Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Partdev
AnnotationYavrumyan, Marat M.

Select a sentence

s-1 Ասեղնաւոր օրօրոցէն, խաւարումէն դէպի առաջին գիշերուայ իրաւունքին
s-2 Անուանի պատմաբան Թաներ Աքչամ, իր վերջին ուսումնասիրութեան «Արաս»ի մատենաշարէն հրատարակութենէն ետք հարցազրոյց մը ունեցած է «Կազեթէ Տուվար» առցանց թերթի թղթակիցին հետ։
s-3 Յիշած էր թէ հայեր իբրեւ երկրորդ կարգի քաղաքացի, կը ճնշուէին քիւրտերու կողմէ եւս։
s-4 Հարկատու էին թէ պետութեան եւ թէ իրենց տարածքի քիւրտ իշխաններուն։
s-5 Այս վերջինները նոյնիսկ նոր ամուսնացած հայերու կը պարտադրէին առաջին գիշերուայ իրաւունք։
s-6 132 քիւրտ մտաւորականներ աճապարուած ու անիմաստօրէն գերզգայուն յայտարարութիւնով մը մերժեցին այս պնդումները եւ սկսաւ ակադէմական բնոյթով նոր բանավէճ մը։
s-7 Ստորեւ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Փրոֆ. Ազիզ Եաղանի «Ակօս»ի համար գրի առած յօդուածը։
s-8 Մեր երկրի մէջ աւանդուած չարախօսութիւններ են հայոց վերագրուած «ասեղնաւոր օրօրոցը» եւ Ղըզըլպաշ Քիւրտերուն վերագրուած «խաւարում»ը։
s-9 Այժմ Թաներ Աքչամ ալ եկած է հայոց ու քիւրտերու մտային ու զգացական պաշարը «առաջին գիշերուայ իրաւունք»ով պղտորելու։
s-10 «Ասեղնաւոր օրօրոց»ի պատումին համաձայն հայեր իսլամ երեխաները գաղտնագողի կը տանին իրենց տուները կամ տաճարները, կը պարկեցնեն ասեղնաւոր օրօրոցին մէջ, ապա կը խմեն հոսած արիւնը։
s-11 «Խաւարում»ի առասպելով ալ կը պատմուի թէ ղըզըլպաշ քիւրտեր աղօթելու համար կը մէկտեղուին, ապա կը մարեն ճրագները եւ այդ խաւարին մէջ ամէն ոք կը սիրաբանի իր մօտը գտնուածի հետ, առանց նկատի ունենալու մայր, հայր, քոյր կամ եղբայր։
s-12 Աքչամ իր հետ կատարուած հարցազրոյցի պահուն կ՚ըսէր «սարսափելի օրինակ մը թուեմ։
s-13 ԺԹ դարու աւատապետական հասարակութեան մէջ քրտաբնակ տարածքներու քիւրտ աղաներ նորապսակ հայերու դէմ ունէին առաջին գիշերուայ իրաւունք։
s-14 Բացի այդ, հայերը կրկնակի հարկատու էին»։
s-15 Եթէ նախադասութիւնը կը սկսիք «այդ ժամանակի պայմաններով»ի փոխարէն «սարսափելի» բառով, ոչ միայն ընթերցողին նոր ու սաստիկ ցաւ մը եւս, աւելին՝ արդէն առկայ ատելութեան ու անվստահութեան ծաւալումին պատճառ կը դառնաք։
s-16 Աքչամ զանց առած է իր օգտուած աղբիւրի «կարգ մը» եզրը եւ ստեղծած է ամբողջական տպաւորութիւն մը։
s-17 Քանի այս մասին ճշդում մըն ալ չէ ըրած, կարելի է ենթադրել թէ դիտումնաւոր բացթողում մը ըրած է։
s-18 Եթէ ան խուսափէր հաստատումէ եւ նիւթը ներկայացներ պնդում մը ըլլալով, կամ ալ գործածէր «կարգ մը աղբիւրներու համաձայն» բացատրութիւնը, նիւթը աւելի հանդարտ կը քննարկուէր եւ կը հանդիպէինք հետազօտութիւններու։
s-19 Աքչամի կտրուկ ու խիստ ոճը պատճառ դարձաւ 132 քիւրտ մտաւորականներու շտապ եւ զգացական հակազդեցութեան։
s-20 Կարճ ժամանակ անց կարգ մը քիւրտ ուսումնասիրողներ պարզեցին թէ նոյնիսկ աւելի հին թուականներու վկայութիւններուն մէջ չեն հանդիպած նման կիրարկումի։
s-21 Այսպիսով բանավէճը մտաւ աւելի օգտակար հունի մը։
s-22 Այժմ պէտք է շտապօրէն պարզուին առաջին գիշերուայ իրաւունքի մասին պնդումները։
s-23 Եթէ չյաջողինք, ալ աւելի պիտի խորանան նախապաշարումները եւ անվստահութիւնը։
s-24 Եթէ ճիշդ են Աքչամի պնդումները, պիտի խուսափինք խնդիրը մերօրեայ համաշխարհային արժեհամակարգի թելադրանքով ընկալելու եւ անցեալէն ամաջելու կամ հպարտանալու սխալէն։
s-25 Էական է անարդարութեան եւ անիրաւութեան գոյացած պահուն դիմադրելը։
s-26 Հայ եւ քիւրտ հասարակութիւնները իրենց խնդիրները եւ ակնկալութիւնները յստակօրէն ու իրենց ներկայացուցիչներու միջոցաւ կրնան քննարկել։
s-27 Քիւրտ հասարակութիւնը ունի լաւ պատրաստուած, գիտական եղանակներու ու բարոյական սկզբունքներու նկատմամբ անզիչող, խղճի տէր եւ անկողմնակալ պատմաբաններ։
s-28 Հայ եւ քիւրտ անհատներ, նոյնիսկ գիրով պէտք չէ իրար վիրաւորեն։
s-29 Պարտին զիրար լսել եւ իրարմէ սովորել։
s-30 Ասեղնաւոր օրօրոցը եւ խաւարումը չարախօսութիւններ են։
s-31 Նաեւ ամօթալի են ասողին, լսողին ու տարածողին համար։
s-32 Կանխելու ենք առաջին գիշերուայ իրաւունքին ալ նման բնոյթ մը ստանալը։
s-33 Պարտաւոր ենք ձերբազատուիլ անցեալի բեւեռացնող, բուն յանցագործը քօղարկող, թշնամութիւն սերմանող ու սպառիչ ժառանգէն։

Text viewDownload CoNNL-U