Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain
AnnotationYavrumyan, Marat M.

Select a sentence

s-1 Պաղեստինեւիսրայէլեան հակամարտութեան վերջին զինուորական գործողութիւնները սկսած են այնպէս մեկնաբանուիլ, որ ռազմագործողութիւնները նպատակ ունին ճշդելու Արեւելեան Երուսաղէմի ճակատագիրը:
s-2 Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաքի վերածելու պետական քաղաքականութիւնը, հովանաւորուած հիմնականին մէջ Ուաշինկթընի կողմէ, տարատեսակ ընկալումներու կը հանդիպի. այդուհանդերձ չկայ միջազգային ուղղակի դիմադրութիւն քաղաքակրթական նման միջավայր մը զուտ քաղաքական նպատակներով դիմափոխելու:
s-3 Համաշխարհային առումով Երուսաղէմը ո՛չ միայն համաքրիստոնէական գլխաւոր կեդրոն է, այլ նաեւ միաստուածեան կրօններ դաւանող ժողովուրդներու համագոյակից եզակի միջավայր:
s-4 Հայութիւնը այնտեղ ունի դարաւոր հոգեւոր եւ մշակութային առանձնաշնորհեալ ժառանգութիւն:
s-5 Երեւոյթը իր մէջ կը պարփակէ նաեւ կրօններու իրաւունքներու բաժանման պատմական ենթահողը:
s-6 Նման միջավայրի մը քաղաքական պատկանելիութեան արմատական փոփոխութիւնը կրնայ յանգեցնել կրօններուն շնորհուած իրաւահաւասարութեան խախտումին:
s-7 Վերջին ռազմագործողութիւններուն նկատմամբ պաշտօնական Երեւանի դիրքորոշումը մտահոգութեան արծարծման եւ զսպուածութեան կոչերու առումով համահաւասարութեան սկզբունքի հիման վրայ կայացած էր:
s-8 Բացի Երուսաղէմի հայկական կարգավիճակին նկատմամբ երեւցող վտանգէն այլ պատճառներ կան չէզոքութենէն քայլ մը անդին անցնելու:
s-9 Մեր պետութեան նման պատերազմի հետեւանքները կրածները կրնան վերլուծել արհաւիրքի օրերուն հաւասարութեան չափ դնող եւ զսպուածութեան կոչեր կատարող այլ պետութիւններու քաղաքական մօտեցումները:
s-10 Նման յայտարարութիւններու պարագային անշուշտ նկատի կ՚առնուին հակամարտող պետութիւններու յարաբերակցութեամբ տուեալ երկրին ունեցած կամ չունեցած դիւանագիտական յարաբերութիւնները:
s-11 Այդ յարաբերութիւններուն իբրեւ ցուցանիշ երկիրներուն մէջ գործող կամ չգործող դեսպանատուները:
s-12 Աւելի՛ն . նկատի կ՚առնուին ճգնաժամի պահուն հակառակորդին օժանդակած, զինուորական արհեստագիտութեան վերջին նորարարութիւնները տրամադրած երկիրներու պաշտպանական քաղաքականութեան դրսեւորումները:
s-13 Թէ՛ Արցախէն, թէ՛ Երեւանէն բազմիցս հնչեցին այն տեսակէտները, որ հայկական կողմը պարտուեցաւ Թուրքիա-Ազրպէյճան-Իսրայէլ-Փաքիստան միացեալ ուժերուն, անոնց կողմէ հովանաւորուած ահաբեկչական տարրերու համալրումով:
s-14 Երեւան տուն կանչեց իր դեսպանը նաեւ Իսրայէլէն ա՛յս պատճառով:
s-15 Նկատի կ՚առնուի նաեւ ռազմավարական գլխաւոր դաշնակիցին դիրքորոշումը այս հակամարտութեան մէջ:
s-16 Այստեղ կը նկատուի որոշ հասկացողութիւն հակաիսրայէլեան հրապարակային կեցուածք ճշդած Թուրքիոյ եւ նուազ հրապարակայնութեամբ այս պարագային Ռուսիոյ միջեւ:
s-17 Լաւրով-Չաւուշօղլու հեռաձանային խորհրդակցութիւնը, ըստ հրապարակումներու, արծարծած է թէ՛ արցախեան եւ թէ՛ պաղեստինեան հակամարտութիւնները:
s-18 Աւելի ուշ, պաղեստինեան հակամարտութեան մասին զրուցած են Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահները:
s-19 Թուրքիոյ շեշտուած հակաիսրայէլականութիւնը բնականաբար այլ նշանակէտեր հարուածելու մտադրութիւնը ունի, յատկապէս համաարաբական աշխարհը նկատի ունենալով:
s-20 Բայց նաեւ՝ Իրանը:
s-21 Այլապէս իր արբանեակ պետութեան` Ազրպէյճանին թոյլատրուած է շարունակել սերտ համագործակցութիւնը Իսրայէլի հետ:
s-22 Անգարան շատ առջեւ կ՚երթայ այս հարցին մէջ:
s-23 Իր պատրաստակամութիւնը կը յայտնէ հակամարտութեան շրջան ուղարկել իր խաղաղապահ զօրքերը:
s-24 Այս բոլորը կ՚արձանագրուին միջինարեւելեան տարածաշրջանին մէջ ռուսական գործօնի աշխուժացման խորապատկերին վրայ:
s-25 Պաքուն ճանչցած է պաղեստինեան պետութիւնը եւ ռազմավարական գործընկեր է Իսրայէլին:
s-26 Երեւանը չէ ճանչցած Պաղեստինը՝ առարկելով, որ այնքան ատեն որ արցախեան հակամարտութեան բանակցութիւները կը շարունակուին, Երեւանը չի կրնար նոյն կացութեան մէջ գտնուող այլ պետութիւն կամ երկիր ճանչնալ:
s-27 Պաղեստինի կացութիւնը նոյնը չէ անշուշտ:
s-28 ՄԱԿ-ի 138 անդամ պետութիւններ ճանչցած են պաղեստինեան պետութիւնը:
s-29 Անոնց շարքին է նաեւ Հայաստանի ռազմավարական գլխաւոր դաշնակից Ռուսիան:
s-30 Պաղեստինը ճանչնալու քաղաքական նոր ենթահող է:
s-31 Մանաւանդ արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն ետք:

Text viewDownload CoNNL-U