Dependency Tree
Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP
Language | Western Armenian |
---|
Project | ArmTDP |
---|
Corpus Part | train |
---|
Annotation | Yavrumyan, Marat M. |
---|
Select a sentence
s-1
| Արցախի երկրորդ պատերազմը ծանր հետեւանքներուն առընթեր, հայութեան օրակարգին վրայ բերաւ բազում հարցականներ։ |
s-2
| Պատերազմի հետեւանքները տարաբնոյթ են։ |
s-3
| Մէկ կողմէ անծայրածիր ժամանակներու տեսակէտէ մարտահրաւէրներ, իսկ միւս կողմէ օրհասական հարցեր։ |
s-4
| Հարցումները, նոյնպէս, մէկ կողմէ անծայրածիր ժամանակներու համար, իսկ միւս կողմէ այժմու բարդ պահէն ծնունդ առած մշուշին մէջ կողմնորոշուելու համար։ |
s-5
| Աւելի քան քսան տարի հայկական կողմը Արցախի պարագային ստեղծուած կարգավիճակը անխափան պահպանելէ յետոյ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս ենթարկուեցաւ 44-օրեայ պատերազմին։ |
s-6
| Կարելի՞ էր արդեօք կանխել Արցախի երկրորդ պատերազմը կամ զայն կանգնեցնել խելամիտ որեւէ հանգրուանի մէջ։ |
s-7
| Պատերազմին որպէս հետեւանք ծնունդ առած քաղաքական տագնապը յաղթահարելու համար Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ արտահերթ ընտրութիւն։ |
s-8
| Արդեօք անոր արդիւնքները յոյս կը ներշնչե՞ն տագնապը յաղթահարելու համար։ |
s-9
| Այժմ Հայաստան ի՞նչ պէտք է ընէ, որպէսզի կայուն անվտանգութեան եւ ապահովութեան հասնի՝ որպէս պետութիւն։ |
s-10
| Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ ուղղակի յարաբերութիւններու հաստատման հեռանկարները ի՞նչ կրնան բերել երկրին։ |
s-11
| Այսօր ստեղծուած համայնապատկերը երկարաժամկէտ ի՞նչ լուծում կրնայ ենթադրել Արցախի հիմնախնդրին համար։ |
s-12
| Այս բոլոր հարցերուն մէջ դեր մը, ազդեցութիւն մը կրնա՞յ ունենալ սփիւռքը։ |
s-13
| Ու տակաւին ի՞նչ երաշխիքներ կրնան ստեղծուիլ, որպէսզի հայկական շահերը հնարաւորինս յառաջ տարուին եւ Հայաստան կարողանայ բանակցիլ կարելի չափով ամուր դիրքերէ։ |
s-14
| Այս հարցականները մէկ կողմէ տեսական են, իսկ միւս կողմէ նոյնքան գործնական։ |
s-15
| Անոնց հաւանական պատասխաններուն վերաբերեալ որոնումը հնամենի ժողովուրդի մը եւ անոր պետութեան ճակատագիրը պիտի բնորոշէ։ |
s-16
| Այդ պատասխանները դէպի ապագայ ճանապարհին վրայ կրնան բանալիներ մատուցել, եթէ հաւաքական դատողութեան տեսակէտէ կարելի ըլլայ հասնիլ պաղարիւն եւ իրատես արդիւնքներու։ |
s-17
| ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ |
Text view
•
Download CoNNL-U