s-1
| Հայ մամլոյ նահապետ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադիր Միսաք Գօչունեանի թողած աւանդը ունի զանազան երեսակներ։ |
s-2
| Այդ ամբողջին մէջ կարեւորագոյնը կը համարուի նոյնինքն այս օրաթերթը, որ 112 տարիէ ի վեր լոյս կը տեսնէ անխափան։ |
s-3
| Քասիմի ժառանգութեան մէջ մեծ նշանակութիւն ունի նաեւ առաջին անգամ իր կողմէ աշխարհաբարի փոխադրուած «Նարեկ»ը։ |
s-4
| Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջերս կազմակերպուած շնորհանդէսը եկաւ բիւրեղացնել Քասիմի ժառանգութեան այս երեսակի ամբողջ խորութիւնը։ |
s-5
| Հոգելոյս փրոֆ. Հրաչիկ Միրզոյեան այդ փոխադրումը որակած էր «թարգմանութիւն-մեկնութիւն»։ |
s-6
| «20-րդ դարուն աշխարհաբար հայերէն կրող հայ ընթերցողը տակաւին անհաղորդ էր հայ գրականութեան այս մեծագոյն արժէքին։ |
s-7
| Գօչունեանի թարգմանութիւնը պատմական արժէք ունի, որովհետեւ այդ պայմաններուն ներքեւ ան նախաձեռնեց աշխարհաբար առաջին ամբողջական փոխադրութեան։ |
s-8
| Գօչունեանի ժամանակ չկար Մատեանի քննական բնագիրը եւ այդ ժամանակ առաջին քայլերը կը կատարուէին Նարեկացիի գրական ժառանգութեան գիտական ուսումնասիրութեան առումով», ըսած էր ան՝ շնորհանդէսի ընթացքին ներկայացուած վերահրատարակութենէն անմիջապէս վերջ։ |
s-9
| Աշխարհաբար առաջին հրատարակութենէն 117 տարի անց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը վերահրատարակեց Քասիմի կողմէ առաջին անգամ աշխարհաբարի փոխադրուած «Նարեկ»ը։ |
s-10
| Ցայսօր միայն Քասիմի փոխադրածն էր, որ չէր վերատպուած որեւէ անգամ։ |
s-11
| Ուստի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը մտայղացաւ եւ իրականացուց այդ վերահրատարակութիւնը։ |
s-12
| Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» աղօթագիրքին արժէքը անդրանցած է ժամանակները։ |
s-13
| Այս վերջին տարիներուն Հռոմի Կաթոլիկ Եկեղեցին «Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ» հռչակած է Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին։ |
s-14
| Այսպիսի իրադարձութիւններու ժամանակաշրջանին համընկնած է Քասիմի կողմէ կատարուած առաջին գրաբար բնագիրէ աշխարհաբարի փոխադրութեան վերահրատարակութիւնը։ |
s-15
| Համընկնած իրադարձութիւնները խորհուրդներու միահիւսման գետին պատրաստած ըլլային կարծես։ |
s-16
| Հոգելոյս Հրաչիկ Միրզոյեան Քասիմի տարած աշխատանքի պատմական արժէքը շատ բարձր գնահատած էր։ |
s-17
| Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կազմակերպուած շնորհանդէսին ժամանակ ալ այդ հանգամանքը շատ լաւ բանաձեւումով մը ընդգծեց նաեւ Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան։ |
s-18
| Այսպէս, Քասիմի կողմէ կատարուած առաջին աշխարհաբար փոխադրումով կը սկզբնաւորուի «Նարեկ»ի թարգմանական պատմութիւնը։ |
s-19
| Մեր մաղթանքն է, որ Նարեկացի մեծ սուրբի բարեխօսութեամբ միշտ խնկարկուի Քասիմի անթառամ յիշատակը։ |