Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain
AnnotationYavrumyan, Marat M.

Select a sentence

s-1 Տեղեկագրութիւն՝ դէպքի վայրէն
s-2 Լիբանանի մէջ տիրող ճգնաժամային եւ տագնապալի այս օրերուն, տեղի կ՚ունենան նաեւ օժանդակութեան տեսակաւոր նախաձեռնութիւններ, որոնք օգնութեան ձեռք կ՚երկարեն այս ժողովուրդին, եւ իւրաքանչիւր նախաձեռնութիւն ունի իրեն յատուկ նպատակ մը եւ օգտուող անհատներու շրջանակ մը:
s-3 Ասոնց մէջ, ամէնէն ուշագրաւներէն է «Souk El Balad» նախաձեռնութիւնը, որ կը կայանայ մայրաքաղաք Պէյրութի կեդրոնը, հովանաւորութեամբ ոչ-կառավարական (NGO) «ARDNA» կազմակերպութեան, գործակցութեամբ՝ Solidere-ի:
s-4 Ըստ Solidere-ի յայտարարութեան, իրենց հիմնական նպատակը եղած է վերակենդանացնել Պէյրութի շուկան եւ վերականգնել մայրաքաղաքին պատմական բնոյթը՝ յղանալով Բաց Շուկայ ունենալու նոր գաղափարը:
s-5 Այս շուկան կը հիւրընկալէ եւ համախմբէ տարբեր տեսակի արտադրողներ եւ արհեստաւորներ, ամէն Շաբաթ օր, առաւօտեան ժամը 8:00-էն կէսօրէ ետք 2:00, եւ կ՚ընդգրկէ երկրագործներ, պարտիզպաններ, խոհարարներ, արուեստագէտներ եւ գոհարավաճառներ, որոնք հոն կը ցուցադրեն եւ ծախեն իրենց բարձրորակ արտադրութիւնները՝ ոչ մէկ վճարում կատարելով:
s-6 Այս նախաձեռնութեան շատ լաւ կազմակերպուած եւ համադրուած ըլլալը, զայն կը դարձնէ աւելի գրաւիչ:
s-7 Վաճառողները եւ անոնց արտադրութիւնները բազմատեսակ են. գեղարուեստական պաստառներու եւ ձեռային աշխատանքներու կողքին, շատեր կը վաճառեն տնային պատրաստութեամբ հիւթեր կամ միջուկներ, անուշներ, իսկ անդին ուրիշներ կը ծախեն իրենց պտուղներն ու բանջարեղէնը, նաեւ պատրստած ճաշերը. շատ մեծ ընտրանի մը անկասկած:
s-8 Մասնակցելու պատճառը կը տարբերի անձէ-անձ:
s-9 Շատերու համար, ինչպէս է պարագան Պիպլոս Հապ-ի Ռուտի Մարունին, մասնակցիլ կը նշանակէ վերադարձ դէպի շուկայ.
s-10 «Խանութին տէրը, ճիշդ այս վայրին մէջ, միշտ տաք ուտելիք վաճառած է, ապա փոխադրուած՝ Ժըմմէյզէ, իսկ հիմա կը վերադառնանք նոյն շուկան՝ հրամցնելու երշիկներ, որոնք մեր պատրաստութիւնն են, ինչպէս մեր հրամցուցած բոլոր ուտելիքները՝ միշտ համեղ եւ առաւելագոյն թիւով մարդոց հասնելու նպատակով, եւ սպասարկելու այնպէս, ինչպէս ճիշդ ձեւն է, եւ ոչ թէ երբ ճաշ մը կ՚առաքուի խանութէն դուրս»:
s-11 Ատիպ Տորրային համար՝ Caffeine Beirut բաժինէն, հոս ըլլալ կը նշանակէ մաս կազմել քու միջավայրիդ եւ գործունեայ դառնալ, ան կ՚աւելցնէ.
s-12 «Մենք մնայուն ներկայութիւն ենք նման նախաձեռնութիւններու մէջ, յատկապէս ինչ կը վերաբերի համայնքային շուկաներուն:
s-13 Մենք կ՚ուզենք մաս կազմել եւ օգնել մեր անմիջական շրջապատին՝ միաժամանակ մասնակցելով նման նախաձեռնութիւններու, որոնք կը քաջալերեն եւ աշխատանքի մղիչ ուժ կը հանդիսանան, երբ մասնաւորաբար կը յայտնաբերեն ու առիթ կը ստեղծեն ցուցադրելու մեր արտադրութիւնը շուկային մէջ:
s-14 Մենք մեր վաճառատունը բացինք Դեկտեմբեր 2019-ին, երբ Covid-19 համաճարակի արգելափակումները մէկ կողմէ եւ հետագային Օգոստոս 4-ի Պէյրութի պայթումին պատճառած վնասները միւս կողմէ, ստիպեցին մեզ ամբողջութեամբ փակել վեց ամիս:
s-15 Սակայն նման նախաձեռնութիւնները եւ այդ առիթով մեր ունեցած վաճառքը, մեզի ոտքի կը պահեն ու կը շարունակենք գոյատեւել հակառակ ներկայ բոլոր դժուարութիւններուն»:
s-16 Իսկ ինչ կը վերաբերի Նուր Արիտիի՝ Camilla՚s Garden-էն, համայնքային նման շուկաներ կ՚աւելցնեն ծանօթացման առիթները մանաւանդ ընտանեկան կողմնակի փոքր նախաձեռնութեան մը համար, որ վերածուած էր ձեռնարկութեան.
s-17 «Այս գործը սկսայ մօրս՝ Camilla-ի հետ, 2017-ին, որովհետեւ մենք մեծ սէր կը տածենք բոյսերու եւ բնութեան հանդէպ, նաեւ՝ բոյսերու վաճառման փոքր խանութ մը ունինք:
s-18 Մասնագիտութեամբ Ճարտարապետ, սկսած էի քարէ յատուկ թաղարներ պատրաստել, իսկ մայրս կը պատրաստէ մորթի յատուկ բնական թոնըրներ, հիմնուած՝ եւրոպական փորձառութեան վրայ:
s-19 Մեր խանութէն ներս նաեւ սկսանք ցանել ու ծախել բոյսերու տեսակներ:
s-20 Նման նախաձեռնութիւններու սկսանք մասնակցիլ 2019-ի վերջերուն՝ այդ շրջանին, երբ իբրեւ պաշտօնեայ կորսնցուցի գործս՝ երկրին մէջ տիրող տնտեսական դժուար կացութեան պատճառով, որմէ առաջ այս բոյսերու աշխարհը սիրողական զբաղում էր միայն:
s-21 Պաշտօնս կորսնցնելէ ետք, բոյսերու վաճառքը դարձաւ ընտանեկան գործ եւ ապրուստի միակ միջոց:
s-22 Ես ստանձնեցի Camilla՚s Garden-ի ծանուցման եւ ժողովրդականացման աշխատանքները:
s-23 Այս տեսակի համայնական շուկայի նախաձեռնութիւնները մեզ կը խրախուսեն նիւթական եւ զգացական գետիններու վրայ, որովհետեւ մեր հոգեկանը կը բարձրանայ, երբ մենք կը տեսնենք յաճախորդներուն հետաքրքրութիւնը մեր արտադրանքին նկատմամբ, եւ մենք ալ մեր կարգին քաջալերուած եւ վերանորոգուած՝ կը դրսեւորենք մեր սէրը այս գործին հանդէպ», կ՚ըսէ ան:
s-24 Եւ ոմանց համար, նման ձեռնարկներ միջոց են օգնելու ուրիշներուն, ինչպէս է պարագան Ռաշէթ Խէյր բաժնով մասնակցողներուն:
s-25 «Մենք վերջերս Մար Մըխայէլի մէջ աշխատանոց մը ստեղծեցինք՝ օգնելու երիտասարդներուն. անոնք կրնան գալ մեր աշխատանոցը եւ աշխատիլ անվճար, որովհետեւ մենք կը տրամադրենք բոլոր նիւթերը, ինչպէս ներկ եւ ձեռային աշխատանքի պէտքեր:
s-26 Ոմանք կը գծեն, ուրիշեր կը զբաղին արուեստներով եւ ձեռագործներով, կամ նոյնիսկ կահկարասիներ կը պատրաստեն, ինչպէս կը նշմարէք:
s-27 Մենք նաեւ կը քաջալերենք նիւթերու վերանորոգ գործածութիւնը (upcycling-ը), բայց upcycling-ը, որ խորքին մէջ նպատակի կը ծառայէ:
s-28 Մենք մասնակցիլ փափաքողներուն որեւէ պայման չենք դներ. երբեմն կ՚ունենանք որոշակի թեմաներով միջոցառումներ, բայց մենք, բնականօրէն, չենք ուզեր որեւէ ձեւով սահմանափակել անոնց ստեղծագործականութիւնը, միեւնոյն ժամանակ, աշխատանքային որոշ համադրում մը մասնակիցներուն միջեւ, օգտակար կը նկատենք. համագործակցիլն ալ լաւ բան է:
s-29 Արտադրութեանց վաճառման պարագային, մենք կ՚առնենք եկամուտին մինչեւ 30%-ը՝ նիւթերուն եւ այլ ծախսեր հոգալու համար, բայց մնացեալ բաժինը կը ստանան իրենք՝ արուեստագէտները:
s-30 Մենք նաեւ կը փորձենք օգնել կիներուն՝ առիթ տալով անոնց ծախելու տնային պատրաստութեամբ ճաշեր, անուշեղէն եւ նոյնիսկ հիւսուած գործեր:
s-31 Այս մէկը կ՚ընենք մօտաւորապէս մէկ ու կէս տարիէ ի վեր, բայց Օգոստոս 4-ի պայթումէն ետք աւելի անհրաժեշտ էր մեր ներկայութիւնը ըլլալ կարիքաւոր ժողովուրդին հետ, եւ այդպէս ալ ըրինք:
s-32 Մեր աշխատանոցին մէջ աշխատողներուն հետ միասին մաքրեցինք ու աւլեցինք փողոցներ եւ վերանորոգեցինք տուներ:
s-33 Բաժնեցինք ուտեստեղէնի նպաստներ եւ փորձեցինք զօրավիգ կանգնիլ մեր երիտասարդներուն:
s-34 Փորձեցինք հասնիլ թէ՛ մեզի ծանօթ եւ թէ մեր աշխատակիցներուն ծանօթ անձերու:
s-35 Այս նպատակով ունեցանք էջ Instagram վրայ, որպէսզի հասնինք նաեւ համալսարաններու:
s-36 Ներկայիս, մեր հիմնական նպատակն է քաջալերել երիտասարդները եւ յայտնաբերել անոնց պահուած ձիրքերը, նաեւ ստեղծել արուեստի վրայ հիմնուած բուժման եղանակ մը (Therapy), որ անհրաժեշտ է Covid-19-ի եւ պայթումի հետեւանքները դարմանելու ճիգերուն զուգահեռ:
s-37 Կարկինը լայն բանալով, կ՚ուզենք ներառել երաժշտութիւնն ու խոհարարութիւնը, օրինակի համար:
s-38 Նաեւ հետամուտ ենք ստեղծելու ցուցասրահի նման վայրեր, ուր կրնանք ցուցադրել արուեստի այս աշխատանքները:
s-39 Այս ցուցահանդէսին նման համայնքային ձեռնարկներ որոշ չափով կ՚օգնեն, թերեւս ոչ այնքան վաճառքին, բայց կը մնան օգտակար»:
s-40 Ինչպէս կը տեսնենք, նպատակներն ու դրդապատճառները կը տարբերին ծախողներուն մօտ, բայց բոլորը համաձայն են մէկ կէտի շուրջ՝ բոլոր նպատակները կ՚իրագործուին այս ձեռնարկին ճամբով:
s-41 Անոնք, որոնք հետամուտ են ծախելու՝ կը յաջողին, իսկ անոնք, որոնք կ՚ուզեն նոր շուկաներ գտնել կամ իրենց արտադրութիւնը ծանօթացնել՝ նոյնպէս կը յաջողին:
s-42 Կը թուի, որ համայնքային այս շուկան կը ծառայէ իր նպատակին, սակայն արդեօ՞ք այս պէտք է ըլլայ նմանօրինակ նախաձեռնութիւններուն նպատակը. պարզապէս կապ մը կամ ճամբայ մը բանա՞լ աշխատանքի պայմաններ ստեղծելու համար մինչեւ Լիբանանի վիճակին բարելաւումը, եթէ անշուշտ օր մը բարելաւուի:
s-43 Նոյնիսկ եթէ աւելի մեծ նպատակներ ալ ճշդուին նմանօրինակ նախաձեռնութիւններու համար, շաբաթը միայն մէկ անգամ եւ այդ ալ միայն վեց ժամ դրութեամբ, կարելի պիտի ըլլա՞յ իրագործել զանոնք:
s-44 Souk el Balad շուկան, այս առանձին մեկուսի նախաձեռնութիւնը իր ամբողջ ներուժով, յաջողեցաւ լաւապէս ծառայել իր նպատակին:
s-45 Բայց այս բոլորը հոս կանգ չեն առներ, որովհետեւ ճշմարիտ դժբախտութիւնը կամ դժուարութիւնը այն է, որ միայն նմանօրինակ նախաձեռնութիւններ ու օժանդակութիւններ կը կատարուին այսպիսի վատթարացող ճգնաժամերու ընթացքին:
s-46 Միթէ այսքանը բաւարա՞ր է. վերջ ի վերջոյ, փրկութեան այս լաստը երկար չի կրնար գոյատեւել, այլապէս փրկութեան լաստ պիտի չկոչուէր. ի՞նչ կ՚ըսէք...

Text viewDownload CoNNL-U