s-1
| Ա. |
s-2
| Մարդ մը, որուն երեսը երբեք չէինք տեսած, խաւարի մէջ ապրող դիւային էակ մը. գոյութիւն ունէ՞ր իրօք, թէ առասպել մըն էր որ բերնէ բերան կրկնուելով, տարածուելով` վերջնական ձեւ ու վաւերացում կը ստանայ, իրողութեան կարգ կ՚անցնի: |
s-3
| Գող մըն էր Զաբուղոն մեր գեղին մէջ. ո՛չ այն ռամիկ գողը, որ կը բռնուի շարունակ, կը ծաղրուի ու բանտերու մէջ կը փճանայ. ոչ ալ այն ահարկու աւազակը որուն գողօնին արիւն կը խառնուի ատեն ատեն: |
s-4
| Իր մեծ արժանիքը ճարպիկութեանը մէջ էր. օդի պէս անօսր, ոգիի մը պէս աներեւոյթ, տեղ մը չէ ու ամեն տեղ է միանգամայն: |
s-5
| Ամենէն աւելի ամուր փակուած դուռը, ամենէն բարձր պատը` մտնելէ չեն արգիլեր զինքը. բանալիին ծակէն, տախտակներուն ճեղքերէն ներս կը սպրդի կարծես, անշշուկ ստուերի մը պէս: |
s-6
| Ամեն բան գիտէ, ամեն խօսք կը լսէ ու դռնփակ նիստերը իրեն համար չեն. իրեն համար պատրաստուած ծուղակներուն մէջէն յաջողութեամբ դուրս կ՚ելլէ միշտ, վարպետ ձեռնածուի մը պէս զարմանքի մէջ թողլով զինքը բռնելու պատրաստուող միամիտները: |
s-7
| Երեսը շիտակ տեսնող չկար. բայց կը պատմուէր — ո՞վ , կամ ի՞նչպես , չեմ գիտեր — թէ երիտասարդ մըն էր այս տղան, նկնահասակ, թխադէմ ու վատոյժ տղայ մը. երկաթագործի քով աշկերտութենէ եկած էր ու կղպանքներու արուեստը պէտք եղածէն աւելի սորված էր: |
s-8
| Հիմա արուեստասէրի մը պէս կ՚ապրէր, գողնալով թալլելով շարունակ, աւելի սնապարծութենէ քան թէ իրական չարութենէ մղուած: |
s-9
| Կը բաւէր որ իր ճարտարութեան փորձը տար ամենէն անմատչելի կարծուած տուները կողոպտելով, ու յօժարութեամբ ետ պիտի տար գողօնը թէ որ բռնուելու վախը չըլլար: |
s-10
| Կամաց կամաց մտերմութիւն մը հաստատուած էր գիւղացւոց ու այս գողին մէջ. ի հարկէ ստիպեալ` վարժուեր էինք իր ներկայութեան. այս խորհրդաւոր ու անմեկնելի գոյութիւնը, հալածական մարդու այս աստանդական կեանքը` սրտերնիս կը շարժէր, ու քիչ մըն ալ թէ որ երթայինք առաջ, պիտի սիրէինք զինքը: |
s-11
| Բ. |
s-12
| Զաբուղոն նշանուած էր. կը զարմանա՞ք : |
s-13
| Նշանտուքը Պատրիարքարանի մեծ դահլիճը կատարուած չէր հարկաւ: |
s-14
| Փոխանորդ Հայրը օրհնած չէր զայն, ոչ ալ լրագիրները ծանուցեր էին: |
s-15
| Պարզապէս, յաւիտեան իրար սիրելու խօսք տուած էին, գիշեր մը, ծառի մը տակ, աստղերը ունենալով իրենց վկայ. եւ աշխարհիս ամենէն մեծահանդէս նշանտուքը եղած էր իրենցը: |
s-16
| Ամենքնիս կը ճանչնայինք Վասիլիկը, այն վտիտ դէմքով ու թնջուկ մազերով աղջիկը, որ գոյնզգոյն պատմուճաններով, արտակարգ արդուզարդերով` վերը, լեռը կու գար պտըտելու մինակը, շաբաթ իրիկունները: |
s-17
| Ոչ ոք կը համարձակէր աչք նետել կամ դարպաս ընել անոր. Կեսարի խօսեցեալն էր անիկա. իր բացակայ նշանածին տարածած սարսափին մէջ պլլուած` աներկիւղ կը պտըտէր ամեն տեղ. ու զինքը պահպանող այս վախը կը վայլէր իրեն. անմատչելի ըլլալը` հրապուրիչ կ՚ընէր զինքը: |
s-18
| Մասամբ մըն ալ նշանածին փառքը իր վրայ կ՚անդրադառնար. անոր արկածալից կեանքին կապուող այս աղջիկը սովորական մէկը չէր կրնար ըլլալ. աշխարհքէն դուրս ապրող մարդուն նշանածն ալ աշխարհքէն դուրս արարած մըն էր. ու տեսակ մը պատկառանքի խառնուած ըղձանքով մը կը նայէին իրեն, ամեն անգամ որ այս լուացարարի աղջիկը, վէս ու արհամարհոտ դիցուհիի ձեւերով, իր շաբաթական պտոյտը ընելու կու գար մեր կողմերը: |
s-19
| Վասիլիկ` ինքը գոհ կը թուէր այս կեանքէն. մարդ մը կար մութին մէջ որ զինքը կը պաշտէր, Ռիւյ Պլասի ըսածին պէս, առանց երեւան ելլելու, առանց իր քովը գալու հրապարակաւ: |
s-20
| Ու մութը` իրական մութն էր հոս. կեանքը` գիշերը կ՚սկսէր իրեն համար ու գիշերը կը վերջանար. վասն զի նշանածը մութին կրնար գալ, ամենէն անակնկալ մէկ պահուն, մտքէ չանցած ծպտումի մը տակ, որուն գրկաբաց կ՚սպասէր: |
s-21
| Ուրիշներ կրնային ըսել որ «այսքան օր» ապրեցան. ինքը պիտի ըսէր «այսքան գիշեր»: |
s-22
| Լուսինին պէս խաւար պէտք էր որպէս զի փայլէր. էապէս աղջամուղջի դշխոն էր այս աղջիկը: |
s-23
| Ու գողը, իր յարափոփոխ այլակերպութիւններովը, ամեն գիշեր նոր սիրահար մը կը թուէր իր աչքին, եւ այսպէս ամեն հասակները ու ամեն գոյները կարգով կը ծնրադրէին իր առջեւ, դիւթական անուրջ մը շինելով ամեն ատեն: |
s-24
| Գ. |
s-25
| Սկիզբները Վասիլիկ երջանիկ եղաւ այսպէս. բաղդին չէ՞ր նմաներ քիչ մը այս անտեսանելի սիրահարը որ աշխարհքը կը կողոպտէր զինքը յափրացնելու համար ամեն ճոխութիւններով: |
s-26
| Օր մը սակայն այս ամենը ծաղրելի թուեցան իր աչքին: |
s-27
| Իր գաղտագողի ու թաքուն երջանկութիւնը բան մը կը կորսնցնէր այսպէս ծածուկ մնալով ու չկրնալով ուրիշներուն ցուցուիլ: |
s-28
| Երեւակայեցէք մեծագին ադամանդ մը որ յաւիտեան տուփի մը մէջ փակուած մնալու դատապարտուած ըլլայ ու չկրնաք օր մը կուրծքերնուդ վրայ դնելով դիմացիննիդ շլացնել: |
s-29
| Իր բոլոր վայելքները, իր բոլոր ունեցածը այս գոցուած ադամանդին տպաւորութիւնը կը թողէին: |
s-30
| Ինքը մանաւանդ, ցուցամոլ էակ, չէր կրնար գոհանալ կեանքի այն ներքին ու լռին ներդաշնակութեամբը որ ահա իր ձեռքին տակն էր եւ որ դուրսը արձագանգ չէր ձգեր. մարդիկ կան որ դերասաններ են աշխարհիս վրայ. իրենց սեփական կեանք ու գոյութիւն չունին եւ ուրիշներուն համար կ՚ապրին միայն. հանդիսատեսներ պէտք է ասոնցպէսներուն, ու կեանքը հրապոյր չունի եթէ զիրենք դիտողներ պակսին. դերասաններ` որ յանձն չեն կրնար առնել թափուր սրահի մը առջեւ ներկայացում տալ։ |
s-31
| Այսպէս էր Վասիլիկ. իր մեկուսացումը` լքում կը նշանակէր. ոչ ոք իր երեսը կը նայէր փողոց ելած ատեն. գեղին բոլոր երիտասարդները իր հրապոյրներէն կը դողային: |
s-32
| Հիմա պչրանքի արուեստը կը փորձէր անոնց դէմ, թոյլ ու երերուն քալուածք մը առած էր որ նուրբ մարմինին ամեն խաղերը կը մատնէր, եւ այսպէս ցանկութեան տաք հով մը կը տարածէր շուրջը ու օձի նայուածք մը` որուն հանդիպողը կը կախարդուէր: |
s-33
| Օր մը տղուն մէկը կապուեցաւ անոր ու հետը ամուսնանալ առաջարկեց. այն վայրկեանէն գողին սէրը անտանելի լուծ մը դարձաւ իրեն: |
s-34
| Ալ չկրցաւ սպասել անոր, գիշերները լուսցնել, ժամադրութիւններուն գտնուիլ, սա պարտէզին մէջ, կամ ան լերան վրայ. ամեն առթիւ գանգատեցաւ, բողոքեց, ու լացաւ. միւսը կը զարմանար. ինչո՞ւ այս արցունքը, չէ՞ մի որ առաջուան պէս կը սիրէին իրար. ի՞նչ փոյթ մնացածը. Զաբուղոն իր առանձնացած կեանքովը, միամիտ մարդու յատուկ անծալք գաղափարները կը պարզէր: |
s-35
| — Ի՞նչ պիտի ըլլայ ասոր վերջը, կը հարցնէր աղջիկը: |
s-36
| Ասոր վե՞րջը . Զաբուղոն երբեք չէր խորհած ատոր. ընդհակառակը կը փափագէր որ վերջը չգայ: |
s-37
| Այն ատեն յուսահատած` յօժարութեամբ բաժանում ձեռք բերելէ այս նշանտուքէն, որ օրհնուած պսակէ աւելի ամուր ու հաստատ կ՚երեւար, դիւային խորհուրդ մը անցաւ մտքէն. գիշեր մը ոստիկանները կանչեց ու ձերբակալել տուաւ Զաբուղոնը: |