Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain
AnnotationYavrumyan, Marat M.

Select a sentence

s-1 ԹԱՅԻՍ ԳԱՐԱԳԻՒԹԻՒՔ
s-2 Պարսելոնայի մէջ երկրորդ օրս էր:
s-3 Զատիկ էր:
s-4 Երբ պտոյտս կը կազմակերպէի, Զատկին Պարսելոնա ըլլալու գաղափարը արդէն զիս ոգեւորած էր, բայց հիւանդութեանս պատճառով առաւօտուն արթնցայ ուժաթափ եւ ուշ:
s-5 Գոնէ տաքութիւն չունէի:
s-6 Մէկ օր առաջ տաքութիւնս արգիլած էր Սուրբ Ընտանիք (Sagrada familia) տաճարը այցելել, բայց այս անգամ պիտի այցելէի Կաուտիի հմայիչ շէնքերը:
s-7 Պիտի սկսէի Սակրատա Ֆամիլիայէն ու պիտի իջնէի դէպի վար:
s-8 Խոստացած էի Սէիտէին՝ թուրք աղջկան, որուն հետ առջի օր ծանօթացած էի, պիտի այցելէի աշխատած ճաշարանը:
s-9 Զատկի օրով փողոցները այսչափ պարապ չէի երեւակայած. Հռոմի փողոցները Ծաղկազարդին անգամ լեցուն էին:
s-10 Նոյնիսկ յուսացած էի, որ քաղաքին մէջ պիտի տեսնէի Զատկուան զարդարանքներ, բայց նոյնիսկ ցուցափեղկերը չէին զարդարուած:
s-11 Միայն կային սիրուն կողովներ, որոնք շոքոլայէ նապաստակով եւ գունաւոր փետուրներով լեցուն էին:
s-12 Հասայ ճաշարան:
s-13 Սէիտէն ներսն էր:
s-14 Իրեն հարցուցի.
s-15 Ինչո՞ւ փողոցները պարապ են Զատկի օրով:
s-16 Ըսաւ որ մեծամասնութիւնը Իտալիա գացած է Զատիկը տօնելու համար:
s-17 Չեմ գիտեր՝ ճի՞շդ էր ըսածը, թէ ամէն մարդ դեռ եկեղեցին էր այն պահուն:
s-18 Սէիտէն հարցուց.
s-19 Ե՞րբ կը վերադառնաս Աւստրիա:
s-20 Երեք օր վերջ:
s-21 Եթէ կ՚ուզես, վերադառնալէդ առաջ գիշերը միասին կը պտտինք:
s-22 Քեզի կարգ մը տեղեր կը ցուցնեմ:
s-23 Յետոյ քեզ կը ձգեմ հոսթելդ:
s-24 Շատ լաւ կ՚ըլլայ, բայց այն գիշեր հոսթելը պիտի չանցընեմ:
s-25 Օդանաւը առտուն 7ին է:
s-26 Օդակայանը պիտի անցընեմ գիշերը:
s-27 Այդպէս բան կ՚ըլլա՞յ :
s-28 Միասին կը պտտինք, յետոյ քովս կը մնաս:
s-29 Սէիտէն լաւ մէկու մը կը նմանէր:
s-30 Առաջարկը հետաքրքրական էր, քան օդակայանը քնանալը:
s-31 Ընդունեցի:
s-32 Քալեցի դէպի Սակրատա Ֆամիլիա:
s-33 Ճամբան աման մը ելակ գնեցի, որպէսզի կենսանիւթ առնեմ:
s-34 Նոյն բանը Ֆլորանսի մէջ ըրեր էի:
s-35 Պէտք է որ այն ժամանակ հասկնայի, թէ հինգ պտուղին կենսանիւթը զիս պիտի չբուժէր:
s-36 Սակրատա Ֆամիլիայի առջեւի տարածութեան մէկ նստարանին նստայ, շէնքը դիտեցի:
s-37 Այն պահուն չուզեցի ուժս վատնել երկար պոչին ետեւը կանգնելով ներս մտնելու համար:
s-38 Ատոր փոխարէն նախընտրեցի կարողութիւնս պահել ուրիշ շէնքեր տեսնելու:
s-39 Վերադառնալէս ետք համացանցէն տեսայ եկեղեցիին նկարները, եւ խորհեցայ որ կ՚արժէր այն երկար պոչին կենալ։
s-40 Կաուտիի միւս շէնքերը պիտի այցելէի, որոնք Քասա Միլա, Քասա Պաթլլօ, Քասա Ամաթլլեր կը կոչուին:
s-41 Այս շէնքերը իրարու շատ մօտիկ էին:
s-42 Կաուտիի շէնքերը եւրոպական ճաշակով շինուած միւս շէնքերուն չեն նմանիր:
s-43 Իրենք Պարսելոնային ճաշակը ներկայացնելուն մէջ եզակի բաժին ունին:
s-44 Կաուտիի ճարտարապետական փորձառութիւնը կը սկսէր փողոցի ելեկտրական ձողերուն ծրագրաւորմամբ:
s-45 Յետոյ ան կը ծրագրէ ձեռնոցավաճառի մը ցուցափեղկը եւ ասոր շնորհիւ կը ծանօթանայ Էվսէպի Կիւէլլի հետ:
s-46 Ան կը բարեկամանայ Կիւէլլի ընտանիքին հետ եւ ստեղծագործութիւններ կը կատարէ անոր համար:
s-47 Այսուհետեւ Կաուտին հեղինակաւոր ճարտարապետը կը դառնայ Պարսելոնայի:
s-48 Իր կեանքը ինծի կը յուշէ գրագէտ Այն Ռանտի հետեւեալ տողերը.
s-49 «Լաւ փորձառութեան համար երկու բան պէտք է. մեծ մարդ մը՝ մէկ. իսկ միւսը աւելի հազուագիւտ է. այն որ բաւարար մեծութիւն ունի մեծութիւնը տեսնելու եւ ատոր մասին արտայայտուելու համար»:
s-50 Կաուտիին շէնքերը հոյակապ էին, ինծի կը թուէր, թէ կը պտտէի հեքիաթային աշխարհի մը մէջ:
s-51 Ճարտարապետութիւնը մտապատկերը իրականութեան վերածելու փորձն է:
s-52 Այս շէնքերը տեսնելով խորհեցայ, որ ի՛նչ ձեւով կ՚աշխատէր Կաուտիին միտքը:
s-53 Համացանցէն կարդացեր էի, թէ Փարք Կիւէլլ կարելի էր այցելել Կիրակի ժամը 5էն մինչեւ 8, որ ձրի էր:
s-54 Ժամը ուշ էր, գրեթէ 8 կ՚ըլլար։
s-55 Բայց նորէն ալ ուզեցի բախտս փորձել:
s-56 Մթննալ սկսած էր, ու ես կը գտնուէի Փարք Կիւէլլի թաղամասէն հեռու տեղ մը:
s-57 Առաջին անգամ Պարսելոնայի մէջ հանրաշարժ նստայ եւ հասայ ուրիշ կայարան մը, բնաւ գաղափար չունէի, թէ ո՛ւր կը գտնուէի:
s-58 Կուկըլ քարտէսը ամենամեծ փրկիչս էր:
s-59 Սկսայ զառիվերը մագլցիլ:
s-60 Հեռաձայնս կը ցուցնէր, թէ հասեր էի:
s-61 Բոլորովին մթագնած էր:
s-62 Պաշտօնեայ մը չկար:
s-63 Երկու երիտասարդ տեսայ ու հարցուցի.
s-64 Վտանգաւո՞ր է այս ժամուն առանձին պտտիլ:
s-65 Ընդհանրապէս բան մը չ՚ըլլար, ըսին ու ծիծաղեցան:
s-66 Զբօսաշրջիկի մը այս ժամուն ճեմապարտէզ այցելութիւնը տարօրինակ թուած էր անոնց:
s-67 Ժամը 9 էր եւ Փարք Կիւէլլ մտած էի, առանց պաշտօնեայի մը հարցնելու:
s-68 Ժամուն ուշ ըլլալը գիտցայ, քանի որ մութը կը տիրապետէր ու ճեմապարտէզի լուսաւորութիւնը բաւարար չէր:
s-69 Հոս այցելելը բոլորովին տարբեր զգացումներու մղած էր զիս:
s-70 Կը քալէի հեռաձայնիս լոյսը բացած. Կաուտիին դարձդարձիկ շինութիւնները կը տեսնէի. կը թուէր, թէ կորսուած էի հեքիաթային սարսափելի աշխարհի մը մէջ:
s-71 Լսեցի ոտնաձայն ու հանդարտեցայ, երբ տեսայ կին մը, որ վազքի ելած էր:
s-72 Հասայ տեղ մը, ուր լուսաւոր էր, եւ Պարսելոնան կրնայի դիտել վերէն։
s-73 Երկինքը դեղին էր ու ծառերուն ստուերները մթնոլորտը բանաստեղծական կը դարձնէին։
s-74 Որոշեցի իջնել փորձանք մը չպատահած:
s-75 Շատ յոգնած էի:
s-76 Դարձայ հոսթել:
s-77 Կը յուսայի աւելի լաւ արթննալ յաջորդ օր:
s-78 Սակայն ինչպէ՞ս կրնայի գիտնալ, որ ելակներուն վրայ յոյս դրած միամիտս ինքզինքս պիտի գտնէի հիւանդանոցի մը մէջ...:

Text viewDownload CoNNL-U