Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain
AnnotationYavrumyan, Marat M.

Select a sentence

s-1 Յաճախ կը փորձուինք հարցնել. - Վարդապետը այս փառքին պիտի հասնէ՞ր եւ իր մշակած կամ յօրինած երգերը այսքան պիտի ծաւալէի՞ն , եթէ դուրս ելած չըլլար Էջմիածնի վանքէն։
s-2 Մանաւանդ, եթէ Պոլիս հանդիպած չըլլար...
s-3 Իր արուեստագէտի բնազդը այլեւս չէր կրնար հանդուրժել վանական սահմանափակ մթնոլորտին։
s-4 Միւս կողմէ, իր շփումը՝ ժողովուրդին հետ, թեւ կու տար իր երեւակայութեան եւ աշխատանքին։
s-5 Նեղ էր հորիզոնը՝ վանքէն Եւրոպա, ուր աննշան համրանքներ միայն ունէինք այն ատեն։
s-6 Գարուն մը կը բացուէր, խանդավառութեան աղբիւրները կը հոսէին, փոխադարձաբար, երբ ծփուն եւ ծարաւի բազմութիւն մը կը խլրտէր իր շուրջը։
s-7 Փրկարար եղաւ այդ առաջին հանդիպումը, Պոլսոյ մէջ։
s-8 Կոմիտաս իր դիմացը կը գտնէր ժողովուրդ մը, որ թմրութեան դատապարտուած էր, արիւնազանգ բռնակալութեան մը թաթին տակ։
s-9 Այդ ժողովուրդը իրաւունք չունէր հրապարակաւ երգելու կամ լսելու ազգային, մինչեւ անգամ ժողովրդական եղանակներ։
s-10 «Շարգի»ն կը տիրապետէր։
s-11 Իբրեւ հայկական երգ՝ մարդիկ ստիպուած էին գոհանալ շարականներով, կամ դպրոցէն աւանդուած տժգոյն եղանակներով։
s-12 Ամէն ինչ այնպէս դասաւորուած էր որ հարազատ ոգին ոչ թէ կը զարգանար, այլ կը խեղդուէր, այլուր փոխադրուելով։
s-13 Բառին բուն իմաստով յեղաշրջում տեղի ունեցաւ, երբ Վարդապետին կազմած խումբը առաջին երգահանդէսը կու տար Բերայի մէջ (1910)։
s-14 «Էն ի՜նչ շունչ էր...», պիտի ըսէր Խ. Աբովեան։
s-15 Հայաստանի գարունը Պոլիս արշաւած էր իր բազմերանգ ծաղիկներով։
s-16 Ցնծութեան կանչերով։
s-17 Արօրներով ու օրօրներով։
s-18 Շողերով ու ցօղերով։
s-19 Սոնա «եար»երով ու պարերով։
s-20 Այլեւ տքնաջան աշխատութեամբ։
s-21 Վարուցանով եւ հունձքով։
s-22 Մամիկներու օրհնութեամբ եւ մանուկներու կենսուրախ ճիչերով։
s-23 Սիրտերը զուարթացան։
s-24 Միտքերը թարմացան։
s-25 Աչքերը սկսան շողալ։
s-26 Ճշմարիտ առաքեալ, Կոմիտաս նոր հորիզոն կը բանար, ոգի ներշնչելով ճիտըծուռ ժողովուրդի մը։
s-27 Զայն կ՚առաջնորդէր դէպի գիտակցութիւն։
s-28 «Դէպի աղբիւրը լոյսին»։
s-29 Այնուհետեւ երգահանդէսները կրկնուեցան թաղէ թաղ։
s-30 Նոր երգերը շրջան կ՚ընէին բերնէ բերան, հանդիսաւոր առիթներու մէջ, կամ տունէ տուն։
s-31 Վարդապետը տաղանդաւոր աշակերտներ ալ ունեցաւ։
s-32 Կազմուեցան այլազան երգչախումբեր։
s-33 Եւ երբ սեւ օրերը եկան ու զանգուածային արտագաղթ մը տեղի ունեցաւ, պատրաստ հերթափոխներ ունէինք, որոնք արտասահման փոխադրեցին թանկագին ժառանգութիւնը։
s-34 Անոնք ալ իրենց կարգին տքնեցան, գանձարանը նորոգելով, ճոխացնելով նոր ուժերու հետ։
s-35 Հայրենիքն ալ իր կարգին։
s-36 Եւ այսօր, կռունկները կը կանչեն ամէն տեղ.
s-37 Աշխարհն է արեգակ, սիրտս կարօտ է...
s-38 Որքա՜ն երկար տեւեց այդ կարօտը, - ծարաւ ազատութեան, հայրենիքի եւ յարատեւ խաղաղութեան։
s-39 Այն ալ՝ անճար ժողովուրդի մը համար որ ուրիշ բան չ՚ուզեր եթէ ոչ իր ազատ բոյնը՝ աշխարհի արեւուն տակ...

Text viewDownload CoNNL-U