Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttest
AnnotationYavrumyan, Marat M.

Select a sentence

s-1 ՍՈՆԱ ՏԷՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆ ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ
s-2 Պրն. Արթին ինքնիրեն կը խորհրդածէր. չէ՞ որ Հալէպը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ մնացած հայութեան վերջին, հին օճախներէն մէկն էր եւ էական նշանակութիւն ունէր:
s-3 Ամբողջ սրտով կը ցաւէր, քանի պատերազմին պատճառած տնտեսական եւ քաղաքական պայմաններուն բերումով հալէպահայութիւնը գէշ վիճակի մէջ կ՚ապրէր:
s-4 Պատերազմը պատճառ դարձաւ, որ կորսուի պրն. Արթինի ապագայի յոյսը։
s-5 Ան կը տեսնէր, թէ իւրաքանչիւր անձ կրցածը կ՚ընէր գոյատեւել փորձելու համար։
s-6 Մարդկութեան հանդէպ ոճիրները կը շարունակուէին:
s-7 Կը նայէր գետին, որ փոշիի վերածուած էր, այրած լաստիկի հօտը տարածուած էր ամբողջ քաղաքին մէջ:
s-8 Ան աչքերը յառած դէպի Պոստան Փաշայի ճամբան կը տեսնէր իրենց խաղաղ բնակիչներէն լքուած տուներու տեսարանը։
s-9 Ոմանք կրցեր էին դուրս գալ անապահով շրջաններէն:
s-10 Սեպտեմբեր 2012ին Հալէպի պատերազմը սկսաւ։
s-11 Ան իր ընկերոջմէն՝ Մուշեղէն իմացաւ զարմանքով, թէ Ազատ Բանակի իշխանութեան տակ է Պոստան Փաշան, նաեւ՝ այդ շրջանի գործատեղիները, որոնք կը դատարկուէին, եւ թէ 3-4 Հոկտեմբերին հոնկէ յարձակում կատարուած էր դէպի Նոր գիւղի շրջանը:
s-12 Այն ժամանակ Նոր գիւղի ոստիկանական բաժանմունքի մի քանի արաբ զինուորներ զէնքերը յանձնեցին մեր կուսակցութեան եւ հեռացան այդ վայրէն:
s-13 Մինչեւ զօրքին հասնիլը մեր փորձառու տղաքը դիմադրեցին, դիրք բռնեցին, փոքր թիւով, որպէսզի Ազատ Բանակը չյառաջանայ, այսպիսով պաշտպանուեցաւ Նոր Գիւղի շրջանը:
s-14 Պրն. Արթին նաեւ իմացաւ, թէ 4 Հոկտեմբերին Նոր գիւղի շրջանի բնակիչները վերադարձած էին իրենց տուները, իրենց թաղամասը ապահով շրջան կը նկատուէր, բայց կէս գիշերին դարձեալ յարձակումի ենթարկուած էր շրջանը եւ գրեթէ դատարկուած:
s-15 Մուշեղ կը բացատրէր, թէ իր գործատեղին միւսներուն իշխանութեան տակ էր եւ կողոպուտի ենթարկուած. այդ զինեալները մինչեւ Նոր Գիւղ սկսած էին յարձակումներ կատարել:
s-16 Նոյնիսկ պատսպարանի փոքրիկները Նոր գիւղի շրջանէն աւելի ապահով վայր մը փոխադրուած էին՝ Արամ Մանուկեան ժողովրդային տան Լեւոն Շանթ սրահը։
s-17 Պրն. Արթին իմացած էր ընկերոջմէն նաեւ, թէ ծերանոցի ծերունիներուն տարհանումի գործողութիւնը ուշացուցած էին:
s-18 G. R. S. կոչուած խումբը, որ բաղկացած էր հետեւեալ անդամներէն՝ Ֆերհատ Ահմատ, Նաէլ Թրքմանի, Հալա Խտիր, Ապիր Թոփճի, Պաշշար, Ֆիլիպ Զարիֆ, Ապ Մուրատ Ապու Եուսէֆ, կը նախաձեռնէր Հալէպի համար օժանդակութեան աշխատանքի։
s-19 Խումբ մը ծերեր կը գտնուէին Պոստան Փաշայի ծերանոցին մէջ արգելափակուած:
s-20 Խումբը ճամբայ ելաւ հոփ-հոփ պասով, զինադադարի ժամանակ, Քափրիի կլորէն յառաջացաւ դէպի Շըայյէֆ, դարձաւ աջ եւ ծերանոց հասաւ, ժամը 2:00 էր կէսօրուան։
s-21 Տարհանումը տեւեց մօտաւորապէս երեքուկէս ժամ:
s-22 Անոնք մօտաւորապէս 29 ծերեր տարհանեցին իրենց անձնական իրերով, դեղորայքով, երեք պաշտօնեաներու ընկերակցութեամբ, մինչ այդ բախումները ետ սկսան, անոնք շուրջ մէկ ժամ համբերեցին, ետքը փրկարար խումբին մէկ այլ անդամին՝ Պաշշար Մզայէքի ինքնաշարժին ետեւէն ուղղուեցան դէպի Աստուրեան հիւանդանոց, եւ հոնկէ մեր պահակ տղաքը զանոնք փոխադրեցին Կիւլպէնկեան Մայրանոց:
s-23 24 Հոկտեմբերին արդէն սկսաւ դիպուկահարը զարնել՝ Ազգային Քարին Եփփէ Ճեմարանի թաղամասը իր հակակշռին տակ առնելով:
s-24 Պրն. Արթինի այս ցաւը՝ սրտին կրակը, ո՛չ տեղատարափ անձրեւը, ո՛չ ովկիանոսի ջուրերը կրնային մարել:
s-25 Կտրուած էին ամէն անդամները, կորսուած վիճակի մը մէջ էր, կը վառէր իր ներսիդին, աւելին՝ սիրտը կ՚արիւնէր:
s-26 Աչքերը դէպի փողոցները՝ կը դիտէր Պոստան Փաշայի ճամբան:
s-27 Իր աշխատանոցին ճամբան կ՚ուզէր երթալ, բայց ինչպէ՞ս :
s-28 Հոկտեմբեր 25ի առաւօտն էր։
s-29 Մեծ ընկրկումի մէջ էր։
s-30 Իր տան անթրէին մէջ մինչեւ կէսօր ճեմած էր եւ քանի անգամ՝ փողոցի դուռը բացած եւ գոցած:
s-31 Չէր հաւատար պատահածներուն, չէր ուզեր հաւատալ:
s-32 Իր գործատեղիին բան մը չէր պատահած, բայց Տիկին Նազելին զայն պատերազմի իրականութեան հետ դէմ դիմաց բերած էր, զոր չէր ուզեր գիտնալ։
s-33 Նոյնիսկ չէր լսեր Նազիկին ձայնը:
s-34 Վերջապէս, որոշեց երթալ եւ ականատես ըլլալ պատահածներուն։
s-35 Հասաւ Ազգային Քարին Եփփէ Ճեմարանի դիմացի թաղը, պահակ տղաքը ձայն տուին, որ չյառաջանայ. թէ՛ դիպուկահարը անընդհատ կը զարնէր, թէ՛ հրթիռները անընդհատ կ՚իյնային։
s-36 Հազիւ կրցաւ վերջին ակնարկ մը նետել մինչեւ թաղին ծայրը:
s-37 Արցունքը չէր զգար, մուխը, որ կը յառաջանար դէպի իր կողմ, գլխուն վրայ կլորներ կազմելով կը գինովցնէր զինք։
s-38 Բաւական կանգ առնելէ ետք, որոշեց որ տուն վերադառնայ։
s-39 Ոտքերը ծանրացած էին, փողոցներուն մէջ կորսուած էր, շատ դժուար եղաւ տուն հասնիլը:
s-40 Տիկին Նազելին արդէն պայուսակներու պատրաստութիւնը տեսած էր, որ ճամբայ ելլեն դէպի Լիբանան. իրեն կը մնար միայն ծախսերը հոգալ:
s-41 Այդ օրը չէր կրցած բերանը բանալ. ո՛չ ուտել եւ ո՛չ խօսիլ:
s-42 Պրն. Արթին փակուած էր ինքնիր մէջ, մելամաղձոտ, աչքերը դէպի երկինք կը բարձրացնէր՝ խորհրդակցելու Աստուծոյ հետ. ինք ո՞ւր սխալ գործած էր. արդար մարդ էր եւ ինքնաշխատութեամբ հասած էր այս դիրքին, այսպէս պէտք չէր կատարուէր իրեն. ինչո՞ւ , ինչո՞ւ , ինչո՞ւ այս բոլորը պատահեցան:
s-43 Ինքնիր անձին հարց կու տար. «Ձեռքէս ի՞նչ կու գայ»:
s-44 Դեռ թուրքը ի՞նչ խաղեր պիտի հիւսէր Հալէպի հայութեան գլխուն:
s-45 Կը մտածէր, չէ՞ որ Հալէպը Մերձաւոր Արեւելքի հայութեան կարեւոր յենակէտերէն մէկն էր:
s-46 Արտաքին ուժերը, աւելի՝ ճշգրիտ Թուրքիան եւ իր դաշնակիցները դժբախտաբար ամէն ինչ ըրին, որ հայութիւնը դուրս մղեն Մերձաւոր Արեւելքէն եւ իրենց այդ մտադրութեան մէջ շատ աշխուժցան, շարունակեցին եւ եղածին հետեւանքները արդիւնք տուին:
s-47 Ան կ՚ատէր թուրքը. բայց թրքերէնով կը հայհոյէր:
s-48 Խոր յուզում կ՚ապրէր, քանի հալէպահայութեան արտագաղթը սկսած էր դէպի Լիբանան, հոնկէ պիտի որոշուէր անոր ճակատագիրը՝ Գանատա կամ Աւստրալիա կամ այլ երկիր...։
s-49 Պատին կռթնած կը խորհէր. հետզհետէ քրիստոնէութեան եւ հայերու սպառումը տեղի կ՚ունենար:
s-50 Իր ընտանիքով Լիբանան պիտի մեկնէր. ուրիշ ելք չկար:
s-51 Երեք տղաները ո՛չ աշխատանքի, ո՛չ ալ կեանքի փորձառութիւն ունէին:
s-52 Անոնց համար մօր խօսքը նուիրական էր:
s-53 Կնիկ, ես ինչպէ՞ս ձգեմ գործատեղիս, ո՞ւր երթամ, ի՞նչ ընեմ հոն:
s-54 Դուն անձնասէր մարդ մըն ես, միայն քու անձիդ մասին կը մտածես:
s-55 Աստուած ուզէ՝ Կիրակի առտու կը մեկնինք Հալէպէն:
s-56 Տիկին Նազելի կ՚ուզէր, որ ամէն ինչ արագ ընթանար. այդպէս ալ եղաւ:
s-57 Ռաֆֆին գեղադէմ, մօրը նման այտերը կարմրիկ, տասնչորս տարեկան, երկարահասակ պատանի մըն էր:
s-58 Մօրը անդրանիկ զաւակն էր՝ հլու-հնազանդ:
s-59 Ան միայն մօրը կ՚օգնէր կարգ մը ապրանքներ դասաւորելու, հօրը կողմը նոյնիսկ չէր նայեր:
s-60 Կեանքին մէջ հօրը աշխատանոցին ճամբան չէր բռնած, գիտէր տան եւ դպրոցի ճամբան:
s-61 Սարգիսը եւ Նարեկը նստած միասին խաղ կը խաղային, բարձրաձայն. անոնք նոյնիսկ տեղեակ չէին անցուդարձէն:
s-62 Նազելին չկրցաւ նոյնիսկ տունը պէտք եղածին չափ դասաւորել, միայն սաւաններով ծածկեց նստասենեակի կահկարասին եւ պէտք եղած անձնական կարգ մը իրերով պատրաստուեցաւ, որ առաւօտ կանուխ մեկնին դէպի Լիբանան:
s-63 Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

Text viewDownload CoNNL-U