s-1
| Ան պատմեց քեզի պատմութիւնը քու մասիդ: |
s-2
| Անապատէն կու գաս դուն ալ, իրեն պէս: |
s-3
| Կապ չունի որ ծնունդէդ եօթ ու կէս տասնամեակ առաջ էր Դէպքը: |
s-4
| Մինչ կը կարծէիր, թէ կը մեծնայիր ապահով, ասիկա-անիկա ըսելով աշխարհը կը ճանչնայիր, Դէպքը հետդ էր, մէջդ. կը մեծնար, քեզի հետ կամ քեզի համար: |
s-5
| Մինչ այդ կային պատմութիւնները Դէպքին. կարաւաններ՝ արեւուն տակ կռնծած, անդէմ անանուն: |
s-6
| Եւ ողբացիր ամէնուն հետ, ճիշդ որչափ որ պէտք էր՝ ոչ աւելի, ոչ պակաս: |
s-7
| Սպասեցիր: |
s-8
| Սպասեցիր մինչեւ աչքդ արեւի կուրցնող լոյսին վարժուէր, եւ տեսնէիր վերջապէս, որ դուն ալ հոն էիր, կարաւանին մէջ, մեծ պապայիդ քովը. կը քալէիր: |
s-9
| Եւ որոշեցիր փախչիլ հոնկէ: |
s-10
| Կարծեցիր՝ դիւրին էր ատիկա: |
s-11
| Բայց այդ արեւները քու լեզուդ ալ խանձեցին, եւ օր մըն ալ հաւատացիր, թէ լեզու չունէիր: |
s-12
| Ի վերջոյ հասկցար, որ չկայիր. փնտռեցիր ինքզինքդ ամէն տեղ՝ չկայիր: |
s-13
| Գիրքեր բացիր, ֆիլմեր նայեցար՝ չկայիր: |
s-14
| Հասկցար, որ օր մըն ալ պիտի մոռնայիր թէ եղած ես: |
s-15
| Այն ատեն որոշեցիր խօսիլ, վիրաւոր, տկար լեզուովդ: |
s-16
| Եւ խօսքդ փաստումի ու փրկումի պարզ ժեստ մը պիտի ըլլար միայն, սկիզբէն ձախողումի դատապարտուած, եթէ չհանդիպէիր անոր: |
s-17
| Եւ ան պատմեց քեզի պատմութիւնը քու մասիդ: |
s-18
| Թէեւ չընդունեց պատմելու արարքը: |
s-19
| Եւ ան վկայեց քու գոյութիւնդ: |
s-20
| Թէեւ չընդունեց վկայելու կարելիութիւնը: |
s-21
| Անկարելի պատմասանն ու վկան՝ որ աշխարհդ բացաւ քեզի, ան որ քուկդ ըրաւ քեզի: |
s-22
| Այն ատեն միայն համարձակեցար առերեսուիլ ինքզինքիդ, «կրել ինչ որ կը պայթի երբեմն գլխուդ մէջ»: |
s-23
| Սաստիկ տաք օրէն ետք զով օդի հոսանք մը վերջապէս ամառնային երեկոյին հանդարտութիւնը կը բերէ: |
s-24
| Կը քալես, ջանալով քայլերդ իր քայլերուն յարմարցնել: |
s-25
| «Ի՞նչ դիպուածներ միջամտեր են որպէսզի հայրդ եօթը տարեկանին որբանայ, բայց փրկուի, մայրդ երեք տարեկանին որբանայ եւ փրկուի, յետոյ անոնք հանդիպին իրարու եւ քեզ ծնին։ |
s-26
| Պատմութիւնդ կը սկսի նման դիպուածներով»։ |
s-27
| Նո՞յն դիպուածները միջամտեր էին, որպէսզի քու ալ մեծ ծնողքդ որբանային բայց փրկուէին, հանդիպէին իրարու եւ հիմը դնէին ընտանիքին, որ ի վերջոյ քեզմով պիտի լրանար: |
s-28
| Կ՚արժէ գտնել պատասխանը. պիտի հանդիպէ՞իք եթէ Դէպքը չըլլար: |
s-29
| Թերեւս անապատներէ անցնելու էիք երկուքդ ալ, այդքան տարիներ ետք արեւելեան հայրենիքի մայրաքաղաքին մէջ հանդիպելու համար: |
s-30
| — Պիտի ըլլայի՞նք , եթէ դէպքը չըլլար: |
s-31
| Այսպէ՞ս պիտի ըլլայինք: |
s-32
| Կը ժպտի, չի պատասխաներ: |
s-33
| Միշտ բան մը քեզի կը ձգէ պրպտելիք: |
s-34
| Ամէն բան չ՚ըսուիր արդէն, չէ՞ : |
s-35
| Կ՚ուզես խօսիլ, պատմել պատմութիւնը կորսնցուցած ժամանակիդ եւ փնտռտուքներուդ մասին, պատմել ճամբան, որ քեզ դէպի իրեն բերաւ: |
s-36
| Բայց գիտես որ պէտքը չկայ՝ ան գիտէ ամէն բան, դո՛ւն չէիր գիտեր. հիմա գիտցար: |
s-37
| Կը յիշես պզտիկ սրահը, ուր առաջին անգամ հանդիպեցաք… |
s-38
| Մտահոգ էիր. ի՞նչպէս մօտենալ, ի՞նչ ըսել. այդքան տարիներու «հեռակայ մտերմութիւն»էն ետք իսկապէս հանդիպի՜լ : |
s-39
| «Դժուարահա՛ճ է», զգուշացուցին: |
s-40
| «Անհաղո՜րդ է», աւելցուցին: |
s-41
| Կծկտեցար, վախը փորդ մտաւ: |
s-42
| Ի՞նչ պիտի ըսէիր՝ բարե՞ւ , ի՞նչպէս էք, ծանօթանա՞նք … եւ չհամարձակեցար մօտենալ: |
s-43
| Կեցած էր քանի մը քայլ անդին, երկրպագուներով եւ հիացողներով շրջապատուած, քաղաքավար, բայց քիչ մը անտարբեր ժպիտը դէմքին: |
s-44
| Յոգնած էր թերեւս: |
s-45
| Արդէն չես յիշեր՝ ի՞նչ դիպուած միջամտեց, որ յետ-դասախօսային ճաշկերոյթին քե՛զ ալ հրաւիրէին եւ… քովը նստեցնէին: |
s-46
| Եւ նստած էիր քարացած, վախնալով աւելորդ շարժում մը ընելու, երբ յանկարծ դարձաւ եւ սուր նայուածքը քեզի յառեց: |
s-47
| — Ուրկէ՞ ես… |
s-48
| Ծանրացած լեզուդ դժուարաւ դարձաւ բերնիդ մէջ, ջանացիր կապակցուած խօսքեր ըսել: |
s-49
| Յանկարծ ժպտեցաւ. այն ատեն առաջին անգամ հասկցար՝ ան ամէն բան գիտէր քու մասիդ: |
s-50
| Բնաւ չզարմացար. գիտէիր, շատոնց գիտէիր: |
s-51
| «ըլլալը անհետացած ըլլալ մըն է» եւ կարծեցիր՝ թէ գտար պատասխանը: |
s-52
| «կը փարիս ջնջումիդ…» |
s-53
| — Ինչպէ՞ս հայաշէնցի տղան ինքզինք ֆրանսացի տեսաւ, միեւնոյն ատեն հայ մնալով: |
s-54
| Նորէն կը ժպտի. ինքդ պիտի գտնես պատասխանը: |
s-55
| Կը նայիս աչքերուն. կարծես ոչինչ փոխուած է՝ առջեւդ նոյն այն հայաշէնցի տղան կեցած է, որ 18 տարեկանին Փարիզ մեկնեցաւ: |
s-56
| Ինչպէ՞ս ուրիշ այդ միջավայրին մէջ ուրիշ մը չեղաւ: |
s-57
| Ինչպէ՞ս նոյնացաւ, ձուլեցաւ այդ միջավայրին, միեւնոյն ատեն պահպանելով այդ ուրիշ միջավայրին համար ուրիշ մը ըլլալու իրաւունքը, այսինքն` ինչպէ՞ս ըրաւ, որ իր ուրիշութիւնը պարտադրուած չըլլար: |
s-58
| — Ծագումիդ չես դաւաճաներ, ան շուքի պէս կը հետեւի քեզի… |
s-59
| Բայց ինչպէ՞ս կառուցել ինքնութիւն մը, որ ըլլաս ամբողջապէս օտար եւ ամբողջապէս ընտանի, միեւնոյն ատեն չըլլալով երկուքէն ո՛չ մէկը: |
s-60
| Մէկ բան յստակ էր. հայաշէնցի տղան երբեք չդաւաճանեց իր ինքնութեան, կարելի է՝ քիչ մը հեռացաւ անկէ, յետոյ աւելի մօտենալու համար: |
s-61
| Բայց արդեօ՞ք տունին մէջ — կամ համար — ալ ուրիշ մը չէր: |
s-62
| Արդեօք ո՞ւր էր տունը. Հայաշէ՞ն , Փարի՞զ թէ հիմա հոս՝ Երեւան: |
s-63
| Արդեօք քո՞ւ տունդ ուր էր: |
s-64
| Եղան օրեր, երբ հաւատացիր թէ չունէիր տուն, փնտռեցիր ամէն տեղ՝ ո՛չ մէկը քուկդ էր: |
s-65
| Այն ատեն հաւատացիր, կամ ուզեցիր հաւատալ, թէ անապատներուն մէջ մնացեր էր տունդ… |
s-66
| Բայց հիմա գիտէիր, հիմա գտար: |
s-67
| Որով գիտցար ի՛ր տունին տեղը: |
s-68
| Չէ, ան բան մը չըսաւ, պարզապէս կար վայրը ուր ան եղաւ: |
s-69
| Շիտակ դէմքին նայեցար, ուզեցիր խօսիլ, ըսել խօսքերը, որ չէիր կրցած ըսել ո՛չ անձնական հանդիպումներուն, ո՛չ ալ նամակներուդ մէջ. չկրցար, նորէն: |
s-70
| «Խօսքերը կը պակսին», եւ բերնիդ մէջ «բռնկեր էր լեզուն»: |
s-71
| Եւ հիմա հոս ես, համակարգիչիդ պաստառին առջեւ, դուն որ պիտի չըլլայիր, լեզուով մը որ պիտի չըլլար՝ կը ջանաս գրել այն որ չկրցար ըսել: |
s-72
| Կը ջանաս գրել տողեր՝ անոր համար, ինչպէս ինք գրեց ատենօք Մեծարենցի համար: |
s-73
| Գիտես որ չափազանց յաւակնոտ է խորագիրդ. ի՞նչ կրնաս գրել անոր համար, ի վերջոյ: |
s-74
| Արդեօ՞ք պիտի կարենաս թուղթին վրայ տեղաւորել ըսել ուզածդ, պահպանելով տրամաբանութեան գիծը: |
s-75
| Բայց կ՚ուզէիր գոնէ կերպով մը երախտագիտութիւնդ յայտնել անոր, որ ստեղծեց վայրը, ուր կարելիութիւնը ունիս ըլլալու: |