s-1
| ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՎԵՐԱԾՆՈՒԹԻՒՆԸ. Պատասխան Իշխան Սապահէտտինի |
s-2
| Ա. |
s-3
| Իշխան Սապահէտտինը՝ իբրեւ պետ «Երիտասարդ Թուրքիա» կոչուած հէքիաթունակ մարմինի մը՝ ահա նորէն կը հազայ, քանի որ Հայկական խնդիրը նորէն մէջտեղ դրուած է ու եւրոպական միջամտութեան մը վրայ կը խօսուի։ |
s-4
| Իր կրկնած եղանակը բաւական հին է, որովհետեւ Ահմէտ Րիզան Փարիզի պուլվառներու վրայ սօլօ երգած է այդ շարգին երկար տարիներէ ի վեր։ |
s-5
| Հիմա կարգը Սապահէտտինի եկած է, որ իբրեւ ճշմարիտ Օսմանցի հայրենասէր՝ ինք ալ փորձէ քանի մը քար նետելու հայանպաստ շարժումի մը հետեւելիք ճամբուն վրայ։ |
s-6
| Հայկական բարենորոգումներ ու հարցը խեղդել՝ ընդհանուր Թուրքիոյ Բարեկարգութեան առաջարկով մը, ինչպէս ըսինք, մաքիավէլական մեթոտ մըն է, Եըլտըզի կողմնակի տաղաւարներէն մոլորած կարգ մը թուրք պէկերու եւ էֆէնտիներու նենգ դիւանագիտութիւնը՝ որուն կը ձգտին դիմակաւոր ասպետութեամբ մը։ |
s-7
| Բայց Իշխանը շատ շուտ կը մոռնայ իր դիւրին նամակագրութեանց շարքին մէջ նախապէս յայտնած մտքերն ու քարոզած վարդապետութիւնը։ |
s-8
| Ասկէ մէկ երկու ամիս առաջ Հայերուն ուղղած իր մէկ նամակին մէջ կը մեղադրէր մեզ որ մեր շարժումներով, մեր դիմումներով օտարին միջամտութիւնը կը հարկադրենք Թուրքիոյ գործերուն համար։ |
s-9
| Այս անգամ ինք եւս համակերպած կը թուի այդ գաղափարին՝ պայմանով որ Եւրոպացիք ստիպեն Թուրքիոյ, բարենորոգումները իր ձեռքով ընելու։ |
s-10
| Ահա ճամբան՝ ուրկէ զուգահեռաբար Հայերը կը բաժնուին Իշխանէն ու իրեններէն։ |
s-11
| Հայերը՝ ազատ ըլլալով կանխակալ կարծիքներէ եւ մութ հաշիւներէ, Հայերը՝ կրելով պատմական փորձառութիւններու դառն վէրքը իրենց սրտին վրայ, մանաւանդ խորապէս ճանչցած ըլլալով Թուրքիոյ ընկերական ու վարչական բոլոր բարոյական արժէքը՝ համոզուած են թէ առանց ՕՏԱՐԻՆ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԵԱՆ, առանց ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՔՕՆԹՐՕԼԻ ՄԸ հսկողութեան՝ Թուրքիան ոչ միայն չպիտի ուզէ, այլ կարող չէ արմատական, արդար ու խելացի բարեկարգութեամբ մը օժտել երկիրը։ |
s-12
| Կարող չէ, որովհետեւ անցեալին ու ներկային ծանր փաստերը չեն հպատակիր լաւատես հաւաստումներու։ |
s-13
| Յունաստանը, Սերպիան, Գարատաղը, Պուլկարիան, Հէրսէկ-Պօսնիան, Կրէտէն բաժնուեցան Թուրքիայէն, որովհետեւ չի կրցան բարեկարգուիլ թուրքերու ձեռքով. ո՞վ կը բռնէր սուլթաններու, պայազատներու, փաշաներու եւ պէկերու թեւը՝ որպէսզի գոհացում տային այդ հարստահարուած եւ բողոքող ցեղերուն, ու եթէ փորձառութիւնն էր պակսածը, ինչո՞ւ գոնէ մէկուն, երկուքին, երեքին օրինակը վարչական իմաստութիւն եւ արդարամտութիւն չի ներշնչեց իրենց որ կամաց կամաց ուղղութեան ճամբուն մէջ մտնեն։ |
s-14
| Թուրքիան չուզեց, չի կրցաւ, ուստի եղաւ այն՝ ինչ որ անխուսափելի էր. ինչ որ ազգերու իրաւունքը կը պահանջէր։ |
s-15
| Եւ այսօր, շնորհիւ այդ երբեմնի րայա բայց այսօր ազատ փոքր Ազգերուն քաղաքական եւ բարոյական յառաջդիմութեանը, արդարակորով վարչութեանը, նոյնիսկ թուրքերը շատ աւելի ազատ ու երջանիկ կը զգան իրենք զիրենք, շատ աւելի տնտեսական, մտաւորական առաւելութիւններ կը վայելեն Թուրքիոյ լուծէն ազատուած այդ ազգերուն հովանաւորութեանը տակ՝ քան ինչ որ չպիտի վայելէին, եթէ ժամանակին գաղթած ըլլային դէպի Թուրքիա։ |
s-16
| Իրենց մամուլը անկաշկանդ է, ունին խօսելու, գրելու, ընկերակցութեան ազատութիւն, ոչ ոք կը դպչի իրենց վարժարաններուն, ոչ ոք կը բռնաբարէ իրենց իրաւունքները եւ կը որմափակէ զարգացման ճամբան։ |
s-17
| Բաղդատեցէք այս ազատագրուած երկիրները եւ անոնց մէջ ապրող ժողովուրդներուն այն անհուն փոփոխութիւնը՝ Թուրքիոյ հետ եւ թուրք բռնաւոր ու ապականած րէժիմին տակ ապրող ժողովուրդներուն հետ. ի՞նչ պիտի շահէր մարդկութիւնը՝ եթէ այդ ազգերը շարունակէին տառապիլ մինչեւ հիմա եւ անարգուիլ. ի՞նչ պիտի շահէր Թուրքիան՝ ինք եւս. քանի մը միլիոն զոհ աւելի պիտի ունենար, այնպէս չէ՞ ։ |
s-18
| Թող մտածէ Իշխան Սապահէտտինը, կ՚աղաչենք, Պուլկարիոյ մէջ գնչուներն անգամ – չինկեանէները – ընկերական ու քաղաքական որոշ իրաւունքներու տէր դառնալ կը սկսին, իբրեւ ցեղ կամ ժողովուրդ կը նուիրագործուին, մինչդեռ Հայը իր պատմական հայրենիքին մէջ, դարաւոր քաղաքակրթութեան մը բոլոր ազնիւ վկայութեամբը, ամբողջ աշխարհքէն իբրեւ Թուրքիոյ ամէնէն աւելի արդիւնագործող, յառաջդիմասէր ու ընդունակ ճանչցուած ժողովուրդը՝ ամէնավայրագ եղանակներով ու անլուր բռնութեանց կ՚ոգեւարի, կը սպառի՜ , կը հատնի՜ ։ |
s-19
| Բայց հոս չէ խնդիրը, Սապահէտտին կարելի չէ որ անգիտանայ այս բոլորը, կարելի չէ նմանապէս որ յուսահատած ալ չըլլայ Թուրքիոյ ինքնակամ բարեկարգութեան գաղափարէն. սակայն նորէն յայտնի հակասութիւն աչք առնելով՝ կ՚աշխատի արգելք ըլլալ հայերուն ի նպաստ դուրսէն գալիք արտաքին աջակցութեան մը։ |
s-20
| Իշխան Սապահէտտին յուսահատած է, ըսինք, թուրքին ձեռքով ինքնակամ բարեկարգութեան մը գաղափարէն. այո՛ , որովհետեւ, տրուած ըլլալով Իշխանին շօվինիզմը, ժէօն թիւրքերու փրկարար գործունէութեան եւ ընկերական Թուրքիոյ մասին անդադար իր տարփողած լաւատես քարոզութիւնները՝ ինք բաղձանք չպիտի յայտնէր իր կողմէն, որպէսզի Եւրոպացիք ստիպեն թուրքերուն՝ բարեկարգելու իր երկիրը։ |
s-21
| Ասի անհերքելի փաստ մըն է թէ Թուրքիան պէտք ունի օտար ձեռքին, օտար ուժին։ |
s-22
| Մենք համաձայն ենք իր հետ։ |
s-23
| Երբ իբրեւ սկզբունք անգամ մը ընդունած ենք այս գաղափարը, մնացածին համար կտոր մը առաքինութիւն ու քչիկ մըն ալ անկեղծութիւն բաւական պիտի ըլլան խոստովանելու իր կողմէն ալ թէ՝ այդ օտար ձեռքը, օտար ուժը մնայուն պէտք է ըլլան եւ գործօն դեր ստանձնեն Թուրքիոյ մէջ՝ փափաքելի արդիւնքը յառաջ բերելու համար։ |
s-24
| Մեղքը իրենը չէ հարկաւ որ իր կառավարութիւնը ոճրագործներու ընկերութիւն մըն է, որ իր արքայական գերդաստանը աշխարհին տուած է Համիտի պէս արիւնածարաւ հրէշներ ու զզուելի փատիշահներ, մեղքը իրենը չէ հարկաւ որ թաթար ցեղը ազգերու գիրտն է եւ ստեղծուած է գայլի ախորժակով եւ բորենիի բնազդներով. բայց, մեղքը մերն ալ չէ եթէ կը բողոքենք ու մեր մարդկային իրաւունքներուն համար հատուցում եւ արդարութիւն կը պահանջենք։ |
s-25
| Վառնա, Թիւ 33, 1906, Փետրուար 11 |
s-26
| Բ. |
s-27
| Բայց, հետեւինք Իշխանին այն առարկութիւններուն՝ որոնցմով կը ճգնի ապացուցանել թէ տաճիկներն ալ Թուրքիոյ մէջ հայերուն հետ հաւասարապէս կը հարստահարուին, կը կեղեքուին, մինչդեռ Եւրոպան միայն Հայերուն վիճակովը կը հետաքրքրուի եւ անոնց նկատմամբ միայն մարդասիրութիւն ցոյց կու տայ։ |
s-28
| Ինչպէս բացորոշ է, Իշխան Սապահէտտինի բոլոր թագուն դիտաւորութիւնն է՝ մէկ կողմէն կասկածի տակ ձգել եւրոպացիներու մարդասիրական զգացումները՝ միւս կողմէն ալ լռելեան հասկցնել որ Հայերը այդքան պոռալ կանչելու, աշխարհքս իրար խառնելու պէտք չունին, չէ՞ որ թուրքն ալ կը տառապի ու կը տանջուի իրենց հետ. հետեւաբար, թրքական իշխանութեանց կողմէ հայահալած դիտումնաւոր ծրագիր մը չի կայ, պարզապէս վարչական յոռի սիսթեմի մը, դրութեան մը դէմ է որ պէտք է բողոքել։ |
s-29
| Ուստի կը պատասխանենք Իշխանին առարկութիւններուն։ |
s-30
| Հայերու մասին կը խորհուի, բայց թուրքերու մասին ոչ. – Այո՛ , Հայերու մասին կը խորհուի, բայց թուրքերու մասին ո՛չ , եւ ասիկա պարզապէս անոր համար որ՝ հայաջինջ, հայահալած աւանդական քաղաքականութեան մը կը հետեւի Թուրք դիւանագիտութիւնը, մինչդեռ իր իսլամ ժողովուրդին դէմ եղած վարմունքի կարծրութիւնները, խստութիւնները ժամանակաւոր հանգամանք ունին միայն։ |
s-31
| Եւ յետոյ, հայերն ու թուրքերը լացնող հարուածին մէջ անհուն տարբերութիւն մը կայ, ինչո՞ւ , կ՚անտեսուի ասիկա օսմանցի հայրենասէրներու կողմէն. Հայուն սրտին կը զարնեն դաշյունով, մինչդեռ թուրք գեղացիին կամ հասարակ խուժանին կռնակին կը դպչին ճիպոտով մը. Հայուն կը զարնէ քիւրտը, թուրք խուժանը, զափթիէն, զինուորը, փօլիսը, թուրք վարչական բոլոր մեքենան, Սուլթան Համիտը, բանտը, կախաղանը, մինչդեռ Սապահէտտինը իր կրօնակից գեղացիներուն լոկ տնտեսական տխուր կացութեանը, հայրենիքի պարտականութիւնը կատարող զինուորներուն մահուանը եւ այդ մահուանը հետեւանք եղող երկրագործ ժողովուրդին կորուստներուն համար կը գանգատի։ |
s-32
| Մինակ Թուրքիան չէ բացառութիւնը որ զինուոր կու տայ իր հայրենիքին եւ թուրք զինուորը չէ միայն որ կ՚երթայ կը մեռնի, իր օճախը դժբախտութեան եւ սուգի ենթարկելով. ի՛նչ ընենք, բոլոր ազգերու ճակատագիրն է ատիկա, հետեւաբար, ո՛չ մէկ կերպով կապ ունի հայուն կամ անոր ցաւերուն հետ։ |
s-33
| Հարկահաւաքը (թահսիլտար) եւ ձիաւոր ոստիկանը օր մը օրանց չեն երթար թուրք գեղացիի մը տունը ամիսներով նստիլ, բռնադատել այդ գեղացին որ իրենց ամէն օր հաւ եփէ, գառնուկի միս կերցնէ. չեն կրնար անոր կնկան, աղջկան պատիւին հետ խաղալ անպատիժ կերպով, մինչդեռ նոյն բանը չէ որ տեղի կ՚ունենայ հայ գեղացիներուն նկատմամբ։ |
s-34
| Ասոնք ամէնը գիտնալու համար՝ Իշխան Սապահէտտին Վոսփորեան խրախճալից ափերէն, ճոխ ապարանքներէն բոլորովին տարբեր միջավայրի մը, շատ հեռու՝ երկրին մէջ պէտք է ապրած եւ աչքով տեսած ըլլար հայերուն կրած կոյր եւ հեթանոս հալածանքը. եւ սակայն Իշխանը չի ճանչնար այն երկիրը ու այն խնդիրները՝ որոնց դատաստանն ընելու փորձը կ՚ընէ։ |
s-35
| Թուրքիոյ մէջ մտաւորականը կը հալածուի. – Ճիշտ է, կը հալածուի, սակայն ցաւալին այն է որ այդ հալածողներուն մէջ – անշուշտ ամէնքն ալ թուրք – նորէն մտաւորականներ ալ պակաս չեն։ |
s-36
| Թուրք մտաւորականներու հալածանքի նկարագրութեանը մէջ Իշխանը կը գործածէ դիւցազներգական, ողբերգական վսեմ ոճ մը, տեսակ մը ռոմանթիք քնարերգութիւն, որուն համար անկեղծօրէն կը շնորհաւորենք զինք։ |
s-37
| Սակայն, երբ իրողութիւններուն վրայէն իստկենք բանաստեղծական աւելորդ կեղեւները՝ կը գտնենք պարզապէս որ Պօլիսէն կարգ մը թուրքեր կ՚աքսորուին դէպի գաւառները, որոնց մեծամասնութիւնը մտաւորական չէ – ինչպէս կը սիրէ հաւաստել Իշխանը – եւ որոնք ամէնքն ալ կա՛մ լիաթոշակ պաշտօն մը առած եկեր են տեղաւորուիլ Անատոլիի աս ու ան պաշտօնատան մէջ, կամ բոլորովին անգործ՝ որոշ ԱՄՍԱԿԱՆ մը ունին եւ հանգստաւէտ կեանքի մը բոլոր առաւելութիւններովը հաճոյքներ կը հալածեն։ |
s-38
| Փառք Աստծու, շա՜տ տեսանք այդ հերոսներէն։ |
s-39
| Ինչպէս ուրիշ առիթով ալ այս էջերուն մէջ անդրադարձած ենք թուրք ազատականներու եւ աքսորականներու մասին, աւելորդ չըլլայ գուցէ հեղ մըն ալ կրկնել թէ՝ անոնք ազատութեան, գաղափարի զոհեր չեն մեծամասնութեամբ. կամարիլային՝ ոստիկանական ու լրտեսական չեմ գիտեր ի՜նչ աղտոտ ու խաւար էնթիկներու անձնական կիրքերու, վրիժառութեանց ու նոյնիսկ սիրային խնդիրներու դաւադրական արդիւնքներն են։ |
s-40
| Ահա այդ զոհերուն իրաւցնէ տխուր պատկերը՝ որ Սապահէտտինի փաթէթիք ու գունագեղ գրչին տակ իտէականացած է. ըսենք բոլոր ճշմարտութիւնը, աքսորականի այս հերոսական անունով Պօլիսէն եկած շատ մը անձնազոհ մտաւորականներ ալ... արուեստագէտ լրտեսներ են։ |
s-41
| Իսկ թէ «այսօր ամբողջ երկրին մէջ մտաւոր զօրեղ բրօպականտ մը կայ բռնապետութիւնը տապալելու ի նպաստ», հաստատութիւն մըն է, որ ապացուցութեան կը կարօտի։ |
s-42
| Ո՛չ , բռնապետութիւն մը, յոռի վարչութիւն մը, ընկերական անշարժ, քարացած կազմակերպութիւն մը, փաշաներու, հրամանատարներու պորտաբոյծ ու շուայտ լէգէոն մը, անասնամիտ ու զարհուրելի բնազդներով տոգորուած քուրդ ու թուրք զինուորներու բանակը՝ քանի մը աքսորականներու աննպատակ ու գինովի լորձունքովը թրջած հայհոյութիւններովը չի յեղաշրջուիր, որովհետեւ հայհոյութիւնն է միակ պրոպականտան՝ Իշխանին այդ սիրելի աքսորականներուն մինչեւ հիմա գործադրած միջոցը։ |
s-43
| Ո՞ր թուրք յեղափոխականն էր որ ներքին ապստամբութեան ծրագիր մը պատրաստեց. ժողովուրդին ծոցին մէջ կազմակերպութիւն մը յառաջացուց, ամբոխին հոգին ցնցեց։ |
s-44
| Միթէ թուրք ընկերութիւնը պատրա՞ստ է ազատագրութեան, գիտակի՞ց է նա իրաւունքներուն։ |
s-45
| Պատրաստ եւ գիտակից չըլլալուն զօրաւոր ապացոյցը այն է որ՝ Սապահէտտին ինք ալ չի մերժեր դուրսէն գալիք բարենորոգիչ Ձեռքը։ |
s-46
| Բայց, Եւրոպան ո՛չ մէկ յանձնառութիւն ունի՝ թուրք ժողովուրդին ընկերական վիճակովը հետաքրքրուելու եւ զայն փոխելու։ |
s-47
| Հայը՝ իբրեւ իրաւազուրկ, անգթօրէն շահագործուած ցեղ մը՝ ուրիշ ցեղերէ, եւ քաղաքակրթութեան ծառայած ու ծառայող ազգ, Հայը՝ ենթակայ բնաջնջումի, համայնատարած ջարդերու, բռնաբարումի՝ իր գոյութեան, իր մարդկային իրաւունքներու երաշխաւորութիւնը պահանջած է Տէրութիւններէն, որ ճանչցած են անոր արդարութիւնը։ |
s-48
| Հայը՝ կը դիմէ Եւրոպայի, վստահ ըլլալով թէ օտար միջամտութեան մը շնորհիւ է միայն որ կարելի պիտի ըլլայ իրաւունքն ու Արդարութիւնը իշխել տալ Հայաստանի մէջ, եւ այդ Արդարութեան ու Իրաւունքի Նոր շրջանը նոյնքան բարերար եւ արդիւնաւոր պիտի ըլլայ նաեւ իր դրացի թուրքին ու քիւրտին համար ալ։ |
s-49
| Հայը այսպէս կը մտածէ, այսպէս մտածել ստիպուած է՝ որովհետեւ իր աչքին առջեւ դրուած է Թուրքիոյ պատմութիւնը եւ Թուրքիոյ ընկերական ու մտաւոր ներկայ վիճակը։ |
s-50
| Եւ այդ վիճակը հեռու է մեզ յուսադրելէ։ |
s-51
| Վառնա, Թիւ 34, 1906, Փետրուար 15 |
s-52
| Գ. |
s-53
| ՀԱՅ ԵՒ ԹՈՒՐՔ ՆՈՅՆ ՇԱՀԵՐԸ ՈՒՆԻՆ. – Ահա սխալ հաստատում մը՝ որ ոսկեզօծելով կամ ներկելով՝ Իշխանը կ՚ուզէ Թուրքիոյ ժողովուրդներուն տնտեսական ու ընկերական պայմաններուն ներքնապէս ծանօթ չեղողներուն իբրեւ ճշմարտութիւն հաւտացնել տալ։ |
s-54
| Ո՛չ , հայ եւ թուրք նոյն շահերը չունին։ |
s-55
| Ինչպէս ինքն ալ կը խոստովանի՝ միւսիւլման կամ ոչ-միւսիւլման Քիւրտերը ամէնքն ալ կ՚ապրին աւազակութեամբ, կողոպուտով եւ սպաննութեամբ. բնականաբար անոնք պիտի կեղեքեն այն ժողովուրդը՝ որ աւելի անպաշտպան, աւելի խաղաղասէր է ու աշխատութեամբ պարապած, այսինքն Հայը։ |
s-56
| Ասկէ զատ կրօնքի տարբերութիւնը, քրիստոնեայի եւ միւսիւլմանի խտրականութիւնը ամէնավայրագ մոլեռանդութեանց կը մղէ այդ կիսաբարբարոս եւ տգէտ ցեղը, որ առանց անոր ալ, կը կրէ հակամարդկային անգութ բնազդներ։ |
s-57
| Հայուն եւ քիւրտին շահերը երբէք կարող չեն համերաշխիլ, մինչեւ որ քիւրտերուն ընկերական կեանքը խորապէս չի յեղաշրջուի, չի բարեշրջուի. եւ ասոր համար ալ երկար տարիներ, ինչպէս նաեւ անաչառ, խիստ բայց քաղաքակրթիչ վարչութիւն մը հարկաւոր է. եւ այդ վարչութեան յոյսը անկարելի է Թուրքիոյ վրայ դնել։ |
s-58
| Թուրքիան իրեն համար դիւանագիտութիւն մը նկատած է միշտ քիւրտ ցեղը դիտմամբ այդպէս բարբարոս, մարդախոշոշ ցանկութիւններով պահպանել, որպէսզի զանոնք գրգռէ երկրին ոչ-միւսիւլման հպատակ ժողովուրդներուն, մասնաւորապէս հայերուն դէմ։ |
s-59
| Թրքական այդ դիւանագիտութեան նպատակն այն է որ՝ քիւրտերը միշտ հարստահարեն, նեղեն, սանձահարեն Հայերուն խաղաղ յարաջդիմութիւնը եւ չը թողուն որ քրիստոնեաները կամ որ նոյնն է՝ Հայերը՝ կարող ըլլան երկրին մէջ տնտեսապէս ու բարոյապէս առաւելակշիռ դիրքի մը հասնելու։ |
s-60
| Ի՞նչ էր պատճառը՝ որ Համիտիյէ կեղծ ու շնական անունը իբրեւ զինուորական պիտակ փակցնելով՝ այդ աւազակաբարոյ մարդոց ձեռքը զէնք տուին եւ անոնց անձը՝ զինուոր հռչակելով՝ անձեռնմխելի դարձուցին. հարստահարութեան ու զանգուածային ջարդերու կազմակերպութիւն մը չէ՞ր եղածը, կամ բաց արտօնագիր մը չէ՞ր որ անոնց կը տրուէր՝ իրենց ուզած կերպովը վարուելու խեղճ հայ գիւղացիներուն ու վերջապէս հանդիպած ամէն հայուն դէմ։ |
s-61
| Նոյնքան հակամարտ են նաեւ հայուն ու թուրքին շահերն ալ. այսօր տակաւին Հայաստանի շատ մը գաւառներուն մէջ թուրքերը աւատատէրեր են, այսինքն ընդարձակ հողեր կը պատկանին թուրք պէկերու, աղաներու, որոնց սահմաններուն մէջ ապրող հայ գիւղական բնակիչները սեփականատիրութեան ամէն իրաւունքէ զրկուած են. այդ հայ գիւղացիները հողը կը վարեն, կը ցանեն, կ՚աշխատին, կը չարչարուին՝ բայց իրենց ձեռք բերած արդիւնքին կէսէն աւելին աղան կը յափշտակէ. արտը կամ հողը՝ երբէք Հայուն չպիտի կրնայ պատկանիլ օր մը, նոյնիսկ հայ գեղջուկին բնակած տունը իրենը չէ, բացի ատաղձէն։ |
s-62
| Քաղաքաբնակ հայ եւ թուրք բնակչութեանց մէջ ալ ընկերական վիճակի նոյն հակամարտ շահերը։ |
s-63
| Նկատողութեան առէք Հայաստանի ո՛ եւ է մէկ կարեւոր քաղաքին բնակչութեան դիրքը, զբաղումը եւ ձգտումները, ու դուք կը տեսնէք թէ մեծ անդունդ մը կը բաժնէ հայերը՝ թուրքերէն։ |
s-64
| Առեւտուրը, վաճառականութիւնը կեդրոնացած է հայերուն ափին մէջ, աշխատութիւնը՝ Հայը ինքն իսկ է. մինչդեռ թուրքը՝ ծոյլ, առեւտուրի, արհեստի բացարձակապէս անընդունակ՝ բան մը չի տար երկրին կենսագործութեանը, այլ միշտ կը վայելէ։ |
s-65
| Քաղաքաբնակ թուրքերուն մէկ մասը՝ զինուոր է, մաս մը կառավարական պաշտօնեայ, ջնջին փոքրամասնութիւն մը՝ խիստ նախնական արհեստներով զբաղուած ու մարդ չի գիտեր թէ դեռ անդին մնացած խոշոր մեծամասնութիւն մը ինչո՞վ կը շահի ու ինչո՞վ կ՚ապրի։ |
s-66
| Ու եթէ մարդ չի գիտեր կ՚ըսենք, բացատրութիւն մըն է որ կը գործածենք. թէ՛ պաշտօնեայ, թէ անգործ մասերը՝ ամէնքն ալ կողմնակի մութ միջոցներ գտած են կեղեքելու, հարստահարելու հայը եւ այդ վաստակով պահելու իրենց գոյութիւնը։ |
s-67
| Առանց օտար վարչութեան մը ուղղակի հսկողութեանը՝ անկարելի է որ խաղաղօրէն, հանգստութեամբ ու տեւականապէս կարող ըլլայ Հայը տիրանալու այն տեսակ ընկերային ու վարչական դիրքերու, որոնք իր իրաւունքն են բայց զլացուած մինչեւ հիմա։ |
s-68
| Իրողութիւնները մէջտեղն են. ի՞նչ եղաւ արդիւնքը այն իբր թէ բարենորոգութիւններուն, որոնք մեծ ջարդերէն ետք իրագործել կեղծեց Թուրքիան՝ Հայաստանի վեց նահանգներուն մէջ։ |
s-69
| Մենք կը հաւատանք որ եթէ այդ բարենորոգչական փորձերուն բուն շարժառիթը լոկ ձեռնածուղակ խաբէութիւն մըն էր, միւս կողմէն՝ թուրք եւ հայ ժողովուրդին շահերու հակամարտութիւնն իսկ մեծ պատճառ մը եղաւ որ անոնք փոխանակ օգուտ բերելու, բացարձակապէս զրկանքներու նոր դուռ բանան հայութեան համար։ |
s-70
| Ո՛չ , թուրքերը պիտի չուզեն որ հայ ժողովուրդը ընկերական, դատաստանական ու վարչային հաւասարակշիռ դիրք մը վայելէ երկրին մէջ, որովհետեւ իրենց շահերը այդպէս չեն պահանջեր. հետեւաբար մենք Թուրքիոյ խոստումներուն վրայ հաւատք չենք կրնար դնել։ |
s-71
| Իսկ Սուլթանէն կամ Սուլթաններէ բարեկարգութիւն սպասելը՝ առնուազն անխելքութիւն կը սեպենք ինքզինք ազատական թուրք հռչակողի մը համար, հոգ չէ թէ այդ թուրքը Սապահէտտինի պէս իշխանազուն մը ըլլայ։ |
s-72
| Գալով այն սպառնալիքներուն որ Իշխան Սապահէտտին կը թոթովէ Եւրոպայի, համիսլամութեան խրտուիլակը տնկցնելով Արեւմուտք ի առջեւ, մեր գիտնալիք բանը չէ. թող հաշիւի առնեն անո՛նք ՝ որոնց կ՚ուղղէ. ուստի, առայժմ, մենք միշտ վստահ քաղաքակիրթ ազգերու բարոյական ուժին, կը խնդրենք որ Իշխանը չի ցաւի այն դառն ճշմարտութիւններուն համար, որոնք ստիպուեցանք արձանագրել հոս։ |