Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttest
AnnotationYavrumyan, Marat M.

Select a sentence

s-1 Ազգային Կեդրոնական Վարժարան, Պոլսոյ մէջ հայկական երկրորդական վարժարան։
s-2 Իր առաքելութեան ձեռնարկած է՝ 14 Սեպտեմբեր 1886-ին:
s-3 1860-ական թուականներուն արեւմտահայութեան համար նշանակելի երեւոյթ մըն էր Ազգային Սահմանադրութեան որդեգրումը։
s-4 Թէեւ այդ թուականին Պոլսոյ մէջ կային աւելի քան 40 նախակրթականներ, սակայն երկրորդական եւ բարձրագոյն դասարաններու պակասը մեծապէս զգալի էր։
s-5 Այս զարթօնքին Ուսումնական խորհուրդը միշտ օրակարգի վրայ կ՚ունենար Կ. Պոլսոյ եւ գաւառներու ազգային նախակրթարաններն աւարտող պատանիներու երկրորդական ուսում տալու եւ մասնաւորաբար գաւառային նորաբաց դպրոցներուն համար ուսուցիչ պատրաստելու հարցերը։
s-6 Անհրաժեշտ էր հիմնել երկրորդական ուսման ազգային վարժարան մը, որ կարողանար ընդունիլ նաեւ ձրիավարժ աշակերտներ, Պոլիսէն եւ գաւառէն։
s-7 Պոլսոյ ամենահին եւ կարեւոր թաղամասերէն մին էր Ղալաթիան, ուր գոյութիւն ունէր Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցին։
s-8 Անոր կողքին կը գտնուէր Ամենափրկիչեան նախակրթարանը, որ հրոյ ճարակ դարձած է 1874-ին, Ղալաթիոյ մեծ հրդեհի ատեն։
s-9 Ուսուցիչ՝ Ստեփան Փափազեանի ջանքերով կը վերաշինուի Ամենափրկիչեան դպրոցին շէնքը, յարկաբաժիններ աւելցնելով «Կեդրոնական»ին, Ազգային Մատենադարանին եւ Ազգային Ժողովին համար։
s-10 Վարժարանը իր ուսումնական առաքելութեան կը ձեռնարկէ 14 Սեպտեմբեր 1886-ին, Յարութիւն Պատրիարք Վեհապետեանի շրջանին։
s-11 Թաղը, ուր կը գտնուի վարժարանը, քիչ թիւով հայ բնակիչներ ունեցած էր եւ հեռաւոր թաղերու ուսանողներ եկած ու կեդրոնացած էին այս դարաւոր կրթական յարկին երդիքին տակ։
s-12 Արդէն իսկ ի սկզբանէ վարժարանը սահմանուած էր «Կեդրոնական» Վարժարան մը ըլլալու, ուր պիտի կարենային զանազան թաղերու նախակրթարաններէն շրջանաւարտ յաջող աշակերտներ իրենց ուսումը կատարելագործել, հետագային ծառայելու համար որպէս ուսուցիչ Պոլսոյ եւ գաւառներու վարժարաններուն մէջ։
s-13 Վարժարանը միշտ յաջողագոյն լիսէներու շարքին տեղ գրաւելով հասցուցած է բազմաթիւ արժէքաւոր անհատներ, որոնք թէ՛ Պոլսոյ եւ թէ՛ արտասահմանի մէջ պատուաբեր պաշտօններու տիրանալով բարձր պահած են Կեդրոնականի անունը։
s-14 Այժմ, իբրեւ երկսեռ երկրորդական վարժարան, կը գործէ քառամեայ լիսէի բաժինով։
s-15 Եկեղեցւոյ բակին մէջ, Կեդրոնական Վարժարանի նախկին շքամուտքին թաղուած են Կեդրոնական Վարժարանի բարերարներ՝ Յարութիւն Էֆէնտի Գափամաճեան (1814-1878) եւ Մաքրուհի Գափամաճեան (1827-1887)։
s-16 Կեդրոնականի մէջ դասաւանդած եւ ուսած յայտնի դէմքեր
s-17 Տարբեր տարիներ Կեդրոնական վարժարանին մէջ դասաւանդած են՝ Մատաթիա Գարագաշեան, Յովսէփ Շիշմանեան (Ծերենց), Բ. Կիւլէսէրեան, Յովհաննէս Հինդլեան, Ռեթէոս Պէրպէրեան, Մելքոն Կիւրճեան, Եղիա Տէմիրճիպաշեան, Յակոբ Պարոնեան, Գ. Նորատունկեան, Ստեփան Կուրտիկեան, Գարեգին Գավաֆեան, Երուանդ Տէր-Անդրէասեան, Հրանտ Ասատուր, Տիրան Չրաքեան, Լեւոն Շանթ, Վահան Թէքէեան, Կոստան Զարեանը, Զապէլ Ասատուր (Սիպիլ), Մատթէոս Իզմիրլեան, Մաղաքիա Օրմանեան, Եղիշէ Դուրեան, Գարեգին Սրուանձտեանց, Գարեգին Խաչատուրեան, Արտավազդ Սիւրմէեան, Աստուածատուր Խաչատրեանը եւ ուրիշներ։
s-18 Դասաւանդած է նաեւ Կոմիտաս. «Գուսան» երգչախումբը կազմուած է գլխաւորաբար վարժարանի սաներէն։
s-19 Կեդրոնական վարժարանին մէջ ուսում ստացած են՝ Արշակ Չօպանեան, Հրաչեայ Աճառեան, Արշակ Ալպոյաճեան, Յակոբ Սիրունի, Արմէն Արմէնեան, Միսաք Մեծարենց, Վահան Թէքէեան, Յակոբ Մնձուրի, Ռաֆայէլ Շիշմանեան, Երուխան, Օննիկ Չիֆթէ-Սարաֆ, Հայկ Պէրպէրեան, Պ. Գէորգեան, Ս. Մանուկեան, Է. Մանուէլեան, Գ. Ալեքսանեան եւ ուրիշներ:

Text viewDownload CoNNL-U