեանին ի նպաստ խաղաղութեան գերագոյն ջանքեր կ՚ընէ, ահռելի հրդեհումին առաջքը առնելու համար, բայց ի զո՜ւր ։
s-16 Օգոստոսի 2ին (Ն. Տ.) կիրակի օր, թերթերը կը ծանուցանեն թէ ընդհանուր պատերազմը յայտարարուած է։
s-17 Նոյն առտուն Պոլսոյ պատերուն վրայ փակցուած տեսանք հետեւեալ յայտարարութիւնը խոշոր գիրերով.
s-18 Այս յայտարարութիւնը, ինչպէս յետոյ աքսորանքիս մէջ իմացայ, միեւնոյն օրը փակցուած է նաեւ գաւառներու մէջ, Անատօլուէն մինչեւ Սուրիա, կուսակալանիստ քաղաքներէն մինչեւ ամենայետին նահիէին մէջ:
s-19 Եւ այդ տպուած թուղթերը, կնքուած պահարաններով, ամիսներ առաջ ղրկուած են ամէն կողմ, բոլոր մխթարներուն, ամենախիստ պատուէրներով որ գաղտուկ պահեն եւ բանան միայն այն ժամանակ երբ կեդրոնէն հրաման գայ։
s-20 Եւ այդ ծածուկ կնքուած պահարանները, որոնց գոյութիւնը իմացած է ժողովուրդը առանց պարունակութեանը ծանօթ ըլլալու, սարսափի մատնած է շատ տեղերու Հայերը, որոնք ենթադրած են թէ ջարդի հրաման մը կար անոնց մէջ ծածկուած։
s-21 Սակայն խնդիրը այդ չէ։
s-22 Ընդհանուր պատերազմի յայտարարութենէն շաբաթներ առաջ զօրաշարժի համար տրուած այս ծածուկ հրամանը ցոյց կու տայ թէ իթթիհատական կառավարութիւնը արդէն իսկ ծախուած էր Գերմանիոյ եւ որոշած էր անոր կողքին կռուելու։
s-23 Դառնանք մեր պատմութեան։
s-24 Այս օգոստոս 2ի պատմական կիրակիէն սկսեալ, յանկարծ Պոլսոյ կերպարանքը փոխուեցաւ, սովորական կեանքը խանգարուեցաւ, ընդհանուր իրարանցում մը, խուճապ մը տիրեց ամէն կողմ։
s-25 Անակնկալներու, անծանօթ փորձանքներու երկիւղը զգաց ամէն մարդ։
s-26 Ասոր առաջին արտայայտութիւնը եղաւ անօթի մնալու, ուտելիքէ զրկուելու վախը։
s-27 Ամէն մարդ փուռերուն առջեւ, նպարավաճառներու խանութը վազեց, իր նիւթական կարողութեանը չափով ուզեց պաշար համբարել։
s-28 Գտնուեցան մարդիկ որոնք այդ կիրակի օրը մէկ քանի ամսուան պաշար շտկեցին։
s-29 Ընդհանուր համոզումը այն էր արդէն թէ՝ պատերազմը հազիւ 2-3 ամիս պիտի տեւէր։
s-30 Եւ սակայն մտատանջութիւնը հետզհետէ կ՚աւելնար։
s-31 Երկուշաբթի առտու Բերայի Շիտակ ճամբուն վրայ շահեկան տեսարան մը կը պարզուէր։
s-32 Բոլոր դրամատունները իրենց դռները փակած էին։
s-33 Ժողովուրդը, այր ու կին, դռներուն առջեւ խռնուած՝ աղմուկ կը յարուցանէին եւ իրենց դրամները կը պահանջէին։
s-34 Յուզումը, իրարանցումը եւ յուսահատութիւնը ընդհանուր էր։
s-35 Դրամներդ կրցա՞ր առնել...
s-36 Ո՛չ , դո՞ւն ...
s-37 Ես ալ չկրցայ առնել, թիւ մը տուին ձեռքս, կարգիս կը սպասեմ կոր։
s-38 Բարեկամներէս մէկը հարիւր ոսկի ունի եղեր, հազիւ տասը ոսկի տուեր են։
s-39 Ալ ի՞նչ կ՚ուզէ, բախտաւոր է եղեր, կ՚ըսեն թէ հարիւրին հինգը միայն պիտի տան։
s-40 Ասանկ խաղքութիւն կ՚ըլլայ։
s-41 Ու այսպէս ամէն մարդ իր ցաւը կու լար։
s-42 Սրճարաններուն մէջ խօսակցութիւնները քաջալերական չէին։
s-43 Քաղաքին մէջ երեք օրուան ալիւր ունինք եղեր...
s-44 Ճամբաները բոլոր գոցուած են։
s-45 Հինգ օր է Եւրոպայէն թղթաբեր եկած չէ։
s-46 Գալիք ալ չունի։
s-47 Ամէն բան պիտի սղէ։
s-48 Քանի մը օխա բաթաթէս առնելու է։
s-49 Սնունդի այս մտահոգութեան վրայ կը ծանրանար զինուորագրութեան խնդիրը։
s-50 Բացի պատերուն վրայ փակցուած պաշտօնական յայտարարութիւններէն, թմբկահարներ օրն ի բուն փողոցէ փողոց կը շրջէին հրաւիրելով բոլոր 45 տարեկանէն վար եղողները երթալ արձանագրուիլ իրենց շիւպէները։
s-51 Այդ թմբկահարները ճշմարիտ մղձաւանջ մը դարձած էին պոլսեցի զինուորական տարիք ունեցողներուն եւ ծնողքներուն համար։
s-52 Օրուան ամէն ժամերուն, նոյնիսկ գիշերները, յանկարծ կը թնդար չարաշուք թմբուկին ձայնը։
s-53 Ամէն մարդ, ահ ու դողով, կը վազէր պատուհան, մտիկ ընելու համար թմբկահարին ազդարարութիւնը։
s-54 Ու ահա՛ կամաց կամաց ծանօթներ, բարեկամներ կը մեկնէին, մախաղը ուսերնին, դէպի զինուորական ծառայութիւն։
s-55 Իրա՛ւ է որ, սկիզբները, շատեր պէտէլ վճարելով կամ ուրիշ անուղղակի միջոցներով կրցած էին գոնէ առժամապէս փորձանքէն խուսափիլ։
s-56 Օգոստոսի մէջ էր երբ, կիրակի օր մը, ընկերացայ Նշան Թաշէ մինչեւ Թէշվիքիէ Լեւոն Շաթրեանին, որ իբրեւ 36նոց զինւոր կ՚երթար իր ծառայութիւնը ընելու։
s-57 Շատ մը ծանօթ Հայ երիտասարդներ հաւաքուած էին հոն։
s-58 Տեսարանը աւելի զուարթ էր քան տխուր։
s-59 Ընդհանուր իրարանցումը, կերակրեղէն ծախողներու երթեւեկը եւ պոռչտուքը, նոյնպէս կարգ մը զինուորական պիտոյքներ ծախողներուն բազմութիւնը տեսակ մը տօնավաճառի երեւոյթը տուած էին ընդարձակ դաշտավայրին։
s-60 Ծանօթներ իրարու քով կու գային զուարթ դէմքերով։
s-61 Վա՜յ , դո՞ւն ալ հոս ես...
s-62 Հարկաւ, երեսուննոցներուն մէջ եմ։
s-63 Այս կռնակի մախաղդ քանիի՞ առիր։
s-64 Քսանըհինգ ղրուշի։
s-65 Խաբուեր ես, ես 18 ղրուշի առի եւ աւելի մեծ է։
s-66 Ո՞ւր պիտի տանին մեզի։
s-67 Չեմ գիտեր։
s-68 Ու այսպէս, ուրախ, անտարբեր, խօսակցութիւնը կը շարունակուէր։
s-69 Անդին աւելի տարէցներ կ՚երեւային որոնք ո եւ է բեռ չունէին հետերնին։
s-70 Աս ի՞նչ է, դուն հետդ բան չես առեր։
s-71 Ես քառասուննոցներուն մէջն եմ։
s-72 Ուրեմն ինչո՞ւ եկեր ես։
s-73 Բարեկամներ տեսնելու։
s-74 Քու կարգդ ալ կու գայ քանի մը օրէն։
s-75 Տավուլին կը սպասեմ կոր որդիս առնել գալու համար։
s-76 Մինակ ես չեմ ա՛ , հարուստ, աղքատ ամէնքն ալ հոս են։
s-77 Անշուշտ այդ բազմութեան մէջ տխուրներ, մտածկոտներ ալ կը գտնուէին, երիտասարդներ, որոնք իրենց սիրելիներուն վրայ կը մտածէին որոնցմէ հազիւ կէս ժամ առաջ բաժնուած էին արցունքոտ աչքերով։
s-78 Բայց շուրջերնին տիրող իրարանցումն ու ոգեւորութիւնը իրենց վրայ ալ կ՚ազդէ եւ ի վերջոյ իրենք ալ կը խառնուին ընդհանուր խօսակցութեան։
s-79 Զինուորագրութիւնը այդ միջոցին հեշտ կ՚երեւար, որովհետեւ, ինչպէս ըսի, ամէնուն համոզումը այն էր որ պատերազմը շատ կարճ պիտի տեւէր, ասկէ զատ Թուրքիա դեռ մասնակից չէր ընդհանուր կռիւին եւ չէր կարծուեր թէ իթթիհատականները յիմարութիւնը ա՛յնքան առաջ պիտի տանէին որ Պալքանեան պատերազմին ձախողանքէն հազիւ պրծած նոր արկածախնդրութեան մը մէջ նետուէին։
s-80 Զինուորական ծառայութեան գացողները կ՚ենթադրէին թէ քանի մը ամիս մարզանք ընելէ ետքը պիտի վերադառնային իրենց տեղը։
s-81 Ասոր համար շատեր որոնք պէտէլ վճարելու կարող էին, նախընտրեցին զինուորական ծառայութիւնը։
s-82 Յիսուն ոսկին ես չե՞մ կրնար կոր ուտել, մտածելով։
s-83 Կառավարութիւնն ալ պաշտօնապէս յայտարարած էր իր չէզոքութիւնը, իսկ գալով զօրահանութեան, ըսած էր թէ այդ որոշումը դրապէս կարենալ գործադրելու համար էր որ մասնակի զօրակոչ կ՚ընէր։
s-84 Նոյն միջոցներուն էր, երբ օր մը, փողոցին մէջ, հանդիպեցայ թղթատարական նախարար Ոսկան էֆէնտիի։
s-85 Բնականաբար մեր խօսակցութիւնը դարձաւ օրուան հրատապ դէպքերուն շուրջը։
s-86 Ոսկան էֆէնտին շատ յոռետես գտայ։
s-87 Այս մարդիկը Գերմանիոյ պիտի միանան ու պիտի պատերազմին, ըսաւ։
s-88 Բայց կատարեալ յիմարութիւն է ատիկա, դիտել տուի։
s-89 Յիմարութիւն կամ ո՛չ , իրողութիւնը այս է։
s-90 Եւ արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։
s-91 Իրենց համար շատ գէշ, որովհետեւ կասկած չի կայ թէ ի վերջոյ Գերմանիա պիտի յաղթուի։
s-92 Արդարեւ, ինչպէս ամէն Հայ, Ոսկան էֆէնտի ալ նոյն համոզումը ունէր։
s-93 Միայն թէ, աւելցուց, մեզի համար շատ վտանգաւոր շրջան մը պիտի անցընենք։
s-94 Իցիւ թէ գործը երկար չտեւէր։
s-95 Կառավարութիւնը, իբրեւ թէ իր չէզոքութիւնը շեշտելու համար, հետզհետէ միջոցներ ձեռք կ՚առնէր։
s-96 Այսպէս պատերազմէն քիչ յետոյ նեղուցները փակուեցան։
s-97 Զինուորական իշխանութեան հրամանով որոշուեցաւ գիշերուան ժամը 10էն գոցել բոլոր սրճարանները, թէյարանները, գարեջրատունները եւ այդ կարգի զբօսատեղիները։
s-98 Թերթերու գրաքննութիւնը հաստատուեցաւ։
s-99 Որոշապէս թուականը չեմ յիշեր, բայց նոյն միջոցներուն էր երբ օր մը լուր բերին ինծի թէ՝ ֆրանսական դեսպանատունը գտնուող Հայ մը կ՚ուզէր անպատճառ զիս տեսնել։
s-100 Հետաքրքիր՝ դիմեցի դեսպանատուն եւ յանկարծ դէմս գտայ Թորգոմը, Բիէռ Լօթիի հետ մենամարտելու գացող պուլկարահայ սպան, որուն պատկերը հրատարակած ու գովեստը ըրած ըլլալնուս համար «Ժամանակ» շաբաթ մը դադարման դատապարտուած էր ու պատասխանատու խմբագիրը, Հրանդ Սամուէլ, մազ մնացած էր որ Սինոպ աքսորուէր, եթէ Զաւէն պատրիարք չմիջամտէր։

Text viewDownload CoNNL-U