Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain
AnnotationYavrumyan, Marat M.

Select a sentence

s-1 Անցնող իւրաքանչիւր օրուան հետ նորանոր անձնաւորութիւններ կը բացայայտեմ որոնք արդէն հաստատուած են Հայաստան, եւ այս փաստը կ՚ուրախացնէ զիս եւ խրախուսիչ է բոլոր անոնց համար, որոնք կը ծրագրեն մշտական բնակութիւն հաստատել այստեղ:
s-2 Լիբանանահայութեան երաժշտասէր հասարակութեան համար ծանօթ անուն է Մանուկ Մինասեանը:
s-3 Հաւանաբար ան այնքան հռչակ չէ ունեցած այլ երգիչներու նման պարզ այն պատճառով, որ շուկայական եւ աժան երգարուեստի ետեւէ չէ ինկած, այլ առաջին օրէն երգած է եւ կը շարունակէ երգել մաքուր եւ անաղարտ հայերէն, հեռու ռապիզ կամ թրքաոճ երաժշտութենէ:
s-4 Անձնապէս ծանօթ չէի Մանուկին, բայց ֆէյսպուքի վրայ ընկերներ ենք եւ այդտեղէն ալ հասկցած էի թէ ժամանակէ մը ի վեր հաստատուած է Հայաստան, թէեւ չէի գիտեր թէ ինչ գործով կը զբաղի ներկայիս հայրենիքի մէջ:
s-5 Շուրջ երկու շաբաթ առաջ անակնկալի եկայ, երբ Մանուկը ֆէյսպուքի վրայ նկարներ տեղադրած էր, ուր կ՚երեւէր թէ կը զբաղի հողագործութեամբ:
s-6 Իր այս հայրենանուէր արարքը հետաքրքրութիւնս շարժեց եւ գրեցի իրեն թէ կ՚ուզէի անպայման հետը խօսիլ եւ տեսնել զինք:
s-7 Նոյն օրը երեկոյեան հեռաձայնեց ինծի եւ հանդիպումի վայրն ու թուականը ճշդեցինք:
s-8 Լիբանանահայու մը սուրճի խանութը հանդիպեցանք։
s-9 Նախապէս քանի մը վայրկեաններու հեռախօսազրոյցը կարծես որոշակի մտերմութիւն մը ստեղծած էր մեր միջեւ:
s-10 Մանուկը պարզ, համեստ, անմիջական եւ սրտաբաց անձնաւորութիւն է:
s-11 Մանուկին առաջին անգամ տեսած եմ 1986 կամ 87 թուականին լիբանանեան հեռատեսիլէ մը, հայկական Ս. Ծնունդի նուիրուած յայտագիրի մը ընդմէջէն:
s-12 Ատկէ ետք Լիբանան սփռուող Վանայ Ձայն ռատիոկայանէն քանի մը անգամ լսած եմ իր երգերը:
s-13 Գաւաթ մը սուրճի շուրջ մեր հանդիպումը անցաւ բաւական ջերմ եւ հարազատ մթնոլորտի մէջ:
s-14 Նախ ան պատմեց թէ ինչպէս առած է իր առաջին քայլերը երգարուեստի մարզին մէջ:
s-15 Ան շնորհակալութեամբ յիշեց թէ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնն ու պատասխանատուները նեցուկ կանգնած եւ քաջալերած են զինք իբրեւ անաղարտ հայերէն երգող:
s-16 Պատմեց թէ ինչպէս քանի մը առիթներով հանդիպումներ ունեցած է Թաթուլ Այնէճեանի սթիւտիոյին մէջ Թաթուլի, Սեդրակ Էսմերեանի, նկարիչ Զօհրապ Քէշիշեանի եւ արուեստի այլ ներկայացուցիչներու հետ:
s-17 Պատմեց թէ երգած է արեւմտահայերէնով երկու երգ, մէկը Ս. Էսմերեանի իսկ միւսը Թ. Այնէճեանի հեղինակութեամբ:
s-18 Արժէ այստեղ նշել Թաթուլի հեղինակած երգի մասին:
s-19 Ան գրած է բանաստեղծութիւն մը յատուկ Մանուկի երգացանկի համար, որ եղած է անոր կարապի երգը:
s-20 Բանաստեղծութեան վերջին տունը երաժշտութեան յարմարցնելու համար տուած են Թաթուլին զայն վերափոխելու:
s-21 Սրբագրութիւնը կատարելէն քանի մը ժամ ետք ան մահացած է:
s-22 Ապա պատմեց թէ շուրջ երկուքուկէս տարի առաջ եկած է Հայաստան քանի մը երգիչներու հետ ձայնագրութեան ծրագիրներով:
s-23 Այստեղ հաստատուելու հեռանկարը միշտ ալ եղած է իր միտքին մէջ, բայց այդ օրերուն տակաւին որոշում չէ ունեցած:
s-24 Հանգամանքներու բերումով մնացեր է այստեղ:
s-25 Առաջին ամիսները բաւական դժուար եղած են:
s-26 Երգարուեստի շուկան այստեղ գերյագեցած է եւ հնարաւոր չէր այդ մարզին մէջ աշխատանք ճարել եւ «տեղաւորուիլ»:
s-27 Ան փորձած է նաեւ իր արհեստին՝ ոսկերչութեան մէջ աշխատանք գտնել եւ չէ յաջողած:
s-28 Քանի մը ամիս սպասումներու եւ փնտռտուքներէ ետք, Քասախ գիւղը ապրող ընկերոջ մօտ սկսած է զբաղիլ հողամշակութեամբ:
s-29 Բնականաբար առաջին ամիսները եղած են սորվելու, փորձելու ծանր շրջան:
s-30 Քաղաքաբնակ ըլլալով, գրեթէ անծանօթ գիւղատնտեսական աշխատանքներուն, ան յամառօրէն ճիգ թափած է ստեղծելու իր գործը եւ իր անկիւնը:
s-31 Շատ կարճ ժամանակ ետք սկսած է սիրել հողը, հողագործութիւնը:
s-32 Եռանդով նկարագրեց թէ ինչպէս առաջին տարին փոքր տարածքի վրայ ցանած է սխտոր, լոլիկ, վարունգ, սմբուկ եւ այլն:
s-33 Այս տարի արդէն ցանքի տարածքը մեծցուցած է եւ նպատակադրած է յառաջիկայ տարի ա՛լ աւելի մեծ տարածքի վրայ աշխատիլ եւ ցանել:
s-34 Առայժմ գոհ է արդիւնքէն եւ լաւատես է ապագային համար:
s-35 Նշեց որ տեղի բնակիչները զարմանքով, հիացումով եւ երբեմն ալ թաքուն նախանձով կը դիտեն, թէ ինչպէս սփիւռքահայ երգիչ մը ձգած ամէն ինչ, եկած է Հայաստան եւ կը զբաղի հողագործութեամբ:
s-36 Մանուկը ունի քաղաքական իր համոզումներն ու աշխարհայեացքը:
s-37 Ան կ՚ըսէ թէ հայրենիքը պահելու համար պէտք է ապրիլ հողին վրայ, տէր ըլլալ անոր, վերաբնակեցնել եւ զարգացնել գիւղերը, որպէսզի հարեւան-թշնամին պատրուակ չունենայ գալու եւ տիրանալու մեր հողերուն:
s-38 «Հայրենասիրութիւնը բաժակաճառերով չըլլար, այլ հողին վրայ ապրելով եւ այդ հողը ապրեցնելով», կ՚եզրափակէ Մանուկ:
s-39 Իր ընտրած նշանաբանը լաւագոյնս կը բնորոշէ անոր հողին կապուածութեան աստիճանը:
s-40 Ան իր ֆէյսպուքի էջին վրայ դրած է ֆրանսահայ նշանաւոր գրող Շահան Շահնուրի «Նահանջը Առանց Երգի» գիրքէն առնուած հետեւեալ խօսքը.
s-41 «Ճահիճները չորցնենք, ակօսներ բանանք...»:

Text viewDownload CoNNL-U