s-1
| ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ |
s-2
| Քանի մը օր առաջ անակնկալ հեռաձայն մը ստացայ հին ընկերոջմէ մը: |
s-3
| Յարութ Ադամեանն էր: |
s-4
| Անոր հետ իմ ծանօթութիւնս կուգայ Լիբանանէն: |
s-5
| Շուրջ երեսունհինգ տարի առաջ երկուքս ալ երիտասարդականի անդամ էինք: |
s-6
| Ճիշդ է որ մտերիմ ընկերներ չէինք, բայց եւ այնպէս որոշ հարազատութիւն մը ստեղծուած էր: |
s-7
| Հաւանաբար այդ մէկը կուգար գաղափարական նոյն դպրոցին եւ նոյն միջավայրին մէջ հասակ առնելու մթնոլորտէն: |
s-8
| Հանգիստ բնաւորութեան տէր, աշխատասէր ու նուիրեալ տղայ մըն է ան: |
s-9
| Արցախեան շարժումը, ինչպէս մեր սերունդի շատ ու շատ երիտասարդներու, այնպէս ալ անոր համար եղաւ ներշնչանքի եւ նորովի նուիրումի ասպարէզ: |
s-10
| 1997ին Յարութը հաստատուեցաւ Արցախ, երբ տակաւին Արցախը նոր սկսած էր յառնիլ յաղթանակած պատերազմի արհաւիրքէն։ |
s-11
| Երբ տակաւին սփիւռքահայութիւնը կասկածանքով եւ թերահաւատութեամբ կը նայէր նորանկախ մեր հայրենիքին, ահա ճիշդ այդ օրերուն Յարութը որոշեց հաստատուիլ Արցախ եւ իր կեանքը շարունակել հայրենիքի այդ հատուածին մէջ: |
s-12
| Փոքր տարիքէն հետեւած ըլլալով մարտարուեստի եւ մասնագիտանալով այդ ոլորտին մէջ, Յարութը Արցախի մէջ կը հիմնէ մարտարուեստի դպրոց մը, որ մինչեւ այսօր ալ կը շարունակէ գործել եւ ունի աւելի քան 600 աշակերտ-մարզիկներ, որոնք կը մասնակցին միջազգային տարբեր մրցաշարքերու եւ կ՚արձանագրեն պատուաբեր արդիւնքներ: |
s-13
| Հայրենի հողին վրայ հաստատման զուգահեռ, Յարութը կը կազմէ նաեւ իր ընտանեկան երջանիկ բոյնը, ուր հայկականութեան շունչը եւ հայրենիքի հանդէպ սէրը կը մնայ գերակշռող: |
s-14
| Հանգամանքներու բերումով տասը տարի ետք, 2007 թուականին ան ընտանիքով կը վերադառնայ Լիբանան, սակայն միշտ ի մտի ունենալով օր մը անպայման հայրենիք վերադառնալու տեսլականը: |
s-15
| Լիբանան իր կեցութեան շրջանին, կը պաշտօնավարէ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի մէջ: |
s-16
| 2014ին, ընտանիքով գացած էինք Լիբանանի Ընկերային Ապահովութեան կեդրոնատեղին անցագիրներու նորոգութեան համար: |
s-17
| Հոն էր նաեւ Յարութը իր կնոջ եւ երեք զաւակներուն հետ: |
s-18
| Անոնք ալ եկած էին անցագիրներ հանելու: |
s-19
| Ան արդէն կայացուցած էր վերջնականապէս հայրենիք վերադառնալու որոշումը: |
s-20
| Մինչեւ մեր հերթը հասնիլը, շուրջ կէս ժամ զրուցեցինք: |
s-21
| Որոշած էր վերստին հաստատուիլ Ստեփանակերտ: |
s-22
| Այդ օրուան հանդիպումէն վերջ Յարութին չտեսայ, բայց յաճախ իր լուրերը կը լսէի: |
s-23
| Անցեալ տարի, պատերազմի օրերուն, լսեցի որ ինք եւս պատերազմի մասնակիցներէն է: |
s-24
| Քանի մը օր առաջ հեռաձայնեց։ |
s-25
| Պատմեց թէ 2014ին Արցախ վերադառնալէն ի վեր մինչեւ օրս կ՚աշխատի մարդասիրական կազմակերպութեան մը մէջ եւ իբրեւ այդ կազմակերպութեան աշխատակից, Արցախեան 44օրեայ պատերազմի ժամանակ յաճախ եղած է տարբեր դիրքերու վրայ: |
s-26
| Ան ըսաւ թէ իր երկու զաւակները Արցախի բանակին մէջ ծառայութեան մէջ եղած են եւ մասնակցած են պատերազմին, Մարտունիի ճակատին վրայ, բարեբախտաբար թէ Յարութը եւ թէ իր երկու զաւակները անվնաս մնացած են: |
s-27
| Պատերազմի աւարտէն ետք, մեծ տղան աւարտելով զինուորական ծառայութեան ժամանակաշրջանը, իր ուսումը կը շարունակէ Երեւանի ամերիկեան համալսարանին մէջ, իսկ փոքրը՝ պիտի զինուորացրուի երկու ամիս ետք: |
s-28
| Յարութը պատմեց նաեւ Արցախի առօրեայէն: |
s-29
| Ան հաստատեց թէ վերադարձողներ շատ կան, բայց ապագայի անորոշութիւնն ու եւ թշնամիով կիսաշրջափակուած ըլլալու փաստը յուսահատութեան մթնոլորտ մը ստեղծած են բնակչութեան մէջ: |
s-30
| Պետութիւնը ամէն կարելիութիւններ կը ստեղծէ ազգաբնակչութեան կենցաղային հարցերը լուծելու: |
s-31
| Մեծ թափով կ՚ընթանան շինարարական աշխատանքներ, բոլորին բնակարաններով ապահովելու համար: |
s-32
| Նախատեսուած է 2023ին անտուն եւ անօթեւան արցախցի չմնայ: |
s-33
| Նոյնիսկ ապրուստի միջոցներ՝ սննդեղէն եւ հագուստեղէն, կը տրամադրէ պետութիւնը կարիքաւոր ընտանիքներուն, որոնք շատ մեծ թիւ կը կազմեն: |
s-34
| Հակառակ այս բոլորին, անորոշութիւնը ճնշիչ է ժողովուրդին մօտ: |
s-35
| Սահմանին վրայ, մասնաւորաբար գիշերային ժամերուն, թուրքերը յաճախակիօրէն կրակոցներ կ՚արձակեն վախի մթնոլորտ տարածելու եւ Արցախի վերաբնակեցումը եւ վերականգնումը անկարելի դարձնելու նպատակով: |
s-36
| Անոր պատմածներէն հասկցայ թէ իսկապէս արցախահայութիւնը պատերազմի պարտութենէն ետք, նոյնքան դժուարութիւններու առջեւ է, որքան պատերազմի օրերուն: |
s-37
| Այդ դժուարութիւնը ոչ այնքան կենցաղային է, որքան հոգեբանական, որ կը սպառնայ հայրենի հողի այս հատուածին բնակչութեան արմատախիլ ըլլալ դարաւոր իր հայրենիքէն: |
s-38
| Յարութը հողին կառչած մնալու վառ ապացոյց է, սակայն պէտք է ունենալ յարութներ, եւ ստեղծել քաղաքական եւ ապահովական այն միջավայրը, որպէսզի անոնք շարունակեն գոյատեւել, ապրեցնեն, շէնցնեն եւ հզօրացնեն հայրենիքի այս հատուածը: |
s-39
| Խօսակցութեան աւարտին, Յարութին հետ պայմանաւորուեցանք որ երբ գայ Երեւան (ան ըսաւ թէ երկու-երեք ամիսը անգամը քանի մը օրով կուգայ Երեւան), անպայման հանդիպինք: |