Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain
AnnotationYavrumyan, Marat M.

Select a sentence

s-1 Այն մասին թէ ինչպէս կիրակնօրեայ «մանղալավարութիւն»ս տապալեցին...
s-2 Այս կիրակի մեծամասնութիւնը որոշած է մանղալ չվարել։
s-3 Դժուար կացութեան մէջ եմ։
s-4 Որոշումը առնուած է երկու երրորդ մեծամասնութեամբ եւ դժուար է բեկանել։
s-5 Քուէարկութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր։
s-6 Երկուքուկէս ձայն պէտք էր մանղալ վարելու համար բայց ես հաւաքեցի մէկ ձայն, կինս երեք ձայն ու մեծամասնութեան որոշումով այս կիրակի թեթեւ բան մը պիտի ուտենք...
s-7 Թերեւս «փաթաթես» կը խաշենք, վրան թեթեւ աղ մը կը ցանենք ու քիչ մըն ալ ձէթ կը քսենք, հետն ալ սալաթ մը...
s-8 Հիւանդանոցի ճաշ...
s-9 Եղածը յեղափոխութիւն էր ու առանց քայլ առնելու...
s-10 Նստած տեղերնին որոշեցին, քուէարկեցին ու այսքան տարուան իմ կիրակնօրեայ մանղալատիրութիւնը մէկ ակնթարթով տապալեցին...
s-11 Զայրացած տունէն դուրս ելայ ու եալլա սինեմա...
s-12 Գացի տեսայ երեք ֆիլմ կայ։
s-13 Իմ ճաշակիս ֆիլմ մը զատեցի ու մօտեցայ որ տոմս մը առնեմ բայց՝
s-14 Մէկ հոգիի համար սրահը չենք բանար, ըսին։
s-15 Նուազագոյնը չորս հոգի պէտք է։
s-16 Երեւի սխալ հասկցաք, ըսի, ուզածս վերելակի տոմս չէ, ֆիլմի համար է։
s-17 Ընդհակառակը, շատ ճիշդ հասկցանք...
s-18 Վերելակի պարագային առաւելագոյնը չորս է, իսկ այս սինեմայի պարագային չորսը նուազագոյնն է...
s-19 Նկատի առէք որ այս երկրին մէջ վերելք չկայ, միայն վայրէջք կայ։
s-20 Բաւական սպասեցի բայց իմ զատած ֆիլմս դիտել ցանկացող մը չգտայ...
s-21 Տոմսավաճառը թելադրեց որ մեծամասնութեան ճաշակին հետեւիմ ու միւս երկու ֆիլմերէն մէկը զատեմ բայց չընդունեցի...
s-22 Ո՞վ ըսաւ թէ մեծամասնութեան ճաշակը անպայման լաւ է...
s-23 Բայց ինչ ընէի...
s-24 Զիս բնաւ չհետաքրքրող ֆիլմ մը դիտէի, պարտուած տուն վերադառնայի ու վրան ալ խաշած փաթաթե՞ս ուտէի...
s-25 Թէ փորձ մը ընէի, երեք հոգի համոզէի ու նպատակիս հասնէի։
s-26 Փորձեցի ու պատկերացուցէք երեքի տեղ հինգ հոգի համոզեցի եւ ուզած ֆիլմս դիտեցի...
s-27 Թէեւ մէկը քնացաւ ուրիշ մըն ալ ձգեց սրահը դուրս ելաւ բայց միւս երեքը գոհ մնացին եւ իրենց իսկ վկայութեամբ՝ թարմ ճաշակով տուն գացին։
s-28 Իսկ ես յաղթական տուն վերադարձայ ու փոխանակ մեծամասնութեան ճաշակին զոհ դառնալու, անոնց ճաշակը թարմացնել որոշեցի...
s-29 Ձեր խաշած փաթաթեսն ու սալաթը անուշ ըլլայ ձեզի...
s-30 Բայց կտոր մըն ալ միս հետը կարծեմ թէ բնաւ չի խանգարի...

Text viewDownload CoNNL-U