s-1
| Վերջապէս պահը հասա՞ւ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի ընդհարումին։ |
s-2
| Բոլշեւիկեան յեղափոխութենէն ի վեր ճակատագրական պահերուն միշտ իրարու զօրակցած հզօր այս երկու պետութիւնները, ձեռք-ձեռքի տուած, Սուրիոյ մէջ խորամանկ արտաքին քաղաքականութիւն վարելով՝ դարձան գլխաւոր դերակատարները։ |
s-3
| Թուրքիան պարտադրեց իր կամքը Արեւմուտքին՝ քրտական ինքնավար շրջաններուն մէջ գրաւելով սահմանային գօտին, ուր պիտի տեղաւորէ սուրիացի մահմետականներ, այդպէսով բաժնելով սուրիացի Քիւրտերը թրքահպատակներէն։ |
s-4
| Վերաբնակեցման ծրագիր մը, որ մարդկայնօրէն ու միջազգային օրէնքով դատապարտելի է։ |
s-5
| Սակայն, Եւրոպա աչք կը փակէ, պարզապէս որովհետեւ քաղաքականապէս իրեն համար այդ լուծումը ձեռնտու է։ |
s-6
| Ան բնաւ պիտի չուզէր տեսնել դէպի եւրոպական հողեր գաղթականական նոր հոսք մը։ |
s-7
| Իսկ ԱՄՆ-ն լքեց Քիւրտերը, պահպանելու համար Թուրքիոյ մէջ իր ռազմական խարիսխներն ու ՕԹԱՆ-ի ռազմավարական շահերը։ |
s-8
| Վերաբնակեցման քաղաքականութիւնը նոր չէ Թուրքիոյ համար։ |
s-9
| Նոյնը կատարած է Կիպրոսի պարագային Յոյներու հետ եւ Թուրքիոյ քրտաբնակ շրջաններուն մէջ, անցեալին՝ Հայերուն ալ։ |
s-10
| Թէեւ վերջին պարագային՝ նպատակը վերաբնակեցումը չէր, այլ՝ բնաջնջումը։ |
s-11
| Սակայն, այս բոլորով հանդերձ, Թուրքիոյ հաշիւներն ալ ծուռ դուրս եկան։ |
s-12
| Այսօր ինք ալ կը գտնուի փակուղիի մը առջեւ։ |
s-13
| Այն ծուղակը որ լարեց Եւրոպայի եւ ԱՄՆ-ու գլխուն, այսօր ինքզինք բռնուած կը գտնէ մէջը։ |
s-14
| Ռուսաստանի հաւանութեամբ՝ ընդունեց, որ Սուրիոյ զանազան շրջաններէն իսլամապաշտ զինեալներն ու անոնց ընտանիքները տեղահանուին ու համախմբուին Իտլիպի մէջ, զանոնք որպէս խաղաքարտ գործածելու նպատակաւ Արեւմուտքի դէմ, սակայն այսօր անոնք ալ իրենց կարգին Թուրքիա ներխուժելու կը պատրաստուին, սուրիական բանակին՝ Իտլիպ նահանգը վերագրաւելու նպատակով նախաձեռնած ռազմական գործողութիւններուն պատճառով։ |
s-15
| Սուրիա որոշած է վերագրաւել Իտլիպի շրջանը, զոր Թուրքիա իր վերահսկողութեան տակ առած էր, Ռուսաստանի հետ համաձայնելով։ |
s-16
| Սակայն, անդադար յարձակումի ենթարկուելով իսլամ զինուորեալներու կողմէ, սուրիական բանակը հակայարձակումի անցած է, Ռուսաստանի օրհնութեամբ։ |
s-17
| Իտլիպի մէջ երեք տասնեակէ աւելի թուրք բանակայիններու մահը Թուրքիան դրած է դժուար երկընտրանքի առջեւ, կամ՝ պարտութիւնը ընդունիլ ու նահանջել եւ կամ՝ հակայարձակումի անցնիլ ու բախիլ ռուսա-իրանա-սուրիական ռազմական դաշինքին։ |
s-18
| ՕԹԱՆ մերժած է Թուրքիոյ օգնութեան հասնիլ Իտլիպի պաշտպանութեան գործին մէջ։ |
s-19
| Եթէ սուրիական բանակը վերագրաւէ Իտլիպը, բնականաբար կարգը պիտի գայ քրտական գրաւեալ գօտիին, որուն համար Քիւրտերը եւս պատրաստ են իրենց զինեալները գործի լծելու։ |
s-20
| Իրադարձութիւններու այս ընթացքը բնաւ սպասելի չէր Էրտողանի համար, որ ինքզինք մինչեւ այս հանգրուանը յաղթական ու անյաղթ կը համարէր։ |
s-21
| Իր ցանկութիւնը կը պարտադրէր բոլորին։ |
s-22
| Արեւմուտքի իր դաշնակիցներէն լքուած, կը դիմէ իր միակ զէնքին՝ գաղթականութեան դէպի Եւրոպա արձակման։ |
s-23
| Որքանո՞վ Եւրոպա կրնայ ազդեցութիւն բանեցնել Սուրիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի վրայ, երկիրներ որոնք արդէն տասնեակ տարիներէ ի վեր արեւմտեան շրջափակումի եւ թշնամական վերաբերումի ենթակայ եղած են։ |
s-24
| Փաստօրէն միայն Իսրայէլն է, որ սուրիական բանակի եւ իրանական ուժերուն ուղղուած իր ռմբակոծումներով անուղղակիօրէն կ՚օգնէ Էրտողանին, հակառակ Իսրայէլի հանդէպ Թուրքիոյ առերեւոյթ թշնամական վերաբերումին։ |
s-25
| Ուրեմն, Էրտողանի իշխանութեան օրերը հաշւուա՞ծ են։ |
s-26
| Այդպէս կը յուշեն բոլոր քաղաքական ազդանշանները, մանաւանդ երբ նկատի առնենք նաեւ Թուրքիոյ ներքին քաղաքական զարգացումները, ինչպէս՝ Պոլսոյ քաղաքապետութեան կորուստը, Կիւլէնական ընդդիմութիւնը, մինչեւ իր նախկին կուսակիցները՝ Տաւուտօղլու, Պապաճան, որոնք ընդդիմադիր կուսակցութիւն հիմնելու դիմած են։ |
s-27
| Նոյնիսկ եթէ Էրտողան տապալի, Թուրքիոյ նոր իշխանութիւնները Քրտական հարցին նկատմամբ պիտի մնան անզիջող, ինչպէս նաեւ՝ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման։ |
s-28
| Իսկ ի՞նչ պիտի ըլլայ ճակատագիրը Իտլիպ հաւաքուած տասնեակ հազարաւոր ծայրայեղ իսլամապաշտ զինեալներուն եւ անոնց ընտանիքներուն։ |
s-29
| Սուրիոյ եւ Միջին Արեւելքի տագնապը կը թուի, թէ դեռ երկար տարիներ ունի իր առջեւ... |