Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain
AnnotationYavrumyan, Marat M.

Select a sentence

s-1 «Արամ Մանուկեան» շէնք կամ «Արամ Մանուկեան կեդրոն» կամ ճամբաներու խիտ խաչմերուկ...
s-2 Այս կառոյցը եթէ լեզու ունենար ու խօսելու կարողութիւն՝ ինչեր ու ինչեր պիտի պատմէր։
s-3 Ճիշդ հիմա վերելակին առջեւն եմ, հետս մէկը կայ, գիտեմ, որ ընկեր ասինչն է, բայց երբեք խօսակցութիւն չունիմ հետը։
s-4 Վերելակը եկաւ, դուռը բացի, «հրամէ՛ , ընկե՛ր »...
s-5 Փամբուկչեանը կ՚երգէ կոր ցած ձայնով։
s-6 Հասանք։
s-7 Դուռը կը բանայ ու ինձմէ առաջ կ՚ելլէ ընկերը։
s-8 Ետեւէն զգոյշ կը նայիմ՝ ի՛նչ պիտի ընէ։
s-9 Դիմացի մեծ դռան աջ կողմը անդրֆոն կայ, կը սեղմէ, ո՞վ է...
s-10 Հիմա եկէք շարունակենք իմ ճամբան...
s-11 Մի քանի տարի յետոյ, երբ ես վարչական եղայ, մեր վարչութեան որոշումով այդ անթիք սառնարանը վերցուցինք ու տեղը սիրուն պահարան մը տեղաւորեցինք։
s-12 Հա ուալլա, այդ քայլը իմ օրերուս էր։
s-13 Մի քանի քայլ նեղ միջանցքին մէջ ու ձախ կողմի վրայ կը յայտնուի հայրիկ Ապու Կարոն. սենեականման շատ պզտիկ տարածք մըն էր անոր տնօրինածը՝ այս հրաշալի մարդը հոն ինչ գործեր կը տեսնէր։
s-14 Պզտիկ սառնարան, քովը նստելու տեղ, բայց աթոռ չէ՝ տակը գազոզի հին սնտուկ։
s-15 Կողքը Ապու Կարոյին աթոռն է, որ շատ յաճախ մեզի կու տար։
s-16 Սախխան, պահարան, լուացարան ու վերջ։
s-17 Ապու Կարոյին մենյուին մէջ կայ չորս տեսակ սենտվիչ՝ սուճուխ, պանիր, շոքոլա, իտալական, յաւելեալ՝ թէյ, սուրճ, քոլա ու անշուշտ տերպի։
s-18 «Բարեւ, Ապու Կարօ»...
s-19 «Բարեւ, պապ»...
s-20 Քալելով կ՚ըսեմ՝ «Մէկ հատ իտալական, հաճիս, անօթի եմ, կու գամ կոր»...
s-21 Ճամբաս եթէ շարունակեմ՝ կը հասնիմ աջիս սենեակ մը։
s-22 Կեդրոնական վարչութեան սենեակն է։
s-23 Ընդհանրապէս չէի սիրեր այդ սենեակը մտնել։
s-24 Ճիշդ քովը տեղական վարչութեան սենեակն էր՝ հոն ալ չէի սիրեր մտնել։
s-25 Դէ ո՞վ կը սիրէ վարչութիւններու հետ հանդիպիլ։
s-26 Բայց երբ արդէն վարչական դարձայ, այդ սենեակէն դուրս չէի ելլեր։
s-27 Հիմա եկէք շարունակեմ ճամբան. վարչութեան սենեակէն քանի մը քայլ առջեւ՝ աջ կողմս փոստարկղ մը կայ, վրան՝ «Փոթորիկ» պարբերաթերթին կողքը։
s-28 Ճիշդ դիմացը երկար-երկար սենեակ մը կայ՝ ժողովներու համար, իսկ աջ կողմը՝ մեր մեծ սրահը։
s-29 Պատի եզրին շարուած ճերմակ փլասթիքէ աթոռներ, իսկ պատին վրայ՝ հրաշալի տղոց նկարներ, որոնք մահ ու ազատութեան ընտրութեան առջեւ ընտրեր էին «մահը»։
s-30 Կար նաեւ մէկ սեղան, վրան՝ «Ազդակ»ը, «Գանձասար»ը եւ քանի մը այլ պարբերաթերթեր։
s-31 Անոր քով՝ նոր պէյպիֆուդի սեղան, դիմացը՝ փինկ-փոնկի սեղան, իսկ միւս կողմը՝ երկար պահարանը, պզտիկ գրադարանը, նոր ժապաւէն ու Ներսիկի ու Գառնիկի բոլոր քասէդները։
s-32 Սրահը հիմա պաս-պարապ է. լաւ է, որովհետեւ եթէ մէկը ըլլար՝ պիտի սկսէի փինկ-փոնկ խաղալ։
s-33 Ի միջի այլոց, այդ ժամանակ համոզուած էի, որ բոլոր ազգային տղաքը շատ լաւ փինկ-փոնկ կը խաղան կամ պէյպիֆուդ, որովհետեւ, գիտցածիս համեմատ, բոլոր նմանատիպ կեդրոններուն մէջ կամ փինկ-փոնկի սեղան կամ պէյպիֆուդ կայ
s-34 «Սաղօ՛ , պապ, սանտուիշդ պատրաստ է, ո՞ւր բերեմ»...
s-35 «Ապու Կարօ՛ , պալքօն, հաճիս»։
s-36 Պալքոնը չի նմանիր Հալէպի տուներու պալքոններուն, լուացք փռելու թելեր չունի, աթոռներ, օրօրոցներ նոյնպէս չկան, ընդամէնը լայն տարածք, ազատ քամի եւ բաց տեսարան։
s-37 Հիմա պալքոնն եմ, լման Հալէպը դիմացս է՝ խենթանալիք տեսարան։
s-38 Փակ աչքերով շատ լաւ կը յիշեմ։
s-39 «Մերսի, Ապու Կարօ»...
s-40 «Անուշ, տղաս»...
s-41 «Ալա րասի»...
s-42 Ժպիտով կը սեղմեմ կոճակը՝ այսինքն, «գիտցայ քեզ ու գիտեմ ուր կ՚ելլես կոր»։
s-43 Շատ մարդոց ճամբաները այստեղ հանդիպած են ու/կամ բաժնուած։
s-44 Ընկերը հրամեց, վերելակին մէջ ենք, չարաճճիութեամբ կ՚ըսեմ «3րդ յա՞րկ »...
s-45 Ուրեմն դէպի ձախ պզտիկ ու սովորական դուռ մը կայ, ներս կը մտնես, ճիշդ դիմացդ քառակուսի երկար ջուրի սառնարան մըն է. երկու ծորակ ունի, մէկը՝ դէպի վեր, միւսը՝ դէպի վար։
s-46 «Այո»...
s-47 Այո...
s-48 Դըննննն, դուռը կը բացուի ու ընկերը շատ արագ ներս կը յայտնուի...
s-49 Լաւ, գործ չունիք, ուրիշ անգամ ձեզի կը պատմեմ այդ դռան ու այդ «ներս»ին մասին։

Text viewDownload CoNNL-U