s-1
| Հայաստանի սահմանին վրայ կանգնած զինուորը առանձին է այսօր։ |
s-2
| Մինակ, միսմինակ հերթապահութեան կ՚երթայ՝ նոյնիսկ հարիւր տոկոս վստահ չըլլալով, որ իր ըրածը վերջին հաշուով հարց մը կը լուծէ՞ , բանի մը կը ծառայէ՞ ։ |
s-3
| Այդ կասկածը գործնականօրէն տատամսումի չի տանիր սահմանին կանգնած զինուորը։ |
s-4
| Ան յամառօրէն կը պահէ հերթը՝ առանձինն, սակայն, հաւատարիմ իր արեան կանչին։ |
s-5
| Պետութեան հզօրութիւն կամ ղեկավարութեան քաղաքական կամք չկայ հիմա Հայաստանի սահմանին կանգնած զինուորի ետին, բայց ան հո՛ն է, միսմինակ ու սեփական պատմութեան բեռը ուսին... |
s-6
| Ծա՞նր , անտանելի՞ ու տակաւին ով գիտէ ի՞նչ ... |
s-7
| Սահմանի այդ առանձին զինուորի պատկերը ամփոփումն է ամբողջ յետպատերազմեան ժամանակաշրջանի տագնապին։ |
s-8
| Վաղը արտահերթ ընտրութիւն տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ, երբ երկիրը կը փնտռէ իր անդորրը եւ պետութիւնը կը ձգտի կայունութեան։ |
s-9
| Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին պիտի փութայ քուէատուփի մօտ՝ առանձին, սահմանի վրայ կանգնած զինուորին նման։ |
s-10
| Անոր ձայնը պիտի պայմանաւորէ ճակատագիր մը։ |
s-11
| Ան պահ մը պիտի մնայ իր խղճին հետ գլուխ գլուխի ու նախընտրութիւն մը պիտի ընէ առանձին, սահմանի զինուորին նման։ |
s-12
| Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին ամէն ինչը պահ մը պիտի դատէ միսմինակ՝ պատմութեան բեռը ուսին, սահմանին կանգնած զինուորին ճիշդ նմանութեամբ։ |
s-13
| Իր արեան կանչով պիտի կողմնորոշուի, որպէսզի սահմանին կանգնած զինուորը վերստին պետութեան հզօրութիւնը ուղեկից ունենայ ու վերստին զգայ, թէ ղեկավարութեան մը քաղաքական կամքը կայ իր ետին։ |
s-14
| Ակնթարթի մը առանձնութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին հաշուեկշիռ մը պիտի ընէ՝ ամիսներ տեւած դաւաճաններու եւ հերոսներու թոհուբոհին համար։ |
s-15
| Ան պիտի ջանայ յագեցնել երկրի անդորրութեան որոնումը, գոհացնել պետութեան կայունութեան ձգտումը։ |
s-16
| Այս բոլորը ընելու ժամանակ պիտի ունենայ միակ ուղեցոյց մը, որն է՝ ի հեճուկս ամէն ինչի սահմանին վրայ առանձինն կանգնած զինուորին յամառութիւնը։ |
s-17
| Հայոց պատմութեան առկայ սուր ճամբաբաժանին հնարաւոր պիտի ըլլա՞յ հաւաքական դատողութեան, հաւաքական մտքի, հաւաքական իմաստութեան դրսեւորումով մը երաշխիքներ ստեղծել ապագայի համար։ |
s-18
| Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութիւնը կախում ունի իր շարքային քաղաքացիի քուէատուփի մօտ գործելիք սխրանքէն՝ ակնթարթի մը համար միսմինակ, սահմանին վրայ կանգնած զինուորին նման եւ սահմանին վրայ կանգնած զինուորին համար։ |
s-19
| Հայաստանի սահմաններուն եռագոյնը պարզուած կ՚ըլլայ խաչաձեւ ձողի վրայ. միակ ապաւէնը՝ միսմինակ զինուորին եւ վաղը առանձինն խղճի ձայնին հետեւելիք քաղաքացիին։ |
s-20
| Աստուած պահապան եւ օգնական բոլորին՝ վերանորոգ եռանդով, ապագայի նկատմամբ թարմ հաւատքով վերստին սկսելու համար կեանքի ծառը խնամելու։ |