Dependency Tree
Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP
Language | Western Armenian |
---|
Project | ArmTDP |
---|
Corpus Part | dev |
---|
Annotation | Yavrumyan, Marat M. |
---|
Select a sentence
s-1
| Վերապահութիւն Ղարաբաղի յանձնախումբի տեղեկագրին |
s-2
| Թուրքիոյ Խորհրդարանի զանազան կուսակցութիւններու մասնակցութեամբ կազմուած Ղարաբաղի յանձնախումբը աւարտեց իր աշխատութիւնները եւ այդ աշխատասիրութեան արդիւնքները բաժնեց հասարակութեան հետ։ |
s-3
| Յանձնախումբը 44օրեայ պատերազմի տեւողութեան արձանագրուած Մարդու Իրաւունքներու բռնաբարումները արձանագրելու համար այցելած է Ատրպէյճան։ |
s-4
| Հոն զանազան շփումներ ունեցած է Պաքու Գանձակ Տէրտէր եւ Պերտէ քաղաքներու խաղաղ բնակիչներուն հետ, որոնք ենթարկուած են հայկական բանակի յարձակումներուն։ |
s-5
| Յանձնախումբի քննարկման նիւթերէն մէկն ալ եղած է պատերազմի տեւողութեան Թուրքիոյ հայ համայնքին այս լարուածութենէ ազդուելու երեւոյթները։ |
s-6
| Յանձնախումբի անդամները այցելած են Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանը, Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցը, «Լոյս» եւ «Ակօս» թերթերու խմբագրութիւնը, Մալաթիա ՀայՏէր հայրենակցական միութիւնը եւ Շիշլիի մարզակումբը։ |
s-7
| Այս հանդիպումներու ընթացքին փորձած են իմանալ Թուրքիոյ հայութեան մատնուած հոգեբանութիւնը։ |
s-8
| Իրենց պատրաստած տեղեկագրին մէջ յանձնախումբը կը յայտնէ թէ հաստատած են հայ համայնքը յուզող մտահոգութիւնները եւ ուրախութեամբ արձանագրած նաեւ թէ ֆիզիքական յարձակումի ոչ մէկ դէպք պատահած է։ |
s-9
| Յանձնախումբի ՀՏՓական անդամները վերապահութիւն յայտնած են պատրաստուած տեղեկագրին դէմ, նշելով որ այս բնոյթի ուսումնասիրութիւն մը պէտք էր ըլլար երկկողմանի։ |
s-10
| Արդարեւ անհրաժեշտ էր Հայաստան եւս այցելել եւ լսել հայկական կողմի դիտողութիւնները։ |
s-11
| Այս մասին ՀՏՓի պատգամաւոր Կիւլիսթան Քըլըչ Քոչյիղիթ «Ակօս»ին յայտնեց թէ յանձնախումբը պէտք էր աշխատէր մարդու իրաւունքներու սահմանագծով, բայց փոխանակ այդ սկզբունքին գերակշռած է Թուրքիոյ կողմնակցական դիրքորոշումը։ |
s-12
| Այսպէսով յանձնախումբի ՀՏՓցի անդամներ իրենց վերապահութիւնը շեշտած են հրապարակուած տեղեկագրին նկատմամբ։ |
Text view
•
Download CoNNL-U