Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain
AnnotationYavrumyan, Marat M.

Select a sentence

s-1 Սահա եմ՝ Արմէնին դիմացը։
s-2 Նոր հասայ, քանի մը բան պէտք է գնեմ Արմէնին քովէն ու շարժիմ դէպի տուն։
s-3 Ընդհանրապէս Կարոյին քովէն թաքսի կ՚առնէի ու կ՚երթայի, բայց քանի որ կ՚ուզեմ կոր ձեզի ծանօթացնել ճամբան, քալելով պիտի երթամ։
s-4 Ի միջի այլոց, միշտ զգացած եմ, որ Սահայէն դէպի Էքիզօլուխ երթալը շատ աւելի դժուար է ու յոգնեցուցիչ, քան հակառակը։
s-5 Յամենայն դէպս, կեցէք՝ գնումս ընեմ Արմէնին քովէն ու քալենք։
s-6 Արմէ՛ն , հաճի՛ս , մէկ հատ իտալական, մէկ հատ մալինկ, մէկ հատ սիյահի հաց, մէկ տուփ «Սատա» լոխում, մէկ հատ լամիս պըսքուիթ՝ նորէն «Սատա», երկու հատ ալ մանտարին «Վինիթօ»։
s-7 Տոպրակներս առի, ու ճամբան սկսաւ։
s-8 Նախքան քալելս ըսեմ, որ Արմէնին դիմացի մայթը Քէսապի ամենասթրաթեճիկ մայթն է։
s-9 Ամէն մարդ կը նախընտրէ հոն նստիլ։
s-10 Ուրեմն Արմէնին քով ուրիշ խանութ մը կար, կարծեմ անունը Զահթարեան էր։
s-11 Ինծի համար միշտ զարմանալի էր, որ Արմէնը շատ աւելի յաճախորդ ունի քան այդ կողքի խանութը, հակառակ որ խանութները ոռ-ոռի են։
s-12 Քիչ մը որ բարձրանանք, դպրոցի մուտքն է։
s-13 Դէպի ձախ որ դառնանք, արդէն կը սկսին շարք մը խանութներ. Կարոն՝ որպէս թաքսի եւ ճամբորդութիւններու գրասենեակ, կողքը՝ նպարավաճառ մը։
s-14 Երեւի քովէն առնեմ վարունգ, լոլիկ եւ քիչ մը պտուղ։
s-15 Յիշածիս համաձայն, կողքը փուռ մը կայ՝ Նորմայենց փուռը, կողքը՝ խանութ մը, որ քունաֆէ պըլ ճըպնէ կը ծախէր, յետոյ ալ՝ դեղարանը։
s-16 Քիչ մըն ալ քալենք ու կը դառնանք աջ, ու արդէն կը սկսի զզուելի զառիվերին սկիզբը։
s-17 Ձախ կողմս գերեզմանատունն է, կողքը խանութ մը կար, որ քասեթներ կը ծախէր ժամանակին։
s-18 Շունչ առնելով կը բարձրանամ։
s-19 Ձախիս նոր շէնքեր են, անկիւնին վրայ սափրիչ մը կայ։
s-20 Աջիս՝ դէպի ներս քիչ մը, Մանճիկեաններու տունն է։
s-21 Կը շարունակեմ, մինչեւ հասնիմ «Օթել Ռաուտան», յետոյ քանի մը նոր շէնք ու քաքէն գուրպ մը՝ դէպի ձախ։
s-22 Ի միջի այլոց, դէպի աջ գաղտնի ճամբայ մը կայ, որ կը հասցնէ եկեղեցի։
s-23 Հիմա ժամանակը չէ։
s-24 Դժոխային զառիվերի երկրորդ մասն է՝ արդէն քրտինքներու մէջ եմ։
s-25 Մինչեւ որ ճամբան ետ շտկուի, լռեմ քիչ մը։
s-26 Կարծես թէ շտկուեցաւ։
s-27 Հիմա տեղ մըն եմ, որ, տղաքը կ՚ըսէին դամասկոսցիներու ՍԵՄ-ի բանակավայրը կը տանի. չեմ գացած հոն։
s-28 Քիչ մը առջեւ Դերձակեաններուն տունն է, յետոյ՝ մուստաուսաֆը, յետոյ՝ քանի մը նոր շէնք։
s-29 Երկու դրացի կայ այս շէնքին մէջ, որ կը ճանչնամ՝ Խայէլեանները եւ Գանտիլեանները։
s-30 Քանի մը քայլ առջեւ՝ հեռուէն կ՚երեւայ կարմիր գոյնի Փօլատեաններուն տունը, իսկ անկիւնին վրայ՝ կաթոլիկներու ճամբարը։
s-31 Այդ ճամբով, որ շարունակենք, կը հասնինք ՀՄՄ-ի բանակավայրը։
s-32 Դէ՛հ , բայց գիտէք՝ իմ ճամբաս դէպի տուն է։
s-33 Եկէք շարունակենք. քրտինքս կը հոսի կոր ու ճամբուն դեռ մէկ երրորդը հազիւ կտրեցինք, չնայած հիմա ճամբան ուղիղ է քիչ մը, աւելի դիւրին։
s-34 Ճամբարէն քանի մը քայլ առջեւ՝ ձախ կողմի վրայ, «Կազդուրման կայան»ն է։
s-35 Ընդհանրապէս այստեղ արծուիկները կ՚իջնէին, բայց ես քանի մը անգամ իջած եմ այնտեղ «Օգնութեան Խաչ»ին եւ «Պատսպարան»ին հետ։
s-36 Ասոնք երեւի զատ յօդուած մը կ՚ուզեն։
s-37 Շարունակեմ։
s-38 Հարիւր մեթր անդին՝ անկիւնը ճաշարան մը կայ, որուն անունը չեմ յիշեր, ու մէկ հատ ալ նպարավաճառ։
s-39 Դէպի աջ կը դառնամ, ու կը սկսին Քէսապի լեռներուն եւ ձորերուն հրաշալի տեսարանները։
s-40 Տեսարանը մտքիս մէջ քիչ մը պղտոր է։
s-41 Բայց, օրինակ, շատ լաւ կը յիշեմ Պալապանեաններուն տունը՝ ճամբու ձախ կողմը։
s-42 Կը տեսնեմ մէկական բերդի նման մեծ-մեծ շէնքեր՝ ճամբու աջ կողմը։
s-43 Կը քալեմ քիչ մը զառիվար, քիչ մը զառիվեր, մինչեւ յայտնուի ամերիկեան հին մեծ օթոն. «Եումուրթա»յին օթոն է։
s-44 Կարծես թէ Էքիզօլուխին մօտեցայ. Փանոյեաններուն տունն է աջիս, քիչ մը առջեւ՝ Հալլաճեաններունը, դիմացնին՝ Թութունճեաններու վիլլան, իսկ դիմացը՝ հրաշալի ակը։
s-45 Այ, հոս պէտք է կենալ։
s-46 Արդէն հերթ կայ. ամէն մէկը, ձեռքին կալոն մը կամ շիշ մը, ջուր պիտի լեցնէ, կամ պարզապէս կ՚ուզեն խմել ու լուացուիլ։
s-47 Կարեւորը՝ առանց հոսկէ ջուր խմելու տուն պիտի չերթամ։
s-48 Փոքր տարիքիս կը կարծէի, որ այս ակը սառնարանի մը կապուած է, որովհետեւ չի կրնար ասանկ տաք եղանակի այսքան պաղ ջուր գայ։
s-49 Հերթս եկաւ, կը լուացուիմ կոր, ջուր կը խմեմ կոր հնարաւորին չափ ու կ՚երեւակայեմ կոր ակին կապուած սառնարանը։
s-50 Կարծես թէ պէտք է շարժիմ, որովհետեւ ետեւս հերթը երկարեցաւ։
s-51 Քանի մը քայլ առաջ՝ ակին կողքը, «Չաղլասեան Օթել»ն է, դիմացը՝ նպարավաճառ մը ու քիչ մը վեր՝ ճաշարան մը։
s-52 Երկուքին ալ անունը չեմ յիշեր։
s-53 «Չաղլասեան Օթել»ին կողքը քասթըրմէ՝ կտրուկ ճամբայ մը կայ, որ դէպի բանակավայր կը հանէ. բայց գիտէք, եղածով զառիվեր է ու հեչ սիրտ չունիմ բարձրանալու։
s-54 Նորմալ ճամբաս կը շարունակեմ, մինչեւ գայ շատ մեծ, դէպի աջ գուրպ մը։
s-55 Աս գուրպը մեծ պատմութիւն ունի ողորմած Ապու Ազիզին հետ։
s-56 Ամէն անգամ, որ յաղթահարէր, «զամմուր հաուան» ամուր կը սեղմէր ու կարծես կ՚ուզէր գուրպին ճարտարապետին ըսել «Քաքնեմ խելքիդ, աս ինչ քաքէն գուրպ էր»։
s-57 Եկէք շարունակեմ տունիս կողմը։
s-58 Այստեղ քանի մը տուն կը յիշեմ՝ Էքմեքճեանները, Տաքէսեանները, Բախտիկեանները, ու յետոյ կը սկսէր գեղեցիկ վիլլաներու շարք մը։
s-59 Յետոյ հասկցայ, որ ատոնք բոլորն ալ զինուորական մարդոց տուներ էին։
s-60 Այս շարքին մէջ վերջին տունը մեր տունն էր՝ գետնայարկ, պճլիկ պալքոնով։
s-61 Ակոն եւ Մունան հանգիստ նստած իրենց սուրճը կը խմեն ու հեռուէն կը նետեն. «Ուշացար...»

Text viewDownload CoNNL-U