Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain
AnnotationYavrumyan, Marat M.

Select a sentence

s-1 28 Յուլիս թուականէն այս կողմ Թուրքիոյ օրակարգի գլխաւոր նիւթը դարձած է անտառային տարածքներու հրդեհները, որոնք կը շարունակուին ամբողջ շաբաթուայ մը ընթացքին ընդմիշտ նոր բռնկումներով։
s-2 Հրդեհի առաջին դէպքը պատահած էր Անթալիոյ Մանաւկաթ գաւառը եւ այդ աղէտը փճացուցած էր անտառային տարածքները, որոնք վերածուեցան մոխիրի կոյտերու։
s-3 Թերթիս հրատարակութեան պատրաստուած ժամերու տուեալներով անցնող մէկ շաբաթուայ ընթացքին 34 տարբեր քաղաքներու մերձակայ 174 անջատ հրդեհներ տեղի ունեցան, որոնցմէ 161-ը կարելի եղաւ հսկել։
s-4 Իսկ 9 անձեր իրենց կեանքը կորսնցուցին բոցերու մէջ, որոնց մէկ մասը հրշէջներ էին, իսկ մէկ մասն ալ խաղաղ բնակիչներ։
s-5 Այրուած անտառներուն մէջ զոհուած բազմաթիւ անասուններու կողքին, կարելի չեղաւ նաեւ գոմերու մէջ մնացած անասունները փրկել։
s-6 Այս պահուն բոցերու դէմ պայքարը կը շարունակուի Մուղլա, Անթալիա, Սփարթա, Այտըն եւ Տենիզլի քաղաքներու շրջակայքը։
s-7 Հրդեհներու կարեւոր դրդապատճառը կը համարուի եղանակի բարձր ջերմութիւնը, տեղումներու բացակայումը եւ ուժգին հիւսիսային քամին։
s-8 Հրդեհները զանազան վայրերու մէջ կը սպառնան նաեւ բնակավայրերուն, որու հետեւանքով բազմաթիւ գիւղեր եւ հիւրանոցներ պարպուեցան։
s-9 Այս բոլորին մէջ կառավարութեան ուղղեալ ծանր քննադատութիւններ ու մեղադրանքներ կը հնչեն հրդեհներուն օդային ճամբով միջամտելու նիւթին շուրջ անճարակութեան պատճառաւ։
s-10 Թուրքիա անցեալին նման աղէտներուն կը միջամտէր հրշէջ ինքնաթիռներով։
s-11 Իսկ այս վերջին հրդեհի օրինակով յայտնի եղաւ թէ պետութիւնը հրաժարած է այդ օդանաւներէն օգտուելու գաղափարէն եւ նոյնիսկ օդաչուներն ալ աշխատանքէ հեռացուցած։
s-12 Այս բոլորը կը կատարուին քաղաքական նախասիրութիւններով, քանի որ իշխող Արդարութիւն եւ Զարգացում Կուսակցութեան գործիչները, գլխաւորութամբ նախագահ Էրտողանի, դիրք բռնած են «Թուրք Օդային Հաստատութիւն» ոչ պետական կազմակերպութեան դէմ։
s-13 Նոյնիսկ կառավարութիւնը պաշտօնանկ ըրած էր այդ միութեան վարչակազմը եւ տեղապահ նշանակած։
s-14 Անտառային հրդեհները իր հետ բերին նաեւ ընկերաքաղաքական նոր ճգնաժամ մը։
s-15 Բազմաթիւ ընկերային ցանցերէ ներս տարածուեցաւ «Անտառները ՀՏՓ-ականները կը հրկիզեն» սուտ լրատաուութիւնը։
s-16 Այդ սուտի տարածման իրենց ելոյթներով նպաստեցին նաեւ կարգ մը քաղաքական գործիչներ եւ պետական այրեր։
s-17 Մանաւկաթի մէջ իրենց առոգանութենէն շփոթելով երկու եղբայրներու դէմ լինչ գործադրուեցաւ, պնդելով թէ քիւրտեր են եւ եկած են անտառը հրկիզելու։
s-18 Մինչդեռ աւելի ետք պարզուեցաւ թէ այդ երկուքը հրդեհի վայր փութացած էին կատարուած աշխատութիւններու օժանդակելու համար։
s-19 Երկու եղբայրներ մազապուրծ փրկուեցան դաժան սպանութենէ։
s-20 Այդ նոյն մթնոլորտի մէջ է որ Քոնիայի Մերամ գաւառի մէջ ալ 7 հոգինոց ընտանիք մը զոհ դարձաւ ատելութեան ոճիրի։
s-21 Ինչպէս որ բնապահպաններ ահազանգ կը հնչեցնեն էգոլոկիական աղէտի մը դիմաց ընկերաբաններն ալ նոյն եղանակով կը զգուշացնեն ընկերային ճգնաժամի մը դիմաց։
s-22 Ճգնաժամ մը, որ դիւրաւ կրնայ վերածուիլ քաղաքացիական պատերազմի։
s-23 Գաղտնիք չէ որ Թուրքիոյ մէջ նման գրգռութիւնները շուտով կը հասնին իրենց նպատակին եւ ժամերու ընթացքին կրնայ պատահիլ այն ինչ, որու հետեւանքները կարելի չէ վերացնել նոյնիսկ երկար տարիներու ջանքերով։
s-24 Հրդեհը ինքնին կը սպառնայ նաեւ կարգ մը ջերմաելեկտրական կայաններու, քանի որ բոցերը արդէն հասած են անոնց տարածքներուն։
s-25 Եթէ ցարդ կը խօսինք անտառային հրդեհներու մասին, անդին զանազան քաղաքներու մէջ կը պատահի թուփերու կամ արտերու հրդեհներ, որոնք ընդհանրապէս չեն արժանանար յատուկ ուշադրութեան։
s-26 Այս տեսակի հրդեհները աւելի յաճախ կը տեսնուին Թրաքիոյ դաշտային վայրերը, որոնք համեմատաբար աւելի դիւրաւ հսկողութեան տակ կ՚առնուին։
s-27 Կայ անտառային հրդեհներու մի այլ երեսակ եւս, որ դարձեալ իր կարգին կարեւոր հարցականներ կը պարունակէ։
s-28 Այլեւս գաղտնիք չէ որ թրքական բանակը քրտաբնակ քաղաքներու դաշտային տարածքներու վրայ ինք կը հրահրէ հրդեհներ, անվտանգութեան պատճառաբանութիւնով։
s-29 Զինուորները կը պնդեն թէ այդ քաղաքներու անտառային տարածքներու մէջ ահաբեկիչներ թաքնուած են եւ անոնք յայտնաբերելու համար դիտումնաւոր կերպով կը հրկիզեն անտառները։
s-30 Նոյնիսկ այստեղ զինուորները արգելք կ՚ըլլան հրշէջներու աշխատութեան։
s-31 Այսպէս օրինակ մը ապրուեցաւ նախ Մուշի եւ ապա Տէրսիմի լեռնային տարածքներու մէջ։
s-32 Զինուորները նոյնիսկ արգիլեցին Տէրսիմի քաղաքապետ Մեհմետ Ֆադիհ Մաչօղլուի հրդեհի վայր փութալը։
s-33 Անշուշտ որ յառաջիկայ օրերուն հրդեհը իբրեւ աղէտ պիտի հանգի, բայց պատճառ դարձած քաղաքական փոթորիկը տակաւին երկար ժամանակ օրակարգ պիտի զբաղեցնէ երկրի մէջ։

Text viewDownload CoNNL-U