Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain
AnnotationYavrumyan, Marat M.

Select a sentence

s-1 Արամ Կաթողիկոս ահազանգ կը հնչեցնէ
s-2 Սուրիոյ հիւսիսային հատուածի մէջ գտնուող Տէր Զօրի շրջանը խորհդանշական է Հայոց ցեղասպանութեան եւ տարագրութեան իբրեւ վերջին հանգրուան։
s-3 Արդարեւ Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքներէն եւ Անաթոլիայէն աքսորուած հայերը դաժան ճամբորդութեամբ հասած էին Տէր Զօր, ուր հոն եւս մատնուեցան զանգուածային սպանդներու։
s-4 Այս բոլորը խորհրդանշող կառոյց մըն էր Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցիի համալիրը, որ այսօր ամբողջովին խոնարհած է։
s-5 Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի հեռուստակայանը վերջերս տեղադրած տեսանիւթով մը ցոյց կու տայ եկեղեցւոյ անցեալի եւ ներկայի տեսարանը։
s-6 Տաճարը առաջին անգամ 2014-ին ենթարկուած էր Իսլամ Պետութեան ռմբակոծումներուն եւ մասամբ փլած։
s-7 Երկրորդ յարձակումը՝ որ կայացած է եկեղեցւոյ սիւներուն զետեղուած պայթուցիկ սարքերու պայթումով, ամբողջովին փլած է։
s-8 Համալիրը կը բաղկանար բացի եկեղեցիէ մատենադարան, թանգարան, խորհրդարան եւ այլ յարակից բաժիններէ։
s-9 Տեսանիւթի մէջ կը նշուի, որ Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելութիւն մը պիտի կատարէ Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ աւերակներուն, երբ պայմանները ձեռնտու ըլլան։
s-10 Միջին Արեւելքի Կանանց Բ. Համագումարը
s-11 Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ կայացաւ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի Կանանց Բ. Համագումարը։
s-12 30-31 Յուլիս թուականներուն կայացող համագումարին Լիբանան, Իրան, Մարոք, Ռոժաւա, Թուրքիա, Թունիս, Բաղեստին, Աֆղանստան, Եգիպտոս եւ այլ երկիրներէ աւելի քան 100 կիներ մասնակցեցան։
s-13 Համագումարի նիստերու ընթացքին կանայք քննարկեցին յատկապէս Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի միջազգային եւ տարածքաշրջանային խնդիրները։
s-14 Հաստատեցին շարունակուող պատերազմներու եւ բախումներու ընթացքին կանանց ուղղեալ առեւանգման, բռնաբարման եւ բռնութեան երեւոյթները։
s-15 Ակնարկեցին ժողովրդական շարժումներու, յեղափոխութիւններու եւ բողոքի ցոյցերու ընթացքին կանանց դերակատարութիւնը եւ արձանագրուած ձեռքբերումներու շահագործման եղանակները։
s-16 Անոնք համագումարի աւարտին յայտարարեցին կայացած որոշումները։
s-17 Այսպէսով յայտարարուած եղաւ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի կանանց ժողովրդական դաշինքի մը հիմնադրութիւնը։
s-18 Մարդու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու միջազգային չափանիշներու համապատասխան, ժողոդրավարական եւ հաւասարութեան վրայ հիմնուած հասարակութիւն մը կառուցելու ռազմավարական տեսլադաշտ մը պիտի գոյացնեն։
s-19 Այդ նպատակին համար վեցամսեայ աշխատանքի ժամկէտով պիտի կազմուի յանձնախումբ մը։
s-20 Յանձնախումբի պարտականութիւնն է համագումարի առաջարկները կեանքի կոչել։
s-21 Որոշուած է նաեւ բռնի տեղահանութեան, բնակչութեան փոխանակման, քաղաքական բնոյթով մահափորձներու, անգրաճանաչութեան, աղքատութեան, գործազրկութեան եւ ընկերային կեանքէ արտաքսման նման երեւոյթներու դէմ պայքարող նախաձեռնութիւններուն մասնակցիլ։
s-22 Բռնատիրական եւ աւատապետական գաղափարախօսութեան, նահապետական աւանդութիւններու եւ կնամերժ բոլոր գաղափարախօսութիւններու դէմ պայքարիլ։
s-23 Յիշատակել ազգային կուռքի վերածուած կիներու վաստակը։
s-24 Կրօնական, գաղափարական կամ ազգային բնոյթի ամէն տեսակ չափազանցութեան դէմ պայքարիլ։
s-25 Հերթական սրբապղծութիւն Սթանոզի մէջ
s-26 Այս օրերուս Անգարայի մերձակայ Սթանոզի երբեմնի հայոց գերեզմանը անգամ մը եւս երկրի օրակարգին է սրբապղծութեան նոր օրինակներով։
s-27 Պատմաբան Էրտինչ Աքկիւլ տարածաշրջանի վրայ հին շիրմաքարերը լուսանկարելու պահուն անդրադարձաւ վերջերս փորուած շիրիմներուն։
s-28 DHA լրատու գործակալութեան փոխանցած տեղեկութիւններու մէջ Աքկիւլ ափսոսանքով կը նշէ թէ 600 տարուայ անցեալ ունեցող այդ գերեզմանի շիրիմները փորուած են, նոյնիսկ կմախքներու յայտնաբերուած վայրէն աւել խոր։
s-29 Գանձախոյզները այսպէսով հասած են մինչեւ հելենիստիկական շրջանի մնացորդացին։
s-30 «Աջ ու ձախ նետուած ոսկորները կ՚ապացուցէին կատարուած վայրագութիւնը» կ՚ըսէ Աքկիւլ եւ կը պահանջէ թէ թանգարանային արժէք ներկայացնող շիրմաքարերը պէտք է թանգարանի տնօրէնութեան կողմէ հսկուին եւ տարածքի վրայ կազմուի բացօթեայ թանգարան մը։
s-31 Նշենք որ Սթանոզ անցեալին եղած է հայկական բնակավայր մը, որու բնակիչները գաղթած էին Պարսկաստանէն եւ այստեղ զարգացուցած տեղական այծի բուրդի մշակումով յայտնի անկորայի հիւսուածեղէնը։
s-32 1915 թուականէն ետք Սթանոզի հայերն ալ ցեղասպանութեան զոհ դարձան, որոնցմէ վերապրողներ աւելի ուշ բնակութիւն հաստատեցին Պոլսոյ մէջ։
s-33 Իսկ հայերու հեռացումէն ետք տարածքը ամայացաւ եւ վերացաւ նաեւ անկորա բուրդի արտադրութիւնը։
s-34 Չորս հաստատութիւններ կը յամառին ընտրութեան համար
s-35 Ինչպէս ծանօթ է համայնքային չորս հաստատութիւններու՝ Գարակէօզեան Որբանոցի, Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի, Կեդրոնական Ազգային Վարժարանի եւ Գալֆայեան Տան խնամակալութիւնները ընտրութիւն կատարելու մասին իրենց որոշումը անջատ գրութիւններով փոխանցած էին Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան։
s-36 Կը տեղեկանանք թէ Տնօրէնութիւնն ալ իր կարգին պատասխանած է այդ դիմումներուն, ընտրութիւններու մասին առանց դրական կամ բացասական արտայայտութիւն մը ունենալու։
s-37 Գրութիւններու մէջ կ՚ակնարկուի տնօրէնութեան 2019 թուակիր շրջաբերականին, որ առիթ կ՚ընձեռէր վարչութիւններու նուազած կազմերը լրացնել նշանակումի դրութեամբ։
s-38 Համայնքային չորս հաստատութիւններ դատարան դիմած էին եւ փաստաբաններ Սեդրակ Տաւութհան ու Սեպուհ Ասլանկիլի այս մասին բողոքը տեղին գտնուած էր Անգարայի եօթներորդ Վարչական Ատեանի կողմէ։
s-39 Դատարանը չեղեալ համարած էր Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան ընտրութիւնները առկախեալ համարող որոշումը։
s-40 Ան նաեւ մերժած էր նշանակման եղանակը, յայտնելով թէ այդ մէկը կը հակասէ այս հաստատութիւններու աւանդական վարչաձեւին։
s-41 Տնօրէնութեան այս վճիռի դէմ առարկութիւնն ալ մերժուած էր վերին դատարանի կողմէ, բայց այդ նոյն ատեանը օրակարգի բերած էր իրաւասութեան խնդիր մը, ըստ որու եօթներորդ Վարչական Ատեանը իրաւասու չէր նման վճիռ մը արձակելու եւ պահանջած էր, որ խնդիրը քննարկուի Գերագոյն Ատեանի կողմէ։
s-42 Այժմ ազգային հինգ հաստատութիւններէն չորսը կը պատրաստուին նոր նամակ մը գրելու, ուր անգամ մը եւս պիտի ակնարկուի նշանակման փոխարէն օրինական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը։
s-43 Պատրիարքական Աթոռը Կը Հսկէ Մալաթիոյ Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Վերաբացման Աշխատութիւններուն
s-44 Մալաթիոյ Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ ի հիմանէ վերանորոգութեան եւ վերաբացման աշխատութիւնները արդէն իսկ իրենց աւարտին հասած են։
s-45 Ըստ նախատեսուած ժամանակացոյցին բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս ամսուան վերջերը։
s-46 Այս հանգրուանին, Պատիրիարքական Աթոռը իր անմիջական հետաքրքրութիւնը կը ցուցաբերէ Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ նկատմամբ։
s-47 Օրհնութեամբ ու հրամանաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր, 4 Օգոստոսին, Իսթանպուլէն դէպի Մալաթիա ուղղուեցաւ պատուիրակութիւն մը, տեղւոյն վրայ քննելու համար տարուած աշխատութիւնները։
s-48 Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Պատրիարքական Աթոռոյս Լուսարարապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Մալաթիա Հայտէր Միութեան Ատենապետ Նուրհան Կէզտիրիճի եւ Միութեան անդամներէն Գէորգ Էօզքարակէօզ։
s-49 Իսթանպուլէն ժամանած խումբը Մալաթիոյ մէջ դիմաւորուեցաւ Անտիոքի եւ շրջակայից Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի, Բրկ. Եուսուֆ Դպ. Թապաշեանի եւ Մալաթիոյ մերազն ժողովուրդի անդամներէն Սէրտար Պօյաճըի ու Արէտ Պօյաճըի կողմէ։
s-50 Տեղւոյն վրայ կատարուած քննարկումներէն ետք, պատուիրակութեան անդամները նաեւ այցելեցին Մալաթիայի Մայր Քաղաքապետ՝ Սէլահատտին Կիւրքանը։
s-51 Հանդիպման ընթացքին նաեւ յստակացաւ վերաբացման արարողութեան ժամանակացոյցը։
s-52 Ինչպէս ծանօթ է, եկեղեցին պաշտօնապէս պիտի կոչուի «Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցի Թաշխորան Մշակոյթի Կեդրոն» անունով։
s-53 Ըստ նախատեսուած ժամանակացոյցի 26 Օգոստոս 2021, Հինգշաբթի առաւօտ, պատկան մարմիններու եւս մասնակցութեամբ, եկեղեցւոյ բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ։
s-54 28 Օգոստոս, Շաբաթ, Պատրիարք Սրբազան Հօր ձեռամբ եկեղեցւոյ նաւակատիքի արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ։
s-55 Իսկ, 29 Օգոստոս, Կիրակի, առաւօտ, Պատրիարք Հայրը, նորոգ օրհնեալ տաճարին մէջ Պատրիարքական Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ։
s-56 Հանդիպման ընթացքին, հանդիսութեանց մասին գաղափարի փոխանակումներ տեղի ունեցան։
s-57 Լուսարարապետ Հայր Սուրբը, Իսթանպուլ վերադարձին, կատարուած քննարկումներուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց նաեւ Պատրիարք Հօր։
s-58 Եկեղեցին ներքնապէս եւ արտաքնապէս կանոնաւորուած ըլլալով, պատրաստ էր արարողութեան։
s-59 Իսկ, մինչեւ վերաբացման արարողութեան, եկեղեցին արդէն իսկ կատարելապէս գոյքերով հանդերձ պիտի ստանար տաճարի բնոյթը։
s-60 Այս առթիւ, Հայր Սուրբը, Պատրիարք Հօր փոխանցեց նաեւ քաղաքապետ Կիւրքանի ողջոյնները։
s-61 Համավարակը կ՚ընթանայ դէպի երրորդ եւ նոյնիսկ չորրորդ տարին
s-62 Ինչպէս կը նախատեսուէր, վարակման դէպքերը զգալիօրէն բարձրացած են կանխամիջոցներու թուլացման հետ ուղիղ համեմատութեամբ։
s-63 Յունիս ամսու վերջերուն արդէն հասած էինք օրական 5 հազարի վարակման երեւոյթին։
s-64 Յուլիսի սկիզբէն արդէն վերացուեցան առօրեայ կեանքը դժուարացնող բազմաթիւ կանխամիջոցներ։
s-65 Վերացան հանրային փոխադրամիջոցներու համար պարտադրուած սահմանափակումները։
s-66 Նոյնիսկ վերացաւ բացօթեայ տարածքներու վրայ դիմակ կրելու պարտադրութիւնը։
s-67 Վրայ հասաւ զոհաբերման տօնի ոչ աշխատանքային ինն օրեայ արձակուրդը եւ այդ բոլորի հետեւանքով ալ վարակման դէպքերը հասան 17 հազարի կամ այլ խօսքով եռապատիկ աճեցան բաղդատմամբ քանի մը շաբաթ առաջուայ տուեալներու։
s-68 Կ՚արժէ նշել որ երեւոյթը շատ ալ տարբեր չէ այլ երկիրներու մէջ, ուր իշխանութիւնները նոյնպէս թուլացուցած էին կանխարգելման միջոցները։
s-69 Այս գործընթացքի մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունի նաեւ ինչ-ինչ պատճառներով պատուաստումէ խուսափելու մտադրութիւնը։
s-70 Արդարեւ եւրոպական կարգ մը երկիրներ հասարակութեան մօտ ճնշում կը բանեցնեն քաղաքացիները պատուաստելու համոզելու համար։
s-71 Սակայն այդ ճնշումներ ալ կը դիտուի իբրեւ մարդու իրաւունքներու բռնաբարում եւ քաղաքացիներ այս անգամ կը դիմեն բողոքի ցոյցերու, որոնց կ՚արձագանգէ բաւականին լայն զանգուած մը։
s-72 Իսկապէս մտահոգիչ է գոյացած երեւոյթը, քանի որ բժիշկներ խստիւ կը պահանջեն պատուաստումը, յայտնելով թէ վարակումէն խուսափելու ամենաազդու միջոցն է ան։
s-73 Խնդիրը ունի նաեւ անարդարութեան ուրիշ երեւոյթ մը, քանի որ համեմատաբար աղքատ երկիրներու մէջ գրեթէ անկարելի է պատուաստանիւթ ապահովել։
s-74 Միւս կողմէ վիճելի է նաեւ պատուաստումի ապահոված անվտանգութիւնը։
s-75 Հոս ալ կը գոյանան հակասական տուեալներ։
s-76 Կարգ մը շրջանակներ կը յայտնեն թէ վերջերս վարակուածներու մէջ մեծամասնութիւն կը կազմեն պատուաստ չստացողները։
s-77 Սակայն այս ալ ինքնին կրնայ վիճելի ըլլալ, քանի որ թերթիս երկրորդ էջի մէջ արձանագրուած վարակման հետեւանքով մահացման դէպքերը կը վերաբերին կրկնակի պատուաստուած անձերու։
s-78 Այս պահուն մասնագէտներ կը զգուշացնեն համավարակի չորրորդ հոսանքի մասին, որ արդէն ժահրն ալ բնոյթ փոխելով ապահոված է որոշ դիմադրութիւն։
s-79 Այժմէն կը խօսուի յառաջիկայ երկու տարիները եւս պսակաձեւ ժահրի սպառնալիքով անցնելու տխուր հաւանականութեան մասին։
s-80 Մինչդեռ բոլորս դէպքի յայտնուած օրերուն կը կարծէինք թէ ամէն ինչ կրնայ աւարտիլ շաբաթներու կամ առաւելագոյնս ամիսներու ընթացքին։
s-81 Այժմ արդէն թեւակոխած ենք երկրորդ տարին եւ ըստ երեւոյթի տակաւին երկար կը սպասենք այս աղէտէն կատարեալ կերպով ազատուելու համար։

Text viewDownload CoNNL-U