Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain
AnnotationYavrumyan, Marat M.

Select a sentence

s-1 Յետադարձ ակնարկ ապագայի ընդառաջ
s-2 Ինչպէս իւրաքանչիւր համայնք, պոլսահայ գաղութն ալ ունի իր յատուկ դիմագիծը։
s-3 Դարերու ընթացքին ձեւաւորուած այդ դիմագծի ակներեւ յատկութիւնն է ճնշուածութիւնը։
s-4 Որքան ալ իբրեւ տեղացի ժողովուրդ ժառանգորդը ըլլայ հսկայ անցեալի մը, նոյնն է, Պոլիսը Հայաստան չէ եւ հայը հոն ապաստանած օտարացի մըն է պարզապէս։
s-5 Այդպէս էր ինքնընկալումը թէ Բիւզանդական եւ թէ Օսմանեան Կայսրութիւններու օրով։
s-6 Ընկալում մը՝ որ տեւեց նաեւ Հանրապետութեան շրջանին։
s-7 Սակայն կար նաեւ մի այլ իրողութիւն։
s-8 Պոլիսը նաեւ արեւմտահայոց մշակութային մայրաքաղաքն էր։
s-9 Հոն ծաղկած էր ազգային գիտակցութեան տանող ուսումնական զօրաշարժը, գրական զարթօնքը, քաղաքական գաղափարախօսութիւնը եւ մամուլը։
s-10 Այս հողերու վրայ հայոց կողմէ ստեղծուեցաւ առաջին սահմանադրութիւնը, որ օրինակ հանդիսացաւ նաեւ բովանդակ երկրի համար։
s-11 Հիմնադրութիւնը որքան հեռաւոր ափերու վրայ կայանայ, հայոց քաղաքական կուսակցութիւնները այս քաղաքի թաղերուն մէջ հասան կատարելագործման։
s-12 Օսմանեան դրամատան դէպքն ալ, 20 կախաղաններն ալ այստեղ գրանցուեցան պատմութեան էջերուն։
s-13 Իրողութիւն է նաեւ թէ վերեւ նշուած ընկերաքաղաքական այդ զարթօնքը, բացի ազգապետի, այսինքն պատրիարքի ժողովուրդի ձայներով ընտրուիլը, չէ տուած աւելի արդիաշունչ վարչակարգի մը գործելու առիթը։
s-14 Երկիրը թագաւորութենէ դէպի հանրապետութեան կարեւոր անցում մը արձանագրած էր, բայց հայուն իրավիճակը մնացած էր անփոփոխ։
s-15 Եւ մանաւանդ այս նոր դրութեան մէջ վերացած էին պատրիարքներու օրինական գերիշխանութիւնը։
s-16 Այս պայմաններու մէջ անխուսափելի էր ճարպիկ մարդկանց համայնքէ ներս զանազան եղանակներով փոքր իշխանութիւններու տիրանալը, եւ ապա գրաւած աթոռի ընձեռած առիթները շահագործելը։
s-17 Մի գուցէ նման օրինակներու կարելի է հանդիպիլ ուրիշ համայնքներու պարագային ալ։
s-18 Բայց խոստովանինք թէ անոնք մեծաւ մասամբ յետեղեռնեան շրջանին կազմուած գաղթօճախներ են եւ չունին պոլսահայոց պատմութենէ եկած աւանդութիւնները։
s-19 Իսկ պոլսահայութիւնը դասալիք եղաւ առհասարակ իր զբաղեցուցած աթոռի պահանջած գիտակցութենէ զուրկ պատրիարքներու ձեռամբ։
s-20 Բարեյիշատակ Շնորհք Պատրիարքի վախճանումէն ցայսօր չունեցանք համայնքը իր տարբեր հակումներով հանդերձ միասնութեան մէջ պահելու կարող առաջնորդներ։
s-21 Գարեգին Գազանճեան Պատրիարք գահակալութեան առաջին օրէն յայտարարեց թէ պիտի հնազանդի զինք զգուշացնող ոստիկանութեան թելադրանքին եւ երեկոյեան ժամը հինգէն ետք դուրս պիտի չելլէ Պատրիարքարանէն։
s-22 Ան այդ խոստումը դրժեց միայն հարուստներու սեղաններուն հրաւէրներուն համար։
s-23 Չմասնակցեցաւ համայնքային ոեւէ մշակութային գեղարուեստական նախաձեռնութեան, միշտ յիշեցնելով ոստիկանութեան զգուշացումը։
s-24 Մեծ յոյսեր կապուած էին Մեսրոպ Բ. Պատրիարքին, իր լաւ պատրաստուած մտաւորական ու խիզախ բնոյթին բերմամբ։
s-25 Ափսոս ան ալ իր կարգին մատնուեցաւ նման սխալներու։
s-26 Ինչպէս բազմաթիւ հոգեւոր առաջնորդներ, փորձեց նիւթական կարողութիւնը բարձր բարերարներու աջակցութիւնը ապահովել իր ծրագիրներուն համար, առանց նկատի ունենալու թէ այդպիսով պիտի հարկադրուի անոնց պահանջները գոհացնելու տխուր հետեւանքին։
s-27 Վերջապէս Մեսրոպ Բ. Պատրիարքն ալ ճաշակեց մահուան սպառնալիքի վախը եւ պատրիարքարանի մէջ իսկ կարիքը զգաց պետութեան տրամադրած թիկնապահին յանձնել իր անվտանգութիւնը։
s-28 Հայ համայնքի համար խիստ վարկաբեկիչ այդ երեւոյթը շարունակեց նաեւ տարաբախտ պատրիարքի անգիտակից ննջած հիւանդասենեակէ ներս իսկ։
s-29 Իսկական դժբախտութիւն էր Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի հիւանդութիւնը, որ տեւեց աւելի քան տասը տարիներ։
s-30 Պատրիարքարանի այդ օրերու անձնակազմը նախընտրեց ձգձգել նոր պատրիարքի մը ընտրութիւնը, պատճառաբանելով թէ կը հաւատան հրաշքներուն եւ պիտի շարունակեն աղօթել իրենց սիրելի սրբազանի ապաքինման համար։
s-31 Այս խօսքերը կ՚արտասանուէին երբ բժիշկները յստակօրէն յայտնած էին թէ հիւանդութեան պատճառած աւերը անշրջանցելի է եւ Մեսրոպ Բ. Պատրիարք այլեւս չի կրնար կատարել պատրիարքութեան խիստ դժուար ու պատասխանատու պաշտօնը։
s-32 Տարիներ անց ի վերջոյ Պատրիարքարանի շրջանակները յօժարեցան ընտրութիւն կատարելու եւ Կրօնական Ժողովը Տեղապահ ընտրեց Գերմանիոյ հայոց հոգեւոր հովիւ Գարեգին Արք. Պեքճեանը։
s-33 Սրբազանը ընդառաջեց իրեն ուղուած հրաւէրին եւ ժամանեց Պոլիս։
s-34 Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան պատմութեան ամօթալի օրերէն մէկն էր Պեքճեան Սրբազանի ժամանումը, քանի այդ օր Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մուտքը չուաններով կապած ու փակած էին, Տեղապահի Հրաշափառի աղօթքներով դիմաւորուիլը արգիլելու համար։
s-35 Առաջին յանդիպման խայտառակութիւնը շարունակուեցաւ հոգեւորական, աշխարհական ու նաեւ պետական բազմաթիւ դաւադրութիւններով, որոնց պոլսահայութիւնը կը հետեւէր ճարահատութեան մէջ։
s-36 Այս բոլորի դերակատարներն էին նշանակուած փոխանորդ մը եւ ինքնակոչ կերպով համայնքապետի պատմուճանը հագած «բարերար» մը, որոնք երկուստեք գործակցեցան իրենց ետեւ ունենալով պետական որոշ շրջանակներ, խափանելու համար Տեղապահի աշխատանքը։
s-37 Իսկ երբ Պատրիարքը աւանդեց իր հոգին, անխուսափելի դարձաւ պատրիարքական ընտրութիւնը։
s-38 Հաւանական ութը թեկնածուներէն չորսը ներկայացուցին իրենց յաւակնութիւնը։
s-39 Այդ հանգրուանին բեմադրուեցաւ դաւադրութեան նոր պատկերը։
s-40 Պետութիւնը պարտադրեց ընտրութեան կանոնագիր մը, որ կը հակասէր նախորդ ընտրութիւններու տրամադրութեան եւ կ՚արգիլէր օտար երկրացի սրբազաններու ընտրութեան մասնակցումը։
s-41 Պոլսոյ աթոռի երկու թեկնածուներն ալ հաստատելով պարտադրուած կանոնագրի սխալը, համակերպեցան այդ անընդունելի պայմանին, ընտրութիւնը ալ աւելի չուշացնելու համար։
s-42 Իրենց հետեւեցաւ նաեւ կարգադիր յանձնախումբը, որուն անդամներէն շատեր իսկոյն հրաժարեցան այս ամօթալի որոշումին մեղսակից չըլլալու համար։
s-43 Իսկ մնացեալները ձեռք ձեռքի տալով ապահովեցին խարխուլ ընտրութիւն մը, վտանգելով նաեւ ապագայի ընտրութիւններու օրինականութիւնը։
s-44 Տուեալ գործընթացի մէջ պոլսահայ մամուլն ալ թերացաւ հասարակոթիւնը եղած դարձածէն իրազեկելու խնդիրով։
s-45 Հոն եւս իշխեցին կիրքերը բորբոքեցնելէ խուսափող մտավախութիւնները։
s-46 Այսօր ականատես կ՚ըլլանք այդ բոլորին տեղի տուող գործիչներու իրար հալածող ելոյթներուն։
s-47 Բնական է, քանի որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունէր իր հաշիւները եւ անխուսափելի էր վերջ ի վերջոյ իրարու բախումը։
s-48 Ինչպէս անցեալին, այսօր ալ համայնքի մեծամասնութեան համար նշանակութիւն չունին անոնց հայատառ մամուլի էջերէն կամ դիմատետրէն իրարու ուղղած թրքերէն երկարապատումները։
s-49 Բայց պոլսահայ համայնքի ապագային համար մեծ նշանակութիւն ունին համայնքային հաստատութիւններու ընտրութիւնները։
s-50 Արդարեւ պոլսահայոց դիմաց յայտնուած է ազգին համար նուիրումով աշխատելու տրամադիր երիտասարդ տարրերու կազմակերպեալ նախապատրաստութիւնը, դաշտը անգամ մը եւս սխալ անձերու չյանձնելու համար։

Text viewDownload CoNNL-U