Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Partdev
AnnotationYavrumyan, Marat M.

Select a sentence

s-1 Նոպէլեան Մրցանակ (շուէտ.՝ Nobelpriset)՝ Շուէտական բարձրակարգ մրցանակ, որ հիմնուած է 1895-ին, Ալֆրետ Նոպէլի կողմէ։
s-2 Ալֆրետ այս մրցանակը կը ստեղծէ, քաջալերելու գիտական յայտնագործութիւններն ու գիւտերը, ինչպէս նաեւ զարգացնելու ժողովուրդի մը ստեղծագործութիւններն ու ներդրումները։
s-3 Մրցանակին պարգեւը կը կազմէ 1,3 միլիոն տոլար ու կը սահմանափակուի հետեւեալ մարզերուն մէջ՝ Գրականութիւն, Բնագիտութիւն, Քիմիագիտութիւն, Բժշկութիւն, Խաղաղարարութիւն:
s-4 1969-էն սկսեալ, Շուէտական դրամատան միջնորդութեամբ եւ հովանաւորութեամբ, մրցանակին մարզերուն կ՚աւելնայ նաեւ տնտեսագիտութեան մարզը:
s-5 Ալֆրետ Նոպէլ ծնած է 21 Հոկտեմբեր 1833-ին, Շուէտի Սթոքհոլմ քաղաքին մէջ։
s-6 Ան համալսարանական ուսումը կատարելագործելէ ետք կը դառնայ նշանաւոր ճարտարագէտ, քիմիագէտ եւ գիտնական։
s-7 1894-ին կը ստեղծէ Ուժանակը (տինամիթ), որ ընթացքին մը ետք կը սկսի վաճառուիլ ու գործածուիլ պատերազմներու ընթացքին։
s-8 Ալֆրետ Նոպէլ, Նոպէլեան մրցանակը կը ստեղծէ 27 Նոյեմբեր 1895-ին եւ այդ կազմակերպութիւնը գործի կը լծուի իր մահէն ետք՝ Յունուար 1897-ին։
s-9 Ան իր ամբողջ ունեցուածքը յատկացուցած էր՝ մրցանակ մը հիմնելու, որ պիտի վարձատրէր իրենց մարզին մէջ կարեւոր աշխատանք կատարած անձերը կամ կազմակերպութիւնները:
s-10 Ալֆրետ Նոպէլ մահացած է 10 Դեկտեմբեր 1896-ին Իտալիոյ Սան Ռեմօ քաղաքին մէջ, ուղեղային կաթուածի պատճառով:
s-11 Պատմութիւն
s-12 1888-ին Ալֆրետ Նոպէլ զարմանքով կը կարդայ իր մահուան դամբանականը, որ տպագրուած էր ֆրանսական թերթի մը մէջ «Մահ վաճառողը մահացած է» խորագիրով։
s-13 Ռուսիոյ մէջ մահացած էր անոր եղբայրը՝ Լութֆիկը, եւ լրագրողները սխալմամբ յայտարարած էին Ալֆրետ Նոպէլին մահուան լուրը։
s-14 Յօդուածը վատ ազդեցութիւն կը ձգէ Նոպէլի վրայ եւ զինք կը ստիպէ մտածելու այն մասին, թէ մարդիկ ինչպէս պիտի յիշեն զինք իր մահէն ետք։
s-15 Այդ պատճառով ալ ան կը փոխէ իր կտակը։
s-16 Իր կեանքին ընթացքին Նոպէլ գրած է քանի մը կտակ։
s-17 Վերջինը ան կազմած է մահէն մէկ տարի առաջ եւ ստորագրած Փարիզի Շուէտ-Նորվեկիան ակումբին մէջ, 27 Նոյեմբեր 1895-ին։
s-18 Ի զարմանս շատերու՝ Նոպէլ իր վերջին կտակին մէջ պատուիրած է, որ իր հարստութիւնը օգտագործուի ստեղծելու մրցանակներու շարք մը՝ անոնց համար, որոնք «մեծագոյն օգուտ կու տան մարդկութեան» բնագիտութեան, քիմիագիտութեան, բժշկութեան, գրականութեան եւ խաղաղութեան բնագաւառներուն մէջ։
s-19 Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու՝ Ալֆրետ Նոպէլ իր հարստութեան 94%-ը կտակած է Նոպէլեան հիմնադրամին, որ ներկայիս կը կազմէ Նոպէլեան մրցանակին տնտեսական հիմքը։
s-20 Մրցանակաբաշխութեան վայր եւ դատակազմ
s-21 Նոպէլեան հիմնադրամը ստեղծուած է իբրեւ յատուկ կազմակերպութիւն՝ 29 Յունիս 1900-ին։
s-22 Անոր հիմնական նպատակն է վերահսկել Նոպէլի ձգած հարստութեան ու Նոպէլեան մրցանակներու յանձնման գործընթացներուն։
s-23 Հիմնադրամին պարտականութիւնն է նաեւ մրցանակը ներկայացնել միջազգային հանրութեան ու անոնց հետ կապուած ոչ պաշտօնական տնօրինումները կատարել։
s-24 Հիմնադրամը չի մասնակցիր մրցանակակիրներու ընտրութեան։
s-25 Մրցանակներու յանձնումին արարողութիւնը տեղի կ՚ունենայ Սթոքհոլմի մէջ, ամէն տարի 10 Դեկտեմբերին՝ Ալֆրետ Նոպէլի մահուան թուականին:
s-26 Մասնագէտներու դատակազմ մը կը հաւաքուի որոշելու համար իւրաքանչիւր մարզի մրցանակաւորները:
s-27 Դատակազմին բոլոր անդամները շուէտացիներ կ՚ըլլան:
s-28 Թեկնածուները կու գան աշխարհի չորս կողմերէն:
s-29 Մասնակցելու համար պէտք է, որ մէկը թեկնածուին անունը առաջարկէ:
s-30 Բացի Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակէն՝ Նոպէլեան մրցանակները կը յանձնուին Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ կայացող մրցանակաբաշխութեան ամէնամեայ արարողութեան ընթացքին, որ տեղի կ՚ունենայ 10 Դեկտեմբերին՝ Նոպէլի մահուան օրը։
s-31 Դափնեկիրին դասախօսութիւնը սովորաբար կը կայանայ մրցանակին յանձնումէն քանի մը օր առաջ։
s-32 Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակին դափնեկիրն ու անոր դասախօսութիւնը կը ներկայացուին Նորվեկիոյ մայրաքաղաք Օսլոյի մէջ կայացող ամէնամեայ միջոցառման ընթացքին, որ սովորաբար կը կայանայ 10 Դեկտեմբերին։
s-33 Մրցանակներու յանձնման արարողութիւններն ու անոնց հետ կապուած հանդիսաւոր ճաշկերոյթները միջազգային մեծ միջոցառումներ կը համարուին։
s-34 Շուէտի մէջ մրցանակներու յանձնման արարողութիւնները կը կայանան Սթոքհոլմի համերգասրահին մէջ, իսկ ճաշկերոյթները՝ Սթոքհոլմի քաղաքապետարանին մէջ։
s-35 Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակը յանձնուած է Նորվեկիոյ Նոպէլեան հիմնարկին մէջ (1905-1946), Օսլոյի համալսարանի դահլիճին մէջ (1947-1989), ապա Օսլոյի քաղաքապետարանին մէջ (1990-էն մինչեւ օրս)։
s-36 Սթոքհոլմի մէջ Նոպէլեան մրցանակներու յանձնման արարողութեան գլխաւոր իրադարձութիւնը Շուէտի թագաւորին ձեռքէն մրցանակներու ստացումն է։
s-37 Օսլոյի մէջ Նորվեկիոյ Նոպէլեան յանձնաժողովին նախագահը Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակը դափնեկիրին կը յանձնէ՝ Նորվեկիոյ թագաւորին ներկայութեամբ։
s-38 Նախապէս Օսքար Բ. թագաւորը համաձայն չի գտնուիր մրցանակը նաեւ օտարերկրացիներուն շնորհելու։
s-39 Կ՚ըսուի, թէ ան իր կարծիքը կը փոխէ, երբ իր ուշադրութեան կը յանձնեն այն հանգամանքը, որ մրցանակները դրական անդրադարձ կ՚ունենան Շուէտի միջազգային հեղինակութեան վրայ։
s-40 Մրցանակակիր դառնալու ժամանակամիջոց
s-41 Մրցանակը շնորհելու ժամանակամիջոցը կը տարբերի ըստ ստորոգումներու։
s-42 - Գրականութեան մրցանակը սովորաբար կը շնորհուի աշխատանքներու շարքի մը եւ ոչ թէ մէկ ստեղծագործութեան համար։
s-43 - Խաղաղութեան մրցանակը նոյնպէս կրնայ շնորհուիլ ամբողջ կեանքին ընթացքին կատարած աշխատանքին համար։
s-44 Այնուամենայնիւ մրցանակները կրնան շնորհուիլ նաեւ վերջերս կատարուած առանձին իրադարձութիւններու համար։
s-45 Օրինակ՝ Քոֆի Անան Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակին արժանացած է 2001-ին՝ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար դառնալէն չորս տարի ետք։
s-46 Եասէր Արաֆաթ, Իսհաք Ռապին եւ Շիմոն Փերես Նոպէլեան մրցանակ ստացած են 1994-ին՝ Օսլոյի պայմանագիրին ստորագրումէն շուրջ մէկ տարի ետք։
s-47 - Բնագիտութեան, քիմիագիտութեան եւ բժշկութեան մրցանակները սովորաբար կը յանձնուին, երբ տուեալ ձեռքբերումը լայն ճանաչում կը ստանայ։
s-48 Երբեմն կրնայ անիկա տասնամեակներ տեւել։
s-49 Ոչ բոլոր գիտնականները կ՚ապրին մինչեւ իրենց աշխատանքներուն ճանաչում ստանալը։
s-50 Այդ պատճառով ալ մեծ թիւով յայտնագործութիւններ չեն ներկայացուիր Նոպէլեան մրցանակին։
s-51 Մրցանակներ
s-52 Մրցանակի դափնեկիրները կը ստանան շքանշան մը եւ 1 միլիոն եւրօ:
s-53 Այս դրամը ընդհանրապէս կը գործածուի հետազօտութիւններու կամ բարեսիրական աշխատանքներու համար:
s-54 Այս մրցանակներուն ամէնէն նշանաւորը խաղաղութեան մրցանակն է, որ 2014-ին կը տրուի յատկապէս փոքրիկ աղջիկներու դաստիարակչութեամբ զբաղող երիտասարդ Մալալային:
s-55 Նոպէլեան մրցանակը յետմահու չի շնորհուիր, բայց եթէ անձը դափնեկիր յայտարարուի ու մահանայ նախքան ստանալը, ապա մրցանակը կը շնորհուի։
s-56 Թէեւ իւրաքանչիւր մրցանակի դափնեկիրներու միջին թիւը մեծցած է Ի. դարու ընթացքին, բայց զայն կարելի չէ բաժնել երեքէն աւելի մարդոց միջեւ։
s-57 Բացառութիւն կը կազմէ Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակը, որուն դափնեկիրներ կրնան դառնալ կազմակերպութիւններ կամ երեքէ աւելի անձինք։
s-58 Նոպէլեան դասախօսութիւն
s-59 Ըստ Նոպէլեան հիմնադրամին կանոնադրութեան՝ իւրաքանչիւր դափնեկիր պարտաւոր է հրապարակային դասախօսութիւն մը կարդալ՝ նուիրուած այն նիւթին, որուն համար ինք արժանացած է մրցանակին։
s-60 Նոպէլեան դասախօսութիւնը՝ իբրեւ հռետորական ժանր, իր ներկայի ձեւաչափին հասած է տասնամեակներու ընթացքին։
s-61 Այդ դասախօսութիւնները սովորաբար կը ներկայացուին Նոպէլեան շաբթուան ընթացքին (մրցանակներու յանձնման ու ճաշկերոյթին նախորդող շաբաթը, որ սովորաբար կը սկսի մրցանակակիրներու ժամանումով Սթոքհոլմ եւ կ՚աւարտի ճաշկերոյթով), բայց ասիկա պարտադիր չէ։
s-62 Մրցանակակիրները պարտաւոր են դասախօսութիւնը ներկայացնել մրցանակը ստանալուն յաջորդող վեց ամիսներուն ընթացքին։
s-63 Սակայն ոմանք աւելի ուշ կը ներկայացնեն։
s-64 Դասախօսութիւնները կը կազմակերպուին այն նոյն հիմնարկներուն կողմէ, որոնք կ՚ընտրեն դափնեկիրները։
s-65 Նոպէլեան ճաշկերոյթ
s-66 Շուէտի մէջ Նոպէլեան մրցանակներու յանձնման արարողութենէն ետք հանդիսաւոր ճաշկերոյթ մը տեղի կ՚ունենայ Սթոքհոլմի քաղաքապետարանին Կապոյտ դահլիճին մէջ, որուն կը մասնակցին Շուէտի թագաւորական ընտանիքն ու շուրջ 1300 հիւրեր։
s-67 Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակին յանձնումէն ետք ճաշկերոյթ մը կը կազմակերպուի Օսլոյի Կրանտ հիւրանոցին մէջ։
s-68 Բացի մրցանակակիրէն, ներկայ կը գտնուին Սթորթինկի (Storting) նախագահը, վարչապետը, իսկ 2006-էն ի վեր՝ նաեւ Նորվեկիոյ թագաւորն ու թագուհին։
s-69 Ընդհանուր առմամբ ճաշկերոյթին կը մասնակցի շուրջ 250 հիւր։

Text viewDownload CoNNL-U