s-1
| ՇՈՂԵՐ ՃԵԼԼԱՏԵԱՆ, Թորոնթօ |
s-2
| Լեզուն բոլոր մշակոյթներու բառային տեսքով արտայայտուելու ուղին է։ |
s-3
| Հայերէն լեզուն իր գրական, խօսակցական եւ բարբառային տարբերակներով կը հանդիսանայ աշխարհի հնագոյն եւ գեղեցկագոյն լեզուներէն մէկը, իր հազարագանձ բառամթերքով, բառակազմութիւններով, շարադասութեամբ, հնչիւնաբանութեամբ եւ լեզուական այլ յատկանիշներով։ |
s-4
| Խօսակցական հայերէնը ոչ միայն գրական լեզուին տիրապետող հանրութեան բանաւոր, անկաշկանդ խօսքն է, այլեւ ժողովուրդի այն մասի խօսքը, որուն համար գրական լեզուն սովորաբար հաղորդակցութեան միջոց չէ։ |
s-5
| Հայ ժողովուրդը դարերու ընթացքին յառաջացուցած է իւրայատուկ խօսակցական լեզու մը, հարուստ դարձուածքային խօսելաձեւերով, որոնք չեմ գիտեր ինչու, ինծի համար նոյն համն ու հոտը չունին, գոնէ իմ գիտցած այլ լեզուներուս մէջ։ |
s-6
| Այս դարձուածքային խօսելաձեւերը բազմաթիւ են ու բազմազան, մեր մանկութենէն յաճախ լսած ու ընկալած ենք։ |
s-7
| Անոնք բնականաբար սկսած են մաս կազմել մեր առօրեայ խօսակցութիւններուն։ |
s-8
| Այս դարձուածքներու կազմութեան մէջ հիմնական դեր ունին մեր մարմնի անդամները, որոնք յաճախ ենթականեր են, միանալով հետաքրքիր բայերու եւ լրացուցիչ գոյականներու կ՚ամբողջացնեն նախադասութիւնները եւ խօսակցական լեզուն կը համեմեն զանազան արտայայտութիւններով։ |
s-9
| Այս առումով՝ գլուխը առաջնահերթութիւն ունեցող մէկ անդամն է։ |
s-10
| Հայրը կամ մայրը երբ իրենց ձանձրոյթը պիտի արտայայտեն երեխաներու աղմուկէն բարկացած պիտի ըսեն՝ «Գլուխս տարիք», իսկ եթէ նոյն բանը քանի մը անգամներ կրկնուի՝ «Գլուխս արդուկեցիք»։ |
s-11
| Եթէ բարեկամի մը պիտի բացատրենք թէ որքան բազմազբաղ ենք այս օրերուն՝ «Գլուխ քերելու ժամանակ չունիմ»։ |
s-12
| Երբ զգաս որ ոեւէ մէկը չի կամենար քեզ օգտակար դառնալ՝ «Եղունգ ունիս գլուխդ քերէ»։ |
s-13
| Դժբախտութիւն մը պատահելու պարագային ալ գլուխը չի կրնար խուսափիլ իրողութենէն՝ «Վայ, գլխուն մեծ փորձանք մը եկած է»։ |
s-14
| «Պայթիլ» բայն ալ կրնայ միանալ գլխուն եւ շեշտել յանցագործութիւնը՝ «Գլխուն պայթեցաւ»։ |
s-15
| Երբեմն բարկացած պահու մը կը ստիպուինք քաղաքավարութեան սահմանները խախտել ըսելով՝ «Խնդրեմ, գլուխս երբեք պարապ չէ քեզի համար»։ |
s-16
| Սակայն չմոռնանք յարգանքի մեծ բաժինն ալ, որ գլուխը կը վայելէ՝ «Գլխուս վրայ տեղ ունիս», իսկ եթէ գաղափարին երբեք համոզուած չենք՝ վճռաբար կ՚ըսենք՝ «Ասանկ բաները գլուխս չեն թրջեր»։ |
s-17
| Յաջողութեամբ աշխատանքը աւարտողը կը գնահատեն՝ «Իսկապէս, շատ լաւ գլուխ հանեց»։ |
s-18
| Հայրը կը սաստէ ըմբոստ երիտասարդ տղան. |
s-19
| «Գլուխէդ վեր բաներու մասին չմտածես»։ |
s-20
| Թղթախաղի ընթացքին գլուխը շատ անգամ սպառնալիքի կրնայ ենթարկուիլ. |
s-21
| «Այս անգամ ես քու գլուխդ պիտի կտրեմ»։ |
s-22
| Լեզուն ալ գլուխէն ետ չմնար։ |
s-23
| Երեխան երբ նոր խօսիլ սկսի, մեծ մայրը կ՚ըսէ. |
s-24
| «Թոռնիկս լեզու ելաւ»։ |
s-25
| Երբ մէկը ճարտարօրէն կրնայ համոզել, կը գովենք. |
s-26
| «Ինչ լաւ լեզու թափեց»։ |
s-27
| Երկու կիններ կ՚ափսոսան ծանօթ բարեկամուհիի մը բամբասանքի նիւթ դառնալը, եւ գլուխ տարուբերելով կ՚ըսեն. |
s-28
| «Մեղք է, ժողովուրդին լեզուն ինկաւ»։ |
s-29
| Երբ վէճ մը շատ սաստկանայ, վիճաբանողներէն մէկը պարտաւորուած կրնայ ըսել. |
s-30
| «Լեզուդ քաշէ՛ , ալ կը բաւէ»։ |
s-31
| Իր խորամանկութեամբ ընկերը անել վիճակի մատնողը կը հպարտանայ թէ «Լեզուն բռնուեցաւ չկրցաւ պատասխան տալ»։ |
s-32
| Ականջը յաճախ պատժամիջոց դարձած մարմնի անդամն է, հակառակ իր կենսականութեան։ |
s-33
| Թէեւ ներկայ սերունդներու ականջները ձերբազատուած ու հանգստացած են այդ պատիժէն, բայց երբեմն տակաւին կրնան լսել «Ականջդ պէտք է քաշուի» ոչ կիրառելի յանդիմանութիւնը։ |
s-34
| Մտահոգ բարեկամդ կրնաս մխիթարել ըսելով. |
s-35
| «Ականջիդ ետեւ նետէ» կամ «Ականջ մի՛ դներ»։ |
s-36
| Լաւագոյն ծնողական խրատ մըն է «Ականջդ լաւ բաց, զաւակս»։ |
s-37
| Ձեռքն ու ոտքն ալ անշուշտ մաս կը կազմեն այս ցանկին։ |
s-38
| Առատաձեռն մարդուն պիտի ըսենք «Ձեռքը բաց է», իսկ անճարակին՝ «Անոր ձեռքէն բան չ՚ելլեր»։ |
s-39
| Բամբասող կիները գողի մը պատմութիւնը կը սկսին ըսելով. |
s-40
| «Լսեցինք ձեռքը ծուռ է եղեր…»։ |
s-41
| Ոստիկան մը երբ պարմանուհի մը կը հարցաքննէ թէ այդ երիտասարդէն ինչ պատճառով կը գանգատիք, վերջինս երկու բառով կրնայ բացատրել պատահածը. |
s-42
| «Ձեռք նետեց…»։ |
s-43
| Հաւաքական աշխատանքի մը միայն որպէս դիտորդ մասնակցողը հաւանական է որ լսէ «Ձեռքդ բանի մը չդպցուցիր» նկատողութիւնը։ |
s-44
| Երբ պատանիէն բարկացած հայրը վերջնականօրէն պիտի արգիլէ որեւէ տեղ երթալ՝ «Ոտքդ կտրէ. տեղդ նստիր»։ |
s-45
| «Պնդել» բայը այնքան ալ ազդեցիկ չէ քան «Ոտք կոխեց» ըսելը։ |
s-46
| Նահանջելն ալ կրնայ ոտքով բացատրուիլ. |
s-47
| «Վերջապէս ոտքը քաշեց հոսկէ»։ |
s-48
| Քիթը ընդհանրապէս բացասական դերակատարութեամբ հանդէս կու գայ. |
s-49
| «Քիթդ մի խոթեր», ուրիշի գործին մի խառնուիր։ |
s-50
| Հետաքրքիրին «քիթը երկար է», իսկ գարշահոտութենէն կրնայ «քիթը փրթիլ»։ |
s-51
| Մեծ մայրիկը կ՚ափսոսայ ազգականի մը ձախողութիւնը. |
s-52
| «Մէկ խօսքով՝ խեղճին քիթէն եկաւ»։ |
s-53
| Երբեմն ալ երկու անձերու միջեւ նմանութիւն գտնող վարպետները նմանութիւնը շեշտելու համար «Քիթէն ինկեր է» պիտի ըսեն։ |
s-54
| Անշուշտ բերանն ալ գործօն անդամ է այս ծիրէն ներս։ |
s-55
| Ուսուցչուհին քանի մը անգամներ շատախօս աշակերտին «մի խօսիր» ըսելէ ետք «Բերանդ գոցէ» կը գոչէ։ |
s-56
| Աւելորդ պակաս բաներ խօսողին՝ «Բերնիդ չափ ու սահման դիր»։ |
s-57
| Վայ անոր որուն անգաղտնապահ ըլլալը բացայայտուի՝ «Անոր բերանը բան չի թրջիր» կ՚ըսեն, իսկ եթէ հակառակն է՝ «Չէ, երբեք կասկած մի ունենաք, բերանը ամուր է»։ |
s-58
| Աչքի պէս պարզ եւ աչքի պէս խորունկ. աչքն ալ իր բաժինը առած է այս դարձուածքներէն։ |
s-59
| Երբ մէկը շատ հետաքրքիր ծիծաղ մը կը պատմէ, լաւ մը խնդալէն ետք շնչասպառ կ՚ըսենք. |
s-60
| «Աչքդ չ՚ելլէ, ուրկէ բերիր այս մէկը»։ |
s-61
| Երազկոտ մանուկը իր ամպերէն վար բերելու համար կ՚ըսեն. |
s-62
| «Աչքդ լաւ բաց»։ |
s-63
| Փափկասուն տիկինը առեւտուրէ վերադարձին կը փորձէ ամուսինը համոզել թէ ցուցափեղկին մէջ տեսած ադամանդեայ մատանին շատ սիրած է եւ անպայման կ՚ուզէ հատ մը ունենալ՝ «Աչքս վրան մնաց» կրկնելը լաւագոյն միջոցներէն մէկն է։ |
s-64
| Սնահաւատութենէ ալ իր բաժինը ստացած է աչքը. երբեմն կապոյտ գոյնով աչքի նշաններ կը դրուին դռներու վրայ եւ ըստ այնմ վատ բան մը պատահելու պարագային կ՚ըսուի «անպայման աչք դպած է» կամ «աչքէ եղաւ»։ |
s-65
| Անգլերէն լեզուի մէջ շատ գործածուած կրկնակի ստուգումը, հայերէնով աւելի հեշտ է ըսել «Աչք մը եւս նետէ»։ |
s-66
| Խեղճ աչքը երկու պարագաներուն ալ կը ծառայէ. երբ անհատը ագահ է՝ «Աչքը ծակ կ՚ըլլայ», հակառակը՝ «Աչքը կուշտ է»։ |
s-67
| Գաբրիէլ Սունդուկեանի «Պեպօ» թատրերգութեան մէջ, երբ Արութին իր պարտքը կ՚ուրանայ եւ փոխարէնը հինգ թուման կը փորձէ տալ, Պեպօ դրամը Արութինի երեսին շպրտելով կ՚ըսէ. |
s-68
| «Հը՛ , բռնէ՛ , աչքդ խոթէ կնկադ համար առնելիք կ՚ունենաս»։ |
s-69
| Պէտք չէ մոռնանք նաեւ սիրտը՝ մարմնի շարժիչը, այս պարագային նկարագիր բնութագրողն է։ |
s-70
| Անհատի մը մասին դրական արտայայտուելու համար կ՚ըսենք՝ «Սիրտը մաքուր է», իսկ բացասականին սիրտը իր գոյնն իսկ կը փոխէ՝ «Սիրտը շատ սեւ է»։ |
s-71
| Բաւարար չէ պարզ բառերով պատմել թէ բարեկամ մը առաջին հանդիպումէն շատ սիրած ենք. կը նախընտրենք ըսել՝ «Առաջին օրէն սիրտս մտաւ»։ |
s-72
| Եւ եթէ շարունակենք մտածել այս առնչութեամբ կրնանք տակաւին շատ մը օրինակներ վերյիշել, այս արտայայտութիւնները կը շարունակեն մնալ խօսակցական լեզուի օգնականներ, երկար միտքերն ու խօսքերը կարճ ու դիպուկ կերպով հաղորդելու լաւագոյն միջոցներ։ |
s-73
| Եւ մանաւանդ, մեր լեզուն կ՚ըլլայ աւելի համով ու հոտով։ |