s-1
| Չեմ գիտեր ի՞նչ պատահեցաւ, տարիներ ետք, օր մը, բայց ե՞րբ էր իսկապէս, ելեր էի դուրս, լուսանկարները մնացեր էին բաց, լոյսին ու փոշիին, այդպէս եղած էր միշտ, երբ միասին էինք, դրած էինք տան պատերուն, գնդասեղով մը ամրացուցեր էինք, դիտեր, մոռցեր էինք անոնց գոյութիւնը. ջերմութիւնը, քաղաքին խոնաւութիւնը, միջատներու կեղտն ու բիժերը, ծխախոտը, տնային բոլոր ապականութիւնները խաւ առ խաւ մտեր էին թուղթէն, սուզուեր, ներծծուեր խաւաքարտին մէջ, ցեցի պէս կերեր հենքը. անոնց մակերեսներուն դեղնաւուն արատներ յայտնուեր էին, գիծերը դարձեր էին անորոշ, տարտամ, ծաւալները մթնցեր, իրերը կրծուեր էին, դէմքերը հեռացեր, մոռցուեր էին գրեթէ, խօսք մը, բառ մը, անուն մը, տեղանունի հետք մը միայն կրնայի դնել անոնցմէ մէկուն կամ միւսին վրայ: |
s-2
| Քայքայումը սկսած էր: |
s-3
| Որոշեցի հաւաքել ատոնք, բորբոսած, հնամաշ, հիւանդ կամ փսորուած պատառիկները դասաւորեցի, տրցակը փաթթեցի իր նախկին լաթին մէջ, ինչպէս ատենին մայրերը կը փաթթէին երեխաները իրենց շորերուն մէջ, Էլմոն, Վերժին, Անթիքա լուացեր, մաքրեր, փաթթեր էին իրենց աղջիկները, գրկեր, համբուրեր ու դրեր էին օրօրոցը կամ խանձարուրը, որ մեծնան, իրենք ալ օրօր կ՚երգէին, երգեցին, յետոյ ձայնը մեղմելով լռեցին, պիտի զետեղէի դարաններէն մէկուն վրայ, երկու հաստափոր գրքի միջեւ, եւ մէկէն պատմութիւնը սկսաւ: |
s-4
| Կարծեցի մէկէն պատմութիւնը սկսաւ, հատում մը եղաւ, բան մը կոտրեցաւ, թել մը փրթաւ, եւ մէկիկ-մէկիկ լուսանկարները թափեցան գետին, գորգին վրայ, մտածեցի հին կարպետն է, կարմիր, կապոյտ, կանաչ, նոր ու հին պատկերները ցրուեցան, սփռուեցան, դէմքերը, տեսարանները շրջուեցան, աղտոտած, կռնծած, մաշած յետնամասերու գիրերը սկսան ջնջուիլ, աւազի վրայ քայլեր, փոշի, կամ ստուեր, կարծեցի Մարիամի կորսուած տետրակէն էջեր էին, գիտէի, անոր մանուշակագոյն մելանով տառերը, օրը, ժամը, ամիսը, տեղը, անունը, մականունը, տեսեր եմ գրեթէ այդ ժամանակագրութիւնը, ամեն ինչ արձանագրուած էր, կը բաւէր արտագրել. տետրակին էջերը պատռտուեր էին, խառն ի խուռն եւ անխուսափելի ետեւառաջումներ կը յայտնուէին, թերթերը կը շփոթուէին լուսանկարներուն հետ, սպրդեր էին անոնց միջեւ, մտեր էին անոնց մէջ, կը դառնային հեռաւոր կրակի մը փայլերուն վրայ, օճախին բոցը կը պտուտքէր, մէկը կը մրափէր, միւսը կար կը կարէր, երրորդը կը ծխէր, որեւէ դէպք տեղի չէր ունենար, երբ հնչեց հեռաւոր աշտարակին ժամացոյցը: |
s-5
| Ո՞ւր էի: |
s-6
| Ե՞րբ էր: |
s-7
| Ուշ էր: |
s-8
| Թերեւս, արդէն շատ ուշ էր, բայց կրնայի փորձել հաւաքել լուսանկարները, թուագրել, թափանցիկ թուղթերով պաշտպանել, կարգաւորել, ցանկագրել, ծրագիրներ մշակել, մեկնիլ մինչեւ Պելֆոր, Մարիամի հետքերով, եթէ կային, նստիլ քաղաքապետարանի արխիւային բաժնին մէջ, պեղել ամուսնութեանց, ծնունդի ու մահուան դիւանները, հասցէներ ճարել, կանգնիլ դրան առջեւ, բարձրանալ սանդուխներէն, գտնել Ծաղկանոյշը, ան որ Ֆլորա կը կոչուէր նաեւ, որ գուցէ թերեւս կ՚ապրի տեղ մը, կրնայի ճամբորդել Պէյրութ, մխրճուիլ թոքախտանոցի թուղթերուն մէջ, եթէ պահուած ըլլային, յայտնաբերելու համար Վերժինի մահուան թուականը, կրնայի տակաւին հետեւիլ Անթիքայի ոտնահետքերուն, հարցաքննել ապրողները, տեղեկութիւններ ու լուսանկարներ հաւաքել, համադրել, վերակազմելու համար պատմավէպին ինծի զլացած բոլոր մանրամասնութիւնները: |
s-9
| Փաստելո՞ւ համար, թէ այս բոլորը ցնորք չե՞ն , իրակա՞ն են: |
s-10
| Կրնայի... բայց հրաժարեցայ շուտով այս փորձութենէն: |
s-11
| Գոյութեան թանձրութիւնը ինչպէ՞ս հաստատել երբ գտնելիքներս կը պատկանէին միայն ու միայն ստոյգին: |
s-12
| Իսկ ստոյգը որքա՜ն արագ ընթացքով մը հեռացեր, ջնջուեր է, գերեզմանուեր, ձգելով ինծի միայն դիւրաբեկ քանի մը խօսքի աւերակներ: |
s-13
| Ո՛չ իսկ աւերակներ: |
s-14
| Ո՛չ իսկ մոխիրներ: |
s-15
| Վարախաներ, հիւղաւանի պատեր, տնակներ, անցքի կայքեր: |
s-16
| Ա՛յդքան : |
s-17
| Աւերակներուն ու մոխիրներուն միջեւ կը բացուին աւազի ընդարձակ, շարժուն ու գնայուն տարածութիւններ: |
s-18
| Անոնց հեռաստանին կրնամ դնել այս լուսանկարները, ասոնք իբրեւ յանգման կէտը միւսներուն, յետոյ կը փոխեմ անոնց կարգը, մտովին կը մկրատեմ մի քանին, ինչպէս Էլմոն ընել տուեր է, երբ հիանալի կարճումով մը հեռաւորութիւնն ու ժամանակը խախտեր է, հաստատեր է իր ցանկութիւնը եւ Ծաղկանոյշը կանգնեցուցեր է իր մօտը, իր քովիկը. այդպէս ալ ես՝ կը կտրեմ լուսանկարը վերէն վար, կը մտցնեմ Անթիքան ու սենեակը տեսադաշտին մէջ, նրբին յեռումով մը, կը պահպանեմ խորքի, գոյնի, որակի տարբերութիւնները, եւ ահա կազմուած է միակ ընդունելի տեսարանը. Էլմոն՝ ետին Մարիամը, Վերժին՝ մէջտեղը առանձին, ասդին Անթիքան եւ իր անանուն աղջիկը: |
s-19
| Պէտք չէ մոռնամ որ Վերժինի ետին, առժամապէս բացակայ են, բայց կը կանգնին, երկու աղջիկները, իրենց զաւակներով, թոռներով ու ծոռներով: |
s-20
| Իսկ այս բոլորին կը պակսի, գիտեմ, կը պակսի ձայնը, որ տեսարանին մէջն է, անկէ ալ դուրս նոյն ատեն, տեսակ մը յարաշարժ պատմութիւն, որ տեղ չունի, որ տեղ կը փնտռէ աշխարհի վրայ ու չի գտներ, եւ դժգոհ, տրտնջալով, մշտապէս աքսորական՝ կը յանգի ականջիս: |
s-21
| Գիտէ որ պիտի չլքեմ զինք, ինչպէս իրենք երբեք չեն լքած, կ՚ըսէին, իրենց երկար ընթացքը՝ այդ անելանելի աւազներէն անցնող, տեւապէս կորսուող, վերայայտնուող ճամբան դէպի զիս: |
s-22
| Բայց էականը թերեւս այն է որ այդ հաւաքական լուսանկարը առայժմ չկայ: |
s-23
| Օր մը, գուցէ, շողարձակ, երեւակայական գիծ մը կը միացնէ դէմքերը, նոյն տրամին շուրջ կամ նոյն ոսպնեակի բոցին, կը վառէ, կը ջնջէ, կը փոշիացնէ անոնց մարմիններն ու հոգիները, յետոյ ինք ալ իր կարգին կը քաշուի, կը հեռակայի, կ՚անհետանայ անստոյգ կէտէ մը դուրս: |