s-1
| Հայկական աշխարհածաւալ աղէտներու մասին ամէն օր եւ ամէն տեղ տասնեակներով թերթերու եւ հարիւրեակներով ժողովներու մէջ ընթերցողն ու ունկնդիրը կը լսէ մէկ բան. |
s-2
| «Մեր բոլոր աղէտներուն պատճառները ուրիշներն են»։ |
s-3
| Ի՜նչ պատմութիւններ չենք գիտեր Ռուսիայի մասին։ |
s-4
| Կա՞յ օրօրոցի երախայ մը՝ անգամ որ Լօպանօֆի «առանց հայի Հայաստան»-ը չէ լսեր։ |
s-5
| Ինչե՜ր չենք գիտեր Անգլիայի մասին, որ իր «մարտանաւերը չի կրնար Արարատի գագաթը բարձրացնել»։ |
s-6
| Իսկ Գերմանիա՞ն ։ |
s-7
| Չէ՞ որ «մէկ Դէօյչ զինուորի ոսկորը չի փոխեր ամբողջ Հայ ազգին հետ»։ |
s-8
| Ֆրանսա՞ն , Իտալիա՞ն , Ամերիկա՞ն ։ |
s-9
| Վերջապէս ո՞ր մէկը... |
s-10
| Սո՞ւտ են այս պատմութիւնները։ |
s-11
| Ո՛չ ։ |
s-12
| Ճիշտ են բոլորն ալ։ |
s-13
| Բայց նոյնքան ճիշտ է նաեւ որ հայ աղէտներուն բոլոր պատճառները այդ պատմութիւններուն մէջ չեն։ |
s-14
| Բայց մեր խմբագիրները, ճառախօսները, գործիչները այնքան շատ են կրկներ այս պատմութիւնները, որ Հայ ժողովուրդը, կուսակցական շարքերը, եւ իրենք իսկ քարոզիչները՝ կամ անգիտօրէն կամ գիտակցօրէն այլեւս չեն հարցներ.— |
s-15
| Իսկ մենք՝ հայերս ոեւէ մեղք չունի՞նք մեր աղէտներուն մէջ։ |
s-16
| Եւ մեր վայբերանութիւնը միշտ ուրիշներու մասին եւ առանց ինքնանդրադարձումի եղած է, մեր կարծիքով, հայ ժողովուրդի աղէտներուն մեծագոյնը։ |
s-17
| Ահա այս ակնոցով եւ ինքնաքննադատութեան գետնի վրայ է, որ պիտի ջանանք ցոյց տալ, թէ որքա՛ն մեղքեր ունինք մենք, որոնց շատերուն հետեւանքներն են միայն ուրիշներու մեղքերը։ |
s-18
| Մեղքեր, ոճիրներ, որոնց պատմութիւնները այլեւս անհամ դառնալ սկսած են, ո՛չ մէկ օգուտ չեն տուած մեզի, ո՛չ մէկ դարման եղած են եւ մեզ դարձուցած են հէքեաթ պատմող մամիկներ։ |
s-19
| Արիւնով ռօմանտիկ ժողովուրդ, իրականութիւն ենք համարեր այն՝ ինչ որ բաղձացեր ենք։ |
s-20
| Ո՞ր արեւմտահայը «Քեռին» չէ տեսեր իր սարերուն վրայ։ |
s-21
| Բայց թողունք հին պատմութիւնները։ |
s-22
| Այսօր ո՞ր հայն է, որ Թուրքիայի տնտեսական, ֆիզիքական ու քաղաքական քայքայումը չի տեսներ ամէն օր։ |
s-23
| Վերցուցէք պատահական ոեւէ հայ թերթ, զեղծում, արտաքին աշխարհի անվստահութիւն, ծնունդներու նուազում, քաղաքական պարտութիւններ... |
s-24
| Եթէ մէկ անգամ ճիշտ են ատոնք, անկեղծ եւ առարկայական ըլլանք ըսելու, թէ տասն անգամ աւելիով անոնց արձանագրութիւններուն մէջ կան մեր ենթակայական բաղձանքները։ |
s-25
| Մենք կը ճանչնանք հայ քաղաքական կեանքի ճակատագիրը վարող գործիչներ, որոնք մոռցած հայ ժողովուրդի անճիտումին ողբերգութիւնը, հայ ազգը փրկելու գործ կատարած ըլլալ կը կարծեն, օրինակ, հաւաքելով թուրքերու աճեցումին տոկոսները կամ ճառի մը ու յօդուածի մը նիւթ կ՚ընեն որոշ շրջաններու մէջ քանի մը հարիւր հազար թուրքերու ու քիւրտերու գոյութիւնը, իբր ապացոյց թուրքերու փճացման, երբ փաստն այն է, որ այդ տեղերուն մէջ հայ մը անգամ չկա՛յ ։ |
s-26
| Ի՞նչ կ՚ապացուցանէ այս։ |
s-27
| Այն, որ հայ նոյն իսկ քաղաքական միտքը թուրքին չորթանը հային հիչէն պակաս գնահատելու աղէտը գործած է ու կը գործէ։ |
s-28
| Եւ երբ ըսուի իրենց, թէ այդ բոլոր փաստերն ու արձանագրութիւնները ճիշտ ըլլալով մէկտեղ ճիշտ է նաեւ փաստն մըն ալ, որ քայքայուող Թուրքիան կ՚ապրի այսօր, երբ մենք կը մեռնինք։ |
s-29
| — «Ազգերու կեանքին մէջ տասնեակ տարիները ակնթարթներ են»,— կը պատասխանեն։ |
s-30
| Ու չեն անդրադառնար, որ այդ խօսքը որքան ճիշտ է Հային համար, նոյնքան ճիշտ է Թուրքին համար։ |
s-31
| Եւ աւելին, այդ խօսքը վերածնունդի պարագային որքան ուղիղ համեմատական է Թուրքին համար, մահացումի պարագային նոյնքան խոտոր կը համեմատի մեր կեանքին։ |
s-32
| Բայց Վիէննայի դուռներէն եւ Սպանիայէն մինչեւ Վոսփորի եզերքները քաշուած ըլլալու պատմութիւնները այնքան երկար են ու ձանձրացուցիչ, որ ո՛չ ժամանակ եւ ո՛չ ալ սիրտ կը թողուն պոռալու, թէ՝ վերջապէս չէ՞ որ քառասուն միլիոնի պատմութիւններ ալ մենք ունինք։ |
s-33
| Վերջապէս, առանց երկարելու շատ տխուր պատմութիւններ եւ բիւզանդական վէճերու մէջ մտնելու յայտարարենք, որ հայ քաղաքական կեանքին գլխաւոր անկիւնաքարը ե՛ւ ներքնապէս ե՛ւ արտաքնապէս եղած է — ամէն նպաստաւոր փաստ մեզ համար, եւ ամէն աննպաստ փաստ Թուրքին համար։ |
s-34
| Կը յուսանք, թէ այս մասին տարակարծութիւններ չկան։ |
s-35
| Եւ մեր կարծիքով, ահա առաջին ակը մեր բոլոր դժբախտութիւններուն։ |
s-36
| Թուրքը տգէտ է, Հայը՝ խելացի, Թուրքը վայրենի է, Հայը՝ կիրթ, Թուրքը անարհեստ է, Հայը՝ արհեստաւոր, Թուրքը աղքատ է, Հայը՝ հարուստ... եւ մինչեւ այնտեղ, որ Թուրքը դիպլօմատ չէ, Հայը՝ քաղաքագէտ... հետեւաբար Թուրքը կը մեռնի, Հայը՝ կը վերածնի։ |
s-37
| Հայ քաղաքական ճակատագիրին մեծագոյն ոճրագործութիւնը կատարած է այն մարդը, որ առաջին անգամ այս ակնոցը դրաւ հայի աչքերուն եւ ժամանակի ընթացքին ան մեզ կուրցուց այն աստիճան, որ իրերը չենք կրնար տեսնել իրենց իսկական գոյնով։ |
s-38
| Կարելի է երեւակայել մեր կուրութեան չափը, երբ, օրինակ, գիւղացիի մը զավակ հայ խմբագիրը յայտարարէր, թէ Սուլթան Համիտ դիպլօմատ չէր։ |
s-39
| Եւ այս փաստ է։ |
s-40
| Մեր նպատակն է վերգնահատումով մը դիտել շարք մը փաստեր, մէկդի դնելով այն ակնոցը, որ մեր բաղձանքներուն գոյնն ունի, եւ հակառակ մեր արդար եւ աննահանջ ատելութեան ու վրէժին, որ ունինք դէպի թրքութիւնը՝ ցոյց տալ, թէ ինչպիսի առաւելութիւններ ունին անոնք մեր վրայ։ |
s-41
| Որովհետեւ մեր պարտութիւններուն գլխաւոր պատճառը թշնամիին ուժերու առաւելութիւնը չճանչնալուն մէջ կը գտնուի։ |
s-42
| Աւելին, անոր տկարութիւնները միայն ճանչնալուն մէջ։ |
s-43
| Այս է պատճառը, որ մենք յաճախ մղած ենք պայքարներ սխալ ռազմավարութիւնով եւ ճանչնալով միայն մեզ դիմաւորող թուրք հետեւակը, բաց դաշտ ենք նետուեր՝ անգիտակ թշնամի թնդանօթին, որ բլուրին ետեւ մեր դիրքը ճշդած՝ ռմբակոծեր է մեզ։ |
s-44
| Եւ արդիւնքը ճակատագրօրէն պիտի ըլլար մեր պարտութիւնը, որքան ալ հերոսական ըլլային մեր ճիգերը։ |
s-45
| «Թշնամիիդ տկար կողմը ճանչցիր անկէ հարուածելու համար զայն» խօսքը ամբողջութիւն մը չէ եւ յաճախ աղիտաւոր։ |
s-46
| Պէտք է ամբողջացնել զայն աւելցնելով «ճանչնալով անոր թիկունքը սպասող ուժը»։ |
s-47
| Թուրքին տկար կողմերուն մասին շատ ենք լսեր։ |
s-48
| Եւ ցաւալին այն է, որ այն բոլոր տկարութիւնները, որոնց մասին միշտ կը խօսինք, չենք անդրադառնար, որ թութակի պէս կը կրկնենք ինչ որ Անգլիացին, Ֆրանսացին, Ռուսը կամ Գերմանացին ըսած են Թուրքի մասին։ |
s-49
| Կը մոռնանք, որ մենք Հայ ենք։ |
s-50
| Եւ ինչ որ տկար է Անգլիացիին համար՝ այդ ուժեղ է մեզի համար։ |
s-51
| Այդ պատճառով ալ մեր քննութիւնը հեռու պիտի ըլլայ Եւրոպացիներու գրած հատորներու փաստերէն։ |
s-52
| Հայ կեանքը ծով հատոր մըն է արիւնոտ փաստերու, եւ մենք պիտի թիավարենք մեր արիւնի ալիքներուն վրայ եւ Հայի աչքերով, տեսնելու համար Թուրքը այնպէս, ինչպէս որ է Հային հետ կանգնած։ |
s-53
| Հերիք է, որ Էյֆէլի գլուխէն դիտեցինք թուրք մինարէն եւ անոր բարձրութիւնը արհամարհեցինք։ |
s-54
| Էյֆէլը Ֆրանսացիին կը վայելէ, մեր տեղը՝ գմբէթը քանդուած եկեղեցիի մը տանիքն է առ առաւելն եւ անկէ է, որ պիտի դիտենք մինարէն, որպէսզի ըմբռնենք, թէ անոր բարձրութիւնը բաւական էր մահաբեր անկումի մը համար։ |
s-55
| Վկայ մեր ոսկորները։ |
s-56
| Դիտենք ուրեմն Թուրքը զուտ հայկական ակնոցով։ |