s-1
| Գարուն էր։ |
s-2
| Փոքրիկ գիւղին միակ փողոցը կառագնաց խճուղին էր։ |
s-3
| Փրովանսի անուշ արեւը մասնաւոր հոգածութեամբ մը տեղաւորուեր էր գիւղին ու արտերուն վրայ։ |
s-4
| Հեռուէն եկող ելեկտրական սղոցի մը զիլ ճռինչը՝ որ ատաղձագործի մը ներկայութիւնը կը մատնէր, արեւոտ օդին մէջ զուարթ յանկերգի մը պէս կ՚երկարէր։ |
s-5
| Երբ դրան մը առջեւ փայտի տաշեղներու դէզ մը տեսայ, կեցուցի կառքս, արհեստս յիշեցնող պայուսակը ձեռքիս՝ արհեստանոց մտայ։ |
s-6
| Մարդը տախտակին վրայ ծռած՝ լարուած ուշադրութեամբ կը հետեւէր գործողութեան։ |
s-7
| Այսինքն ետ չդարձաւ երբ դուռը գոցեցի աղմուկ հանելով։ |
s-8
| Սպասեց, որ գործողութիւնը լրանայ։ |
s-9
| Այն ատեն միայն դանդաղ շարժումով մը ետ դարձաւ մարմնին կիսովը, գլուխը թեթեւ մը ծռած։ |
s-10
| Նայուածքին մէջ հարցում կար, զոր ոչ մէկ աճապարանք ունէր արտայայտելու։ |
s-11
| Մօտեցայ իրեն եւ ներկայացայ։ |
s-12
| — Ո՛չ , ըսաւ, բանի մը պէտք չունիմ։ |
s-13
| Ձայնը նոյնպէս դանդաղ էր, ինչպէս իր շարժումները, բայց հաստատակամ։ |
s-14
| Մէկ խօսքով թումբ կանգնեցուց ընելիք առաջարկներուս վրայ։ |
s-15
| Եւ սակայն, անպայման կ՚ուզէի բան մը ծախել, յանձնարարութիւն մը ընդունիլ իրմէ։ |
s-16
| Ակնարկով մը արհեստանոցին ամբողջ միջոցը քննեցի։ |
s-17
| Ամէն կողմ տախտակ կար որուն գործածութիւնը կարելի չէր գուշակել եւ ծախած ապրանքներէս առաջարկներ բերել։ |
s-18
| Բայց անկիւն մը դագաղ մը տեսայ։ |
s-19
| — Կը տեսնեմ որ, ըսի, դագաղ ալ կը շինէք։ |
s-20
| Ես ունիմ նաեւ շատ աղուոր եւ աժան դագաղի կոթեր, խաչեր…։ |
s-21
| Ատաղձագործը հեգնական քրքիչ մը ունեցաւ։ |
s-22
| — Այս գիւղին մէջ մարդ չի մեռնիր, ըսաւ, խորհրդաւոր տեսք մը առնելով եւ աչքերը վրաս բարձրացուցած։ |
s-23
| — Է՛հ , այս դագաղը լիւքսի համար չէք շինած։ |
s-24
| — Ատիկա ուրիշ պատմութիւն է… ապուշութի՜ւն , ապուշութի՜ւն ։ |
s-25
| Յիսուն տարի է, որ արհեստին մէջն եմ, ասիկա առաջին դագաղն է, որ շիներ եմ եւ այն ալ, ինչպէս կը տեսնէք, փոշիին մէջ թաղուած մնացեր է։ |
s-26
| Հողի՛ն մէջ ըլլալու տեղ…։ |
s-27
| — Ի՞նչպէս , ըսի, խելքիս չի հասնիր, դագաղը ապսպրեցին, դուք շինեցիք եւ չառի՞ն ։ |
s-28
| Հարկաւ մեռելը առանց դագաղի չթաղեցին…։ |
s-29
| — Ի՞նչ մեռել, սիրելիս, հոս մեռնող չկայ։ |
s-30
| Բայց սա մեր անիծեալ ծերունի Մառմոյին խելքին փչեր է, ուզեր է մեռնիլ, կ՚երեւի շիփ շիտակ երկննալու համար իր սիրական հողերուն մէջ, քիչ մըն ալ որովհետեւ եօթանասուն տարի է մէջքին վրայ երկուքի ծալլուած ապրելէն ձանձրացեր է։ |
s-31
| Առտուն անկողին մտեր է, կէսօրէն ետքը բժիշկը հոգեւարքը յայտարարեր է։ |
s-32
| Մէկը վազեր քահանան բերեր է, որ անմիջապէս հաղորդութիւն է տուեր, որ ութսուննոց գայլը չըլլայ թէ դժոխք երթայ, միւսը վազեր եկեր է հոս՝ «Վարպե՛տ , կ՚աղաչեմ, դագաղ մը, ծերունի Մառմոն անցնելու վրայ է, քահանան եկաւ, թաղումը վաղը առաւօտ պիտի ըլլայ»։ |
s-33
| «Ես դագաղ չեմ շիներ, պոռացի, ես մեռելներու համար չեմ աշխատիր, ինծի դագաղ շինել մի՛ տաք, ես տուն շինել կ՚ուզեմ, տո՛ւն , ապրողներուն համար։ |
s-34
| Չեղաւ։ |
s-35
| Աղաչեց. |
s-36
| «Վարպետ, վաղը պէտք է թաղենք, հիմա գործերու եղանակն է կորսնցնելիք ժամանակ չունինք, հողը մեզի չսպասեր , մենք հողին գերին ենք»։ |
s-37
| Ըսի, քաղաք գացէք, քաղաքէն առէք։ |
s-38
| Չեղաւ, շարունակ կը կրկնէր. |
s-39
| «Հողը մեզի չըսպասեր »։ |
s-40
| Անպիտանը չէր ուզեր ըսել, որ քաղաքը աւելի սուղ է։ |
s-41
| Ինչ որ է, ամբողջ գիշերը աշխատելով շինեցի դագաղը։ |
s-42
| Մէյ մըն ալ առտուն կանուխ եկաւ տղան։ |
s-43
| «Վարպետ, շինեցի՞ր դագաղը», եւ ա՜հ , ըսաւ, սեղանին վրայ պատրաստ դագաղը տեսնելով, ալ պէտք չունինք, աւելցուց ցած ձայնով, ծերունին մեզի խաղ խաղաց»։ |
s-44
| — Ի՞նչպէս թէ խաղ խաղաց…։ |
s-45
| Տղան ձեռքէս բռնելով սա ետեւի դրան առջեւ տարաւ, բացաւ, եւ ցուցամատը երկարած հեռուն, ցոյց տուաւ ծերունին, որ առտուն մութն ու լուսին ոտքի ելած իր հողը կը մշակէր։ |
s-46
| — Է՜հ , ըսի, հիմա պիտի սպասէք, որ ուրիշ մը մեռնի, ձեր դագաղը ծախելու համար։ |
s-47
| — Դուք չէք հասկնար, պատասխանեց ատաղձագործը զայրացած, կամ չէք ուզեր հասկնալ, երբ կ՚ըսեմ թէ հոս մարդ չի մեռնիր։ |
s-48
| — Ինչպէ՞ս թէ մարդ չի մեռնիր։ |
s-49
| — Մեր գիւղին մարդիկը քաղաք կ՚երթան, քաղաքը կը մեռնին, ըսաւ, քաղաքը։ |
s-50
| Չէ՞ք տեսներ, գիւղը պարպուած է։ |
s-51
| Ալ հասկցած էի, որ այս ատաղձագործին հետ ընելիք չունէի։ |
s-52
| Դուրս ելլելէս առաջ ակամայ ակնարկս ինկաւ շինուած դագաղին վրայ, որ տխուր էր, ցուրտ էր։ |
s-53
| Մարմնիս երկայնքէն սարսուռ մը անցաւ։ |
s-54
| Դագաղ մը, երբ մէջը մեռել չկայ, աւելի տխուր է, աւելի պաղ…։ |