Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain
AnnotationYavrumyan, Marat M.

Select a sentence

s-1 Ֆիլիզ Ալի ելոյթ մը ունեցաւ Տինքի ոգեկոչումի հաւաքին.
s-2 «Յոյսը այստեղ է այս հողը, այս երկիրը մե՛րն է»։
s-3 Ինչպէս անցեալ տարիներուն, այս տարի եւս, Հրանդ Տինքի սպանութեան 12-րդ տարելիցին, համախմբուեցան հազարաւոր քաղաքացիներ։
s-4 Այս տարուան խօսքը արտասանեց Ֆիլիզ Ալի՝ դուստրը անուանի արձակագիր ու բանաստեղծ Սապահատտին Ալիի, որ ձերբակալուած ու անհետ կորստեան մատնուած էր 1948-ին։
s-5 Հրանդ Տինքի՝ 19 յունուար 2007-ին սպաննուած վայրը, ժամը 15։00-ին կայացած ոգեկոչումի հաւաքի ընթացքին այս տարուան խօսքը արտասանեց Ֆիլիզ Ալի, որու ելոյթը կարդալ ստորեւ.
s-6 Սիրելի Հրանդ
s-7 12րդ անգամ ըլլալով, քեզ մեզմէ հեռացնող խաւարին դէմ, քու եւ ընտանիքիդ կողքին ըլլալու համար, քու ձեռքերով կերտածդ, հասունցուցածդ թերթիդ Ակօսին առջեւ ենք։
s-8 Մեզի մեր ցաւերուն մէջ ազգական դարձուցած, մեր ցաւերով հիմնուած եւ դժբախտաբար ամէն օր բազմացող ընտանիքի, որպէս ամէնէն հին անդամներէն մէկը կը խօսիմ քեզի հետ այսօր։
s-9 Հայրս Սապահատտին Ալի, 1948 թուականին, ձիւնածածկ առաւօտ մը, իմ եւ մայրիկիս մի քանի պատկերը լուսանկարելէ ետք Անգարայէն Իսթանպուլ ճամբայ ելաւ եւ այլեւս չվերադարձաւ։
s-10 Ձերբակալութեան մէջ կորսուած եւ ճակատագիրը մինչեւ այսօր անյայտ մնացած հայրս, դժբախտաբար այս երկրին ոչ առաջին եւ ոչ վերջին կորուստն է։
s-11 Այն մարդասպանը, որ «ազգայնական զգացումներով դրդուած» ըլլալուն համար ոճիրը գործած է ըսաւ, տարբերութիւն մը չունէր անկէ որ քեզ մեռցուց եւ ապա դրօշակին առջեւ նկարուեցաւ։
s-12 Սապահատտին Ալի 70 տարի է, որ կորսուած է։
s-13 Դէպքին ներքին իրողութիւնը մինչ օրս եկած անցած իշխանութիւններուն կողմէ չէ լուսաբանուած, ճիշդ ինչպէս որ քեզի դէմ գործուած ոճիրը չէ լուսաբանուած, հակառակ անոր, որ այսօրուան իշխանութիւնը ըսած էր «թոյլ պիտի չտանք, որ Անգարայի մութ ներքնուղիներուն մէջ կորսուի»։
s-14 Սապահատտին Ալիի նման հանրածանօթ եւ սիրուած գրողի մը վայրագ սպանութեան սարսափը հասարակութիւնը լռութեան կը մատնէ, միւս կողմէն քաջութիւն կու տայ ամէն տեսակի ընդդիմութիւնը ընկճելը պարտականութիւն տեսնող խաւարի ուժերուն։
s-15 Տասը տարին մէկ կրկնուող զինուորական յեղաշրջումներու միջոցաւ, խաւարի ուժեր կոչուած, սակայն մեր մէջէն ոմանք, շարունակեցին ոչնչացնել միւսները։
s-16 Սպաննուած լրագրողներ, գրողներ, արուեստագէտներ, գիտնականներէն ետք, հասարակութեան մէջ բացուած է երթալէն խորացող անբուժելի վէրքեր։
s-17 Մեր մեծ ընտանիքը 1948էն մինչեւ 2007 դժբախտաբար անդադար շարունակեց բազմանալ։
s-18 Քեզ կորսնցնելէն ետք ալ չեն դադարիր։
s-19 Միայն Յունուար ամիսը այնքան շատերու կը յիշեցնէ մեզի։
s-20 Օնար Քութար, Մեթին Կէօքթեփէ, Ուղուր Մումճու, Մուամմէր Աքսօյ, բոլորն ալ մեզի Յունուարի ցուրտին մէջէն կը դիտեն, այսօր այստեղ մեզի հետ են։
s-21 Եասեմին Ճեպենօյանը մեզ Դեկտեմբերէն կը դիտէ։
s-22 Փետրուարի սառնամանիքին մէջ Ապտի Իփեքճին կեցած է։
s-23 Ըսի որ հայրս կորսուած է։
s-24 Շաբաթ Օրուան Մայրերը / Մարդիկը, 1995 թուականէն ի վեր, Կալաթասարայի Հրապարակին վրայ, թէ հորս, թէ 24 Ապրիլ 1915ին Իսթանպուլի մէջ ձերբակալուելով գնացքներ նստեցուած հայ մտաւորականներուն, թէ 70ականներէն ի վեր Թուրքիոյ մէջ կորսուած հարիւրաւոր մարդոց ճակատագիրը կ՚ուզեն լուսաբանել։
s-25 Թուրքիոյ պատմութեան «ճշմարտութեան հրապարակ» մը ընծայած այս մարդիկ, առանց ձիւն, ձմեռ, յարձակում, ձերբակալութիւն ըսելու, տասնեակ տարիներէ ի վեր կը շարունակեն պահանջել։
s-26 Իրենց հարցումներուն պատասխան չեն տրուած եկող անցնող իշխանութիւններուն կողմէ, իրենց կորսուածները չեն գտնուած։
s-27 Քեզի կ՚ուզէի անցած տարուան մասին լաւ լուր տալ, բայց դժբախտաբար չեմ կրնար։
s-28 Գրողներ, մշակոյթի մարդիկ, քաղաքական դէմքեր բանտի մէջ են, առանց նոյնիսկ մեղադրանքի ենթարկուելու, առանց իսկ պատճառը գիտնալու, բանտերու մէջ կ՚անցնեն իրենց ամիսները եւ տարիները։
s-29 Միջազգային դատարաններու որոշումները չեղեալ կը նկատուին, ստորագրուած պայմանագրերուն չեն ենթարկուիր, անարդար իրաւական համակարգով մը մարդիկ իրենց ազատութենէն կը զրկուին։
s-30 Կարծես թէ չի բաւեր որ մեր կորուստները չեն գտնուիր եւ գերեզմանէ մը անգամ զուրկ կը մնանք, անցեալ տարի վկայ եղանք, թէ ինչպէս Շաբաթ Օրուան Մայրերը / Մարդիկը այլեւս հրապարակներու վրայ չէ, այլ նեղ փողոցներու մէջ կը հաւաքուին ու կը հարցնեն իրենց կորուսուածներուն ճակատագիրը։
s-31 Հորս մահուան 70րդ տարին, հասարակութիւնը ամբողջովին կրաւորական վիճակի մէջ է, ամէն տեսակ անարդարութիւն, անիրաւութիւն, ոճիր եւ սարսափի վարժուած է։
s-32 Սակայն ամէն առաւօտ Արեւը ծագելուն պէս բնական եւ անփոփոխ իրականութիւն մը կայ տիեզերքի մէջ։
s-33 Յիշողութիւնը։
s-34 Մարդ արարածը չի մոռնար կորսուած, կորսնցուած, ոչնչացուած, քանդուած, բչացուած իր արժէքները։
s-35 Այս կորսուած արժէքները ամբողջովին անսպասելի տեղէ մը, անսպասելի ձեւով հասարակութեան առջեւ դուրս կու գան եւ հարցում կու տան, «բնա՞ւ չամչցաք լռելէն»։
s-36 Սիրելի Հրանդ, նորէն ալ այդքան անյոյս չենք։
s-37 Չլռողներ կան, տակաւին այստեղ ենք, ոչ մէկ տեղ չենք երթար, չենք հրաժարիր։
s-38 Քու սպաննուած օրդ տակաւին երեխայ եղողները այսօր այստեղ են, մեր մէջ են, քու սպանութիւնդ կը հետապնդեն, հարցում կը հարցնեն, չեն լռեր։
s-39 Մինչ մեր բոլոր կորսուած արժէքները մեզ կը դիտեն Յունուարի ցուրտին, մենք այստեղ ձեր հետ, ամէն տարի երիտասարդացող ամբոխին հետ կը շարունակենք գալ ըսելու, որ չենք հրաժարիր։
s-40 Յոյսը այստեղ է։
s-41 Այս հողը եւ այս երկիրը մերն է։

Text viewDownload CoNNL-U