s-1
| Հալէպի օդակայանը կամ Դամասկոսի նոր վերադարձը |
s-2
| Սագօ Արեան |
s-3
| Սուրիական տագնապին մասին ամերիկացի մէկէ աւելի պաշտօնատարներու կողմէ լսելի դարձող յայտարարութիւններուն զուգահեռ պաշտօնական Դամասկոս կը շարունակէ հաստատուն քայլերով իր քաղաքական ազդեցութիւնը աւելիով հունաւորել։ |
s-4
| Ի դէպ այս բոլորին զուգահեռ եւ հակառակ անոր, որ Սուրիան կ՚անցնի տնտեսական բաւական բարդ փուլէ մը, Սուրիոյ իշխանութիւնները մէկէ աւելի նախագիծներու իրականացմամբ կը փորձեն հանգիստ քայլերով տնտեսական նոր դրուածքներ հաստատել, որոնց շնորհիւ ալ անոնք պիտի փորձեն նոր եռանդ հոսեցնել «աղիտեալ» համարուած շրջաններուն։ |
s-5
| Սուրիոյ տնտեսական ուժը, անոր գործարարներու բրակմաթիզմը եւ կարկինը դէպի մերձաւոր-արեւելեան եւ մասնաւորապէս արաբական երկիրներ բանալու մօտեցումները այսօր արդէն կամաց-կամաց աւելի վճռորոշ սկսած են դառնալ։ |
s-6
| Անշուշտ տնտեսական այս նոր փուլին, առաջնային դեր մը պիտի վստահուի Հալէպ նահանգին, որ մեծ ճիգեր կ՚իրականացնէ՝ վերադառնալու երբեմնի իր տնտեսական դերին։ |
s-7
| Ճիշդ է, որ կատարուող քայլերը տակաւին շատ նօսր են՝ անցեալին վերադառնալու համար, բայց եւ այնպէս ակներեւ է, որ Դամասկոս մեծապէս ընկալած է, որ այսօր ամենառաջնայինը՝ բանակի հզօրացման կողքին, կը շարունակէ մնալ տնտեսական անցեալի դերին վերարժեւորումը։ |
s-8
| Հալէպի մասին նշեցինք, պարզ անոր համար, որ շնորհիւ իր տնտեսական ներուժին, դիրքին եւ մանաւանդ աշխատունակ եւ ստեղծագործ մարդուժին, կ՚առանձնանայ միւս շրջաններէն ու հաւանաբար այդ էր պատճառը, որ Սուրիան «վերանորոգելու» սուտ երազներով մէջտեղ նետուած ամբոխավար ընդդիմութիւնը (որ ընդդիմութիւնէ զատ ամէն ինչի վերածուեցաւ) իր համար էական թիրախ մը դարձուց Հալէպը եւ հարուածի տակ առաւ անոր տնտեսական լծակներն ու արդիւնաբերական մեծ կեդրոնները։ |
s-9
| Հայութիւնը, որ Հալէպ քաղաքի զարթօնքը քար առ քար կառուցած հիմնարար բաղկացուցիչներէն էր, մեծ վնասներ կրեց այդ պատերազմէն ու այսօր ալ կը շարունակէ պայքարիլ ինքզինք գտնելու, եղածին տէր ըլլալու ու դէպի լաւատես ապագայ մը ընթանալու իր փորձերը։ |
s-10
| Տակաւին պարզ չէ, թէ հայութիւնն իրապէս, կամ առնուազն անոր գործարար հատուածը պիտի կարողանա՞յ առաջուան իր դերին վերադառնալով նոր կերտուածք մը տալ Հալէպի տնտեսական ուժին, բայց եւ այնպէս այս առումով կատարուած փորձերը էական քայլեր են, եւ պիտի դառնան հալէպահայութեան ապագան հունաւորելու միտուած կարեւոր քայլեր։ |
s-11
| Վերադառնալով այսօրուան զարգացումներուն, հարկ է անպայման հաշուի առնել, որ Հալէպ քաղաքի միջազգային օդակայանին վերաշխուժացումը ունի նաեւ քաղաքական բաղադրիչներ, եւ կը պատմէ այն մասին, որ պաշտօնական Դամասկոս առաջուան նման (նկատի ունինք պատերազմական օրերու շրջանին) հեռու պիտի չըլլայ շրջանային զարգացումներէն։ |
s-12
| Ճիշդ է, որ Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնը ապահովող սուրիական բանակը, այսօր կը տիրապետէ երկրի ամբողջ տարածութեան տոկոսին, սակայն այդ բոլորը չեն նշանակեր, որ Սուրիան յառաջիկայ ժամանակներուն, էական եւ կարեւոր դերեր պիտի չունենայ շրջանին մէջ, մանաւանդ, որ ամերիկեան նոր վարչամեքենայի մէկէ աւելի փակ սենեակներուն մէջ պարզ լեզուով կը խօսուի նախագահ Պաշշար Ասատին հետ լեզու գտնելու անհրաժեշտութեան եւ անհետաձգելիութեան մասին։ |
s-13
| Իսկ թէ ինչ դեր պիտի ունենայ Սուրիան, այդ մասին կարելի է խօսիլ այլ առթիւ։ |