s-1
| Պրն. Քառլիէի քարտուղարը քաղաքավար մարդ մըն է։ |
s-2
| Հասակը երկար ու սլացիկ։ |
s-3
| Մասնաւոր խնամք մը կը տեսնուի հագուստը կրելուն մէջ, փողկապին հանգոյցին եւ տեսակին ընտրութեան մէջ։ |
s-4
| Կանգնած էր գրասեղանին առջեւ եւ իր կիրթ ձեւերով, որոնք իրական հաճոյք մը կը պատճառեն խօսակցին, կը ջանար զիս համոզել թէ երկար չի տեւեր, անպայման ժամէ մը վերադարձած կ՚ըլլայ։ |
s-5
| — Խնդրեմ, ըսաւ, նստեցէք, կաշիէ բազկաթոռ մը ցոյց տալով։ |
s-6
| Ընդունեցի իր հրաւէրը եւ բազմեցայ հանգստաւէտ թիկնաթոռին մէջ։ |
s-7
| — Կ՚երեւի բնաւ բախտը պիտի չունենամ Պ. Քառլիէին հանդիպելու, ըսի, թեւերս կուրծքիս վրայ խաչաձեւելէ ետք, անցեալ անգամ ալ հինգ վայրկեանով մը զինքը փախցուցի։ |
s-8
| — Պրն. Քառլիէ շատ զբաղած է դուրսի գործերով, մանաւանդ երբ պարտադրութիւններ կան, պատասխանեց քարտուղարը, առանց գլուխը սեղանէն վեր առնելու։ |
s-9
| — Կարելի՞ է ասանկ մեծ գործի մը ժամերուն պարտադրութիւններ ընդունիլ։ |
s-10
| — Կան որ կարելի չէ մերժել, անոնք ուղղակի գործին հետ կապ ունին, ըսաւ քարտուղարը կողմնակի ժպիտով մը եւ աւելցուց՝ գլուխը առջեւի տետրակէն վեր առնելով՝ Պրն. Քառլիէ գրեթէ բոլոր յուղարկաւորութիւններուն ներկայ կ՚ըլլայ։ |
s-11
| Այս առաւօտ ալ յուղարկաւորութեան գնաց։ |
s-12
| Բայց, ժամը տասնըմէկին վերադարձած կ՚ըլլայ։ |
s-13
| Գրամեքենային աղմուկը դադրեցաւ մէկէն։ |
s-14
| Ձախ անկիւնը, պատուհանէն հոսող առատ լոյսին տակ, արմունկները սեղանին եզերքին կրթընցուցած, մեքենագրուհին ծիծաղկոտ դէմք մը կը ցուցնէր։ |
s-15
| Ահա այդ ծիծաղն էր, որ քաջալերեց հետաքրքրութիւնս եւ ըսի, աւելի բան սորվելու նպատակով, քան թէ ըսածիս ճշմարտութեանը հաւատալով. |
s-16
| — Կ՚երեւի Պրն. Քառլիէ շատ ազգականներ եւ բարեկամներ ունի, այդքան յաճախ յուղարկաւորութեան երթալու համար։ |
s-17
| — Ո՛չ ազգականներ են ոչ ալ բարեկամներ, եւ կամ երկուքն ալ, ճշդեց Պրն. քարտուղարը, առանց կարենալ պարտկելու իր խնդուքը, բայց մանաւանդ յաճախորդներ են։ |
s-18
| Եթէ կարելի է այդպէս ըսել, Պրն. Քառլիէ աւելի իր շինած դագաղին է, որ կը հետեւի քան թէ անոր մէջ պառկող ննջեցեալին։ |
s-19
| Ասիկա հին աւանդութիւն մըն է՝ երբ դեռ Պրն. Քառլիէ գիւղին վերի փոքրիկ արհեստանոցը ունէր միայն։ |
s-20
| Հիմակուան այս գեղեցիկ գործարանը ամբողջութեամբ ողջերուն չի պարտիր։ |
s-21
| Ավինեոնէն մինչեւ Թարասքոն տարածուող գիւղերուն ու քաղաքներուն դագաղները գրեթէ բոլորն ալ հոս կը շինուին։ |
s-22
| Ամէն մէկ դագաղը, որուն կը հետեւի Պրն. Քառլիէ, նոր դագաղ մը կը բերէ իր ետեւէն։ |
s-23
| Առեւտուրին գաղտնիքը ներկայութեան մէջ է։ |
s-24
| Ամէն տեղ ներկայ պէտք է ըլլալ, այս պարագային՝ յուղարկաւորութիւններուն։ |
s-25
| Այնպէս որ հետզհետէ յուղարկաւորութիւնը տեսակ մը աւանդութիւն եղած է Պրն. Քառլիէի մօտ։ |
s-26
| — Այսինքն, հասութաբեր աւանդութիւն մը, առարկեցի զուարթութիւնս զսպելով։ |
s-27
| — Խնդրեմ, ըսաւ քարտուղարը կտրուկ, որ յանկարծ, ինծի պէս, չափէն աւելի առաջ գացած ըլլալու զգացումը ունեցած էր։ |
s-28
| — Խնդրեմ, կրկնեց, մի՛ մոռնաք, որ հիմա ասիկա ճշմարիտ աւանդութիւն մըն է եղած, կորսնցնելով քիչ առ քիչ իր առեւտրական նշանակութիւնը։ |
s-29
| Մեքենագրուհին ուսերը շարժելով ժպտեցաւ ու անցաւ աշխատանքին։ |
s-30
| Նորէն լուռ ու բարձր գրասենեակին մէջ սկսաւ երգել գրամեքենան, իսկ քարտուղարը լուրջ դէմքը կախեց առջեւի հաստ տոմարին վրայ։ |
s-31
| Կարճ լռութենէ մը ետք, Պրն. քարտուղարը գլուխը թեթեւ մը վերցուց եւ ըսաւ, ժպտերես, կարծես շահելու համար սիրտս զոր հաւանաբար վիրաւորած ըլլալ կը կարծէր։ |
s-32
| — Պէտք է խորհիլ, որ ողջերը այնքան ալ նպաստաւոր չեն առեւտուրին, տնտեսական այս գէշ ժամանակներուն։ |
s-33
| Կեանքը կաղն ի կաղ կը քալէ, բայց կարելի չէ մահը կասեցնել իր անարգել քայլին մէջ, իսկ մեռելները կարելի չէ թաղել առանց դագաղի։ |
s-34
| Պրն. Քառլիէի անձին մէջ իրար կը միանան բարձրորակ առեւտրականն ու արտադրողը։ |
s-35
| Ու Պրն. քարտուղարը վերադարձաւ իր հաշիւներուն։ |
s-36
| Անոր վերջին խօսքերուն արձագանգը դեռ երկար տեւեց միտքիս մէջ։ |
s-37
| Լռութիւնը կրկին հաստատուեցաւ գրասենեակին մէջ, համապարփակ։ |
s-38
| Կարծես անձերն ու իրերը կը ծծէին զայն յամրօրէն։ |
s-39
| Մաքուր եւ սպիտակ պատերը միայն կը խնդային քառակուսի մեծ պատուհաններէն ներս հոսող գարնանային արեւին։ |
s-40
| Կաղնիէ պայծառ կարասիները կը փայլէին։ |
s-41
| Մեքենագրուհին աւարատած էր աշխատանքը եւ հիմա գիրք կը թըղթատէր։ |
s-42
| Մերթ ընդ մերթ դարձող էջի մը շշնջիւնը կենդանութիւն կը բերէր լճացող մթնոլորտին մէջ։ |
s-43
| Դուրսը, արեւահար եւ քարուտ բլուրներուն պարը կապոյտ երազ մը կ՚ապրէր։ |
s-44
| Մինչ այդ, ժամանակը, անտարբեր մարդոց հաշիւներուն, միօրինակ բայց անյեղլիօրէն կը շարունակէր իր անդրադարձ քայլը։ |
s-45
| Պրն. Քառլիէ չէր երեւեր, ժամը տասընմէկը անցած էր արդէն։ |
s-46
| Ոտքի ելայ եւ ծեքծեքուն կակազեցի. |
s-47
| — Կարծեմ թէ կրնամ մեկնիլ։ |
s-48
| Պէտք է որ կէսօրին Քարբանդրա հասնիմ։ |
s-49
| Արդէն դուք ձեր ապսպրանքները ուղղակի մեր տունին կը ղրկէք, թէեւ կ՚ուզէի Պրն. Քառլիէին ցուցնել մեր նոր նմոյշները։ |
s-50
| Ունինք նաեւ դագաղի վերաբերեալ բաներ: |
s-51
| Եւ սկսայ ծրարէն հանել ու շարել զանոնք սեղանին վրայ։ |
s-52
| — Լաւ կ՚ըլլար, որ սպասէիք, ըսաւ Պրն. քարտուղարը, ի տես փայլփլող խաչերուն եւ խաչուած քրիստոսներուն, ինչ որ ինծի յոյս տըւաւ թէ Պ. Քառլիէ ինքն ալ պիտի հաւնէր անոնց։ |
s-53
| — Չուշանայ, աւելցուց, պարզապէս փոքր ուշացում մըն է։ |
s-54
| Այսօրուան թաղուողը հարուստ մարդ է, իսկ տէրտէրները, գիտէք, իրենց աղօթքները կ՚ընծայեն ստացուած դրամին համեմատ։ |
s-55
| Հազիւ թէ Պրն. քարտուղարը լրացուցած էր իր խօսքը, Պրն. Քառլիէ ներս մտաւ։ |
s-56
| Տակաւին սեւ զգեստները կը կրէր։ |
s-57
| Սեւը զինք աւելի կը կարճըցնէր։ |
s-58
| Անոր լեցուն մարմինը կը յորդէր յուղարկաւորի հագուստէն, որ մաշիլ չէր գիտեր։ |
s-59
| Եթէ չըլլար անոր կարմիր այտերուն վառվռունութիւնը, որ աղուոր ուտող խմող մը կը յայտնէր իր մէջ, աչքերուն արտայայտութեան մէջ տեղ բռնած յուղարկաւորի երեւոյթը տխուր շեշտ մը պիտի դնէր այս արեւոտ սենեակին ներսը։ |
s-60
| Բայց անոր ակնարկները իսկոյն հետեւեցան սեղանին վրայ դրուած նմոյշներուն, մասնաւորապէս դագաղի վերաբերեալ նմոյշներուն, բուռն հետաքրքրութիւն մը անոր բիբերուն մէջ կարծես մէյմէկ մոմ վառեց։ |
s-61
| — Չէի գիտեր որ այս տեսակ բաներ ալ ունէիք։ |
s-62
| — Այսինքն, ըսի, նոր են ասոնք։ |
s-63
| Գիտէք, որ մեր տունը ամէն ճիգ կը թափէ գոհացում տալու համար մեր յաճախորդներուն բոլոր պէտքերուն։ |
s-64
| Գիները հարցուց։ |
s-65
| Ըսի։ |
s-66
| Մէկիկ մէկիկ քննեց, բթամատովը շոշափեց խաչուած քրիստոսին մետաղէ մկանունքը եւ ըսաւ, հանդարտ ու անտարբեր ձայնով ձայնով մը, ըստ մեռելագնաց թափօրներու մէջ ունեցած իր վարժութեան. |
s-67
| — Գրեցէ՛ք , 100 կոթ, գռոմէ, 100 ոսկեզօծ, 25 խաչ գռոմէ, 25 խաչ ոսկեզօծ։ |
s-68
| — Այս միւսներէ՞ն , հարցուցի։ |
s-69
| — Ո՛չ , պատասխանեց, ատոնցմէ պէտք չունիմ, գործերը շատ գէշ են։ |
s-70
| Ի հարկէ այս անսպասելի արդիւնքէն ետք կորսնցուցած ժամանակս ափսոսալու ոչինչ ունէի։ |
s-71
| Նոյնիսկ բերկրանքով մըն է որ կը քշէի կառքս ամենայն արագութեամբ Քարբանդրա տանող ասֆալդապատ լայն խճուղիէն։ |
s-72
| Հիմա գիտէի այլեւս, որ եթէ մարդիկ ժլատ էին ապրողներուն նկատմամբ, գոնէ ունէին անհաշիւ առատաձեռնութիւն մը հանգուցեալներուն համար։ |
s-73
| Քանի կառքը կը լափէր իր առջեւ երկարող հարթ եւ ուղիղ ճանապարհը, մտածումս իրմէ առաջ հասեր էր, բայց ոչ Պրն. Քառլիէի աւանդութենէն առաջ, քանի որ, արդէն իսկ, ինչպէս պիտի հաստատէի քիչ վերջը ես ինքս ալ, բոլորն ալ նոյն բարձրաղաղակ պատասխանը կու տային, թեւերնին բարձրացուցած գլուխներէն վեր. |
s-74
| — Պրն. Քառլիէին գացէք, Պրն. Քառլիէին։ |
s-75
| Մեռելները անոր կը պատկանին։ |